ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՕՐ ՄԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Պատմական օր մը ապրեցայ երէկ: Պատմական, որովհետեւ առաջին անգամը չէր, որ հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը փութային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ իրենց աղօթքը կատարելու, սակայն, այս անգամ անոնք կը հասնէին նաեւ իրենց ամենախորին երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նկատմամբ:
Նշենք, որ երէկուան մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութիւնը նաեւ կը բացատրուէր այն լուրերով, որոնք վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ մտած էին ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Զանազան հարթակներու վրայ անծանօթներ կոչ կ՚ուղղէին Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ երթալ Մայր Աթոռ եւ խժդժութիւններ կատարել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւոր սպասաւորին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ միաբանութեան անդամներուն դէմ: Այդ հաւանական ոտնձգութեան մտավախութիւնն էր, խորքին մէջ, որ կը ստիպէր հարիւրները՝ երէկուան բաւական ցուրտ եւ դժուար կլիմայական պայմանները անտեսելով հասնիլ Սուրբ Էջմիածին:
Այստեղ, անշուշտ, պէտք է կարճ փակագիծ մը բանալ եւ յիշեցնել, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ որոշ շրջանակներու եւ յատկապէս՝ իշխանական համարուած շրջանակներու կողմէ ստեղծուած ժխտական արձագանգները կապ ունէին Սիւնիքի յայտնի եւ զգայացունց դէպքին հետ, երբ Սիսիանի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը կը մերժէր սեղմել վարչապետ Փաշինեանի ձեռքը: Սա իւրայատուկ, բազմանշանակ իրողութիւն մըն էր, դէպք մըն էր, որ մեծ ցնցում կը յառաջացնէր ո՛չ միայն ընկերային հարթակներու վրայ, այլ նաեւ՝ քաղաքական, ազգային, մշակութային, հասարակական զանազան խաւերու մօտ: Հովիւը, որ կը կոչուէր Տէր Պարգեւ, խորքին մէջ, այդ օրուայ իր կեցուածքով կը հանդիսանար թարգմանը այն հարիւր հազարներուն, որոնք անցեալ 9 նոյեմբերէն ետք իրենց ժխտական տեսակէտը արտայայտած էին Փաշինեանի կառավարութեան ու անձին դէմ։ Անոնք միշտ կը յիշատակեն, որ անոր գործած սխալները աղէտալի հետեւանքներ ունեցան Հայաստանի, նաեւ Արցախի, հետեւաբար, ամբողջ հայութեան համար:
Քիչ մը անցեալին նայելով, հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ կատարուած եւ «թաւշեայ» կոչուած յեղափոխութենէն ի վեր, զանազան առիթներով իշխանութեան մասնակի հովանաւորութիւնը վայելող որոշ շրջանակներ փորձած էին քարկոծել Սուրբ Էջմիածինը ու թիրախ դարձնել՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի անձը: Այդ փորձերը զանազան առիթներով թէժացած էին եւ հասարակութիւնը կարողացած էր տալ այնպիսի ուժեղ արձագանգներ, որոնց հիմքով անգամ մը եւս կը վերահաստատուէր պատմական առաքելութեան տէր մեր Եկեղեցւոյ եւ անոր գահակալ Հայրապետին ազգային գերագոյն արժէք եւ խորհրդանշան ըլլալու հանգամանքը:
Երկու տարի առաջուան դէպքերը այսօր պիտի չկրկնուին:
Վեհափառ Հայրապետը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը, անոր հովանաւորած թեմերը, մէկ խօսքով՝ համայն Հայ Եկեղեցին այսօր եւս իր առաքելութեան տէրն է ու կը փորձէ իր ամբողջական ներուժով, իր բոլոր միջոցներով նեցուկ կանգնիլ վիրաւոր եւ վշտահար հայ ժողովուրդին:
Պատմական օրը մեր ետին է:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս միշտ, պարզ ու յստակ բառերով անգամ մը եւս եւ այս անգամ Ս. Գայիանէ վանքի մուտքին լրագրողներու հետ զրուցելու ատեն նշեց, որ Հայաստանեայց Եկեղեցին միշտ ալ առաջնորդուած է ազգի եւ հայրենիքի շահերով։ Ան վերահաստատեց, որ եկեղեցին ազատ է իր տեսակէտը արտայայտելու համար որեւէ նիւթի վերաբերեալ՝ միշտ հաշուի առնելով ազգային շահերն ու ժողովուրդի նկատմամբ սէրը։ Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մերժեց մեկնաբանել երկու տարի առաջ տեղի ունեցած դէպքերը՝ ըսելով, որ ինք կը մերժէ մեկնաբանել այդ արարքները, որոնք կը համարուին ուղղորդուած եւ ինչ-որ տեղէ հրահրուած։ Վեհափառ Հայրապետը այսպէսով իր օրհնութիւնը բաշխեց Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն։
Բարձրեալը թող միշտ անսասան պահէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու անոր Վեհափառ ու վերաշնորհ գահակալը, բոլոր նուիրապետական աթոռներով հանդերձ։
«ԱՅՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՋԻՆ ԻՍԿ ՕՐԷՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ»
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ համախմբուած հաւատացեալներու շարքին էր յայտնի քաղաքական-հասարակական գործիչ Դաւիթ Շահնազարեան, որ Հայաստանի անկախութենէն վերջ բաւական բարձր պետական պաշտօններ զբաղեցուցած է։ Առիթէն օգտուելով զրուցեցինք իրեն հետ՝ իր կարծիքը շօշափելով օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։
-Ինչո՞ւ այսօր այստեղ էք, ի՞նչ կը կատարուի, եթէ բացատրէք:
-Դուք գիտէք, որ որոշ շրջանակներ, որոնք այսօրուայ յանցաւոր իշխանութեան ածանցուած են, յատարարած էին, որ իրենք պէտք է բռնութիւններ կատարեն այսօր ընդդէմ եկեղեցւոյ, պէտք է խափանեն Ս. Պատարագը, պէտք է բռնութիւններ գործեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներու դէմ: Եւ այս պատճառով այսօր այսքան շատ մարդ, այսպիսի բազմութիւն հաւաքուած է այստեղ, որպէսզի պաշտպանէ Եկեղեցին այս յանցաւոր իշխանութիւններէն եւ յիշեալ հաւանական ոտնձգութիւններէն: Յայտնի է, որ այս իշխանութեան գործի գլուխ եկած օրէն սկսան յարձակումներ, մեր ազգային, մշակութային, նաեւ հոգեւոր արժէքներուն դէմ։ Եւ այսօր ժողովուրդը այստեղ է, որպէսզի արժանի պատասխան տայ այդ ստահակներուն, որոնք, կը կրկնեմ՝ կ՚ուղղորդուին այս իշխանութիւններուն կողմէ: Շատ կը ցաւիմ, որ անոնք այսօր չեկան եւ չստացան այդ արժանի պատասխանը։ Բայց պայքարը տակաւին կը շարունակուի, պայքարի հիմնական մասը տակաւին մեր առջեւն է: Հիմնական խնդիրը Հայաստանը ազատագրելն է այս յանցաւոր իշխանութենէն։ Որեւէ կասկած չունիմ, թէ պիտի հասնինք մեր նպատակին։ Անկէ վերջ Հայաստանի մէջ կը կազմուի հակաճգնաժամային, անցումային կառավարութիւն մը, որու առաջին խնդիրը կ՚ըլլայ կասեցնել այս շարունակական պարտութիւնը եւ անձնտուութիւնը, կանգնեցնել այս գահավիժումը եւ դնել այն հիմքերը, որոնց վրայ պէտք է կառուցուի ազգային մեր պետութիւնը, մեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ապահովել անոր քաղաքացիներուն համար երեք կարեւորագոյն արժէք՝ անվտանգութիւն, աշխատանք եւ արդարութիւն:
-Ժողովուրդի մեծամասնութիւնը՝ նոյնիսկ անոնք, որոնք չեն մասնակցիր ներկայ բողոքի գործողութիւններուն, կը հաւատան, թէ Փաշինեան պէտք է հեռանայ։ Ըստ երեւոյթին, բայց, այդ գործընթացը կ՚ուշանայ։ Դուք ինչպէ՞ս կը տեսնէք հանգուցալածումը:
-Ես լրիւ համաձայն եմ այն գնահատականին, թէ գործընթացը կ՚ուշանայ, որովհետեւ ամենէն ծանր հարուածը մեր արժանապատուութեան, ազգային արժանապատուութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի արժանապատուութեան հասցուած է այս անձնտուութիւնով։ Երկուքուկէս տարի տեւած դաւադրութենէ յետոյ պետական դաւաճաններու այս իշխանութիւնը տակաւին կը մնայ: Բայց, ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ մենք պիտի ազատինք իրենցմէ։ Ո՛չ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ՝ ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ ներառեալ սփիւռքը, պիտի ազատի այս յանցագործներէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024