ԿԱՐԱՒԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՇԻՆ (Բ.)
Մի՛ սոսկաք մեզմէ,
Ով այս անապատին բնակիչները,
Մենք ոչ մէկ երգ կ՚երգենք,
Մենք ձեզի,
Անգամ մը եւս,
Մարգարէ մը չենք առաքեր:
Ասոնք ձեր կուռքերն են,
Երկրպագեցէք,
Ինչպէս որ կ՚ուզէք,
Կերէք արմաւը,
Կերէք մեր անունները:
Մենք չենք եկած մնալու,
Մենք չենք անցնիր վերադառնալու,
Բայց հովերը սխալմամբ մեզ
Ձեր շրջանը նետեցին,
Խողխողեցէք զանոնք
Ժանգոտած սուրերով,
Եւ հսկեցէք ձեր կիները
Փիւնիկի թռչնակէն,
Որ մեր մարմիններուն մէջ է:
Աւազը պահեցէք խոտէն,
Որ մեր հնչիւններէն
Կ՚իյնայ սխալմամբ ձեր վրայ:
Հսկեցէք ձեր արմաւենին
Մեր սաւառնող ստուերէն
Եւ մոռցէք մեզ,
Ապա, հանգիստ քնացէք:
Մենք մոռացութեան կը պատկանինք:
Եկանք զոհեր մատուցելու աստուծոյ մը,
Որ մեր վրանէն փախաւ եւ անհետացաւ,
Երբ ելանք իրեն համար կրակ վառելու:
Մենք մոռացութեան կը պատկանինք:
Երբ գետին մօտեցանք,
Զայն մեղեդային
Ձեռքի մը պէս գրկեցինք:
Երբ արտ հասանք,
Պարզեցինք զայն մեղեդիին:
Ամէն ձայն ժայռ մը կը փորէ - Մենք.
Ամէն սրինգ իր էգը չի գտներ - Մենք.
Ամէն երազ չի գտներ իր առաջին երազողը - Մենք:
Մենք մոռացութեան
Հանրապետութիւնն ենք,
Չենք ելլեր,
Մոռացութեան կը պատկանինք:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան