ԵՏԵՒԻ ԿՈՂՄԸ
Տարբեր քաղաք ըսելը սխալ է. բուն քաղաքն է ինքը։ Դուրսի կողմն է տարբերը, ընդամէնը՝ ցուցափեղկ։
Մինչ այն կողմ փայլուն է ամէն ինչ ու կոկիկ, քարերը սրբատաշ ու պատշգամները ֆրանսական, այստեղ արտաքին պատերէն ներս ու ետեւի կողմը շէնքերուն՝ ֆրանսացի չեն մարդիկ։ Այստեղ տիկին Անգինէն է, պարոն Սահակը, միշտ խմած նկարիչը բակի, եւ երեխաները թաղի։
Այստեղ քաղաքն է, այստեղ մարդիկ են, կեանքն է այստեղ. ետեւի կողմը։
Մինչ այն կողմ բացուող սեղանները թանկարժէք են ու ողորկ, անոնց վրայ եկող սուրճը անդրովկիանոսեան է նոյնիսկ, զայն մատուցողը օտար է բոլորովին եւ բոլորին ու կարծես պարտական, այստեղ, բակին մէջ, սեղանը հնամաշ է ու սովետական, ծածկուած է խաղահրապարակին մէջ վազվզող երեխաներու վերհանած փոշիով, իսկ սուրճը՝ «հայկական» ու մատուցուող այնպէս, ինչպէս տասնամեակներու հարեւան մը միայն կրնայ մատուցել։
Յանկարծ պատուհան մը կը բացուի այն կողմը. արտասահմանէն եկած հայ կամ օտար զբօսաշրջիկ մը զմայլած՝ արեւահամ քաղաքին կը նայի. ձեռքին բաժակ մը ճերմակ գինի, լաւ սառած հաւանաբար, բերնին սիկառ մը, որմէ դուրս կը փչէ ծուխը թանկարժէք՝ քաղաքի երեսին։
Այս կողմ պատուհանները միշտ բաց են գրեթէ, ամառը կանչող այս օրերուն։ Անոնցմէ մէկէն փափլիկ թեւեր դուրս կ՚ելլեն. տիկին Անգինէն է երեւի։ Մատներուն տակ փաթթուած խոշոր սաւանը կ՚արձակուի, կը բացուի կ՚իյնայ այնքան ինչքան հասակը կը ձգէ. տիկնոջ ձեռքերը ուժեղ թափ կու տան զայն. մէկ, երկու, չորս, եօթ, տասէն աւելի անգամ։ Տակի պատուհանը ուժեղ, քիչ մըն ալ ջղային, կը գոցուի. վերէն կատուին մազերը սփռեր է տիկինը, որ, արդէն վստահ, Անգինէն է։ Թեւերը ետ ներս կ՚առնէ, տեղը կը զիջի կատուին, որ կու գայ ոռիկը արեւուն տալու։ Վարը նստած երկու տարեց մարդ պատուհանին նայելով բաներ մը կը մրթմրթան իրարու մէջ, որն իմաստալից ծիծաղի կը վերաճի։ Ի՞նչ անցեալ ունին Անգինէին հետ, ո՞վ գիտէ. ամուսինը, պարոն Սահակը չլսէ... «ինչպէ՞ս լսէ, հեսա խլանալու է մարդը», պիտի կատակէ հարբած նկարիչը թաղի։ Եւ պիտի ծիծաղին բակի տղամարդիկ ու խաղ ընեն իրեն հետ, նստեցնեն մօտերնին, խմցնեն քիչ մըն ալ, խնդրեն, որ պատմէ հին օրերէն, թաղի գաղտնիքներէն։ Յետոյ, մի քանի ամիս ետք, կրկին անգամ պիտի զարմանան տեսնելով արուեստաբաններու հոսքը իր տուն, եւ յետոյ դուրս գալն անոնց՝ շարք մը գործեր տանելով։ Զարմանան պիտի, կարծես առաջին անգամ կը տեսնեն, ու նախանձին քիչ մըն ալ. Էդ հարբածը ի՜նչ էլ փող է աշխատում...
Այստեղ քաղաքն է, այստեղ մարդիկ են, կեանքն է այստեղ. ետեւի կողմը։
ԵՐԱՄ
Երեւան