ԻՆՖԼՈՒԷՆԶԱ (1) ԿԱՄ ՆՈՐ ՑԱՒ

Նշանները մէկ առ մէկ նկարագրենք.

1. Ցաւերը, ինչպէս ըսած ենք, շատ յաճախ, գրեթէ միշտ կը պատահին: Գլխացաւը երբեմն այնքան սաստիկ կ՚ըլլայ, որ հիւանդը ուղղակի խելագարութեան կը հասցնէ, հիւանդը անտանելի կոտրտուածք եւ ճնշում կը զգայ գլուխին մէջ, կարծես գանկը պիտի պայթի: Ցաւը ընդհանրապէս աւելի սաստիկ կ՚ըլլայ ճակատին, աչքերու բուներուն, կարծես աչքերը դուրս պիտի գան, կը տարածուի մէջքին, յօդերուն, ոսկորներուն եւ բոլոր մկաններուն վրայ, ազդրերը կը ցաւին, կուրծքը, կողերը կը ցաւին: Եւ այս բոլոր տանջանքները գիշերները կը սաստկանան եւ թոյլ չեն տար հիւանդին հանգիստ առնելու:

2. Ամենէն առաջ երեւան կու գան հարբուխն ու բկացաւը, յետոյ հազը կուրծքին կ՚իջնէ եւ շնչափողերու գրգռում կը յառաջանայ, իսկ երբեմն ալ թոքերու բորբոքում:

Այս ամենէն վտանգաւոր բարդութիւնն է: Ան վրայ կը հասնի, երբ հիւանդը արդէն առողջացած է: Յանկարծ, հիւանդութենէն երկու-երեք օր յետոյ, հիւանդը դարձեալ կը սկսի դողալ եւ բարձր ջերմութիւն կ՚ունենայ: Կարծես ինֆլուէնզան նորոգուեցաւ: Բայց շուտով, նոյն օրն իսկ, կողքի ծակոցը, հազը, շնչառութեան ծանրանալը, արիւնախառն խորխը (կամ առանց արիւնի) ցոյց կու տան, որ թոքերը բռնուած են: Ընդհանրապէս թոքերէն մէկուն մէկ մասը կը բորբոքի, երբեմն ալ ամբողջ թոքը, շատ հազուադէպ երկուքն ալ: Ինֆլուէնզայի զոհերու մեծագոյն մասը այդ բարդութենէն կը մեռնին:

Թոքերուն բորբոքումը կրնայ բոլորին պատահիլ, սակայն սարսափելին այն է, որ առաւելաբար ծերերը, թոյլերը, թոքախտաւորները եւ որեւէ ծանր հիւանդութենէ մը նոր առողջացածները կը հիւանդանան: Ծերերուն համար ինֆլուէնզային թոքաբորբոքումը մեծ մասամբ հասու է:

3. Սիրտը սաստիկ կը թուլնայ եւ եթէ ան արդէն հիւանդ է, հասկնալի է, որ չի դիմանար ու բաբախելէ կը դադրի:

4. Մարսողական գործարանները: Ախորժակ չունենալ, սրտխառնուք, փսխում, լեզուի փառակալում, այս բոլորը շատ յաճախ ինֆլուէնզայի ընթացքին կը պատահի. այդ ցոյց կու տայ, որ ստամոքսն ու աղիքները գրգռուած են:

5. Նաեւ կը հիւանդանան պլոճիկները (երիկամունք), կը պատահի արիւնամիզութիւն (հիւանդին մէզը կարմիր-արիւնախառն կ՚ըլլայ):

6. Կաշիին վրայ դուրս կու տան զանազան ցաներ (դուրս տուածներ), կը պատահի նաեւ կարմիր քամի մարմինի զանազան տեղերը:

7. Աչքերու եւ ականջներու ցաւեր եւս կը պատահին (մանաւանդ երեխաներուն մօտ):

3

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԻՆՖԼՈԻԷՆԶԱՅԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻԼ

 Այս հիւանդութեան դէմ ինքնապաշտպանութիւնը չափազանց դժուար բան է: Ինչպէս կարմրուկը, այս ալ զարմանալի արագութեամբ եւ ուժով ամէն տեղ կը տարածուի:

Սակայն կան մի քանի միջոցներ, որոնք պէտք է ի գործ դնենք, եթէ կ՚ուզենք առողջ մնալ, կամ եթէ հիւանդանալու ալ ըլլանք, գոնէ թեթեւ կերպով հիւանդանանք:

Ամենէն առաջ պէտք է մսելէ պաշտպանուիլ: Ատոր համար լաւ է, որ գիշերները՝ ցուրտ եղանակին, նոյնիսկ տունէն դուրս չգալ, իսկ տաք եղանակին չքրտնիլ, իսկ քրտնելու պարագային անմիջապէս սպիտակեղէնը փոխել: Եթէ հնարաւորութիւն կայ, հիւանդին պէտք է առանձին սենեակի մը մէջ պահել եւ անոր հետ յարաբերութիւնը կտրել: Ամէն պարագայի, քանի որ վարակիչ թոյնը խորխի մէջն է, պէտք է հիւանդին թքել տալ բաժակի մը մէջ եւ ո՛չ թէ գետնին: Բայց այդ, անոր սպիտակեղէնը, թաշկինակները ջուրին մէջ առանձին կերպով պէտք է լաւ եփ տալ:

Նկատի ունենալով, որ հիւանդութիւնը առաւելաբար ծերերուն, թոյլերուն, թոքախտաւորներուն, հիւանդոտներուն կը վնասէ, անհրաժեշտ է, որ եթէ տան մէջ այդպիսիներ կան, զանոնք հիւանդին մօտէն հեռացնեն, առանձնացնեն սենեակի մը մէջ եւ ոչ ոքի թոյլ տան ներս մտնել, բացի այն անձէն, որ հիւանդին մօտ պիտի մնայ:

Ընդհանրապէս, ծերերը եւ թոյլերը պէտք է առանձին խնամքով պահպանել: Երբ գիւղի մը կամ քաղաքի մը մէջ ինֆլուէնզայի դէպքեր կը յայտնուին, ասոնց պէտք է լաւ կերակրել, կազդուրել ու հանգիստ պահել: Իսկ եթէ այնուամենայնիւ անոնք հիւանդանան, պէտք է անպայման բժիշկ կանչել:

4

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ՀԻՒԱՆԴԱՑՈՂԸ

Ինչքան ալ հիւանդին դրութիւնը թեթեւ երեւայ ձեզի (օր. տաքութիւնը քիչ է, հիւանդը ինքզինք վատ չի զգար), ատով հանդերձ անկողին պառկեցուցէք, սենեակը տաքցուցէք եւ այնպէս խնամեցէք ձեր հիւանդը, ինչպէս եթէ ան ծանր հիւանդ ըլլար:

Ամենէն լաւ սենեակը ընտրեցէք:

Սենեակին օդը պէտք է միշտ մաքուր պահէք, անկողինին սպիտակեղէնը շուտ-շուտ փոխէք, որպէսզի միշտ մաքուր ըլլայ, կաթ խմցուցէք, եւ եթէ տաքութիւն ունի, պաղ խմելիք, օրինակ, լեմոնով շարպաթ, մէջը սառոյց դրած:

Պէտք է աշխատիլ, որ հիւանդը քրտնի. քրտինքը զարմանալի կերպով կը թեթեւցնէ ցաւերը եւ իւրայատուկ հանգստութիւն մը կը բերէ ամբողջ մարմինին: Անհրաժեշտ է քրտնեցնել, տաք խմելիք, օրինակ՝ թէյ, մորիի (մալինայի) եփուկ խմցնելով ու տաք-տաք ծածկելով2: Իսկ վերմակին տակ տաքցուցած ագուռներ3, տաքցուցած ջուր շիշերով, եւ այլն:

Քրտնած ժամանակ պէտք է դռներն ու պատուհանները ծածկել եւ երբ հիւանդը լաւ քրտնած ըլլայ, թէ՛ շապիկը եւ թէ՛ ներքնակն ու վերմակին սաւանները փոխել: Քրտինքը յաճախ մի քանի անգամ կը կրկնուի եւ հիւանդը բոլորվին կ՚առողջանայ:

Գլխացաւին դէմ լաւ է քաթանը թրջել սառն ջուրի մէջ (նոյնիսկ պարկով սառոյց դնել գլուխին), սակայն եթէ հիւանդին սառը լաւ չի գար, վերցուցէք, որովհետեւ ցաւերը կրնան սաստկանալ:

Եթէ տաքութիւնը իջած է, այդ դեռ չի նշանակեր, թէ հիւանդը առողջ է եւ կրնայ իր գործին երթալ: Ընդհակառակը, դժուար բարդութիւնները յետոյ կ՚երեւին, ինչպէս վերը ըսած ենք: Ուրեմն, տաքութիւնը անցնելէն ետք հիւանդը մի քանի օր եւս պէտք է սենեակին մէջ պահել, մինչեւ որ վտանգը ամբողջութեամբ անցնի: Իսկ եթէ այս զգուշութիւնները ի գործ չդրուին, դարձեալ հիւանդութիւնը բարդացաւ, օրինակ, հազ, թոքերու բորբոքում երեւցաւ, եւ այլն, պէտք է անմիջապէս բժիշկի դիմել:

Եթէ հիւանդը շատ տկար է կամ ծեր, պէտք չէ զինք շատ ծածկել ու քրտնցնել, որովհետեւ շատ տաքութեան մէջ սիրտը կրնայ թուլնալ: Այդպիսիները պէտք է զով պահել, եւ եթէ սիրտը կը նեղանայ, պաղ խմելիք տալ (օրինակ՝ լեմոնով շարպաթ, լեմոնատ, կամ սառցաջուր): Ծերերուն, իբրեւ դեղ, քիչ-քիչ արաղ կամ քոնեաք տուէք, այն ալ ջուրով: Օրինակ. մէկ թէյի դգալ արաղ կամ քոնեաք դրէք մէկ բաժակ թէյի մէջ, եւ կում-կում խմցուցէք:

Ինֆլուէնզայի դէմ բազմաթիւ դեղեր կան, սակայն դեղերը առանց բժիշկի կարելի չէ տալ: Կայ մէկ ճար միայն, որ շատ ծանօթ է բոլորին եւ շատ գործածական է մեր երկրին մէջ, ատիկա խինան է: Կարելի է ատկէ տալ, երիտասարդներուն եւ առողջներուն 5-6 գրան4, օրական երկու անգամ, իսկ երեխաներուն ու ծերերուն 2-3 գրան, նոյնպէս 2 անգամ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Վաղարշապատ


(1) Դում, տենդախառն հարբուխ:

2 Ճաշի երկու դգալ մոր դրէք թէյամանին մէջ, վրան երկու բաժակ եռացած ջուր լեցուցէք եւ ձգեցէք քսան վայրկեան մնայ, յետոյ հիւանդին խմցուցէք:

3 Աղիւս, կաղապարուած կաւ՝ չորցած կամ թրծուած (Վ. Ք.):

4 Ռուսական դեղաբանական հին չափ մը, ներկայիս անգործածելի: Մէկ գրանը համարժէք է 64.798 91 միլիկրամի (Վ. Ք.):

Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022