ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ
Քահանան կ՚ըսէ. «Որպէսզի ասիկա [Սուրբ Հաղորդութիւնը], մեզի՝ բոլոր մօտեցողներուս համար անդապարտութիւն, մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն ըլլայ»:
Սուրբ Պօղոս առաքեալ այսպէս կը գրէ. «Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ Իր երկրորդ գալուստը: Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ: Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ: Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան: Եթէ երբեք մենք մեզ քննէինք, չէինք պատժուեր: Իսկ եթէ կը պատժուինք, Տէրը այդ ձեւով կը խրատէ մեզ, որպէսզի չըլլայ այս աշխարհի հետ միասին դատապարտուինք» (Ա. Կր 11.26-32):
Շնորհք Վարդապետ Գալուստեան [ապա Պատրիարք Պոլսոյ] այսպէս կը մեկնէ այս հատուածը.
«…Տիրոջ մահը կը պատմէք. Հաղորդութեան խորհուրդը գործնական քարոզ մըն է. յայտարարութիւն մը, Քրիստոսի մահուան յաւերժացումը, երկրի վրայ Քրիստոսի փրկագործութեան:
Մինչեւ Ան գայ. եկեղեցիին սկիզբը եւ վախճանը, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի ամբողջ կեանքը եւ բոլոր տնօրէնութիւնները իրարու զօդուած են այս մեծ խորհուրդին մէջ: Մէկ կողմէն ան կը ներկայացնէ Քրիստոսի խաչելութիւնը, միւս կողմէն կը նայի Քրիստոսի երկրորդ Գալուստին: Երբ ան վերջնականապէս պիտի դադրի, որովհետեւ բացակային յիշատակութիւնը կը դադրի անոր վերադարձով: Այն ատեն ճշմարիտ քրիստոնեային խմելու նուիրական գինին ի յիշատակ իրեն. Ինք, Քրիստոս պիտի խմէ անոր հետ Իր Արքայութեան մէջ (Մտ 26.29):
…անարժանութեամբ. Մարդ անարժանութեամբ կ՚ուտէ Տիրոջ մարմինը եւ կը խմէ արիւնը, «չխտրելով Տիրոջ մարմինը». այսինքն սովորական ճաշի եւ Տիրոջ ընթրիքին միջեւ խտրութիւն չդնելով, դատապարտելի անտարբերութեամբ կամ անհաւատութեամբ:
Պարտական պիտի ըլլայ Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին: Վճիռ ծանրակշիռ եւ ահարկու: Հաւասար զՔրիստոս մատնողներու եւ չարչարողներու եւ դատապարտողներու վճիռին: Այս խօսքը իր մէջ կը բովանդակէ խորունկ ճշմարտութիւն մը եւ կը հայթայթէ զօրաւոր կռուան մը Քրիստոսի ներկայութեան հացի եւ գինիի մէջ: Ոչ թէ լոկ նշանակներ են անոնք, վասնզի նշանակին անարժանութեամբ մերձենալը ծանր դատապարտութիւն մը չի բերեր ենթակային վրայ, այլ ճշմարտապէս մարմին եւ արիւն Քրիստոսի, որ նմանօրինակ պատուհաս մը կը բերէ անարժանութեամբ հաղորդուողներու վրայ:
Իր անձին դատաստանը կը խմէ… իմաստով նոյն վերին խօսքին հետ կը նշանակէ ինքզինքը դատապարտեալի մը դիրքին մէջ կը դնէ:
Քանի որ չի՛ խտրեր մարմինը [Տիրոջ] «խտրել»ին համազօր յունարէն բառը նոյնն է 32-րդ համար «դատեմք» բային յունարէնին հետ: Որով այս նախադասութիւնը կրնայ նշանակել նաեւ «զի ոչ [ուղիղ] դատի զմարմինն»: Արդարեւ ով որ ուղիղ կը դատէ իրերը, շիտակ կ՚որոշէ, անոնց տարբերութիւնները աղէկ կը տեսնէ:
Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ… հիւանդներ եւ ախտաժէտներ [ցաւագարներ] կան. կորնթացւոց փորձառութենէն իսկ կ՚ապացուցանէ իր ըսածին ճշմարտութիւնը ով որ անարժանութեամբ կը մօտենայ հաղորդութեան Ս. Խորհուրդին, պատժի կ՚ենթարկուի: Արդարեւ իրենց մէջ հիւանդներուն բազմութիւնը ապացոյց մըն էր Տիրոջ ընթրիքին իրենց բռնած անտարբեր վերաբերմունքին:
Մեկնիչներ զատորոշութիւն մը կը դնեն «հիւանդին» եւ «ախտաժէտին» միջեւ: Առաջինով կը հասկնան անկողնի ծառայող տկար անձինք, իսկ երկրորդով կը հասկնան այնպիսի հիւանդներ, որոնք կը տառապին բորոտութեան, անդամալուծութեան, հաշմանդամութեան նման հիւանդութիւններով:
Եւ շատեր նոյնիսկ ննջեցին… Յունարէնին մէջ աւելի համառօտ է եւ ներկայ ժամանակով կը դնէ. «Շատեր եւս կը ննջեն»: Մահ ալ պատահած է իբրեւ պատիժ սրբապղծութեան: Առաքելական դարուն Աստուծոյ խիստ դատաստանը մեղաւորներու նկատմամբ անհրաժեշտ էր զգացնելու համար իր ներկայութիւնը եկեղեցիին մէջ: Այս խտրութիւնը ոչ միայն ի պատիժ ենթակային էր, այլ նաեւ ի խրատ ուրիշներու, որպէսզի իրենք ալ զգաստանան եւ անտարբերութեամբ չմօտենան Ս. Խորհուրդին: Եթէ հրէական զատկին խմորուն հաց ուտելուն պատիժը մահ էր1, որչափ առաւել ծանր պէտք է ըլլայ Նոր Ուխտի զատիկը անարժանութեամբ ուտողին պատիժը:
Ինչպէս որ նիւթական կերակուրը վնասակար է հիւանդ ստամոքսին համար, այնպէս ալ Մարմնոյ եւ Արեան հոգեւոր սնունդը վնասակար է ախտաւոր հոգիին: Հակառակն ալ ճշմարիտ է: Եթէ Ս. Խորհուրդին անարժան ընդունելութիւնը կրնայ մարմնի վրայ ժխտական արդիւնքներ յառաջ բերել, արժանաւոր հաղորդութիւնն ալ ոչ միայն հոգիին վրայ բարերար ազդեցութիւն կ՚ընէ, այլ նաեւ մարմնին կը պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ յաճախ բժշկութիւն:
Եթէ կը պատժուինք, Տիրոջմէ կը խրատուինք: Եթէ պատուհաս ալ կրենք, ինչպէս արդարեւ ձեզմէ ոմանք կը կրեն զանազան հիւանդութիւններով, Տիրոջմէ կը պատժուինք, որպէսզի աշխարհի հետ չդատապարտուինք:
Այս ժամանակաւոր ցաւերը արդարեւ պատիժներ են մեզի, սակայն անոնց նպատակը զմեզ հրահանգել է, որպէսզի մենք հարկադրուինք ուղղել մեր ընթացքը» (Շնորհք Վրդ. Գալուստեան, «Մեկնութիւն Թղթոյն Առ Կորնթացիս Առաջին», Իսթանպուլ, 2014, էջ 325-327):
Դարձեալ նոյն հեղինակէն մէջբերենք այս հատուածը. «Յիսուսի արիւնը ոչ միայն կնիքն է Նոր Ուխտի մը հաստատման, այլ նաեւ փրկագին մը մեղքերու թողութեան եւ քաւութեան: Առաջին (երկու) Աւետարանիչներու հաստոյթին առթիւ արտասանած վերջին խօսքերը «որ ի վերայ բազմաց հեղու ի թողութիւն մեղաց» կը բացայայտեն այս գաղափարը: Արիւնը կեանքն է կենդանի էակին. Յիսուս նախապէս ըսած էր, թէ Ինք եկած էր Իր կեանքը տալու իբրեւ փրկանք շատերու փրկութեան: Այստեղ ունինք ուրեմն հրէական այն միւս գաղափարը, թէ զոհ մը, կամ զոհի մը արիւնը փրկանք մըն էր մարդոց մեղքեքուն համար, քաւութիւն մը անոնց յանցանքներուն եւ վերջապէս հաշտութիւն մը ընդ մէջ մեղաւորին եւ Աստուծոյ: Արդարեւ, խաչին վրայ թափուած Արդար արիւնը լոկ նշան մը չէր Աստուածային այն անհուն սիրոյն, որով Ան չխնայեց նոյնիսկ Իր Միածին Որդիին. այլ է՛ նաեւ արդիւնարար միջոց մը, որով հաւատացեալը կը փրկուի: Այս գաղափարն ալ խորհուրդին միւս անճառելի երեսն է, որուն արմատները կը գտնուին անծանօթ անիմանալի խորհախորհուրդ ալքերուն մէջ» (նոյն, անդ, էջ 243):
Ահա քահանային վերոնշեալ խօսքը լսելով, պէտք է ի մտի ունենանք այս բոլորը եւ ըստ այնմ պատրաստուինք, այսինքն՝ պատրաստենք մենք մեզ, եւ նո՛ր միայն մօտենանաք Սուրբ Հաղորդութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 6
21 յունիս 2022, Վաղարշապատ
1 Բաղդատէ՛ Գործ Ե. 1-11: Մեղքը աւելի կամ նուազ ծանրակշիռ է յարաբերաբար աստուածային կամքին մեր աւելի ծանծաղ կամ խորունկ ճանաչումին: