ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ 114-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀՈՍԱՆՔԻՆ ՀԱԿԱՌԱԿ ՆԱՒԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Համազգային տօնի պէտք է վերածուի 28 հոկտեմբերը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Կրնայ շատերուն տարօրինակ թուիլ այս մէկը, բայց եթէ ուշադրութեամբ փորձենք մօտենալ այս թուականին եւ հասկնալ անոր կարեւորութիւնը, ապա յստակ կը դառնայ անոր համազգային արժէք ունենալու հանգամանքը:

Արդարեւ, 1908 թուականին չորեքշաբթի առաւօտ մը, մեր պատմութեան ընթացող ժամանակին մէջ, նոր՝ մտաւոր ԺԱՄԱՆԱԿ մը լոյս աշխարհ եկաւ, ծագեցաւ: Այդ օրերուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Գօչունեան եղբայրները՝ Միսաք եւ Սարգիս, սկիզբը կը դնէին մեր դարաւոր պատմութեան էջերէն նոր էջի մը, որ իւրայատուկ կերպով արդէն իսկ 114 տարիներ շարունակ կը լուսաւորէ մեր պատմութեան երկնակամարը, 114 տարիներ, որոնց ընթացքին բնականաբար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը բազմաթիւ նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ ունեցած է, սակայն հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու՝ աննկուն կամքով եւ Հայ գիրին ու գրականութեան նկատմամբ ունեցած անսակարկ հաւատարմութեամբ յաղթահարած է այդ դժուարութիւնները, եւ ահաւասիկ այսօր՝ չորեքշաբթիին յաջորդող հինգշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2021-ին կրկին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը իր առանձնայատուկ հմայքով ու իր անձնուիրեալ անդամներէն մէկուն՝ Արա Գօչի «Ողջոյն ամենքին»ով վերստին կ՚ողջունէ իր ընթերցողները, մարտահրաւէր կարդալով ընթացող ժամանակին, որ տակաւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կայ, գոյութիւն ունի, լոյս կը տեսնէ եւ կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը:

Արդարեւ, անցեալ տարի նոյն այս օրը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մտահոգութիւններով սակայն միաժամանակ ճշմարտութիւններով լեցուն խմբագրական խօսքը այս տողերով կ՚աւարտէր. «28 հոկտեմբեր 1908 թուականին հիմնուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը... Օրերէն չորեքշաբթի էր։ 113 տարի անց, այսօր դարձեալ չորեքշաբթի մըն է... Սա պիտի ըլլայ կա՛մ այս թերթի վերածնունդը եւ կամ վախճանը։ Հանելո՞ւկ... Բարին ընդ մեզ» (կարդա՛լ ԺԱՄԱՆԱԿ չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2020, էջ 1 եւ 4):

Փառք եւ գոհութիւն Ամենակալին, որ տակաւին «բարին» ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հետ է, եւ այդ Բարիին ընկերակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ ան տարի մը եւս թեւակոխեց իր արդէն իսկ պատմութիւն՝ նահապետութիւն դարձած ընթացքին մէջ: Բոլոր դժուարութիւնները հարթուա՞ծ են, բնականաբար ո՛չ, յատկապէս երբ նկատի կ՚ունենանք Թագաժահրին պատճառած դժուարութիւնները, սակայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կրկին անգամ իր աչքերը կը բանայ 28 հոկտեմբերի մը, վճռակամ կերպով սկիզբ դնելով իր պատմութեան օղակներէն նոր տարիի մը, միաժամանակ յոյս ունենալով, որ բացուղ այս՝ 114-րդ տարին մեկնելով անցեալ տարուան մտահոգութիւններէն առանցքային պիտի ըլլայ՝ ինչո՞ւ չէ նոր հարիւրամեակ մը բոլորելուն:   

Յօդուածը վերնագրած եմ «Հոսանքին հակառակ նաւարկութիւնը կը շարունակուի», որովհետեւ եթէ ակնարկ մը նետենք անցնող աւելի քան հարիւր տարիներու մեր մամուլին, այնտեղ իր նահապետական կեցուածքով եւ առոյգութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն է, որ յաջողած է իր նաւարկութիւնը մինչեւ մեր օրերը շարունակելը եւ տակաւին յոյս ունի, որ այս նաւարկութիւնը ընդ երկար տարիներով պիտի շարունակուի: Բնականաբար, երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին նահապետականութեան մասին կը խօսինք կամ կ՚անդրադառնանք, ատով փոշի կամ մշուշ չէ՛ որ կը փորձենք տարածել բազմաթիւ այն օրաթերթերուն, պարբերականներուն, ամսաթերթերուն եւ տարեգիրքերուն, որոնք պատմութեան ընթացքին որոշ ժամանակ մը լոյս աշխարհ եկան, սակայն ժամանակի ընթացքին իրենց լոյսը հանգեցաւ եւ պամտութեան գիրկը անցան՝ իրենց հասանելիք պարտքն ու պարտականութիւնը մատուցելով Հայ գիրին ու գրականութեան, աւելին՝ Հայ մշակոյթին: Այս հսկայ փաղանգին մէջ, սակայն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ն է, միայն, որ արդէն իսկ 114 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ՝ լոյս սփռելով ամէն կողմ:

Դիւրին չէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ուղին, յատկապէս երբ նկատի կ՚ունենաք այն միջավայրը, ուր լոյս տեսած է անցեալին եւ կը շարունակէ լոյս տեսնել նաեւ այսօր:

Դիւրին չէ անոր ուղին, որովհետեւ մինչ այսօր բազմաթիւ թերթեր տակաւին լոյս աշխարհ չեկած իրենց մահազդը կը յայտարարեն, ԺԱՄԱՆԱԿ ամուր կառչելով իր սկզբունքներուն եւ առաքելութեան կը շարունակէ իր նաւարկութիւնը:

Դիւրին չէ անոր ուղին, քանի որ հակառակ այն ցաւալի իրավիճակին, որ այսօր մեր ամբողջ ազգը կ՚ապրի. արժէքներու անկում, լեզուի այլասերութիւն, մշակոյթի «քաղաքականացում» եւ եղծում, ամէն տեսակի սրբութիւններու ոտնահարում, պատմութեան խեղաթիւրում, տեղեկատուութեան կողմնակալութիւն, եւ այլն, սակայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան կը փորձէ պարկեշտութեամբ իր կոչումը իրականացնել մեր ազգի առօրեան յուզող գրեթէ բոլոր ոլորտներէն ներս՝ կրօնական, ազգային, համայնքային, հայրենական, սփիւռքեան, գրական, պատմական, մշակութային, տեղեկատուական, գիտական, եւ այլն, եւ այլն: Բնականաբար ընթերցողները ի՛րենք են, որոնք պիտի ըլլան կոչումին պարկեշտութեամբ իրականացման գնահատականը տուողները կամ հակադարձողները, որովհետեւ ո՛չ բոլորն են, որոնք կրնան համակարծիք ըլլալ այս տողերուն: Եւ ահաւասիկ այստեղ կը կայանայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաջողութեան բանալիներէն մէկը՝ քննադատական խօսքի սիրայօժար ընկալում եւ ըստ արժանւոյն արձագանգում կամ համապատասխան քայլերու որդեգրում, որով ան հասած ու տէր կանգնած է այն իւրայատկութեան, որ միայն ու միայն ի՛րը եղած է:

Դիւրին չէ՛ անոր ուղին, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը օրաթերթ է, իսկ օրաթերթ մը ամէն օր լոյս աշխարհ բերելուն համար մարդ պէտք է պողպատէ կամքի տէր ըլլայ, համբերութեան դափնեկիր, աշխատասիրութեան ռահվիրայ, չյուսահատող եւ չյուսալքուող, եւ ամենէն կարեւորը ինքնավստահ ու խոհեմ՝ պատրաստ ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարելու, յանուն այն վսեմ գաղափարականին ու նպատակին, ինչ բանի համար արօրը ձեռք առած՝ հոսանքին հակառակ կը հերկէ ու կը հերկէ… Եւ այդ նուիրական առաքելութիւնը Գօչունեաններուն Գերդաստանը սիրայօժար կերպով եւ առանց կամուկացներու կը կատարէ արդէն աւելի քան մէկ դար՝ Քասիմէն սկսած եւ հասնելով այսօրուան խմբագիր՝ տիար Արա Գօչունեանին:

Յօդուածին սկիզբը նշեցի, որ 28 հոկտեմբերը պէտք է համազգային տօնի վերածուի: Ոմանք կը հարցնեն, բայց ինչո՞ւ: Շատ պարզ պատճառով մը. ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին աւելի քան 113 տարիներու գոյերթի յաջողութեան յաղթանակն ու այդ յաղթանակէն եկած հպարտանքը ճի՛շդ է, որ առաջին հերթին սեփականութիւնն ու արդար իրաւունքն է Գօչունեաներու Գերդատաստանին, ապա թրքահայ մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, սակայն խորքին մէջ այդ յաղթանակը սեփականութիւնը պէտք է դառնայ ողջ հայութեան, որովհետեւ մեր պատմութեան ամբողջ հոլովոյթին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ միա՛կն է, որ յաջողած է իր նաւարկութիւնը «ղայիմ» պահել արդէն իսկ 114 տարիներ եւ նոյն հաստատակամութիւնը ունի շարունակելու այդ նաւարկութիւնը տակաւին երկար եւ երկար տարիներ:

Հայ ժողովուրդը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին անցնող ուղիին յաղթանակն ու հպարտանքը ի՛րը դարձնելով, պէտք է պարտաւորութիւն ստանձնէ հոգալու, գուրգուրալու, գգուելու եւ ապահովելու անոր ընթացքը, որպէսզի Քասիմին ու անոր եղբայր՝ Սարգիսին վառած ջահը միշտ պայծառ ու լուսաւոր մնայ այնքան ժամանակ, ինչքան ժամանակ որ Հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր գոյերթը մարդկութեան պատմութեան քուրային մէջ:

Աւարտելէ առաջ գրութիւնը կ՚ուզեմ մէջբերել թերթիս խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 100-րդ տարեդարձին առիթով գրած «Նախօրօք յայտնի, սակայն անակնկալի մը խանդավառութեամբ…» գրութեան վերջին հատուածը, ուր ըստ արժանւոյն կը ներկայանան Գօչունեան Գերդաստանի Նաւավարները, որոնք 114 տարիներ անընդմիջաբար վառ պահեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ջահը.

«Այսօր կը զգամ, որ Միսաք Գօչունեանի շունչը վրաս է, Սարգիս Գօչունեանի ձեռքը ուսիս է, Արաքսի Գօչունեանէն շնորհ մը կայ վրաս, Մարտիրոս Գօչունեանի իմաստութիւնը հետս է, Մելիք Գօչունեանի պատգամը լսելի է, Էլիզա, Սիրարփի եւ Մարի Գօչունեան քոյրերը զիս կը գնահատեն, Մարտիրոս Գօչունեանի կողակից Էլիզա Գօչունեանի ազնուութենէն շուք մը կայ վրաս, մեծ հօրս՝ Արա Գօչունեանի սրամտութիւնը մէջս է, մեծ մօրս՝ Լիլի Գօչի աղօթքը հետս է, չճանչցած հօրեղբայրս՝ Մարտիրոս Գօչունենաը զիս կը սիրէ, մայրս ու հայրս հպարտ են ինձմով, ընկերնրես ուրախակից են ինծի: ԺԱՄԱՆԱԿ 100 տարեկան է այսօր…

Արդարեւ ես կենաքիս մէջ չէի ապրած այսքան մեծ գոհացում մը, չէի ունեցած այսքան վիթխարի բաւարարուածութիւն մը, չէի տեսած նման լի ու լի յագեցածութիւն մը:

Երջանիկ եմ, որ 100-ամեակի տրամադրութիւններս, հոգեվիճակս չեն յուսախաբած զիս:

Այսօր ահա՛, 100 տարեկան է ԺԱՄԱՆԱԿ եւ մենք մեզ տէրը կը զգանք ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Քանի մը ժամուան համար մեզի ներեցէք այս չափազանցութիւնը, շփացածութիւնը: Վաղը առաւօտ կանուխ արդէն մեր գործին գլուխը կ՚ըլլանք: Դուք կը ներէք գուցէ, բայց ԺԱՄԱՆԱԿ-ը խստապահանջ է…»:

Նոյն այդ խստապահանջութեամբ ալ թող շարունակէ իր նաւարկութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, դէպի նոր բացուող բազմաթիւ 28 հոկտեմբերներ…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16-17 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2021