ԻՍԿ ՀԻՄԱ Ի՞ՆՉ
Տխրայիշատակ 9 նոյեմբերը անկիւնադարձային թուական է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ: Արցախեան պատերազմի մեր վէրքերը չբուժուած, մեր նահատակ վեհ եղբայրներուն ու քոյրերուն սուգը չամբողջացուցած, սթափեցանք սահմռկեցուցիչ եւ անընդունելի պայմաններ ընդգրկող համաձայնագիրի մը լուրով:
Անընդունելի, անհաւատալի, աներեւակայելի, բայց ափսոս՝ իրողութիւն: Աւելի քան քառասուն օրուան հայրենապահպան յախուռն պատերազմին եւ համահայկական աննախընթաց ճիգերուն վերջ դրուեցաւ տխրահռչակ ու նուաստացուցիչ համաձայնագիրով մը:
Անշուշտ հարկ չկայ ըսելու, թէ այդ լուրը կայծակի նման բռնկցուց ողջ հայութիւնը, կարծէք թէ աշխարհը փուլ եկած ըլլար մեր գլխուն… իսկութեան մէջ այո՛, հայոց աշխարհը փուլ էր եկած:
Ինչ որ ոսոխը չկարողացաւ գրոհով եւ պատերազմով շահիլ, այս տխրահռչակ համաձայնագիրով ստացաւ իբրեւ նուէր՝ ոսկիէ ափսէի վրայ ու վե՛րջ:
Իսկ հիմա ի՞նչ…
1) Անշուշտ միջազգային օրէնքներու վրայ հիմնուելով՝ երբ այս տեսակի եւ այս մակարդակի դժգոհութիւն եւ անվստահութիւն կը տիրէ ժողովուրդին մէջ, առաջին պայմանն է, որ կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչապետին, հրաժարի: Ասոր այլընտրանքը չկայ, եթէ մենք տակաւին կը հաւատանք, թէ ժողովրդավար պետութեան մէջ կ՚ապրինք, եւ ոչ թէ մենատիրական:
2) Նոր ընտրութիւններ կազմակերպել՝ թափանցիկ ու քաղաքակիրթ, այլ պետութիւններու նման ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուելով:
3) Ընդունիլ ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ կազմել Ազգային փրկութեան կառավարութիւն:
Այս կառավարութեան հիմնական եւ շուտափոյթ գործն է՝
Ա) Արցախէն տեղափոխուած ժողովուրդը տեղաւորել եւ հասնիլ անոնց կարիքներուն:
Բ) Նահատակներու ընտանիքներուն կարիքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնել:
Գ) Պատերազմէն վիրաւորուած զինուորներուն եւ անձերուն դարմանումը ամբողջովին ապահովել:
Դ) Արցախի ամբողջ վանքերը, եկեղեցիները եւ պատմական, ազգային թէ մշակութային արժէք ներկայացնող կոթողները ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանաւորութեան տակ դնել:
Ե) Ամէն գնով օտար պետութիւններու օժանդակութիւնները օգտագործել, նաեւ՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը՝ ի նպաստ Արցախէն տեղափոխուած ընտանիքներուն:
Զ) Մշակել հինգ տարուան վրայ երկարող հայրենաշէն ծրագիր, որ կ՚ընդգրկէ տնտեսական, զինուորական, ընկերային երեսներ եւ զայն ներկայացնել ժողովուրդին:
Է) Հայաստանի դատական համակարգը եւ դրութիւնը ամբողջովին վերատեսութեան ենթարկել՝ զանոնք բարելաւելու նպատակով:
Ը) Հաշուեքննութեան ենթարկել ամբողջ պետական նախարարութիւնները, նաեւ արտասահմանէն ղրկուած նպաստները՝ թափանցիկութիւն ստեղծելու եւ վստահութիւն ներշնչելու նպատակով:
Թ) Ստեղծել զուտ համասփիւռքեան լայն ժողովական կազմ (ընտրուած սփիւռքի կողմէ), որ Հայաստանի կառավարութեան մէջ ներկայացուած ըլլայ պատշաճ աթոռներով:
Ժ) Միանգամընդմիշտ մաքրել հայրենիքը վատ ցեցերէն, այսինքն՝ ձերբազատիլ ներքին մաֆիայէն, որ կը քամէ հայրենիքի տնտեսութիւնը:
Ի) Մշակել եւ ստեղծել համահայկական ազգային տուրք, որուն ամէն հայ անհատ պէտք է մասնակցի՝ նպատակ ունենալով հայրենիքի բարգաւաճումը:
Վերոյիշեալ կէտերու գործադրութեամբ կարելի կ՚ըլլայ ձերբազատիլ այս տխուր, չըսելու համար դժոխային վիճակէն:
Հայրենիքը դէպի անդունդ կ՚երթայ: Արտաքնապէս կորսնցուցինք Արցախը, ներքնապէս քաղաքացիական պատերազմի սեմին ենք (կարծենք թէ), ժողովուրդին կողմէ դաւաճան կոչուած վարչապետ մը կ՚ուզէ մենատիրութիւն բանեցնել. սփիւռքը վհատ է եւ յուսաբեկ, գրեթէ ամբողջովին կորսնցուցած է վստահութիւնը հայրենիքին նկատմամբ: Բայց եւ այնպէս մենք տակաւին յամառօրէն կը հաւատանք, թէ հայրենիքը փիւնիկի նման անգամ մը եւս կրակին մէջէն պիտի բարձրանայ դէպի երկինք:
Կայմը տակաւի՛ն կայուն է, այնքան ատեն որ մեր արեան գոյնն է եռագոյնը, մեր երակներուն մէջ կը հոսի մեր նահատակներու արիւնը, եւ մենք տոգորուած ենք Վարդանի հաւատքով, անպայմանօրէն միասնաբար պիտի հասնինք մեր գերագոյն նպատակին՝ միացեալ, ազատ եւ անկախ հայրենիքին:
ՏՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024