ՊԷՅՐՈՒԹ. ՄԻՆՉ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏՈՒԱՅՏԻ… ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ԿԸ ՓՈՒԹԱՅ «ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ»

Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման համար նախտեսուած նախաձեռնութիւնը կ՚ապրի դժուար ատեններ։

Խնդիրն այն է, որ Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակուելէն անցած է բաւական երկար ժամանակ, երբ վարչապետին համար գրեթէ «անկարելի» դարձած է յաջողցնել իր վրայ դրուած առաքելութեան կարեւորագոյն կէտը, որն է նոր կառավարութեան կազմութիւնը։

Ուշագրաւ է, որ լիբանանցիներու մեծ տոկոսին համար երկրի շիի տարրին կողմէ առնուած կեցուածքը, որ պայմանաւորուած է ելեւմտական աթոռը այդ համայնքին վստահելու պահանջով, դարձած է նոր կառավարութեան կազմութեան դէմ «գործող» հիմնական պահանջը։

Եւ աւելի ուշագրաւն այն է, որ նախագահ Աուն, որ մինչեւ վերջերս կը համարուէր շիի համայնքի գլխաւոր եւ սերտ գործընկերը, «դուրս եկած է հունէն» եւ սկսած է քննադատել ստեղծուած վիճակը, յորդորելով եւ բոլորին «բացէ ի բաց» յիշեցնելով, որ եթէ երկիրը նոր կառավարութիւն մը չունենայ, ապա Լիբանան պիտի գլտորի «դժոխք»ի մէջ։

Ի հարկէ, դժոխքը փոխաբերական իմաստով գործածուած բառակապակցութիւն է, սակայն առանց այդ «նոր» դժոխքին ալ Լիբանանի վիճակը բարւոք չէ եւ պարզ քաղաքացին ամէն օր շնչակտուր կ՚ըլլայ, տեսնելով, զգալով եւ ապրելով բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք դարձած են իր կեանքին մէկ մասնիկը։

Այս բոլորէն անդին կարեւոր է հաշուի առնել եւ նկատել նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին ներկայացուցած առաջարկը, որուն հիմքով ալ ելեւմտական աթոռը պէտք է տրուի շիի, սակայն ոչ կուսակցական գործիչի մը...

Անշուշտ այս առաջարկը մեծ անակնկալ եղաւ «Ամալ»-«Հիզպուլլահ»ին համար, որոնք զարմացած են առաջարկէն եւ եւ հանրութիւնը մինչեւ այս պահը կը սպասէ անոնց պատասխանին։

Հիմա պարզ լիբանանցին դարձեալ հարց պիտի տայ. ի՞նչ է իրական պատճառը, որ շիի համայնքին համար ելեւմտական աթոռը ստեղծած է «մահ ու կենաց» վիճակ մը, որուն համար ալ այդ համայնքի ղեկավարները պատրաստ են երկիրը «դժոխք» առաջնորդել։ Իսկ պատասխանը աւելի քան պարզ է, որովհետեւ անցեալ հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանի շուրջ նիւթուող վիճակներուն մէկ եւ միակ նպատակն է ամբողջական «ապարկօ» մը ստեղծել «Հիզպուլլահ»ին եւ վիճակը տանիլ այն սրութեան մակարդակին, որուն մէջ ալ լիբանանցիները իրենք փողոց դուրս գալով պիտի ամբողջացնեն այդ կուսակցութեան «հրէշացում»ը ու նաեւ պահանջեն «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը։

Այստեղ բոլորը կը մոռնան, թէ ի՛նչ պատճառներով եւ հիմքով ստեղծուեցաւ «Հիզպուլլահ»ը, ինչու այսքան հզօր եւ նոյնիսկ վեր-լիբանանեան հզօր միաւոր դարձաւ եւ այսքան տարուան մեծ պայքարէն ետք, ինչ հիմունքներով կարելի պիտի ըլլայ զինաթափ ընել, կամ նոյնիսկ զինաթափ ընելու առաջարկ մը կամ պահանջ մը «օրինականացնել»։

Ելմտական նախարարութիւնը երկրի դրամական հոսքերու, գանձատրական պահանջներու հիմնական ուժանակն է ու այդ պատճառով է նաեւ, որ առանց այդ նախարարական աթոռին՝ «Հիզպուլլահ» աւելիով պիտի պաշարուի ու «շնչահեղձ» դառնայ։

Չմոռնանք, որ Լիբանանի համար եղած ֆրանսական նախաձեռնութեան գծով «Հիզպուլլահ» անտեսուած կամ մերժուած ուժ մը չէ, այլ գործակից է ու ատոր համար է նաեւ, որ շիի կողմը պարտաւոր է «հինգ անգամ մտածել ու մէկ անգամ կտրել...»։

Այստեղ անշուշտ պէտք է մեծ պրիսմակով նայիլ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան, որ երկրէն ներս տիրող լճացած իրավիճակին մէջ կը համարուի այն միակ նախաձեռնութիւնը, որ իր հետ կը բերէ յոյսի շող մը։

Հարիրի այս քայլով ոչ միայն կը վերահաստատէր իր ներկայութիւնը քաղաքական թատերաբեմին վրայ, այլ նաեւ կը շեշտադրէր, որ իրեն համար Փարիզի կողմէ եղած նախաձեռնութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Անշուշտ այստեղ պէտք չէ անտեսել կամ մոռացութեան մատնել այն հանգամանքը, որ Հարիրիին համար Ֆրանսայի հետ բարեկամութիւնը ունի շատ խոր արմատներ։ Այդ բարեկամութիւնը կու գայ հայր Հարիրիէն ու լիբանանցիները շատ լաւ կը յիշեն, որ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին՝ ըլլալով Սէուտական Արաբիոյ թիւ մէկ «մարդ»ը, Ֆրանսայի հետ ունէր շատ բարձր յարաբերութիւններ, որոնք միայն քաղաքական խորքայնութիւն կամ մօտեցում չունէին, այլ ունէին անհատական մակարդակի եւ փոխվստահութեան վրայ հիմնուած բարեկամութիւն։ Այստեղ նաեւ պէտք է հաշուի առնել, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը, հետեւաբար նաեւ անոր քաղաքական մեծ տեսադաշտէն դուրս գալը, կերպով մը կը համարուի Ֆրանսայի Մերձաւոր Արեւելքի «մեծ խաղ»էն դուրս գալուն առաջին հիմնական նախանշանը։ Այդ սպանութենէն ետք էր նաեւ, որ Փարիզ իր ձեռքը կը քաշէր ոչ միայն Լիբանանէն, այլեւ ամբողջ Արեւելքէն ու յատկապէս Սուրիայէն։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք այսօր պէյրութեան վերջին զարգացումները մեկնաբանողներուն համար աւելի քան պարզ է, որ Փարիզի նոր նախաձեռնութիւնը, որուն համար նախագահ Մաքրոն շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին երկու առիթներով աղէտեալ Պէյրութ կը հասնէր, կարեւոր եւ մեծ փորձ է, ֆրանսական մեծ ու կարեւոր վերադարձի մը, որուն համար ալ լիբանանցիք պէտք է շնորհակալ ըլլան, իսկ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը ոչ միայն պէտք է ճիշդ ընկալէ պատմական ժամկէտը, այլ նաեւ ամէն գնով համաձայնի ու ճիգ ընէ զայն գործադրելու համար։

ՖՐԱՆՍ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Ֆրանսայի պահանջները, ի հեճուկս ամերիկեան «փրակմաթիզմ»ին, բաւականին «փափուկ» պահանջներ են, որոնց հիմքով «Հիզպուլլահ» պէտք է հեռու մնայ Եմէնի տագնապէն ու, ամենակարեւորը, կամաց-կամաց դուրս գայ Լիբանանէն։

Այս քայլերուն իրականացումը այդքան ալ դժուար չէ կուսակցութեան համար, որ մանաւանդ Սուրիոյ կտրուածքով արդէն իսկ որոշակի քայլեր կը կատարէ ու կարծես, թէ պատրաստ է սուրիական մեծ տեսադաշտէն հեռանալու. կը մնայ Եմէնի պարագան, որ Իրանի համար էական խնդիր է եւ վստահօրէն Թեհրան այդ խնդրի կտրուածքով պիտի չուզէ որեւէ զիջում իրականացնել, եթէ չտրուին յստակ եւ հասկնալի վստահեցումներ։

Այս պատկերէն անդին ու լուծումներու ընդհանուր տեսադաշտէն դուրս երէկ Ռիատի կողմէ լսելի դարձած յայտարարութիւնները բաւականին մտահոգիչ կը դառնան։ Մտահոգիչ, որովհետեւ սէուտցի թագաւորը ոչ միայն «ահաբեկչական» կը համարէ «Հիզպուլլահ»ը, այլ միջազգային հանրութենէն կը պահանջէ զինաթափ ընել լիբանանեան դիմադրութեան ամենակարեւոր ուժը։

Ամբողջ խնդիրը անոր մէջ կը կայանայ, որ սիւննի աշխարհի տէրերուն մօտ այսօր, ինչ-ինչ պայմաններու բերումով տեսակէտի եւ ռազմավարութեան մեծ ձեւափոխում մը կայ։ Անոնց համար այսօր թշնամին Իսրայէլը չէ, այլ Իրանն է, որուն համար ալ իրենք պատրաստ են ամէն գործօն ուժ մղել՝ «կտրելու համար» Իրանի թեւերը տարածքաշրջանին մէջ։

Ու հոս է իրական վտանգը Լիբանանի համար, որուն պետական համակարգին համար շատ մեծ խնդիր էր ու կը շարունակէ մնալ երկրի ամբողջ տարածքին ոչ-օրինական զէնքի «օրինականացում»ը։ Քայլ մը, որ Լիբանանը կրնայ տանիլ նոր, արիւնալի ներքին խլրտումներու (պատերազմ բառը չեմ գործածեր), որոնց առաջքը առնելը եւ ապա կասեցնելը կրնան դառնալ անհնար...։

Այս ամբողջ պատկերին մէջ աւելի քան կարեւոր է գնահատել ու հասկնալ նախկին վարչապետին նախաձեռնութիւնը, առանց որուն կամ անոր տապալումով հնարաւոր լուծումներու փուլը պիտի աւարտի եւ ընթացք պիտի առնէ Ամերիկայի կողմէ նախատեսուած եւ «մինի» քաոսի մը նոր վիճակը։

Հնարաւոր է անշուշտ, որ Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութիւնը «գործնական» փուլ մը չմտնէ, մինչեւ այդ երկրի նախագահական ընտրութեանց կայացումը, այսինքն յառաջիկայ նոյեմբեր ամսուան առաջին կէսը, սակայն այս ալ հաշուի առնելէ զատ կայ վարկած, որ մինչեւ ամերիկեան մօտեցման բիւրեղացումը՝ Լիբանան կրնայ ապրիլ ամբողջական «անկում» մը, որուն հետեւանքով ալ երկրին մէջ կրնայ աճիլ ներհամայնքային խլրտումներ, որոնք կրնան երկարիլ եւ դուրս գալ վերահսկողութեան ընդհանուր փուլէն։

Այդ վիճակի պարագային պաշտօնական Փարիզ պիտի չուզէ միջամտել, այլ միայն ու միայն դիտարկել, մինչեւ այն պահը, երբ լիբանանցիք միաբերան «ա՜խ» մը հնչեցնեն ու Փարիզէն խնդրեն, որպէսզի արագօրէն միջամտէ ու վերստանձնէ Լիբանանը փրկելու իր հին-նոր առաքելութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020