ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Ա-
Մանուկ էինք եւ բոլորիս համար մանկապարտէզ, յետոյ նախակրթարան մեր առաջին յաճախումները կը մնան ամենավառ յիշատակներու եւ անոնց հետ մեր առաջին ընկալումներու ձեւաւորողները: Առաջին ընկալումները յաւերժ են, անկախ այն հանգամանքէն, թէ անոնք ճիշդ են, տարտամ, խիտ են կամ չօգնող, անոնք կարծես դաջուած նշաններ են մեր հոգիին վրայ եւ ինչքան ալ այդ հոգին ծաւալուի, փոքրանայ կամ տուայտի՝ անոնք կը մխան ու բուժեն, կը փայլին ու կը խայթեն: Մենք, ինչպէս բոլոր մանուկները, մեր կեանքը առաջին անգամ մանկապարտէզէն շօշափեցինք, զգացինք եւ ապրեցանք՝ դուրսի կամ մեզմէ ու մեր ընտանիքներէն դուրս կոչուած աշխարհի ընդհանուր ընկալումն ու ճանաչումը, անձնական ու հաւաքական տեսնուած, սեպուող ու մերթ ընդ մերթ բոլորիս ընդմէջէն ստեղծուող իրական ու չիրական մանկական ու մանկականի հետ առընչուող աշխարհը, որ կը կարծէինք, թէ հաւասար բաժնուած է բոլորիս կամ կը ծածկէ բոլորս մէկ ու միատեսակ հասկցող ու հասկցուող քօղով մը: Քօղ մը, որ ընկերաբանութեան ու անոր հետ եկած աշխարհընկալման առաջին հաղորդակցութիւնը կրնայ համարուիլ:
Ծնողքս զիս առաջնորդած էին Հայկազեան ազգային վարժարան եւ, բնականաբար, աշխարհին բացուող իմ ալ պատուհանիս շրջանակը առաւելապէս հայկականութիւն ունէր իր մէջ։ Մեծ աշխարհի անթիւ ու անվերջանալի համադրութիւնները, ընկերաբանութիւնները եւ աճող քաղաքականութիւնները յայտնաբերել փորձող եւ, ուր կը կարծես, թէ միշտ ամէն ինչ պիտի լուծուի քեզմով ու քու համակարգով: Հոն հայերէն լեզուն էր «մեծն վսեմութիւնը», հայերէն երգն ու խօսոյթն էին օդն ու մթնոլորտը կազմողները, նոյնիսկ Հայկազեանի քայլերգը՝ «Մենք մանուկներ հայոց ազգին» մեծ առաքելութիւններու կը տանէր մեզ, հակառակ որ զայն չէինք գիտակցեր: Իսկ յետոյ երբ մեծցանք ու տեսանք թէ՛ մեր եւ թէ՛ ուրիշներու աչքերով, ինչպէս հայ աշակերտները կ՚երեւէին Հալէպի մէջ, իրենց գոգնոցներէն սկսեալ մինչեւ միասին քայլուածքն ու անոնց երաժշտականութիւնը, հեռու նայուածքով աւելի կը մխրճուիմ, այդ չիմացուած բայց մեծ հեռակայ ու անհասանելի գուրգուրանքի արժանի առաքելութեան մէջ: Այդ մէկը կ՚ուզես յաւերժ մարմնաւորել՝ մանուկ ըլլալու մեծ փափաքին հետ:
Հայկազեանը ունէր իր հայկական եւ համամարդկային չափանիշները: Հայկականը հայոց լեզուի, պատմութեան եւ հայկական երգերէն կը կազմուէր եւ ինքնութիւն մը կու տար, ուր կը զգայինք տխուր իւրայատկութիւն մըն ալ, բայց այդ մէկուն հակառակ ծանր ըլլալուն (որ ակամայ կը զգայինք պզտիկ ըլլալով հանդերձ), անոր կողքին եւ ինչպէս աշխարհի բոլոր մանուկները, կը ձգիտէինք ուրախանալու: Ուրախութիւնները աղբիւրներ ունին եւ յաճախ այդ աղբիւներու հասնելու ընթացքին մերբեմն ցաւալի ու վատօրէն գլուխ կը ցցէ դասակարգը: Չքաւոր երեխաներ ինչքան ալ անգիտակից ըլլան, ուրախ եւ խանդավառ, տեղ մը անոնց հոգիներուն մէջ կը մնայ տենջանք մը՝ տիրանալ հարուստ մանուկին ունեցածին։ Իսկ եթէ ընդհանրացնենք՝ աղքատ կամ չզարգացած երկիրներու երեխաներն ալ միշտ կը տենջան հարուստ ու զարգացած երկիրներու մանուկներու կեանքին ու կը փափաքին ապրիլ անոնց նման:
Եւ հոս ամէնօրեայ մեր ապրուստով եւ մեր մարդկայինի ո՛չ միայն բնազդական ընչաքաղցով՝ ագահութիւն չէ տենչը, այլ մեր կեանքը ընբոշխնելու առաւելագոյն տենչի կատարում: Եւ առաւելաբար այդ կատարելու հնարաւորութիւնը կու տան զրկանքէ դուրս պայմանները եւ բաւականաչափ տիրանալը՝ մանուկը իր խաղալիքին, պատանին իր գործիքներուն, երիտասարդը իր ինքնաշարժին... եւ այլն: Այո՛, ասոնց ընդմէջէն կը յայտնուի դրամատիրական կոչուած համակարգ մը, որուն առատութիւնները, բազմազանութիւնները, ինչքան ալ անարդարութիւններով լեցուն ըլլան, քաշողական են երեխային, քան մեծահասակները: Եւ հոս պէտք է յիշենք, որ երբ երեխայի մը զրկուածութիւնը կը կապուի դրամատիրականի դիմակայող համայնավարական, ընկերվարական կամ որեւէ համակարգի անկարութեան հետ, հոն կը պարտուի այդ համակարգը՝ ի չիք, վայրկեանապէս կամ ընդմիշտ:
Մեր ընտանիքներէն ստացած, ապա Հայկազեան վարժարանի, Քարէն Եփփէ ճեմարանի եւ ընթացիկ կեանքի մէջ ձեւաւորուող մեր ընբռնումները ինչքան ալ միացուցին կամ զատորոշեցին մեզ, Հալէպի մէջ Արեւմուտք-Արեւելք ընկալումը կը սկսէր նախ Եւրոպայէն ու Ամերիկայէն, սկսած անոնց դրօշակներէն վերջացած իրենց պատկանող երգերով ու նոյնիսկ անոնց նուզագոյն ներկայացուցիչները յայտնաբերելով, կամ անոնց հետ հեռաւոր հաղորդակցումներով: Մանկական շօշափումնրուն մէջ չկար Արեւմուտքը իր ընկերաբանական, քաղաքական ու միւս մեծ իմաստներով, բայց հոն էր, որ կը դառնար նոյն Արեւմուտքի յետագայ գերակայութեան բանալին, որ կը դառնար աշխարհը բանալու փականքի դուռին մէջ: Անանուն էր նախ այն, բայց ետքը նոյն այդ Արեւմուտքը կամաց-կամաց քաղաքական ճակատումէն ու բեւեռացումէն անդին եկաւ ու դարձաւ բաց աշխարհի ու մեծ համարկումի մը ջահակիրը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի
Երեւան