ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

1) Եթէ «հեթանոս» Հարիւրապետ մը կրցաւ աղաչել իր ծառային բժշկութեան համար (Մտ 8.6), սուրբերն ու հրեշտակները չե՞ն կրնար աղաչել հիւանդներու բժշկութեան համար։

Եթէ հայր մը աղաչեց իր լուսնոտ որդիին բժշկութեան համար (Մտ 17.15), սուրբերն ու հրեշտակները չե՞ն կրնար աղաչել մեր բժշկութեան համար։

Եթէ Քանանացի կին մը կրցաւ աղաչել իր դիւահար աղջկան բժշկութեան ու ազատագրութեան համար (Մտ 15.22), սուրբերն ու հրեշտակները չե՞ն կրնար աղաչել մարդոց բժշկութեան ու ազատագրութեան համար:

Եթէ Յայրոս անունով հրեայ իշխանաւոր մը կրցաւ աղաչել իր աղջկան բժշկութեան համար (Մր 5.22-23), սուրբերն ու հրեշտակները, որոնք երկինքի իշխաններն են, չե՞ն կրնար աղաչել մարդոց բժշկութեան համար։ Եւ այլն։

2) Եթէ երկրի վրայ Քրիստոսի հետ հաշտուածներս, կոչումը ունինք ուրիշներն ալ այդ հաշտութեան բերելու (Բ.Կր 5.18), երկինք մեկնելէ ետք՝ կը կորսնցնե՞նք այս կոչումը:

3) Եթէ երկրի վրայ սուրբերուն աղօթքը կը պատասխանուի, անոնց երկինք մեկնումէն ետք՝ իրենց աղօթքները անպատասխանելի՞ կը դառնան։

4) Եթէ մենք որ չար ենք (Մտ 7.11) Աստուծոյ աղաչել գիտենք մեր զաւակներուն համար, հապա հրեշտակներն ու սուրբերը որ բարի են՝ չե՞ն աղաչեր մեզի ու մեր զաւակներուն համար:

5) Ծառաներու միջոցաւ մարդիկ կը հրաւիրուին ներկայ գտնուելու Աստուծոյ Որդիին ի պատիւ պատրաստուած հարսանիքին (Մտ 22.3-10): Այս առակը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ինքզինք Քրիստոսի ծառայ նկատող իւրաքանչիւր մարդու պարտականութիւնն է ուրիշները Քրիստոսի բերել: Մեզի պէս, հրեշտակներն ու սուրբերը իրենք ալ Քրիստոսի ծառաները չե՞ն: Իրենք ալ պարտականութիւն չունի՞ն մարդոց քայլերը առաջնորդելու Քրիստոսի: Սուրբերը միայն երկրի՞ վրայ եղած ատեն պարտականութիւնը ունէին մարդոց քայլերը Քրիստոսի առաջնորդելու. անոնց երկինք մեկնումէն ետք՝ ալ այս պարտականութիւնը չունի՞ն անոնք։

6) Եթէ ապրող ու տակաւին մեղքի դէմ պատերազմող հաւատացեալներուն աղօթքը կը խնդրենք, ինչո՞ւ չխնդրենք աղօթքը անոնց՝ որոնք մեղքի դէմ պատերազմելով յաղթեցին մեղքին, եւ այսօր Քրիստոսի ներկայութեան մէջ կ՚ապրին:

7) Սուրբերն ու արդարները որոնք երկրի վրայ եղած ժամանակ՝ կ՚աղօթէին մեղաւորներուն համար, երկինք երթալէ ետք կը դադրի՞ն աղօթելէ, կը մոռնա՞ն մեզ, ալ չե՞ն լսեր մեզ, անտարբե՞ր կը դառնան մեր խնդրանքներուն ու ցաւերուն նկատմամբ:

8) «Ո՛վ աղօթքի լսող» (Սղ 65.2): Դաւիթ կը յայտարարէ, թէ Աստուած աղօթքները լսո՛ղը Աստուած է: Հարցում. Աստուած միայն երկրի՞ վրայ ապրող մարդոց աղօթքները կը լսէ. այս երկրաւոր կեանքէն դէպի երկնային կեանքը փոխադրուածներուն ալ աղօթքը չի՞ լսեր:

9) Չի՛ կրնար ըլլալ որ սուրբի մը բարեխօսութիւնը Աստուծոյ համար արժէք ունենայ երկրի վրայ եւ իր արժէքը կորսնցնէ երկինքի մէջ: Արժէքը արժէք կը մնայ ուր որ ալ ըլլայ, երկրի վրայ, թէ՝ երկինքի մէջ: Քանի որ արժէքը արժէք կը մնայ, ուրեմն բարեխօսութիւն ընողին բարեխօսութեան պիտի՛ պատասխանուի, ըլլայ անիկա երկրի վրայ՝ մեզի հետ ապրող, կամ դրախտին մէջ՝ Քրիստոսի հետ ապրող:

10) Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ» (Յկ 5.16): Եթէ երբեք երկրի վրայ «արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ», արդեօք դրախտ փոխադրուելէ եւ անմիջականօրէն Քրիստոսի ներկայութեան մէջ առնուելէ ետք, անոր աղօթքը կը դադրի՞ ազդեցիկ եւ օգտակար դառնալէ: Երկրի վրայ արդար եղող մարդը, երկինք փոխադրուելէ ետք իր արդարութիւնը չի կորսնցներ: Քանի որ իր արդար ըլլալուն համար է որ իր աղօթքը կը պատասխանուի, ուրեմն միշտ ալ պիտի պատասխանուի իր աղօթքը, որովհետեւ պիտի շարունակէ արդար մնալ երկինք փոխադրուելէ ետք նաեւ:

11) Սողոմոն կը յայտարարէ, թէ «ուղիղներուն աղօթքը Աստուծոյ ընդունելի է» (Առ 15.8): Արդեօք խօսքը միայն երկրի՞ վրայ ապրող ուղիղներուն մասին է, թէ նաեւ կը վերաբերի երկնաբնակ ուղիղներուն: Եթէ Աստուած ուղիղներուն աղօթքին է որ կը պատասխանէ, երկնաբնակ սուրբերու աղօթքներուն ալ կը պատասխանէ, քանի անոնք եւս ուղիղ են, եւ աւելի՛ ուղիղ՝ քան երկրի վրայ ապրող հաւատացեալները:

12) Բարեխօսութեան պատասխանուիլը կապ ունի Աստուծոյ կամքին հետ, ինչպէս նաեւ մեր արդար ու սուրբ ըլլալուն հետ, եւ ո՛չ թէ երկրի վրայ կամ երկինքի մէջ ըլլալուն հետ: Կը պատասխանուին բարեխօսութիւնները բոլոր անոնց՝ որոնք արդար ու սուրբ են, անոնք ըլլան երկրի վրայ, թէ՝ երկինքի մէջ:

Կ՚աւարտեմ երկու նշումներով.-

1) Հայ Առաքելական Եկեղեցին կ՚ուսուցանէ, թէ երբ խօսքը փրկութեան մասին է, Քրիստոս միակ միջնորդն է, բայց երբ խօսքը փրկութեան մասին չէ, այլ՝ տարբեր-տարբեր հարցերու կապուած է (բժշկութեան, գործերու յաջողութեան, ընտանեկան խաղաղութեան, եւ այլն), բոլոր սուրբերը միջնորդներ ու բարեխօսներ են։

2) Տէրը կը խոստանայ, թէ պիտի փառաւորէ զԻնք փառաւորողները (Ա. Թգ 2.30)։ Այն սուրբերը որ պատուեցին Տէրը երկրի վրայ, Տէրն ալ զանոնք պիտի պատուէ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ՝ անոնց միջոցաւ հրաշքներ գործելով երկրի վրայ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2023