ԿԱԶԶԷ. ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՀԱՐՑԸ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Տասնմէկ օրուան պատերազմի հետեւանքները տակաւին երեւելի են: Խօսքը կը վերաբերի մայիսի 10-ին Պաղեստինի դէմ շղթայազերծուած Իսրայէլի յարձակումին, որուն հետեւանքով Կազզէի մէջ սպաննուեցաւ 230 մարդ, իսկ վիրաւորներու թիւը հասաւ 1710-ի։ Մինչ այդ, Իսրայէլ ունեցաւ 12 զոհ եւ 336 վիրաւոր:

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան կարեւոր առանցքներէն մին է պատերազմը, որ տակաւին երկար ատեն քննարկման նիւթ պիտի դառնայ՝ յատկապէս այն վերլուծաբաններուն համար, որոնք մինչեւ վերջերս կը հաւատային, թէ Պաղեստինի դատը վերջնականապէս լուծուած է: Բայց եւ այնպէս, իրականութեան մէջ, այս պատերազմը՝ մասնաւորապէս «Համաս»ի ուժային ներկայութիւնը եւ անոր քաղաքական ու ռազմական կամքը ցոյց տուին, որ Պաղեստինի տագնապը տակաւին հեռու է վերջնական փուլ մտնելէ:

Խնդիրը այն է, որ իսրայէլացիք մինչեւ այս պահը կ՚ուզէին հաւատալ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ առնուած քայլերը՝ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու մասին որոշումը կամ արաբ-իսրայէլեան գետնի վրայ հաշտեցման գործընթացները, վերջնականապէս աւազի մէջ պիտի թաղեն Պաղեստինի հարցը, սակայն իրականութիւնը այլ էր:

Ոչ միայն «Համաս»ի ռազմական ներկայութիւնը, այլ նաեւ պաղեստինցիներու քաղաքական կամքը, միասնականութեան ոգին ու ամբողջ Իսրայէլի տարածքին ցոյց տրուած դիմադրողական շարժումները եկան հաստատելու, որ Պաղեստինի հարցը կարելի է լուծել միայն մէկ առանցքի շուրջ, որուն հիմնական հեղինակը կը համարուի ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթըն։ Ան 1967-ի պատերազմէն վերջ կարեւոր առաջարկով մը հանդէս եկաւ ու հաստատեց «Երկու պետութիւններու լուծում» դրուածքը: Այդ առաջարկը, որուն միջոցաւ եւ որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել երկարատեւ խաղաղութիւն տարածաշրջանին մէջ, պաղեստինցիներուն պիտի պարգեւէ յաւելեալ իրաւունքներ եւ իրաւասութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի խթանէ՝ անոնց պետմութեան զարգացումը, բարգաւաճումը եւ իրենք ալ պիտի ապրին հաւասարէ հաւասար իրենց հարեւան իսրայէլացիներու հետ:

Ճիշդ է, որ Կազզէի վերջին իրադարձութիւնները փոխառընչուած են Իսրայէլի ներքին խմորումներուն հետ, որովհետեւ այս պատերազմի հրահրումով Պենիամին Նեթանիյահու կը փորձէր ներքաղաքական բոլոր խաղաքարտերը խառնել։ Այդ քայլով կը փորձէր վերջին տարիներուն իր կորսնցուցած քուէները ամէն գնով վերստանալ ու երթալ նոր կառավարութեան մը կազմութեան։ Բայց եւ այնպէս, Պաղեստինի համար պատերազմի արդիւնքները ցոյց տուին, որ «Համաս»ի կողմէ Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ նետուած հրթիռները ապագային ալ պիտի դառնան քուէատուփերուն մէջ նետուած քուէներու ամենէն տիրական բողոքի ձայնը:

Իբր այդ, այս բոլորը լոյսին բերելու եւ աւելի խորանալով արաբական ընդհանուր կեցուածքին մէջ, վերջերս կարճ զրոյց մը ունեցանք լիբանանցի վերլուծաբան Թաուֆիք Շումանին հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք արաբերէնէն թարգմանուած հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Յարգելի Շուման, իսրայէլա-պաղեստինեան տասնմէկօրեայ վերջին պատերազմէն ետք, այսօր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ, ի՞նչ պարզաբանումներ կրնաք արձանագրել, ո՞ր կողմը ունեցաւ ամենաշատ կորուստներ:

-Պաղեստինի դիմադրութեան եւ Իսրայէլի բռնատիրական բանակի միջեւ տեղի ունեցածի ուսումնասիրութեամբ, կարելի է հաստատել, որ տասնօրեայ պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի համար ակնյայտ կորուստներ եղած են: Նախ եւ ամենէն ուշագրաւը Թել Աւիւի եւ բռնագրաւուած Երուսաղէմի ռմբակոծումն էր։ Սա կը նշանակէ, որ 1948-էն ի վեր, այսինքն ՝ Իսրայէլի պետութեան հիմնադրումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը թիրախաւորուէին Իսրայէլի քաղաքական մայրաքաղաքը եւ տնտեսական մայրաքաղաքը, ուստի, այլեւս Պաղեստինի դիմադրութեան կամ արաբական որեւէ կողմի եւ բռնատիրութեան բանակի միջեւ որեւէ ապագայ բախման ժամանակ այս երկու քաղաքները՝ Երուսաղէմը եւ Թել Աւիւը, կրակի տակ պիտի ըլլան։ Իսկ այդ կը նշանակէ, որ քաղաքական խորութիւնը, տնտեսական խորութիւնը եւ ժողովրդագրական խորութիւնը նոյնպէս պիտի թիրախաւորուին: Դարձեալ կը կրկնեմ, սա 1948-էն ի վեր առաջին անգամն է, որ տեղի կ՚ունենայ:

-Գաղտնիք չէ, որ այս պատերազմի ընթացքին երեւելի դարձաւ պաղեստինցիներու զանազան շերտերու միասնական պայքարը։ Ձեր կարծիքով՝ այս հանգամանքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ պատերազմի արդիւնքին վրայ:

-1948-էն ի վեր գոյութիւն ունէր Իսրայէլի ռազմավարութիւնը՝ պաղեստինցիներու տարանջատումը եւ զանոնք չորս տարբեր խումբերով վերբերելը. առաջին խումբը՝ գրաւուած տարածքներուն մէջ ապրող պաղեցտինցիները, երկրորդ խումբը՝ Արեւմտեան ափի պաղեստինցիները, երրորդ խումբը՝ Կազզէի հատուածի պաղեստինցիները եւ չորրոդը՝ սփիւռքի պաղեստինցիները: Վերջին պատերազմին սակայն, մենք նկատեցինք, որ պաղեստինցիները միաւորուած են մէկ խումբի մէջ, որն է՝ պաղեստինեան ինքնութիւնը։ Ըստ իս, այս կը համարուի անկումը Իսրայէլի այն գրաւին, որ Պաղեստինի երրորդ սերունդը կրնայ մոռնալ իր դատը: Իսրայէլացիները եւ բոլոր աշխարհը տեսան, որ կայ պաղեստինցի միատարր ժողովուրդ:

Սա բնականաբար ձախողումն էր Իսրայէլի տարիներու վարած՝ պաղեստինցիներու տարանջատման ռազմավարութեան: Եւ, ի դէպ, սա Իսրայէլի միակ երեւելի ձախողումը չէր, որովհետեւ մենք ականատես եղանք նաեւ հետախուզական եւ անվտանգութեան շատ մեծ ձախողումի մը: Երբ գետնի վրայ հրետակոծութիւն եղաւ, Իսրայէլի կողմը խոստովանեցաւ, որ աւելի քան չորսհազար հրթիռ ինկած է երկրի զանազան քաղաքներուն վրայ։ Անոնք խօսեցան միայն 140 քմ., 160 քմ. կամ 240 քմ. հեռահարութեամբ Պաղեստինի հրթիռներու մասին, չկրցան ճիշդ բնորոշել այդ հրթիռներու տեսակը եւ հեռահարութիւնը։ Այս մէկն ալ կը նշանակէ, որ Իսրայէլ հետախուզական տեղեկատուութիւն չունէր այդ հրթիռներու ուժին, ազդեցիկութեան եւ հեռահարութեան մասին։

-Պատերազմի ընթացքին կարծես երեւելի դարձաւ, որ Պաղեստինի հարցը մեծ հաշուով չէ «մեռած»։ Համաձա՞յն էք։

-Այո, կայ այդպիսի բան: Առնուազն տասնհինգ տարիէ ի վեր այնպէս կ՚ենթադրուէր, որ Պաղեստինի հարցը նահանջի մէջ էր: Վերջին յարձակման ժամանակ նաեւ պարզ դարձաւ, որ Պաղեստինի հարցի շուրջ կայ յստակ արաբական փոխգործակցութիւն, որ հարցը վերադարձուց առաջին դիրքի։ Այն ժամանակ, երբ իսրայէլացիք կ՚ենթադրէին, որ պաղեստինեան հարցի նահանջը պիտի ազդէ իրենց ուզած կարգաւորման ընդհանուր գործընթացին վրայ՝ իրենց երկրին կցել աւելի շատ հողեր, Երուսաղէմը միացնել եւ զայն Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակել, սակայն Թել Աւիւի այս գրաւը եւս ինկաւ:

-Ի՞նչ կրնաք ըսել այս բոլորին մէջ ԱՄՆ-ի դերին մասին:

-Այս անգամ, իսկապէս Իսրայէլ-Պաղեստին հարցին վերաբերեալ ԱՄՆ-ի դիրքորոշման մէջ փոփոխութեան ցուցիչներ կային։ Ճիշդ է, որ ամերիկացիք ըսին, թէ Միացեալ Նահանգներ պարտաւորուած է ապահովել Իսրայէլի անվտանգութիւնը, բայց նախագահ Ճօ Պայտըն չորս անգամ հեռաձայնեց Պենիամին Նեթանիյահուին՝ պահանջելով դադրեցնել կրակը: Սա կը նշանակէ, որ Քոնկրէսի մէջ կոչեր կ՚ըլլան՝ Իսրայէլի հետ փորձագիտական բարձրորակ զէնքերու նոր գործարքները խափանելու վերաբերեալ: Սա եւս առաջին անգամն է, որ տեղի կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի մէջ: Կը կարծեմ, որ «երկու տէրութեանց» լուծումը, որ իսրայէլացիները կ՚ուզէին տապալել նախագահ Թրամփի օրերուն, դարձեալ յայտնուեցաւ։ Դարձեալ քննարկման սեղանին դրուեցան այն իրադարձութիւնները, որոնք կապ ունին դարու գործարքին հետ: Այլ խօսքով՝ Թրամփի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Դարու գործարք»ը նոյնպէս ձախողութեան մատնուեցաւ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 29, 2021