«ՈՒՆԵՑԱԾԴ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԷ...»

«Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ»
(Յայտնութիւն Յովհաննու 3:11)

Յայտնութիւն Յովհաննուն Աստուածաշունչ Մատեանի 66 գիրքերուն վերջինն է։ Մեր պատանեկան տարիներուն քիչ մը մտահոգութեամբ եւ նաեւ վախով կը մօտենայինք այս գիրքին։ Մեզի կը բացատրէին թէ գիրքի մէջ ներկայացուած պատկերները՝ պատերազմ, երկրաշարժ ու տակաւին՝ ցոյց կու տային, թէ աշխարհի եւ երկրագունդի կեանքի վերջաւորութեան նախանշաններ էին անոնք։ Եւ մեր պատանեկան հոգիներու համար քիչ մը անախորժ էր կարդալ աշխարհի վերջը բնութագրող հատուածներ։

Բայց ժամանակի ընթացքին եւ սերտողութիւններուն մէջէն՝ սկսանք հասկնալ եւ տեսնել, թէ այս գիրքը ոչ անպայմանօրէն կրնայ ներկայացնել աշխարհի վերջը։ Անոր մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր հատուած կ՚արժէ վեր առնել եւ համեմատել զայն ներկայի մեր ապրած կեանքի եւ անոր իրավիճակներուն հետ եւ տեսնել, թէ Աստուծոյ խօսքը ինչքան իրական է մեր տիրող եւ ապրած-ապրող օրերու իրավիճակին հետ։ Եւ անպայմանօրէն՝ ի՞նչ ըսելիք կրնայ ունենալ նոյն հատուածը մեր իրականութիւններու հետ։

Այսօր՝ ակնածանքով կը մօտենամ Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին, որ կու տայ իմ-մեր կեանքերուն առաջնորդութիւն։

Հայաշխարհը կ՚ապրի տագնապ...։ Իւրաքանչիւր հայ՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք՝ իր սրտին մէջ շալկած է մտահոգութիւն, յուսահատութիւն, յուսախաբութիւն եւ երեւի պոռթկում եւ... ցաւ։ Հայուն արժէքը՝ Արցախը կը սակարկուի...։ Եւ արժէքը կեանք է եւ որ պէտք է «ամուր բռնել»։ Արցախը եւ անոր 120 հազար մեր քոյրերը եւ եղբայրները մեր համահայկական կեանքի անքակտելի մասն է, որ պէտք է «ամուր բռնել»։

Այսօր՝ Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքը կը խօսի իւրաքանչիւր հայուն։ Ան ունի պատգամ մը մեր ապրած ներկայ օրուան կեանքի համար։ Կը խօսի հայուն արժէքին՝ իմմա «Պսակի»ն մասին՝ եւ կը յորդորէ մեզի, որ ամուր բռնենք զայն։ Եւ պէտք է ամուր բռնենք, «որպէսզի մէկը չառնէ պսակը»։ Իսկ մեր պարագայի՞ն։ Յայտնութիւն Յովհաննուն կը խօսի, որ «չտանք» Արցախը, որպէսզի մէկը «չառնէ զայն»։

Այսօր կանչուած ենք մեր կեանքի արժէքը՝ Արցախը՝ մեր «Պսակը»՝ ամուր բռնելու։ Եւ որպէսզի մէկը չառնէ զայն՝ իմմա մեր «Պսակը»՝ պարտինք զայն չտալ։ Հայն է, որ պիտի չտայ զայն...։

Արցախը համայն հայութեան արժէքն է եւ մեր «Պսակն» է։ Եւ որ չի սակարկուիր...։

Եւ այն արժէքը, որ չի սակարկուիր՝ պարտինք «ամուր բռնել» զայն...։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, 2023

Շաբաթ, Յունիս 3, 2023