ԱԶԴԱԿԻ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ահա կ՚ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։ Չեմ փորձեր աժան չքմեղանքով մը ինքզինքս արդարացնել: Օրին ստացած էի, «Ազդակ»ի 95-ամեակի բացառակին, մասնակից դառնալու հրաւէրս ու նաեւ, ժամկէտէն առաջ ալ, «սրտի խօսքս» պատրաստած: Սակայն, ակամայ  մոռացութեան մը գիրկը իյնալով, մաղթանքներս ճիշդ ատենին չէի կրցած մամուլին հասցէագրել: Եւ ամենէն «սոսկալին», կը կարծէի, որ ինք՝ «Ազդակն» էր զիս մոռցողը: Այսօր՝ այս տարակարծութիւնը լուծուեցաւ, շնորհիւ «լափ թաբ»իս եւ իր «յիշողութեան» մէջ սառած ու խառնակ վիճակի մէջ մնացած այդ «ֆայլիս»:

Ինչ որ է: Ճանչնալով հայ մամուլին ներողամիտ ոգին, ահաւասիկ պարտականութիւնս կը կատարեմ, փորձելով հեռու մնալ ցարդ կրկնուած խօսքերէս:

Ինչպէս սովոր է կրկնել. առաջին իսկ հերթին, իր ծննդեան 95-ամեակին, սրտանց կը շնորհաւորեմ «Ազդակ»ն ու իր մեծ ընտանիքը, գլխաւոր խմբագրէն, մինչեւ բոլոր խմբագիրներն ու համեստ աշխատակիցներն ու պատասխանատուները, որովհետեւ կը հաւատամ, որ յոբելենական թուականները, անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ, նաեւ կ՚ապահովեն տուեալ հաստատութեան, միութեան կամ ժողովուրդին եւ կամ նոյնիսկ անհատին յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։ Կը հաւատամ, որ տարեդարձի այս նշումը, խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի իր ետին թաքնուած։ Եւ երբ ամէն անգամ զայն հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ արժեւորած ալ կ՚ըլլանք:

Ու համեստօրէն յիշեցնեմ, որ մեզի համար հայ մամուլը միայն լուր տարածող միջոց չէ եղած, այլ նաեւ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:

Այս առթիւ, հանդարտ անկեղծութեամբ եւ հպարտութեամբ նաեւ աւելցնեմ, որ կար ժամանակ, ե՛ս ալ «Ազդակ»ի մեծ ընտանիքին մաս կազմած էի, երբ ան իր ամէնօրեայ էջերու քանակը կը կրկնապատկէր:

Յիշատակելի ու երանելի ու մանաւանդ՝ ուսուցանող օրեր...:

Իսկ այս օրերուն, երբ բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները եւ բոլորիս համար դարձած ամէնօրեայ հեւք, երբ ազգովին կը գտնուինք նորագոյն պատմութեան ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին, ահա կը տեսնենք հայ մամուլը եւ յատկապէս անոր «Ազդակ»ը, իր կեանքով եւ գործով, իր դերին գիտակից, հակառակ ծանր դժուարութիւններուն, միշտ միանալով մեր ժողովուրդի խուլ ցաւերուն, մեր ժողովուրդը առաջնորդած է եւ տակաւին՝ դէպի հաւաքական ապրում եւ գիտակցութիւն, դէպի հասարակական առողջ կարծիք մշակելու ճանապարհ:

Եւ հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ «Ազդակ»ը իր անցնող ինն եւ քիչ մը աւելի տասնամեակներուն, հայ ընթերցողին համար, աշխարհի նայող միայն մեծ  պատուհան մը չեղաւ, չդարձաւ, այլ՝ շնորհիւ իր ազգային շունչին, հեռու սովորական չափանիշներէն ու մանաւանդ՝ մօտեցման եւ մատուցման արդիական ու այժմէական որդեգրումներէն, նիւթերու նկարագրէն, հայութիւն բուրելու իր վաստակով, հայու գոյութիւն ապահովեց ու միշտ մնաց պատնէշի վրայ եւ իր յառաջատար դիրքով դարձաւ իր ընթերցողներուն ազգային «պահակը»:

Ու ամէն առիթով կրկնած ենք, թէ իրականութիւն է, որ աշխարհի կարգ մը հսկայ օրաթերթեր, ներկայիս լուրջ տագնապներ կ՚ապրին, եւ որոնք կը վտանգեն ու նոյնիսկ շատերու պարագային վտանգած են անոնց գոյութիւնը: Միւս կողմէ, համակարգիչը, «ինթերնէթ»-կայքէջերը, «այֆոններու», ձայնասփիւռին ու պատկեռասփիւռին լուրեր հաղորդելու եւ փոխանցելու արագ եւ նորագոյն միջոցները, թէեւ կը խանգարեն մամուլին հեզասահ գործընթացը, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ այս բոլոր նշեալները գործնականապէս չեն կրնար մեր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշել, մեր արարքները գնահատել եւ քննադատել ու դառնալ ստեղծագործ իրականութիւն մեր բոլորին տուներէն ներս: Անոր համար զօրավիգ պէտք է կանգնիլ հայ մամուլին եւ այս պարագային անպայման «Ազդակ»ին, որ սքանչելի հաւատարմութեամբ կը շարունակէ իր ամէնօրեայ առաքելութիւնը:

Անկասկած, սփիւռքի համար «Ազդակ» նաեւ ազգային հարստութիւն մըն է եւ մենք հպարտ ենք իր տարիքով: Ու թէեւ բոլորիս առօրեայ կեանքի բազմազան մտահոգութիւններն ու անոնցմով բեռնաւորուած հարցերը կը կրծեն մեր ժամանակը, բայց իբրեւ հաւատարիմ ընթերցող-քաջալերողներս, մեզի կ՚իյնայ զինք «ողջ» եւ «առողջ» պահել, որպէսզի ան, հակառակ վերեւ յիշուած տագնապներուն, առաւել երիտասարդացած շարունակէ եւ մեզի քաղաքական մտածողութիւնը սնուցանէ, մեր հայու ազգային գիտակցութեան ընբռնումը մակերեսէն անդին պահէ եւ իր այս սրբազան իր աշխատանք-ճանապարհը, հեզասահ շարունակէ:

Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ՚ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներու եւ հաւատարիմ ընթերցողներու նիւթաբարոյական նեցուկին: Հայ ընթերցողը ինք պէտք է գնահատէ այս մէկը:

Արդ՝ ողջոյնի, բարի երթի, յարատեւութեան եւ բարգաւաճման եւ սրտանց շնորհաւորանքներուս կողքին, հայութիւն բուրող եւ կեցուածքի ու տեսակէտի տէր մեր «Ազդակ»ին կը մաղթեմ, որ ան միշտ բարգաւաճի եւ յարատեւէ եւ յաջողութեամբ շարունակէ ազգային եւ հասարակական առողջ կարծիք մշակելու իր ճանապարհը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022