ՀԱՅՐՍ ԵՒ ՀԱԼԷՊՍ՝ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԿՈՒ ՄԵԾ «Հ»ԵՐ
Տարիներ առաջ դարձեալ Տիթրոյիթ էի: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր, Ս. Սարգիս եկեղեցի: Հաւաքուած ենք: Եկած ենք ընտանեօք, եղբօրորդի-սանուկիս պսակ-հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Կը հաւատամ, որ մարդու կեանքին մէջ կան վայրկեաններ, որոնք առանց ազդանշանի, անակնկալ կերպով անոր միտքի խորերէն կը յայտնուին, անոր էութիւնը կը գունաւորեն, տարբեր զգեստներ կը հագցնեն անոր յուշերուն, որոշ ժամանակի մը համար մտովի կ՚անջատեն իր անմիջական շրջապատէն եւ ապա զինք կը տանին, մօտիկ կամ հեռու անցեալի մը ովկիանին մէջ կը նետեն:
Այդպէս ալ եղաւ:
«Օրհնեալ Տէր մեր…»։
Արարողութեան սկիզբը, չես գիտեր ինչպէս, յանկարծ յիշեցի ողորմած հայրս, որուն համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պիտի ըլլար ո՛չ միայն իր զաւակներուն, այլեւ իր թոռներուն պսակադրութիւնը տեսնել Հալէպի Քառասուն Մանկանց պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որովհետեւ իրեն համար հոն ամէն բան սուրբ էր, իբրեւ անցեալի մաքուր ժառանգութիւն եւ պաշտամունքի մթնոլորտ։
Իսկ հիմա, ի տես այս պսակին՝ հօրս փափաքը, իղձն ու մեծ երազը այլեւս հաստատապէս փլած ու նոյնիսկ ցնդած էր: Ահա այսպէս է հայուն կեանքը, կ՚ըսեմ մտովի: Կարծես բոլորս ալ ազգովին զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Կը զգայի, որ վերստին բացած էի մեր պատմութեան էջերը եւ կը փորձէի խունկով ու հաւատքով լեցուն այս եկեղեցւոյ մէջ ես ինծի կարդալ:
«Տեսէ՛ք, զաւակներս…»:
Հայրս էր, որ զիս կրկին մտովի կը տանէր մեր պատմական Հալէպը՝ հո՛ն, ուր ամէնօրեայ երկիւղը մօտիկ կամ հեռու ապագայի անստուգութիւնն էր: Այս օրերուն՝ հո՛ն, ուր ճգնաժամային օրեր եւ ժամեր առկայ են, ուր նաեւ ջուրի եւ լոյսի համար մարդիկ մուրացկան դարձած են: Հո՛ն, ուր մեր գաղութը, տարիներէ ի վեր, կանուխ ճանչցած էր տառապանքը՝ 21-րդ դարուն: Եւ քանի որ տառապանքն ու վախը հանապազօր սնունդ դարձած էին, անոր համար ալ իր զաւակներուն բառերը դառնութեան ձայներով հիւսուած էին: Օ՜հ, Աստուած իմ, կարծես դարձեալ աշխարհ մը տխուր յուշեր եւ վշտալի ըսելիքներ կախուած են շրթներէս։
«Տղա՛ս, հնազանդ պիտի ըլլաս…»:
Ճիշդ է, որ ազգովին տառապանքին հնազանդած եւ վարժուած էինք, սակայն ամէն բան չափ ու սահման ունի: Այս մէկը անտանելի է: Ըսէ՛ք, ե՞րբ կեանքը մեզի պիտի պարգեւէ ուրախութիւն: Չե՛մ գիտեր:
Զսպուած եւ յուզուած՝ կրկին ու կրկին հարց կու տամ. այս բոլորը Հալէպի մեր տիպար ու հնազանդ գաղութը կը կրէ իր ո՞ր չգործած մեղքերուն համար: Արդեօք այս բոլորը ե՞րբ կանգ պիտի առնեն: Ըսէ՛ք: Ո՛չ ոք ունի յստակ պատասխան: Պատահեցան եւ տակաւին կը պատահին բաներ, զորս երբեք չէինք յուսար: Որո՞ւն միտքէն կ՚անցնէր Հալէպի կործանումը եւ մեր մայր գաղութի քանդումը:
Այս օրերուն, ատելութիւն, ջարդ, աւերակ, մէկ խօսքով՝ մահն է որ ամէն ժամ կը սպասէ տուներու սեմերուն այդ քաղաքի, որուն բնակիչներուն համար այլեւս դէպի երկինք աղերսն ու «Տէր ողորմեա»ները անըմբռնելի դարձած են: Կարծես իրենց հաւատքն ալ մաշած է: Մեղա՜յ…
Ամէն օր փլող կեանք կայ: Ամէն քայլափոխի հայու հոգին կը պոռայ իր ցաւերէն: Արդեօք ո՞վ է լսողը: Կայ նաեւ նոր հերոսներու սրբագործ պաշտամունք եւ յամառ պայքար՝ հայ կեանքի ապերախտ պայմաններուն դէմ: Արդեօք ո՞վ է հետաքրքրուողը: Դո՛ւք ըսէք։
«Այո՛, հնազանդ եմ…»:
Այո՛, կայ նաեւ թունաւոր ատելութիւն: Թունաւոր ուրախութիւն: Ճիշդ է, որ ներկայիս աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որուն սահմանները արիւնով գծուած չըլլան, բայց այդ մէկը հոգս չէ: Հալէպս կը նմանի առանց հերոսի թատերախաղի մը, որուն նոյնիսկ դերասանները կորսուած են, իսկ հանդիսատեսները՝ յոգնած իրենց վրայ թափուած սուտերէն:
«Ուրախ լեր, սուրբ…»։
Ինչպէ՞ս ուրախ ըլլալ, երբ ամէն օր մահն է որ կը շրջագայի անոր փողոցներէն: Միւս կողմէ ալ, ըսէ՛ք, խնդրեմ, ե՞րբ մենք իսկապէս ազգովին եւ լրջօրէն, այլ ոչ թէ պատահական, պիտի գիտակցինք պատահարին, աղէտին, տագնապին, կորուստին: Հալէպցին լաւ գիտէ, թէ բառերու հացով կարելի չէ սնանիլ եւ ոչ ալ՝ գաղափարներու գինիով: Ե՞րբ բարձր պահած պիտի մնանք աշխարհի մեծերուն ցցած մեր բողոքի դրօշակը: Ե՞րբ մեր օժանդակութեան բոցը առկայծ պիտի կարենանք պահել, փրկելու համար մեր մայր գաղութը: Մշտական սէր, մշտական խանդավառութիւն եւ մշտական հաւատարմութիւն է պէտք մեր այս գաղութին: Առանց սակարկութեան՝ նուիրուածութիւն։
«Թագ պարծանաց…»։
Հալէ՛պ, հայրս մեզի միշտ ըսած էր, ու մենք համոզուած էինք, թէ Հալէպը հայութեան թագն ու պարծանքն է: Որքա՜ն գեղեցիկ էր մեզի համար: Որքա՜ն փայլուն յուշեր եւ թաղուած յոյսեր կային մէջը: Կը վերյիշեմ:
Աստղերուդ հետ կը քնանայինք: Անոնց հետ, մեր բակերը կամ տանիքներուն վրայ մեր դասերը կը սորվէինք: Հայերէնի կողքին արաբերէն սիրային երգեր ալ կը լսէինք եւ նոյնիսկ՝ կ՚երգէինք: Ուրախ էինք, հայրենիքի չափ: Անաղարտ նայուածքով եւ մանաւանդ՝ ամչնալով կը սիրէինք: Է՜հ, կեանք:
Ո՞վ կրնայ հրաժարիլ իր ծննդավայրէն: Բոլորս՝ մեծով ու պզտիկով, անշահախնդիր մասնակից կը դառնայինք մեր գաղութի հաւաքական քաղցր աշխատանքներուն՝ սքանչելի հաւատարմութեամբ, իւրաքանչիւրս իր դերին գիտակցելով եւ կեանքին հանդէպ սիրով լեցուն բաբախումներով:
Հալէ՛պ, նոյնիսկ կեանքի մռայլ հրապարակներուդ վրայ կար կեանքի խորքը: Կար նաեւ հերոսութեան եւ յաղթանակի սէրը: Կար նաեւ հայօրէն ապրելու աւանդութեան եւ դարաւոր հաւատարմութեան ոգին: Քովդ ամէն բան համբուրելի էր՝ իբրեւ անցեալի ժառանգութիւն:
«Սուրբ Աստուած…»։
Սուրբ Տէր, չե՞ս կարծեր, որ կը բաւեն մեր Հալէպի տառապանքները: Ե՞րբ ժամը պիտի հասնի կեանքին վերադարձնելու այն, ինչ կը պարտինք կեանքին: Կարծես Դուն հոն չես, այլ միայն սարսափն է, որ ցցուած կը մնայ բոլորի հոգիներուն մէջ:
Չեմ ուզեր, Տէր, որ մեր գաղութի զաւակները իրենց աչքերուն մէջ խորին տառապանքով կրեն կորուսեալ պատկերը յոյսին եւ խաղաղութեան: Ըսէ՛, ե՞րբ աստուածային լոյսդ պիտի ծագի հոն ապրող բոլոր երկրպագուներուդ առաջ:
«Օրհնեալ, Տէր մեր…»։
Օրհնէ՛, Տէ՛ր մեր մայր գաղութը: Խնամքով պահէ՛ զայն ժամանակի աւերին դէմ, որովհետեւ հոն տակաւին ողբերգութիւնն է, որ կ՚ապրի: Հոն, մեր ազգակիցները իրենց արդար քրտինքը թափած են: Քեզի համար եկեղեցիներու քարերուն վրայ իրենց ճակատները մաշեցուցած: Թո՛ղ, որ յիշողութեանդ մշուշը չպղտորէ անոնց արեւը: Ու հաւատա՛, որ հոգւոյս մէջ անաւարտ յուզումներուս կողքին, կայ կոչի նման մարմաջ մը, որ նոր շարականի ծլումը կը բերէ շուրթերուս:
«Աչքերնիդ լոյս…»:
Այո՛, աչքերնիս լոյս՝ միայն այն ատեն, երբ խաղաղութեան աղաւնին Հալէպ վերադառնայ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ