ԵՐԱԶԻ ՄԱՍԻՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ԵՐԱԶԸ. Ի՞ՆՉ Է ԱՆ
Երազը. Ի՞նչ է ան:
Ի՞նչ է այս ժամանակին հետ ընթացող ոչինչը:
Շքեղը՝ սիրոյ սկիզբը երեւցող աստղի մը պէս:
Հրապուրիչը՝ կուրծքը շոյող կնոջ մը պատկերին պէս:
Ի՞նչ է ան, զոր հազիւ կը տեսնեմ՝
Կ՚անհետի երէկուան մէջ:
Ո՛չ իրականութիւն մըն է, որ ապրիմ ծանրութիւնն ու թեթեւութիւնը,
Ոչ ալ հակառակը, որ ազատօրէն սաւառնիմ
Մտատեսութեան անջրպետին մէջ:
Ի՞նչ է ան: Ի՞նչ է ոչինչը:
Այս փխրունը, այս յաւերժը, տկարը,
Ներքին հիւրը, թռչկոտունը, սփռուողը,
Յարանորոգ անձեւը:
Ի՞նչ է ան, զոր ոչ կարելի է քննել, ոչ ալ շօշափել,
Եւ ձեռք չի մեկներ շփոթած փափաքողին:
Ի՞նչ է ուրեմն այս գաղտնիքը՝
Վրդովող, զգուշացնող, շուարեցնող:
Երբ ինքնավստահ այցելութեան կը սպասեմ,
Կը կոտրէ զիս եւ կը յայտնուի որպէս մարգարիտ,
Որ լոյսը կը գլորէ եւ կ՚ըսէ.
-Մի՛ սպասեր զիս:
Եթէ կ՚ուզես այցելութիւնս,
Մի՛ սպասեր զիս:
ՀԻՄԱ, ԵՐԲ ՍԹԱՓԻՍ, ՅԻՇԷ՛
Հիմա, երբ սթափիս, յիշէ՛ կարապին վերջին պարը:
Պարեցի՞ր փոքր հրեշտակներուն հետ, երբ կ՚երազէիր:
Թիթեռ մը լուսաւորե՞ց քեզ, երբ այրեցար յաւերժական վարդին լոյսէն:
Փիւնիկը յստակ երեւցա՞ւ քեզի...
Եւ քու անունովդ կանչե՞ց քեզ:
Տեսա՞ր արշալոյսին սփռումը սիրածիդ ձեռքէն
Կամ ձգեցիր, որ երազը առանձին երազէ,
Երբ պահ մը նկատեցիր բացակայութիւնդ:
Այսպէս կարելի չէ երազը երազողներէն անջատել,
Քանի անոնք կը փայլատակեն
Եւ իրենց կեանքը կը շարունակեն երազներուն մէջ...
Ըսէ՛ ինծի՝ Երազդ ինչպէ՞ս կ՚ապրէիր որեւէ տեղ մը,
Ըսեմ քեզի ո՞վ կ՚ըլլաս:
Հիմա, երբ սթափիս, յիշէ՛.
Նեղացուցի՞ր երազդ:
Եթէ նեղացուցիր, ուրեմն յիշէ՛
Կարապին վերջին պարը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան