ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Զ.
ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Հացը, որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յհ 6.52):
Մեկնութիւն. Աւետարանիչը երբ Քրիստոսի խօսքին մասին ճառեց՝ հոգեւոր հացի մասին, որ է Աստուծոյ Բանը, այժմ կը ճառէ հոգեւոր հացին մասին, որ է Պատարագին խորհուրդը:
Խօսք. «Հացը, որ Ես պիտի տամ»:
Մեկնութիւն. Ինչպէս Պետրոսին խոստացաւ. «Քեզի պիտի տամ Երկինքի Արքայութեան բանալիները» (տե՛ս Մտ 16.19), եւ յետոյ միւս առաքեալներուն ալ հաւասարապէս տուաւ, այդպէս ալ այստեղ կը խոստանայ եւ ապա կու տայ՝ երբ խաչին վրայ կը բարձրանայ: Դարձեալ կը ցուցնէ, թէ միշտ Ի՛նքն է, որ քահանային ձեռքով կը պատարագուի, եւ Ինքն է, որ Հօր հետ կ՚ընդունի: Իսկ կրկնելը այն է, որ Վերնատան մէջ կարգեց Պատարագին խորհուրդը, եւ նոյն մարմինը խաչին վրայ պատարագեց ի փրկութիւն ամբողջ աշխարհին: Դարձեալ գիտելի է, թէ Պատարագին Խորհուրդին մէջ Ի՛նք Քրսիտոսն է՝ մարմնացեալ Բանը:
Այս մասին չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ Պատարագին խորհուրդը: Երկրորդ՝ հարկաւորութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Իրարու կը վիճէին» (Յհ 6.52): Երրորդ՝ կը ցուցնէ օգտակարութիւնը, երբ կ՚ըսէ. «Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ» (Յհ 6.54): Չորրորդ՝ նոր ճշմարտութիւնը կը ցուցնէ, երբ կ՚ըսէ. «Քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ [ճշմարիտ խմելիք]» (Յհ 6.55):
Առաջինը՝ որ կ՚ըսէ. «Հացը, որ Ես պիտի տամ» (Յհ 6.52), չորս բան կը ցուցնէ.
Նախ՝ որ միայն խորհուրդ է, այսինքն՝ հացը: Եւ այն կը ցուցնէ՝ ըսելով. «Հացը», որովհետեւ խօսքի էութենէն ետք ըստ հացին գոյացութեան հաց չի մնար, այլ՝ ըստ պատահումներուն:
Երկրորդ՝ ցոյց կու տայ արարող այս խորհուրդը, որ է Ի՛նք Քրիստոս մեծագոյն Քահանան, որովհետեւ քահանան, որ այս խորհուրդին պաշտօնեան է, խօսքին էութիւնը ի դէմս իր անձին չ՚ըսեր կամ ի դէմս եկեղեցւոյ, ինչպէս այլ խորհուրդներու մէջ կ՚ըսէ, այլ՝ Քրիստոսի խօսքը կը պատմէ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Յիսուս հացը առաւ Իր ձեռքերուն մէջ, օրհնեց, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ Իր աշակերտներուն ու ըսաւ. “Ասիկա՛ մարմինս է”, նոյնպէս եւ բաժակին “ասիկա՛ արիւնս է”» (հմմտ. Ղկ 22.19-20), այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Հացը, որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է» (Յհ 6.52):
Երրորդ՝ Է նշանակուած բան մը եւ տակը դրուած, որ է Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Մարմինս է», եւ այստեղ կը հասկցուի մարմինը հոգիէն ու արիւնէն առանձինն, որովհետեւ թէեւ Պատարագի խորհուրդի ընթացքին հացի տեսակին տակ Քրիստոսի բանական հոգին ու արիւնն է, սակայն ասիկա խորհուրդին զօրութենէն չէ, այլ՝ իրին կցորդութենէն, ինչպէս եւ Աստուածութիւնը գինիին մէջ եւ նշխարին մէջ է, խօսքին էութենէն ետք է, ոչ թէ խօսքի զօրութենէն, այլ՝ հետեւաբար, այսինքն՝ անբաժանելի միաւորութեան համար մարմինին եւ արիւնին:
Չորրորդ՝ Է իր մը, որ տակը դրուած չէ, այլ՝ միայն նշանակուած, որ է Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, այսինքն՝ հաւատացեալները, որոնք Գլուխին՝ Քրիստոսի մօտ սիրով կը միաւորին, այդ պատճառով Քրիստոս կ՚ըսէ. «…որ ես պիտի տամ՝ որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յհ 6.52), որովհետեւ ինչպէս որ բնական կեանքն է [մարմինի] անդամներուն մօտ գլուխին միաւորութեան համար եւ անկէ ունին շարժում եւ զգայութիւն, այդպէս ալ հաւատացեալները, որոնք Քրիստոսի անդամներն են, հոգեւոր կենդանութիւն իջած կ՚ըլլայ, միաւորութեան համար գլուխին՝ Քրիստոսի հետ, Պատարագի խորհուրդով:
Դարձեալ, որ կ՚ըսէ. «Որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» ընդհանրաբար կը ցուցնէ այն, որ միւս խորհուրդները օգուտ կու տան միայն զայն ընդունողին, որովհետեւ ով որ մկրտուի, շնորհները միայն ի՛նք կ՚ընդունի, որ մկրտուեցաւ, եւ ոչ ուրիշ մը, նոյնպէս եւ դրոշմը, քահանայութիւնը, եւ այլն: Իսկ Պատարագին խորհուրդը ո՛չ թէ միայն օգուտ կու տայ քահանային, որ կը պատարագէ, այլ՝ ամբողջ աշխարհին՝ ողջերուն եւ մեռելներուն, որովհետեւ Քրիստոսի մահուան յիշատակն է: Բայց եթէ այս խորհուրդը աշխարհական մարդ մը ընդունի, միայն իրեն համար օգտակար է, որ ընդունեցաւ:
Խօսք. «Իրարու հետ կը վիճէին» (Յհ 6.53):
Մեկնութիւն. Այժմ կը ցուցնէ այս խորհուրդին հարկաւորութիւնը: Տե՛ս, նախ կը տրտնջային, իսկ հիմա յայտնապէս կը վիճէին իրարու հետ. անոնց անհաւատութիւնը, չարութիւնն ու ապերախտութիւնը կը ցուցնէ, որովհետեւ եթէ յիշէին հրաշքը, որ հացերուն վրայ եղաւ, կրնային հաւատալ ասոր եւ հարցնել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա առանց վիճելու:
Խօսք. «Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք մարմինէն եւ չխմէք արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ» (տե՛ս Յհ 6.54):
Մեկնութիւն. Մարմինին համար կը վիճէին, իսկ արիւնը ապա կ՚աւելցնէ, որովհետեւ ինչպէս որ կերակուրը հարկաւոր է մարմինին կեանքը պահելու համար, նոյնպէս հարկաւոր է Պատարագին խորհուրդը հոգիին կեանքը պահելու համար, քանի որ ինչպէս մկրտութիւնը հոգեւոր վերստին ծնունդ է, այդպէս ալ Պատարագին խորհուրդը հոգեւոր սնունդ է:
Այսուհետեւ օգտակարութիւնը ցոյց կու տայ այս Խորհուրդին՝ ըսելով.
Խօսք. «Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ» (Յհ 6.55):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ ինչպէս մարմնաւոր կերակուրը ոչ միայն կը սնուցէ ու կը պահէ կենդանութիւնը, այլ՝ կ՚աճեցնէ մարմինը մինչեւ մարմինին քանակութեան կատարեալ չափը, այդպէս ալ Պատարագին խորհուրդը մարդուն շնորհներու կատարելութեան կը հասցնէ, որ հոգեւոր աճումն է, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ, յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ», այսինքն՝ ինքն իր մէջ բնակած ունի զԱստուած, որ յաւիտենական կեանքն է:
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յհ 6.55):
Մեկնութիւն. Վերջին օրուան համար ըսուեցաւ մեզի, սակայն այստեղ յարութեան մասին երեք հարցում կայ.
Առաջին. Ինչո՞ւ համար այդքան կը կրկնէ յարութիւնը:
Պատասխան. Կ՚ըսենք հինգ բանի համար. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ Ե՛ս եմ կեանքի եւ մահուան Տէրը, ըստ այնմ. «Ես կը սպաննեմ ու ես կ՚ապրեցնեմ» (Բ. Օր 32.39): Երկրորդ, որպէսզի Ինքզինք ցուցնէ Դատաւոր եւ Հատուցանող, որովհետեւ յարութենէն ետք դատաստանն է, իսկ դատաստանը հատուցման համար կ՚ըլլայ: Երրորդ. որովհետեւ կը ցուցնէ, թէ հատուցումը եւ յաւիտենական կեանքը այնտեղ պիտի ըլլայ՝ յարութենէն ետք, եւ ոչ թէ այստեղ՝ նախքան յարութիւնը: Չորրորդ. յարութիւն ըսելով ցոյց կու տայ մահը, որովհետեւ յարութիւնը մահէն ետք է, քանի որ եթէ չմեռնին, յարութիւն չեն առներ, ինչպէս յայտնի է յարութեան սահմանումէն, որ պիտի ըսենք: Հինգերորդ. չորս անգամ կրկնեց յարութիւնը. այն կը ցուցնէ, թէ նախ ընտրեալներուն յարութիւն է, եւ Քրիստոսի հաւատացողներուն յարութիւն է, եւ անոնց, որոնք սիրով Քրիստոսի կու գան յարութիւն է, այլ եւ աւելի Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին հաղորդուղները յարութիւն է:
Երկրորդ հարցում. Ի՞նչ է յարութեան սահմանը:
Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, նախ՝ թէ յարութիւն է հոգիին ու մարմինին վերստին կենդանութիւնը: Երկրորդ՝ յարութիւն է անմահ կենդանութիւնը: Երրորդ՝ յարութիւն է այնմ, որ ինկաւ1:
Երրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար յարութիւն տեղի կ՚ունենայ:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, վարդապետներէն հաւաքած ըլլալով, թէ ութ պատճառով.
Նախ՝ հոգիին անմահութեան համար մարմինն ալ անմահ կ՚ըլլայ, որովհետեւ ինչպէս որ մարմինը հոգիին համար թողութիւն կը գտնէ, այդպէս ալ մարմինը հոգիին համար անմահութիւնը:
Երկրորդ՝ որովհետեւ անձը հոգիով ու մարմինով կատարեալ է, իսկ հոգին առանց մարմինին կատարեալ անձ չէ, պատէ մարմինը յարութիւն առնէ, որպէսզի մարդուն անձը կատարեալ ըլլայ:
Չորրորդ՝ քանի որ մարդը անմահութեան համար ստեղծուեցաւ եւ բանսարկուին նախանձին պատճառով մահացաւ, պէտք է, որ Քրիստոսի զօրութեամբ դարձեալ անմահանայ:
Հինգերորդ՝ որովհետեւ մեր մարմինը մեր հոգիին գործակից է, պէտք է նաեւ այս յարութեամբ փառակից ըլլայ անոր, որպէսզի միասնաբար բարին գործեն եւ միասնաբար փառաւորուին կեանքին մէջ:
Վեցերորդ՝ որովհետեւ հոգին բնականապէս կը փափաքի մարմինին միաւորուիլ, որպէսզի կատարեալ երանեալ ըլլայ, սակայն պատշաճ չէ, որ երանեալ հոգին անքակ միաւորուի ապականեալ մարմինին, այդ պատճառով պէտք է, որ յարութիւն ըլլայ մարմինին անմահութեան կեանքին, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես յարութիւն պիտի տամ անոր վերջին օրը» (Յհ 6.55):
Եօթներորդ՝ մեր յարութեան պատճառը Քրիստոսի յարութիւնն է, ինչպէս մեր գլուխը յարութիւն առաւ այդպէս ալ Իր անդամները պիտի յարուցանէ, ըստ այնմ. «Մեռելներուն առաջին պտուղն ու անդրանիկը» (տե՛ս Ա. Կր 15.20):
Ութերորդ՝ յարութիւն կ՚ըլլայ անմահ կեանքին համար, որովհետեւ յարութիւնն է անվախճան կեանքին սկիզբն ու պատճառը, եւ ինչպէս ծննունդով ժամանակաւորապէս կեանքի կու գանք, այդպէս ալ յարութեամբ յաւիտեանակն կեանքին կ՚ելլենք:
Այսքանը այս մասին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 62
Վաղարշապատ
1 Ինկաւ վերստին յառնելու յաւիտենական անմահ կենդանութեան: Եւ այս սահմանը կատարեալ է, այլ գիտելի է, թէ անկումը կրկին է, այսինքն՝ նախ, որովհետեւ հոգեւոր մահով հոգին մեղքով կը մեռնի, երկրորդ՝ մարմնաւոր, ինչ բանի համար կը կրկնէ՝ հոգեւոր եւ մարմնաւոր յարութիւն: