ԲԱՐԴ ՀԱՆԵԼՈՒԿ ՄԸ
2021 թուականին յայտնի կը դառնար, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը 99 տարուան ժամկէտով հրեայ գործարարի մը վարձու տուած էր «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի վանապատկան կալուածը։ Այդ գործարքը կնքուած էր՝ գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին։ Նոյն գործարքի վաւերաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած էին՝ միաբանութեան այժմու երիցագոյն անդամ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, նաեւ այդ շրջանի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան, որ աւելի վերջ կարգալոյծ հռչակուած էր։
Զանազան աղբիւրներ կը գրէին, որ 99 տարուան համար կնքուած գործարքին հիմամբ «Կովերու պարտէզ»ին վրայ պիտի կառուցուէր հսկայական շէնք մը, որ պիտի օգտագործուէր՝ որպէս պանդոկ։ Ի դէպ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ չէ, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին շուրջ տագնապներ կը գոյանան եւ անոնց ամենէն վառ օրինակը կը համարուին 1949 թուականին սկիզբ առած իրադարձութիւնները։
Սուրբ Աթոռի դիրքին բերումով միաբանութեան, վանքին կամ նոյնիսկ պատրիարքի անմիջական շրջանակներուն մէջ ծագած որեւէ խնդիր խոշորացոյցով կը դիտուի՝ Սուրբ Երկրի հակամարտ երկու կողմերէն։ Մէկ կողմէ, Իսրայէլի պետութիւնը, որ այսօր շատ աւելի ազդեցիկ դեր եւ ուժեղ ներկայութիւն ունի Երուսաղէմի մէջ եւ միւս կողմէ Պաղեստինի իշխանութիւններն ու ընդդիմադիրները, նաեւ Յորդանանի Հաշիմեան թագաւորութիւնը։ Ահա այստեղ կը ծագի մտահոգիչ հարցադրումը, թէ արդեօք «Կովերու պարտէզ» ընդհանուր խորագրին ներքեւ առկայ հարցը կրնա՞յ վերածուիլ քաղաքական տագնապի մը, որուն շերտերուն մէջ կրնայ զոհ դառնալ Սուրբ Աթոռը՝ գահակալով, միաբանութեամբ, նաեւ պատմական ժառանգութեամբ հանդերձ։
Անոնք, որոնք կը հետեւին արաբա-իսրայէլեան կամ աւելի ճիշդը՝ Իսրայէլ-Պաղեստին յարատեւ հակամարտութեան շատ լաւ գիտեն, թէ Իսրայէլի համար Երուսաղէմի «հրէականացումը» կը շարունակէ մնալ օրակարգային։ Սա, անշուշտ, կը բախի Պաղեստինի, նաեւ արաբական աշխարհի մեծ ընդդիմութեան։ Այս է պատճառը, որ արաբական բազմաթիւ հեռուստակայաններ այս շրջանին սփռեցին յատուկ նիւթեր, ուր շեշտը դրուեցաւ այն վտանգին վրայ, թէ «Կովերու պարտէզ»ի կամ նման գործարքներու ճամբով Իսրայէլ կը փորձէ անուղղակի բոլոր միջոցները գործի դնել՝ աւելիով մեծցնելու համար իր ազդեցութիւնը ու կամաց-կամաց նուազեցնելու համար Երուսաղէմի մէջ միւս փոքրամասնութիւններուն ներկայութիւնը կամ նօսրացնելու համար անոնց կրօնական ազդեցութեան գօտիները։
Գործարքէն երկու տարի անց «Կովերու պարտէզ»ի խնդիրը դարձեալ լոյսին կու գայ։ Նուրհան Պատրիարք կը պայթեցնէր ռումբ մը եւ կարգալոյծ կը հռչակէր իր ամենամտերիմ ու ամենավստահելիներու շարքին դասուած Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանը, որ այլեւս դարձած է Խաչիկ Երէցեան աւազանի անունով։ Թէ ի՞նչ անցած դարձած էր։ Ի՞նչ հանգամանքներու բերումով պատրիարքը կատարած էր այդպիսի զգայացունց կարգադրութիւն մը։ Տակաւին այս բոլորը պարզ չեն, սակայն, յստակ է, որ դէպքը ունի խորհրդաւոր շերտեր։
Այստեղ խորհրդաւոր դրոյթներ կան, որովհետեւ անցեալ երկու տարիներուն պատրիարքը չանսաց իրեն ուղղուած որեւէ խօսքի, նկատի չառաւ որեւէ խնդրանք կամ յորդոր։
Գործարքէն ի վեր ան հաւատաց անոր օգտակարութեան եւ առնուած քայլը ներկայացուց՝ որպէս փրկութեան լաստօղակ միաբանութեան ու հայոց վանքին համար, որոնք նիւթական ծանր պարտաւորութիւններ ունին։
Ի դէպ, կարգալուծութեան հարցը աւելիով ջուրի երես կը հանէր սաղիմահայութեան մօտ առկայ բողոքը եւ կը վերածուէր երիտասարդական պոռթկումի։ Այստեղ ուշագրաւ է նաեւ միաբանութեան ներքին դերը եւ ներկայ փուլին միաբան հայրերու որդեգրած ընթացքը, որով անոնք, հաւանաբար պատրիարք հօր թելադրանքով, որոշած են ոչինչ խօսիլ «Կովերու պարտէզ»ի տագնապին մասին։
Հարկ է յիշեցնել, որ գործարքէն կարճ ժամանակ անց, 2021 թուականի հոկտեմբերին, Երուսաղէմի վանաբնակ տասներկու միաբան հայրեր հանդէս եկած էին բողոքի նամակով մը եւ այդ ժամանակ իրենց կեցուածքը արտայայտելով մասնաւորապէս յայտարարած էին հետեւեալը։
*
Այսու գրով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ներքոստորագրեալ միաբաններս կը յայտնենք մեր անհամաձայնութիւնը «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին վրայ եօթնաստղանի պանդոկ մը կառուցելու համաձայնագրին առընչութեամբ, որ ստորագրուած է 8 յուլիս 2021-ին, Երուսաղէմի հայ պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Սուրբ Աթոռոյ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի եւ կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի կողմէ:
«Կովերու պարտէզ»ի համաձայնագիրը ստորագրուած է՝ առանց Տնօրէն եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովներու քննարկման ու վաւերացման, ինչ որ հակականոնական է, որովհետեւ այդպիսով անտեսուած է «Կանոն Միաբանական ուխտի» 67-րդ յօդուածը, որ Տնօրէն ժողովի իրաւասութեան ներքեւ կը դնէ կալուածներու տնօրինութեան հետ կապուած որեւէ որոշում, ինչպէս նաեւ անտեսուած է 2002, 2006 եւ 2015 թուականներուն Միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ երիցս քուէարկութեամբ վաւերացուած եւ կանոն դարձած՝ «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համաձայնագիր կը վաւերացուի Տնօրէն ժողովին կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինն տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական ընդհանուր ժողովին՝ վաւերացման համար» որոշումը:
*
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ կամ անտեսել նաեւ Երուսաղէմէն դուրս պաշտօնավարող միաբանութեան անդամ եկեղեցականներուն կոչերն ու յորդորները, որոնք լոյսին եկան զանազան առիթներով եւ տարածուեցան հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Այս շարքին ամենէն հանգամանաւորը 2021 թուականի նոյեմբերին հրապարակուած կոչն էր, որուն տակ ստորագրած էին՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ), Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան (Արժանթինի հայոց թեմակալ առաջնորդ), Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ), Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան (Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ) եւ Տ. Բագրատ Ծայրագոյն Վարդապետ Պուրճէքեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ)։ Այդ կոչ-նամակին մէջ մասնաւորապէս գրուած էր հետեւեալը։
*
Ըստ 2015 թուականի երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնին, «...մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագոյն երեք անձերու կողմէ՝ պատրիարք սրբազան հօր (Ս. Աթոռի թափուր ըլլալու պարագային տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, տնօրէն ժողովի ատենապետի եւ կալուածոց տեսուչի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինն տարիներուն՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ պատրիարք սրբազան հօր (Ս. Աթոռի թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, միաբանական ժողովի ատենապետի եւ տնօրէն ժողովի ատենապետի կողմէ: Անոնցմէ պատրիարք սրբազան հօր (կամ տեղապահի), միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետի ստորագրութիւնները պարտադիր են։
Վանքը, միաբանութիւնն ու մեր հաստատութիւններն են, զորս պիտի ժառանգեն մեր ապագայ սերունդները: Մնայունը մեր թողելիք ժառանգութիւններն են՝ նիւթական կամ բարոյական: Եթէ լաւ գործեր կատարենք, մեզ բարի պիտի յիշեն, իսկ եթէ սխալ ու չար գործեր կատարենք, հաւանաբար, նոյնիսկ չյիշեն եւ կամ անիծեն: Ուստի, ըլլանք ու դառնանք այն անձերէն, որոնք երանելի են եւ ունին ու թողած են յիշատակ մը Սիոնի բարձունքին կամ Երուսաղէմի մէջ։
*
ԿԻԶԱԿԷՏԻ ՎՐԱՅ ԱՆՈՒՆ
Այս բոլորէն անդին, հարկ է նաեւ հաշուի առնել եւ լոյսին բերել՝ այժմ կարգալոյծ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեանի պարագան։ Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ ան երկար ժամանակ եղաւ պատրիարքի գլխաւոր եւ ամենավստահելի գործակիցը։ Վարդապետը, որ բանակցութիւններ վարեց վանապատկան զանազան հողաշերտերու շուրջ, հասաւ մինչեւ Թուրքիա, ուր Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը ունի տասնեակ հողաշերտեր, որոնց սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար դատերու բացուած ըլլալը թէեւ յայտարարուած է, սակայն, իր ամբողջին մէջ, գործընթացը շատ հեռու է թափանցիկ ըլլալէ։ Ահա այստեղ կը ծագի մեծագոյն հարցումը. թէ ինչպէ՞ս մէկ օրուան մէջ անվսատհելի կը դառնայ այսքան մեծ վստահութեան արժանացած վարդապետը, ո՛չ միայն կը հեռացուի իր պաշտօնէն, այլեւ կարգալոյծ կը հռչակուի, նաեւ անփառունակ եւ նոյնիսկ ողբերգական պատկերով մը կը հեռացուի վանքէն…
Ի դէպ, կարգալուծութենէն անմիջապէս ետք Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան հրապարակեց բաց նամակ մը, որ ափ ի բերան թողուց շատերը։ Մերժելով իր դէմ ամբաստանութիւնները՝ ան Տնօրէն ժողովէն պահանջեց մանրամասնօրէն քննել իր պարագան եւ պարզաբանումներ տալ որոշումին համար։
Կարգալոյծ միաբանը մասնաւորապէս գրեց հետեւեալը։
*
Իմացէ՛ք, որ ես այսքան տարի հաւատարմօրէն եւ խղճմտօրէն ծառայած եմ Եկեղեցիիս եւ մեր Ս. Աթոռին՝ առանց դոյզն վնաս մը պատճառելու։ Եւ այսօր անարդարօրէն, առանց քննութեան, մէկ խօսքով կարգալոյծ կը հռչակէք զիս՝ ձեր տկարութիւնը ծածկելով եւ ձեր կողմէ կատարուած սխալները բեռցնելով իմ վրաս: Զոհը (եթէ անհրաժեշտութիւն կայ ատոր) ես կ՚ըլլամ՝ փոխանակ ձեզի։
Այսու կը մերժեմ եւ չեմ ընդունիր ձեր կողմէ իմ դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները։ Ուստի, Տնօրէն ժողովէն եւ ձեզմէ կը պահանջեմ յստակացում եւ մանրամասն նկարագրում՝ ձեր կողմէ իմ անձիս դէմ կատարուած ամբաստնութիւններուն եւ խաբեբայութիւններուն համար։
*
Այս բոլորը ներկայացնելէ ետք, անշուշտ, բոլորի միտքերուն մէջ կը ծագի հետեւեալ կարեւորագոյն հարցադրումը. ինչո՞ւ այս փուլին եւ ինչո՞ւ այս ձեւով ծանրագոյն վճիռ մը արձակուեցաւ կալուածոց նախկին տեսուչին դէմ։ Արդեօք այս քայլը հատուցո՞ւմ մըն է իրավիճակը մեղմացնելու, խնդրին լուծում մը որոնելու եւ կամ պարզապէս քաւութեան նոխազ մը փնտռելու համար։
Ոչ ոք նեցուկ կանգնեցաւ կարգալոյծ հռչակուած միաբանին ու զանազան հարթակներու վրայ ալ հնչեցին ծանր մեղադրանքներ՝ փորձելով Երուսաղէմի ամբողջ տագնապը բեռցնել անոր ուսերուն։ Գուցէ սխալներ գործած ըլլար միաբանը, գուցէ ունեցած ըլլար վրիպումներ ու առած թերի որոշումներ, որոնք վնաս կը հասցնէին Սուրբ Աթոռին։ Այս բոլոր ենթադրութիւնները կան, սակայն, աւելի մտահոգիչ է ստեղծուած ծանր վիճակին ամբողջ բեռը անոր վրայ նետելն ու վանկարկումներու, ամօթանքի եւ մաղձի մթնոլորտի մը մէջ հայոց վանքէն իր վտարումը, որով ան հեռացաւ դէպի ամերիկեան ափեր։
Վիրաւորական էր պատկերը, նաեւ խոցելի, որովհետեւ երկար տարիներ ծառայութեան կոչուած միաբանին հոգեւոր եղբայրները ոչ մէկ ծպտուն հանեցին։ Յար եւ նման տարբեր հաւանականութիւններու, անոնք տեղ մը համամիտ եղան ու իրենց լռութեամբ համաձայնութիւն տուին, որ կարգալոյծ միաբանը խաչուի, որպէսզի իրենք փրկուին։ Գուցէ այդպէ՞ս էր ձեւը կամ այդպէ՞ս պէտք է ըլլար ոճը՝ դարաւոր անցեալով եւ հայ քրիստոնեայ հայրերու հաւատքի լոյսով բարձրացած վանքին մէջ։ Միաբաններ, որոնք լուռ հետեւեցան անոր վտարումին, գուցէ նաեւ կ՚ակնկալէին, որ իրենց փոխարէն վանքի սրբատաշ քարերը աղաղակէին… բայց այդ ալ չեղաւ։
Ամէն պարագայի, այս բոլորին զուգահեռ յստակ է, որ խաղի ամբողջ կանոնները կը շարունակուին մշակուիլ Նուրհան Պատրիարքին ձեռքով։ Ճիշդ է, որ Պաղեստինի եւ Յորդանանի իշխանութիւնները տեղեկացուցած են, որ այլեւս զինքը չեն ճանչնար որպէս պատրիարք եւ սա կը համարուի ծանր հարուած մը անոր դէմ, բայց այդ փաստը կը զիջի իր դիրքերը Իսրայէլի կեցուածքին առջեւ։ Արդարեւ, ան մինչեւ այս պահը կը շարունակէ իր լուռ նեցուկը ցոյց տալ պատրիարքին։
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ կամ հաշուի չառնել, որ եթէ Նուրհան Պատրիարք ետքայլ կ՚ընէ, կը նայի գործարքը չեղեալ համարելու։ Այս առումով ան կրնայ դէմ յանդիման մնալ Իսրայէլի պետութեան կոշտ վերաբերմունքին։ Այո՛, պատրիարքը կրնայ այդ գործարքէն հրաժարիլ՝ ընդունելով կատարել համաձայնագրին մէջ (դժբախտաբար, ցարդ ոեւէ մէկը չէ տեսած անոր պատճէնը) նշուած պատժական կէտերը։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, որ Իսրայէլ անպայման հալած իւղի նման կուլ կու տայ պատրիարքի որոշումները։ Եւ, անշուշտ, եթէ այդպէս պատահի, ապա չի բացառուիր, որ այս անգամ Պատրիարքութիւնը, միաբանութիւնն ու ամբողջ Հայոց թաղը կրնան մտնել նոր պայքարներու մէջ, որոնց գերակշիռ կողմը, զօրաւոր ու ազդեցիկ կողմը դարձեալ Իսրայէլի պետութիւնն է։
Թէեւ հաւանական հետեւանքները դեռ պարզ չեն, սակայն, յայտնի է, որ սոսկ միաբանի մը վտարումով կամ այրումով Երուսաղէմի առկայ հարցերը անկարելի է լուծման տանիլ։ Բացայայտ է, որ որեւէ սխալ քայլ, հաշուարկ կամ մօտեցում կրնայ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան համար շատ սուղ արժել։ Եթէ նոյնիսկ ներկան ետդարձի փուլ մըն է եւ սա ողջունելի պիտի համարուի սաղիմահայութեան ու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջ նուիրապետութեան կողմէ, ապա իրադարձութիւններու շարունակութիւնը ճակատագրական կը համարեն բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են Երուսաղէմի հայկական դիմագծով։
Կը մնայ յուսալ, թէ մասնաւորապէս այս փուլին Սուրբ Աթոռի գահակալը ըլլայ աւելի թափանցիկ, աւելի յստակ, նաեւ աւելիով ականջ տայ իր հօտին, որուն հետ կապերը գրեթէ ամբողջութեամբ խզուած են՝ տեղացիներու վկայութիւններով…
Փրկութեան կարիքն ունի Երուսաղէմի Հայոց Սուրբ Աթոռը եւ այս առումով ալ խնդիրը պէտք է տեղ գտնէ համահայկական մեծ օրակարգին վրայ։ Անհրաժեշտ է, որ հարցերու լուծման հետամուտ գործիչները կամ հոգեւորականները ունենան անկեղծ միտումներ ու չփորձեն աւելիով ցեխին մէջ խրել ցնցուած Աթոռը։
ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐԸ ՄՀԱՏՈԳ. «ԱՅՍՕՐ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ Է ՄԵՐ ԴԱՐԱՒՈՐ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ»
Սաղիմահայ Յակոբ Ճռնազեան, որ բողոքի հաւաքներ ալ կազմակերպած է, այս փուլին մեզի յայտնեց հետեւեալը։
*
Մեր պահանջն է, որ պայմանագիրը շուտով չեղարկուի եւ որեւէ այլ նոր պայմանագիր մը չստորագրուի «Կովերու պարտէզ»ին համար։ Պատրիարքութիւնը հանրութեան պէտք է ներկայացնէ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է եւ ի՛նչ վաճառուած է։ Պարզուեցաւ, որ հայ ընտանիքներու տուներ, Ժառանգաւորաց վարժարանի սրահը եւ այլ վայրեր եւս ներառուած են պայմանագրին մէջ եւ այս յստակ պատճառով գաղութը ըմբոստացաւ։ Կը կարծեմ, թէ մեր բողոքի խօսքերն ու գրառումները, այո՛, տեղ հասան։ Կը յուսամ, թէ ապագային համահայկական ներուժով մարմիններ Երուսաղէմի տագնապին մասին յայտարարութիւններով հանդէս կու գան։
Արդէն աւելի քան ամիս մըն է, որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանաութեան անդամ հայրերը ոչ ոքի հետ կը խօսին։ Անոնք պարտաւոր են բացատրութիւններ տալու։ Այս պահուն մարդիկ քանիցս փորձած են խօսիլ իրենց հետ եւ յստակ պատասխան մը չէ տրուած անոնց մտահոգութիւններուն։ Անձնապէս կը հաւատամ, թէ միաբան հայրերը պարտաւոր են խօսիլ համայնքի անդամներուն հետ եւ ներկայացնել իրական պատկերը։ Այո՛, Նուրհան Պատրիարքը գլխաւոր պատասխանատուն է այս խայտառակ վիճակին։ Առանց իր ստորագրութեան որեւէ պայմանագիր չէր կրնար ստորագրուիլ։ Ի վերջոյ Հայր Պարէտը իրաւասութիւն չունէր առանձինն այդ պայմանագիրը ստորագրելու կամ զայն վաւերացնելու։
Յորդանանահայ Մարալ Ներսէսեան, որ կ՚ապրի Ամմանի մէջ եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) տեղւոյն մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպրուհին է, մեզի յայտնեց հետեւեալը։
*
Յորդանանի հայ համայնքը պաշտօնապէս մաս կը կազմէ Սուրբ Երկրի հայ համայնքին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։ Համայնքը կը հովուէ առաջնորդ մը եւ կը հանդիսանայ պատրիարքական փոխանորդ։ Երբ Երուսաղէմը Յորդանանի տիրապետութեան տակ էր, քոյր ակումբները ունեցած են միասնական պարախումբեր, թատերախումբեր, բնականաբար, այս համայնքի կառոյցները առաջինը պիտի արձագանգէին։ Կը հաւատամ, թէ միւս համայնքները պիտի նկատեն, որ սփիւռքի ամենամեծ ժառանգութիւնը վտանգի ենթարկուած է։ Անոնք պէտք է միանան պահանջներով եւ պէտք է արտայայտեն իրենց մտահոգութիւնները։ Երուսաղէմի մէջ որեւէ ազգ չունի այն հարստութիւնը, որուն արժանացած է հայութիւնը։ Պէտք է պահպանել հայկական ժառանգութիւնը ու մեր պահանջն է ամէն ձեւ գտնել պահպանելու համար այս անգին տարածքը՝ որպէս հայկական դարաւոր ժառանգութեան մաս։
Սփիւռքը, ընդհանրապէս եւ Յորդանանը, մասնաւորապէս, մեծ յոյս ունին, թէ պատասխան մը պիտի ստանան։ Հաւանաբար հարցը ժամանակի կարօտի եւ պատրիարքութիւնը արդէն աշխատանքի սկսած ըլլայ կացութիւնը փրկելու համար։ Այս գործարքի պարագային կան խախտուած ներքին կանոններ։ Միեւնոյն ժամանակ, կան որոշումներ այս գործարքը չեղեալ համարելու։ Բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթեր կ՚ապահովեն Հին քաղաքի կարգավիճակը ու կան կանոններ, որոնք նպաստաւոր են հայկական շահերուն։
Այս գործարքի լուծարումով հարթուած կ՚ըլլայ Երուսաղէմի մէջ առկայ տագնապը։ Պարտաւոր ենք դասեր քաղելու պատմութենէն։ Այս գործարքի լուծարումով, անշուշտ, առկայ տագնապը կը հարթուի, բայց միշտ վտանգի ենթակայ է հայոց թաղամասը, որ Երուսաղէմի Հին քաղաքի 1/6-րդը կը կազմէ եւ այնտեղ կը գտնուին քրիստոնէական ուխտագնացութեան կարեւորագոյն վայրեր։ Ապագային վտանգներէ խուսափելու համար պէտք է առնել կառավարման քայլեր՝ դիմակայելու համար հաւանական նոր տագնապներուն կամ սպառնալիքներուն։ Յիշենք, որ Բիւզանդական ժամանակաշրջանին, երբ կրօնական առաջնորդներ փախան ներխուժումներու հետեւանքով, հայոց պատրիարքը մնաց իր դիրքին վրայ՝ պաշտպանելու համար հայկական հարստութիւնը, ինչ որ բարձր գնահատուեցաւ զանազան քրիստոնեայ կամ իսլամ առաջնորդներու կողմէ՝ ներառեալ Սալահատտինը։
Միջազգային իրաւունքի եւ բանաձեւերու վրայ հիմնուած յատուկ կարգավիճակով՝ Հին քաղաքի քրիստոնէական (հայկականը ներառեալ) եւ իսլամական կրօնավայրերը կը գտնուին Յորդանանի Հաշիմական խնամակալութեան ներքեւ։ Երբ տարածքէն որեւէ մաս դադրի գտնուելէ Հաշիմական խնամակալութեան ներքեւ, սա մեծ նշանակութիւն կ՚ունենայ եւ կրնայ միջազգային հարցի մը պատճառ դառնալ։ Ներկայիս խնդրոյ առարկայ տարածքի պատկանելիութեան փոփոխութիւնը մեծ հարցեր կը յառաջացնէ աշխարհագրական առումով, քրիստոնէական թաղամասի երթեւեկութեան ու հասանելիութեան վրայ կ՚ազդէ եւ կը ստեղծէ որոշ խնդիրներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան