ՄԵՐ ՄԵԾԵՐՈՒ ԽՕՍՔԵՐԷՆ
Երբեմն կը մտաբերեմ մանկութեանս ժամանակ մեր հասցէին ուղղուած յանդիմանութիւններն ու մեզի տրուած խրատները, մեր մեծերուն կողմէ։ Այն ատեն մենք կը վիրաւորուէինք ու կը նեղուէինք, սակայն վերջը կ՚անդրադառնայինք, որ մեր օգտին համար եղած էին անոնք։
Օրինակ՝ ճաշի ժամանակ երբ մենք փոքրերս ջուր խմէինք, ողբացեալ հօրեղբայրս չէր զլանար ըսելու՝ «Ինչ է, փորիդ մէկ մասը բուռ եւ մէկ մասն ալ ջրամբա՞ր է»։ Այսինքն, մէկ խօսքով՝ կերակուրին հետ ջուր մի՛ խմեր եւ վերջ։ Հիմա հոս Ամերիկայի մէջ, կերակուրին հետ կամ զովացուցիչ կը խմեն եւ կամ ալ գարեջուր, ժամանակներն ու վայրերը բոլորովին փոխուած ըլլալով։ Դպրոցական աշակերտներէն շատ մը մանչեր յաճախ կը կանչուէին տնօրէնին սենեակը, ուր պրն. տնօրէնը անուշութեամբ կը յիշեցնէր, թէ՝ «Սափրիչը բարեւ ունի քեզի»։ Մենք չէինք հասկնար, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ։ Երեկոյեան երբ տուն երթայինք եւ տեղեկացնէինք մեր ծնողներուն, անոնք անմիջապէս կը հասկնային եւ մեզի կը բացատրէին, թէ «Մազերդ շատ երկարած են եւ պէտք է սափրիչին երթաս ու կտրել տաս...»։
Դարձեալ դպրոցական կեանքէն ուրիշ դրուագ մը։ Ամէն երկուշաբթի առաւօտ բակին մէջ կը շարուէինք՝ դասարան չգացած, եւ մեր ձեռքերուն մատները երկարած՝ հերթապահ ուսուցիչը աչքէ կ՚անցընէր մեր եղունգները։ Եթէ պատահէր որ երկար ըլլային անոնք, քմծիծաղով մը հետեւեալ յանդիմանութիւնը կը լսէինք՝ «Ինչ է, եղունգներդ դգալի տեղ պիտի գործածե՞ս»։ Այսօր կտրել կու տաս եւ այնպէս դպրոց կու գաս՝ վաղը։
Իրիկունները երբեմն թէյին հետ հաց ու պանիր կ՚ուտէինք։ Եթէ պատահէր որ մենք փոքրերս պանիրը քիչ մը աւելի դնէինք հացին վրայ, ողորմած հայրս հետեւեալ խօսքերով կը կշտամբէր մեզ՝ «Ինչ է դուն հաց ու պանիր կ՚ուտե՞ս՝ թէ պանիր ու հաց»։ Այսինքն, պանիրը առատօրէն մի՛ գործածեր։ Է՜հ, այն ժամանակ հայրս կ՚աշխատէր եւ կը պահէր չորս հոգինոց ընտանիք, որոնց երկուքը դպրոցական աշակերտներ էին… Կրնա՞ս այպանել զինք, անշուշտ ոչ! Չեմ մոռնար երբեք ողորմած հօրս խօսքերը՝ որոնք օղի պէս ականջիս դեռ կախուած մնացած են։ Ան հետեւեալ թելադրութիւնը տուաւ ինծի՝ «Տղաս, ուրիշին դրամը ծախսելը շատ դիւրին է։ Երբ դրամ շահիլ սկսիս, այն ատեն միայն պիտի գիտնաս դրամին յարգը եւ հաշիւով պիտի ծախսես»։
Կարծես «Լափալիսեան» ճշմարտութիւն էր վերոյիշեալ խօսքերը եւ երբ Ամերիկա եկայ, վերահասու դարձայ ասացուածքի մը՝ որ նմանօրինակ է այդ թելադրութեան։ Անոնք կ՚ըսեն՝ Easy come, easy go…
Հօրենական մեծ մայրս 80 տարեկանը անց էր երբ մահացաւ։ Իր ողջութեան՝ ան ուր որ երթար այցելութեան, մեզի (քրոջս եւ ինծի) կը բերէր ինչ որ հրամցուցած էին իրեն, շաքարեղէն կամ շոքոլա։ Կարծեմ այս սովորութիւնը ի գոյ է բոլոր մեծ մայրերուն մօտ։
Օր մը երբ մեծ մայրս այլեւս տկարութեան պատճառաւ այցելութեան չէր երթար, պաղպաղակ ծախողը անցաւ մեր դրան առջեւէն։ Հայրս ուզեց պաղպաղակ գնել մեզի եւ առ ի քաղաքավարութիւն մեծ մօրս ալ հարցուց, թէ ինքն ալ կ՚ուզէ՞ պաղպաղակ։ Ան այո ըսաւ եւ երբ հայրս զարմացած դիտել տուաւ, թէ պաղպաղակը փոքրերուն համար է, ան հետեւեալ ձեւով պատասխանեց՝ «Անոնք դեռ շատ ժամանակ ունին պաղպաղակ ուտելու»։ Կարծես մահուան դուռը հասած ըլլալը զգացած էր, չէ՞ք խորհիր… Մօրենական մեծ հայրս ունէր երեք բնակելի տուներ, ուր կ՚ապրէին իր եօթ աղջիկները, որոնցմէ ամուսնացածները՝ իրենց ընտանիքներով։ Հօրեղբայրս թրքախօս էր եւ հայերէն շատ քիչ գիտէր, որոնցմէ «բարեւ» բառը։ Առտու, կէսօր եւ իրիկուն՝ «բարեւ» ըսելով կ՚ողջունէր բոլորը։ Ասոր համար «չարաճճի» մօրաքոյրներս զինք անուանած էին «Բարեւ», թէեւ իր անունը Յակոբ էր։ Ուրեմն «Բարեւ»ը եկաւ եւ «Բարեւ»ը գնաց կ՚ըսէին, իրեն ակնարկելով։ Մեր տան մօտ կար Մարկոս աղբօր նպարատունը։ Գործէն վերադարձին՝ հօրեղբայրս կ՚անցնէր Մարկոս աղբօր նպարատան առջեւէն։ Հետեւեալը, ողջոյնի իրենց երկխօսութիւնն է։
Յակոբ - Բարեւ։
Մարկոս - Ի՞նչպէս են գործերը։
Յակոբ - Կէս ի կէս, այսինքն կէս ու կէս։
Մարկոս - Հերիք է կէս ի կէս ըսես։ Գործերը լաւ են ըսէ եւ փառք տուր Աստուծոյ։
Սա ինծի կը յիշեցնէ այն մեծահարուստները՝ որոնց երբ ազգային բարեսիրական հաստատութիւններէն պատուիրակներ երթան նիւթական նուիրատուութիւն խնդրելու, գործերը լաւ չեն այս տարի կ՚ըսեն եւ ձեռնունայն կը վերադարձնեն զանոնք…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան