ԽԱՂԱՂ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ, ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ (Ա.)
Խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը հիմնականօրէն սերտ առընչուած է պատերազմներու հետ: Եթէ պատկերացնենք աշխարհը առանց պատերազմներու, առանց բանակներու եւ սպառազինութեան, բնականաբար խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնն ալ կը պարունակազրկուի: Կը հասնի՞ աշխարհ այդ հանգրուանին, դժուար է պատասխանել:
Դարերու ընթացքին մարդկութիւնը անցած է մեծ պատերազմական շրջաններէ եւ ինքնին հասարակութիւններու, պետութիւններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնը պատերազմներով կը շրջագծուի եւ ընդհանուր մարդկային զարգացումը տեղ մը պատերազմներու բովով իրականացած է: Ընդհանուր առմամբ անցնելով պատմական մեծ պատերազմներէ եւ հասնելով ներկայ մեր աշխարհին՝ կը թուի, որ տակաւին անխուսափելի են տարբեր տեսակի պատերազմները եւ առանց անոնց մօտ ապագային դժուար է հասնիլ խաղաղութեան:
Պատերազմներու ընթացքին, որոնք սկսած են այս կամ այն պետութեան, հաւաքականութեան կամ անհատ ղեկավարներու կողմէ նուաճման, շահագործման կամ նոյնիսկ ազնիւ նպատակներու համար, վերջաւորութեան միշտ այսպէս կոչուած՝ պարզ քաղաքացին է (որ անզէն է), որ դարձած է խնդրոյ առարկան եւ անոր շուրջ եղած են տարբեր պայմանագրային համաձայնութիւններ: Այդ անզէն քաղաքացիներուն կամ չպատերազմող անհատներուն մէջ ակամայ եւ գերակշռօրէն ներառուած են կիները, մանուկներն ու ծերերը (մի քանի բացառութեամբ կիներու վերաբերող) եւ նոյնիսկ հին կրօնական դաւանանքներով ու հաւատալիքներով բանող աշխարհին մէջ իրաւագործուած են յատուկ օրէնքներ կիներուն, մանուկներուն եւ ծերերուն համար: Բայց, ընդհանուր միջին եւ մանաւանդ՝ նախաքրիստոնէական շրջանին բարբարոսական վարքերը բոլոր հասարակութիւններուն կողմէ Եւրոպայէն անցնելով Ասիա, հասնելով Հարաւային Ամերիկա, աւելի ատակ էին գործադրուելու եւ ինքնին աշխարհի ոչ-արհեստագիտական ու բաց համակարգով բանիլը առիթ կ՚ընծայէր այդպիսի բարբարոսութիւններու: Այսպէս կոչուած՝ խաղաղ բնակչութիւնը շատ աւելի ենթակայ էր սպանդներու, տեղահանութիւններու եւ ոտնձգութիւններու: Կան բազմաթիւ օրինակներ՝ ինչպէս ինքնին խաղաղ բնակչութիւնը (որոնց մէջ կ՚ըլլային բնականաբար հողագործը, երկաթագործը, շինարարը... եւ այլն) նոյնինքն բանակի կամ զինեալ խումբի մը հետ կը դեգերէր տեղէ տեղ: Այո՛, մեծ քաղաքներու հիմնադրումով եւ անոնց կայացմամբ մասամբ յառաջ եկաւ մշտական խաղաղ բնակչութիւն հասկացողութիւնը, բայց, տակաւին ան մնաց ասպատակութիւններու, յարձակումներու եւ արշաւանքներու-չարագործութիւններու ենթակայ: Խաղաղ բնակչութիւնը իր կերպարը կամաց-կամաց կերտեց հասնելով 20-րդ դար, ուր նուազագոյնը միջազգային օրէնքով վերջ դրուեցաւ քաղաքացիները թիրախ դարձնելու ընդունուած ու լուռ կարգին, որ դարերով մարդս իբրեւ անհատ ու հաւաքականութիւն հալածած էր: Համաշխարհային մարդու իրաւունքներու հռչակագիրի ընդունումով հիմքը դրուեցաւ մարդ անհատի նուազագոյն իրաւունքներուն, իսկ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ու անոնց կանխարգիլման մեքանիզմներու որդեգրումը նորէն նոր էջ մը բացաւ մարդկութեան համար:
Այո՛, ինչպէս միշտ, միջազգային օրէնքը տակաւին յարաբերաբար կախեալ է միջազգային գերտէրութիւններու կամքէն եւ ձեւով մը միջազգային մեծ քաղաքականութիւններէն, բայց այդ առկայ է եւ նուազագոյն չափով գոնէ սկզբունքօրէն ամրացուցած է՝ մարդկային ընդհանուր հասարակութեան ու հաւաքական ապրելակարգի կանոնակարգութիւնը:
Ներկայ մեր աշխարհը իր բոլոր անարդարութիւններով ու խախտումներով աւելի քաղաքակիրթ դառնալու մեծ ջանքի մէջ է: Եւ այդ ջանքը ինքնեկ եւ ինքնածին կրնանք համարել, քանի մարդկային հասարակութիւններու համարկումները անկառավարելի են տեղ մը, եւ ընդհանուր արհեստագիտական յեղափոխութիւնը իր էութենէն բխելով բերաւ աւելի քաղաքակիրթ ու թափանցիկ աշխարհ մը:
Մարդու կեանքը բաղդատած հին ժամանակներուն՝ աւելի յարգուած ու պահպանուած է հիմա եւ նոյնիսկ չզարգացած ու բռնատիրական վարչակարգերուն մէջ մարդը աւելի յստակ իրաւունքներ ունի (նոյն բաց աշխարհէն ու միջազգային լրատուական ու օրէնսդրական հետապնդումէն ելած), քան օրինակ՝ հին չինական, մոնղոլական կամ մայա-ազթեքական թագաւորութիւններուն մէջ:
Եւ հոս կարեւոր ենթազարգացմամբ խաղաղ բնակչութեան արդի հասկացողութեան զարգացման հետ զուհահեռաբար զարգացաւ նորակազմ՝ քաղաքացիական հասարակութիւն հասկացողութիւնը, որ կրնանք համարել Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք եւ յառաջ եկած նոր եւ հին պետութիւններու ալ մեծամասնութեան մօտ. ժողովրդավարութեան, ազատ ընտրութիւններու, ազատ խօսքի եւ բաց շուկայական տնտեսութեան համակարգերու ընտրութեանց արդիւնք, որուն հետ յառաջացաւ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ զայն կրնանք համարել նոյն խաղաղ բնակչութեան հասկացողութեան աստիճան մը աւելի բարձրացում:
Արդի քաղաքացիական հասարակութիւնները մեծ դեր կը կատարեն միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան մէջ ու կը ձեւաւորեն մարդկային հաւաքական գործունէութեանց շատ մը երեսակներ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի
1 յունուար 2023, Երեւան