«ՄԵԾՆ ԼԻԲԱՆԱՆ»Ը ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՆ. ՓԱՐԻԶ ՎԵՐՋԻՆ ՃԻԳԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ «ԱՂԷՏԱՀԱՐ ՊԷՅՐՈՒԹ»Ը

Պէյրութի մէջ քաղաքական հիմնական նիւթը նոր կառավարութեան կազմութեան օրակարգն է։

Այս առումով անշուշտ ուշագրաւ էր Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, թէ ինք այլեւս թեկնածու չէ ստանձնելու երկրի վարչապետի պաշտօնը։ Բայց եւ այնպէս, այդ «զգայացունց» յայտարարութեան կը հետեւէր Էլիզէի պալատի բանբերին կողմէ հնչած խօսքը այն մասին, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն սեպտեմբերի 1-ին պիտի գտնուի Լիբանանի մէջ, այս անգամ ոչ միայն քաղաքական իր շփումները շարունակելու, այլեւ բոլոր լիբանանցիներուն հետ նշելու «մեծն Լիբանան»ի յայտարարութեան 100-րդ տարեդարձը։

Այստեղ հարկ է նշել, թէ մարոնիթ կարող Հուայէք Պատրիարքի տարած ճիգերուն շնորհիւ էր, որ ֆրանսացի զօրավար Կուրոյի կողմէ կը յայտարարուէր Լիբանանը անկախ եւ ինքնիշխան երկիր մը դարձնելու Ֆրանսայի յանձնառութեան մասին։

Ճիշդ է, որ այդ անկախութիւնը Լիբանան ձեռք կը բերէր 23 տարի անց՝ 1943 թուականին, սակայն Ֆրանսայի ունեցած ներդրումը եւ Լիբանանի իրական սահմանները գծելու դրոյթը կը կատարուէր Տըկոլեան Փարիզի անմիջական նեցուկով։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ Մաքրոն Լիբանան պիտի հասնի պատմականօրէն բախտորոշ, սակայն իրականութեան մէջ քայքայման շատ մեծ վտանգի առջեւ կանգնած այն երկիրը, որ իր արդի պատմութեան ամենածանր օրերուն դիմած է Ֆրանսային ու ստացած՝ համապատասխան նեցուկ եւ զօրակցութիւն։

Անցեալ շաբթուան նիւթիս մէջ յստակօրէն խօսած էի, որ Լիբանան այսօր ունի փրկութեան մէկ առանցք, որ առաջին հերթին Ֆրանսայի կողմէ գործի դրուած «փրկութեան առանցք»ն է, մանաւանդ որ նախագահ Մաքրոն իր շփումներու ընթացքին խօսած է ոչ միայն Լիբանանի կողմերուն հետ, այլեւ շատ հեռատես մօտեցումով մը, սակայն անպաշտօն կերպով, թակած է Թեհրանի դռները։ Թեհրանի դռները անշուշտ կարեւոր են ու հիմնարար, որովհետեւ ի տարբերութիւն անցեալ փուլերուն, այսօր Պարսկաստան կը համարուի Լիբանանի խնդիրով ամենակարեւոր խաղացողներէն մին։

Խօսքը անշուշտ «Հիզպուլլահ»ի զինեալ միաւորին մասին է, որ կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի ափերուն վրայ բացուած ամենակարեւոր եւ քաղաքա-զինուորական գործօնը։

Վերադառնալով Պէյրութի զարգացումներուն, ապա յստակ է, որ ճարահատեալ եւ տարբեր մակարդակի յուսախաբութիւններ ապրող լիբանանցիներուն համար ամենահիմնականը կը շարունակէ մնալ նոր կառավարութեան կազմութեան խնդիրը։

Առանց նոր կառավարութեան, Լիբանան զրկուած պիտի մնայ ամէն տեսակի յետաղիտային նեցուկէ ու նաեւ երկիրը ձեւով մը «ծունկի բերած» տնտեսական տագնապը պիտի շարունակուի։ Ինչ խօսք, որ Լիբանանին համար ամենակարեւոր քաղաքական գործիչը (ոչ անպայման իր ունակութիւններուն, այլ անպայման իր ունեցած կապերուն եւ վայելած վստահութեան համար) կը շարունակէ մնալ Սաատ Հարիրին։ Ան թէեւ վարչապետութիւնը չստանձնելու մասին յայտարարութիւններ կատարեց, սակայն յայտնի է, որ այդ պաշտօնին վազելու համար ունի որոշ նախապայմաններ, որոնց մասին շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն կարեւոր բացայայտումներ ըլլան։

Ամէն պարագայի մեզի համար շատ կարեւոր է, թէ ի՞նչ կը կատարուի Լիբանանի հայկական շրջանակներուն մէջ. այն իմաստով, որ ի՞նչ կը մտածեն մեր հայրենակիցները ստեղծուած իրավիճակին մասին եւ ի՞նչ յոյսերով կամ յուսալքութիւններով կը նային ապագային։ Այս կապակցութեամբ կարողացայ հեռավար կապով զրոյց մը ունենալ՝ Պէյրութի մէջ պատմական աւանդ եւ ներկայութիւն ունեցող «Շիրակ» հրատարակչատան տնօրէն՝ Վիգէն Հաննէսեանին հետ։

*

-Գրեթէ քսան օրեր անցած են Լիբանանը ցնցած աղէտալի պայթումէն, այսօր ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ Պէյրութի մէջ:

-Նախ ճշդում մը ընեմ, Պէյրութը ցնցած պայթում մը չէր եղածը. առաջին վայրկեանէն իսկ լրատուական միջոցները՝ տեղական թէ միջազգային, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին մասին խօսեցան, սակայն այդ շրջանի բնակիչները շատ յստակօրէն լսեցին պատերազմական օդանաւի սարսափազդու ձայնը՝ նախքան պայթումը. ըստ իս, եղածը յարձակում մըն էր: Ինչ կը վերաբերի տիրող մթնոլորտին, ժողովուրդը յուսալքուած է, որովհետեւ ունի այն զգացումը, թէ ղեկավարուած է մարդոց կողմէ, որոնք չեն կրնար ապահովել իրենց կեանքի ամենէն տարրական նախապայմանը, որն է՝ ֆիզիքական ապահովութիւնը: Մինչ այդ կային արդէն ջուրի, ելեկտրականութեան, կենսոլորտի, դրամատնային տագնապները, սղաճը, անգործութիւնը, կաշառակերութիւնը, եւ այս բոլորին վրայ բարդուեցաւ հիմա անապահով ըլլալու զգացումը, որ ահաւոր բան մըն է:

-Հայկական շրջաններուն մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ, ի՞նչ տուեալներ կրնաք տալ:

-Հայկական շրջանները՝ Հաճըն, Խալիլ Պատաուի եւ Պուրճ Համուտ, բարեբախտաբար, քիչ մը հեռու էին պայթումի վայրէն եւ յարաբերաբար, բաղդատմամբ միւս շրջաններուն, վնասուածքները աւելի քիչ եղան, այնուամենայնիւ մեր շրջաններու բոլոր ապակիները փշրուած են: Բայց միւս շրջաններուն մէջ՝ Մար Մըխայէլ, Ժըմմայզէ, Քարանթինա եւ Էշրաֆիէի բարձրունքը, ուր նոյնպէս շատ հայեր կը բնակին, կացութիւնը եւ վիճակը շատ աւելի դժուար է, շատ աւելի քանդում կայ:

-Աղէտեալ լիբանանահայերու մտավախութիւնները ի՞նչ են, ի՞նչ կը մտածեն վաղուայ մասին. տագնապալի վիճակի մէ՞ջ են կամ, ինչպէս միշտ, լիբանանահայը այս տագնապն ալ կ՚անցընէ՞:

-Կը կարծեմ, որ «այս տագնապն ալ կ՚անցընենք»ի հոգեվիճակի մէջ չենք այլեւս: Ես չեմ խօսիր պաշտօնական յայտարարութիւններուն մասին, այլ՝ պարզ ժողովուրդին մասին, իմ մասին, մարդոց՝ որոնց կը հանդիպիմ առօրեայիս մէջ։ Բան մը կայ, որ մարդոց մէջ կտրուեցաւ, շատերը լաւատես չեն եւ շատ անորոշ վիճակի մը մէջ կը գտնուինք, մանաւանդ որ մինչեւ հիմա յստակօրէն չըսին, թէ ինչ էր պատճառը պատահածին, չեմ ալ կարծեր որ պիտի ըսեն. ոչ մէկը պատասխանատուութիւն ստանձնեց, ոչ մէկը ներողութիւն խնդրեց ժողովուրդէն։ Այսինքն, ունինք այն տպաւորութիւնը, որ ղեկավարուած ենք մարդոցմով, որոնք արժանի չեն երկիր մը ղեկավարելու:

-Մեծ թիւով լիբանանցիներ աղէտին անմիջական պատասխանատուն կը համարեն Լիբանանը «կառավարող» իշխանութիւնները։ Անոնք նոյնիսկ տարբերութիւն չեն դներ այս կամ այն ղեկավարին միջեւ եւ բոլորը կը նկատեն մեղսակից։ Այս մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Լիբանանի ժողովուրդը իր ղեկավարութենէն միշտ յուսախաբ եղած է, պետութիւնը ժողովուրդին տարրական պէտքերը նոյնիսկ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն, կենսոլորտ, բարեկեցիկ կեանք չէ ապահոված։ Առաւե՛լ, մէկ տարիէ ի վեր աւելցած է հարցը դրամատուներուն, ուր մարդոց դրամները արգելափակուած են. ունինք սղաճ, անգործութիւն, իսկ այս բոլորին վրայ աւելցաւ այս աղէտը, այս խորհրդաւոր պայթումը։ Իբր այդ ալ պարզ դարձաւ, որ այս պետութիւնը նոյնիսկ ժողովուրդին ֆիզիքական անվտանգութիւնը չի կրնար ապահովել, հետեւաբար այլեւս ապագայի նկատմամբ ալ վստահութիւն չունի ժողովուրդը, որու մէջ վախ կայ, թէ յաջորդ փորձանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ:

-Եթէ իրավիճակը այսպէս լարուած մնայ, լիբանանահայութեան որոշ խաւ մը կը գաղթէ՞ երկրէն. ի՞նչ կարծիք ունիք այս մօտեցումին վերաբերեալ:

-Այո՛, կը կարծեմ, որ ոչ միայն որոշ խաւ մը, այլ զանազան խաւեր պիտի գաղթեն Լիբանանէն, ամէն մարդ իր կարողութեան, իր ընտանեկան պայմաններուն համեմատ տեղ մը պիտի երթայ: Ես յստակ օրինակ մը կրնամ տալ, մեր տպարանի անձնակազմէն տիկին մը, երկու օր առաջ ամուսինին եւ երկու զաւակներուն հետ վերջնականապէս Հայաստան տեղափոխուեցան:

-Քաղաքական առումով, ամբողջ աշխարհը կը հետեւի Լիբանանի զարգացումներուն, արդեօք այդ մէկը ձեզի յոյս կը ներշնչէ՞, որ տագնապը հասած է լուծման փուլին:

-Չեմ կարծեր, Լիբանանը կը նմանի մարդու մը, որ մի քանի տեսակ շատ լուրջ հիւանդութիւններէ կը տառապի, հիմա այս բոլորին վրայ աւելցաւ Միջերկրականի կազը։ Ներկայիս հարց է, թէ այս պետութիւնները կու գան Լիբանանի՞ համար, թէ՞ իրենց շահերը պաշտպանելու համար: Միայն հրաշք մը կրնայ այս երկիրը ոտքի հանել։

-Համայնքին մէջ ինչպէ՞ս կը գնահատէք այն աշխատանքները, որոնք կը կատարուին օգնելու համար կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն:

-Բոլորովին նոր կացութիւն մը ստեղծուած է ներկայ փուլին, մանաւանդ նաւահանգիստի աղէտէն ետք, որ եկաւ բարդուիլ «քորոնա»ի, տոլարի հարցին, անգործութեան, սղաճին... կարիքները այնքան շատ են, որ չեմ գիտեր այս բոլորին ինչպէս գոհացում պիտի տրուի: Բարեբախտաբար այս ուղղութեամբ շատ մը մարմիններ եւ ֆոնտեր ստեղծուեցան, յուսամ պարկեշտօրէն բոլոր կարօտեալներուն կը հասնին, անկախ իրենց պատկանելիութենէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020