ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆ (1856-1905)
Հայ ազգային երաժշտութեան պատմութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը ունի Մակար Եկմալեան որպէս երաժշտագէտ, ստեղծագործող, մանկավարժ ու խմբավար. առաջին հայ երաժիշտն է, որ ուսում ստացած ու վկայուած է բարձրագոյն հաստատութենէ:
Սպիրիդոն Մելիքեան (1880-1993) այսպէս է արտայայտուած Եկմալեանի մասին. «Նրա երաժշտական պատրաստութիւնը երկարաձիգ տարիների հոգեկան տանջանքների արդիւնք էր. տանջանք, որը հասարակ մահկանացուների շարքից հանելով, հայ կեանքում ամենաառաջնակարգ գործիչների շարքը դասեց, իբրեւ բազմաձայն երաժշտութեան տարածողի, իբրեւ (ազգային) վերածնութեան շրջանում երաժշտական նոր գաղափարների, նոր սկզբունքների ներմուծողի եւ գործնականապէս այդ գաղափարները իրագործողի»1:
Մակար Եկմալեան ծնած է 1856 թուականի յունուար 21-ին կամ փետրուար 2-ին Վաղարշապատի մէջ (այժմու Էջմիածին քաղաքը): Մեծ հայրը 1829-ին Ալաշկերտ շրջանի Եկմալ գիւղի կոտորածէն փախուստ տալով՝ զաւկին Գրիգորի հետ գաղթած է Վաղարշապատ:
Մակարի հայրը, զոր անուանած են «Եկմալի Գրիգոր», ունեցած է երեք զաւակ՝ Ադամ, դուստրը՝ որուն անունը մեզի ծանօթ չէ եւ կրտսերը՝ Մակար: Սկզբնական տարիներուն Եկմալեան յաճախած է ծննդավայրի ծխական դպրոցը, ուսուցիչ ունենալով Խոճա Մինասը: Մայր Աթոռի միջավայրը նպաստ հանդիսացած է, որ ան փոքր տարիքէն սէր ցուցաբերէ աշխարհիկ եւ յատկապէս հոգեւոր երաժշտութեան: Ինն տարեկանին սկսած է տեղւոյն եկեղեցիին մէջ փոխասաց շարականներու երգեցողութեան մասնակցիլ: Ծննդավայրի ծխական դպրոցը աւարտելէ վերջ, տասը տարի յաճախած է Էջմիածինի Ժառանգաւորաց վարժարանը2, ուր աշակերտած է յայտնի երաժշտագէտ, շարականագէտ Նիկողայոս Թաշճեանին: Վերջինս Պոլիսէն Էջմիածին եկած է Ամենայն Հայոց Գէորգ Դ. Կաթողիկոս Կոստանդնուպոլսեցի Քէրէստէճեանի հրաւէրով, եկեղեցական երաժշտութեան կարգաւորման աշխատանքներով զբաղելու համար, որուն շնորհիւ Եկմալեան կը վարպետանայ հայկական ձայնագրութեան մէջ եւ իր գործօն ներդրումը կ՚ունենայ Պատարագի, Շարակնոցի եւ Ժամագիրքի երաժշտութիւններու գրառման ու հրատարակման աշխատանքներուն3:
1866-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս կ՚ընտրուի Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Քէրէստէճեան (1813-1882), որ մօտէն ծանօթ էր Լիմոնճեանի ձայնագրութեան համակարգին։ Ան որպէս շարականագէտ, անմիջապէս կը ձեռնարկէ եկեղեցական երաժշտութեան կարգաւորման գործին: Լիմոնճեանի համակարգը Հայաստան ներմուծելու նպատակով, 1873-ին Գէորգ Դ. Պոլիսէն կը հրաւիրէ շարականագէտներ՝ Արիստակէս Յովհաննէսեանը, որ տարիքի բերմամբ կը հրաժարի, ապա Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դպրապետ Հաճի Կարապետ Պաղտատլեանը՝ որպէս աւանդութեանց հմուտ եւ Նիկողայոս Թաշճեանը՝ որպէս ձայնագրութեան մասնագէտ: Սակայն, եղանակներու ճշդման անհասկացողութեան հարցով Պաղտատլեան Պոլիս կը վերադառնայ: Նիկողայոս Թաշճեան, օգնական ունենալով Էջմիածնի միաբան Վահրամ Եպսկ. Մանկունին (1846-1920), յատկապէս տպագրական աշխատանքներուն, կը յաջողի ձայնագրել Պատարագը, Ժամագիրքը եւ Շարակնոցը։ Խազերը բոլորովին անգործածելի դառնալէ ետք, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երգեցողութիւնը բանաւոր փոխանցուելով ու աղաւաղուելով յայտ եկած են տեղական տարբերակներ: Հետեւաբար Ն. Թաշճեանի գրառումը եղած է Գէորգ Դ.-ի երգածէն, որուն մասնակցած է նաեւ Մակար Եկմալեան:
Այսպիսով, Հայաստանի եւ Պարսկաստանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս պարտադիր ու վաւերական կը դառնան նոյն Շարակնոցն ու եղանակները, իսկ հայկական բոլոր դպրոցներուն մէջ կը սկսին ուսուցանել Հ. Լիմոնճեանի ձայնագրութեան սկզբունքը: Գէորգ Դ. Կաթողիկոսին ջանքերով հրատարակուած նորատիպ Շարակնոցը Պոլսոյ մէջ նոյն խանդավառութիւնը չի գտներ, ինչ որ գտած էր Հայաստան: Շատ մը եղանակներ ձայնագրման ընթացքին մաքրուած ըլլալով արեւելեան աղաւաղումներէ, չէին նմաներ Պոլսոյ երաժիշտներուն ու տիրացուներուն յայտնի տարբերակներուն: Այս անգամ, Պոլսոյ մէջ Եղիա Տնտեսեան, Նիկողայոս Թաշճեանի ձայնագրած Շարակնոցի որպէս հակառակորդ, հինգ հատորով կը ձայնագրէ «Պոլսական» տառատեսակը:
1874-ին Նոկողայոս Թաշճեան վերջացնելով աշխատանքները կը վերադառնայ Պոլիս, ու Եկմալեան աւարտելով Ժառանգաւորացի ուսման շրջանը սեպտեմբեր ամսուն, կը ստանձնէ Գէորգեան ճեմարանի հայկական ձայնագրութեան ուսուցիչի պաշտօնը4:
1877-ին Գէորգ Դ. Կաթողիկոս Եկմալեանը որպէս ուշիմ եւ աշխատասէր սան, կ՚ուղարկէ Փեթերսպուրկ, տեղւոյն հայկական եկեղեցւոյ սպասաւորներուն հայկական նօթագրութիւն ուսուցանելու:
Եկմալեան Փեթերսպուրկի մէջ կ՚որոշէ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ՝ եւրոպական նօթագրութեան ու տեսութեան մէջ հմտանալու համար: Շնորհիւ հայ համայնքի եւ յատկապէս Գաբրիէլ Ա. Քհնյ. Պատկանեանի (Ռափայէլ Պատկանեանի հօր) նիւթական օժանդակութեան, երկու տարի տքնաջան աշխատանքէ ետք կ՚ընդունուի Փեթերսպուրկի Արքայական երաժշտանոցի ստեղծագործութեան ու տեսութեան բաժինը: Ուսման զուգահեռ ան վարած է տեղւոյն Սուրբ Կատարինէ հայկական եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը5:
Ուսանողական տարիներուն Եկմալեանի համար անհրաժեշտ էր տիրապետել ռուսերէն լեզուին ու ձեռք բերել դաշնամուրային կատարման մասնագիտութիւն: Տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ ան կը յաղթահարէ դժուարութիւնները ու միաժամանակ կը հմտանայ ջութակին:
1885-ին Եկմալեան կ՚ընդունուի երաժշտանոցի ստեղծագործութեան դասարանը՝ աշակերտելով Միխայիլ Ռիմսքի Քորսաքովին: Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան, ուշադրութեան կ՚արժանանայ Երաժշտանոցի տեսուչին Անթոն Ռուպիշթայնի եւ Փիոթր Չայքովսքիի: Իր ուսանողական տարիներուն սկսած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Պատարագի մշակման աշխատանքներուն:
1888-ին Եկմալեան փայլուն յաջողութեամբ կ՚աւարտէ Արքայական երաժշտանոցը ու կը ստանայ «Ազատ արուեստագէտի» վկայական: Որպէս աւարտաճառ ան կը ներկայացնէ «Ռոզայի թափառումները» կանտատը՝ մեներգողներու, երգչախումբի եւ սիմֆոնիք նուագախումբի համար յօրինուած. հիմք ունենալով Մորից Հորնի (1814-1874) համանուն հեքիաթը, որուն ներկայացումը կը կատարուի իր իսկ ղեկավարութեամբ6:
Գանթաթի գրական հեղինակ, գերմանացի բանաստեղծ Մորից Հորնի (Moritz Horn 1814-1874) «Ռոզայի թափառումները», 19-րդ դարու բովանդակութեամբ ռոմանթիք շրջանի ժողովրդական բնոյթ ունեցող հեքիաթ մըն է՝ գերեզմանափորի, ջրաղացպանի եւ անտառապահի նման հերոսներով:
Ռոզան արտաքին գեղեցկութեամբ բարեսիրտ որբ աղջիկ մըն է: Գերեզմանափորը տեղեակ ըլլալով, որ ջրաղացպանն ու կինը չեն հաշտուած իրենց աղջկան կորուստով ու Ռոզայի համար ալ լաւ պայմաններ գտնելու ցանկութեամբ վերջինս կ՚առաջնորդէ իրենց մօտ: Ջրաղացպանն ու կինը Ռոզայի մօտ կը գտնեն իրենց աղջկան նմանութիւնը ու Ռոզան ալ իր հերթին գոհ է, որ ինք նման է իրենց աղջկան: Յետագային երիտասարդ անտառապահը հանդիպելով Ռոզային իր սէրը կ՚արտայայտէ...
Դժբախտաբար այստեղ կ՚ընդհատուի տուեալ գանթաթի ձեռագիրը լրիւ չպահպանուելու պատճառով:
Փիոթր Չայքովսքիի զոյգ յանձնարարականներով՝ Եկմալեան կը մեկնի Թիֆլիզ ու 1891-էն մինչեւ 1902 թուականը երաժշտութիւն կը դասաւանդէ Ներսիսեան վարժարանէն ներս7:
Այնտեղ կը կազմակերպէ եօթանասուն անդամներէ բաղկացած արական քառաձայն երգչախումբը, զայն հասցնելով կատարողական բարձր մակարդակի, ուր առաջին անգամ կը կատարեն իր մշակած Պատարագի հատուածներէն: Տուեալ երգչախումբը կիրակի օրերուն իր մասնակցութիւնը բերած է ոչ միայն տեղւոյն մայր տաճարէն ներս, ինչպէս նաեւ տօնական առիթներով հանդէս եկած է աշխարհիկ երգերու ծրագրերով:
1892-ին Եկմալեան կ՚ամբողջացնէ Պատարագի դաշնաւորման աշխատանքները, ապա նոյն տարուայ վերջաւորութեան կը մեկնի Փեթերսպուրկ՝ Արքայական երաժշտանոցի ու պալատի հոգեւոր երգչախումբի գեղարուեստական խորհուրդներու դատական կազմին ներկայացնելու տուեալ աշխատանքը:
Երկու խորհուրդներն ալ բարձր գնահատելով ներդաշնակեալ Պատարագի գեղարուեստական արժանիքները՝ հետեւեալ վկայագրերով կը հաստատեն զայն.
Ա.
Երաժշտական ճեմարանը (Կոնսերվատորիան) որ ի Ս. Փեթերսպուրկ վկայագրով յ19 Յունուարի 1893 ամի Թ. 61 յայտնէ, եթէ Գեղարուեստական խորհրդոյ ճեմարանին քննեալ վերահասու եղեւ, զի Ներդաշնակութիւնքս երգեցողութեանց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կանոնաւորք են եւ քաղցրալուրք, պատշաճաւորք ոճոյ եկեղեցական երաժշտութեան դրուատեաց արժանաւորք:
Բ.
Երաժշտանոցն Պալատան (Կապելլայն) վկայագրով յ13 Յունուարի 1893 ամի Թ. 12 յայտնէ, եթէ Եկեղեցական երգեցողութիւնքս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, ներդաշնակեալք յերիս եւ ի չորիս ձայնս՝ ըստ քննութեան եկեղեցական-երաժշտական գրաքննութեան Երաժշտանոցին՝ կանոնաւորք են ըստ ոճոյ ներդաշնակութեան եւ վայելուչք ի պաշտել յեկեղեցւոց8:
Վերադառնալով Թիֆլիզ 1893-ին, պաշտօնի կը կոչուի Ռուսական արքայական երաժշտական ընկերութեան Թիֆլիզի բաժնի ուսումնարանէն ներս՝ ոչ թէ որպէս ուսուցիչ, այլեւ կը ստանձնէ տնօրէնի պաշտօնը, փոխարինելով Միխայիլ Իպոլիտով-Իվանովին: Մէկ տարի անց ուսումնարանի տեղական բաժնի նորընտիր կազմի անդամներէն Կոնստանդին Միխայիլովիչ Ալիխանեան Եկմալեանը պաշտօնէն կ՚արձակէ, պատրուակելով որպէս անհաշտ եւ դիւրագրգիռ անձնաւորութիւն, այս պատճառը վերջինս ներքին խմբակցութիւններուն հակում չցուցաբերած ըլլալն է եղած9:
Եկմալեան իր բոլոր ուժերը կեդրոնացնելով Ներսիսեան վարժարանի երգչախումբին վրայ, զայն կը հասցնէ աննախադէպ յաջողութիւններու:
1895-ին Վրաստանի եւ Իմերեթի (Ցարական Ռուսաստանի մարզ. Հարաւային Կովկասի արեւելեան կողմը 1840-1846: Արեւմուտքէն սահմանակից Թիֆլիզ քաղաքին եւ Արեւելքէն սահմանակից Պարսկաստանի ու Օսմանեան կայսրութեան) առաջնորդ Գէորգ Արք. Սուրէնեանցի միջնորդութեամբ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանի յատուկ Հայրապետական կոնդակով Հայաստանեայց Եկեղեցին պաշտօնապէս կ՚ընդունի Եկմալեանի մշակած Պատարագը եւ այսպէսով պաշտօնապէս սկիզբ կը դրուի Պատարագի բազմաձայն կատարման:
1896-ին «Երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագ»ի տպագրական հարցով Եկմալեան կը մեկնի Լայփցիկ, Գերմանիա, վերահսկելու տեղւոյն Պրայթքօփֆ եւ Հերթել հրատարակչատան աշխատանքները10:
Շնորհիւ իր ընկերոջ՝ գիտնական Ստեփան Մալխասեանցի միջնորդութեան, տուեալ հրատարակութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնը. ձայնագրութեան տակ հայերէն տառերը շարելու գործին, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն գրական բնագրերու բաժնին: Շնորհիւ Գրիգոր Մեղվինեանի մեկենասութեան, Թիֆլիզի մէջ կը հրատարակուի Եկմալեանի ներդաշնակած «Երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագ»ը՝ Ստեփան Մալխասեանցի նախաբանով: Հեղինակի Պատարագը մշակուած է երեք տարբերակներով՝ արական եռաձայն, արական քառաձայն, երկսեռ քառաձայն խումբերու եւ մենակատարներու համար նուագարանի ընկերակցութեամբ: Եկմալեան Պատարագի մշակման համար որպէս հիմք օգտագործած է Էջմիածնի ու Պոլսոյ երգեցողութեան տարբերակները:
Նախքան Մակար Եկմալեան, Պատարագի մշակումով զբաղած է նաեւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզա (1853-1902), Գէորգեան ճեմարանի երաժշտութեան պաշտօնը վարած ընթացքին: Գրիգոր Փիտէճեան իր Քրիստափոր Կարա-Մուրզա ուսումնասիրութեան մէջ կը գրէ՝ «Կարա-Մուրզա բացի հոգեւոր երգերէ եւ շարականներէ, մշակած է նաեւ պատարագներ: Հիմք ունենալով արխիւային ձեռագրերու այլ տարբերակներու հատուածներ»11:
Հակառակ Վեհափառ Հօր եւ ուսանողներու իր նկատմամբ ցուցաբերած գնահատանքին, պահպանողական հոգեւորականներ, բազմաձայն երգեցողութեան գաղափարը չընդունելով բողոք կը ներկայացնեն Վեհափառին, Կարա-Մուրզան պաշտօնէն հեռացնել. պատրուակելով, որ Աստուած մէկ է, հետեւաբար երգեցողութիւնը պէտք է կատարուի միաձայն12:
Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի Պատարագը առաջին անգամ հրատարակուած Երեւան 2013-ին Գրիգոր Փիտէճեանի խմբագրութեամբ եւ Երեւանի Պետական կամերային (սենեկային) խտասալիկի ձայնագրութեամբ՝ ղեկավարութեամբ Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յարութիւն Թօփիկեանի13:
Տեղին է այստեղ նշել Կարա-Մուրզայի գնահատագիրը ուղղուած Մակար Եկմալեանի Պատարագի կապակցութեամբ՝ «Կը ցանկանայի այս րոպէին Ձեզ մօտ լինել եւ անձամբ յաջողութիւն շնորհաւորելով՝ յայտնել Ձեզ իմ թէ՛ հրճուանքը, որ ես ստացայ Ձեր Պատարագը ուսումնասիրելիս, խմբին սորվեցնելիս եւ հեռուից լսելիս:
«Ձեր գրուածքը թէ՛ հիանալի է եւ թէ՛ զարմանալի-հիանալի ներդաշնակութիւն է լսւում ամէն տեղ եւ զարմանալի գեղարուեստական հմտութեամբ գրուած է ամէն բան:
«Ինքը՝ աշխատութիւնը շատ մեծ է եւ մեծ էլ տոկունութիւն էք գործ դրել, առանց որոյ ես համարում եմ գրեթէ անկարելի այսպիսի խոշոր երկ այդքան ճշդութեամբ լոյս ընծայել: Անձամբ շատ բան կարող էի ասել, բայց այժմ այսքան կ՚ասեմ, որ դրանով Դուք պէտք է պարծենաք, դա Ձեր գլուխ գործոցն է, դրանով Դուք Ձեր հեղինակութիւնը անմահացրիք եւ որն գլխաւորն է՝ ազգին մատուցեցիք այն մեծ ծառայութիւնը, որոյ ծարաւը գնալով ամէն րոպէ զգալի էր լինում: Պէտք է աշխատել եւ ամէն ջանք գործ դնել, որ ինչքան կարելի է շուտ եւ շատ տարածուի այդ Պատարագը ամէն տեղ: Ցանկանում եմ ձեզ շատ շուտով տեսնել եւ լսել, որ արդէն իբրեւ պահանջ ամէն տեղ սովորում են եւ ամէն տեղ Պատարագի արարողութեան երգեցողութիւնը մի տեսակ է՝ Եկմալեանին է»14:
Աւելի ուշ Եկմալեանի Պատարագի կապակցութեամբ իրենց բարձր գնահատականներն տուած են Ֆերենզ Լիսցթ (Feranz Liszt 1811-1886), Ճիւզեփփէ Վերտի (Giuseppe Verdi 1785-1867), Քամիյ Սեն-Սանս (Camille Saint-Säens 1835-1921) եւ Լուի-Ալպեռ Պուրկոլ-Տիւքուտրէյ (Louis-Albert Bourgault-Ducoudray 1840-1910)15:
Բացի Պատարագի աշխատասիրութենէն, մեծ եղած է Եկմալեանի դերը ազգային երաժշտութեան մշակման գործին, որոնց թիւին մաս կը կազմեն բազմաթիւ ժողովրդական, քաղաքային, աշուղական ազգային բնոյթ ունեցող երգեր. ինչպէս՝ Ջանգիւլում, Ծաղիկ ասեմ ու շարեմ, Քէլէ, Քէլէ Քէլքով աղջիկ, Պլպուլն Աւարայրի Ալիշանի, Տէ՛ր կեցո՛դ ու զհայս Մեսրոպ Թաղիադեանի, Լռեց: Ամպերը... Ռափայէլ Պատկանեանի, Կէցցէ Զէյթուն Յ. Չաքրեանի բանաստեղծութիւններով, Բոյդ բարձր աշուղ Միսկինի, Ծամերդ, ծամերդ եւ Պաղ աղբիւրի մօտ աշուղ Ջիւանիի երգերով16:
Երգչախմբային ստեղծագործութիւններու կողքին Եկմալեան զբաղած է նաեւ ռուսական ու եւրոպական շրջանի ոճի երգերով ու դաշնամուրային յօրինումներով՝ Գիշերերգ (Nocturne), Երգ առանց խօսքի, հայկական ժողովրդական ու աշուղական բնոյթ ունեցող դաշնամուրային յօրինումներ եւ այլն...17
Եկմալեան ուսանողական տարիներուն՝ 1886-ին դաշնաւորած է մանկական հայկական, գերմանական եւ ինքնուրոյն 27 երգեր դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, որոնցմէ են՝ Հովուի անկողինը, Վիճակի երգեր, աշուղ Ջիւանիի Այծեմնիկ ու Որսկան երգերը: 1887-ին Ղազարոս Քհնյ. Յովսէփեան կազմելով տուեալ երգերը «Քնարիկ մանկական» խորագրով, կը հրատարակէ Փեթերսպուրկի մէջ:
Այս երգերու առումով այսպէս անդրադարձած է Եկմալեան «Քնարիկ մանկական» հրատարակութեան մէջ. «Այդ եղանակները մասամբ հաւաքուած լինելով ժողովրդի բերանից եւ ուրիշ աղբիւրներից շատ անգամ զուրկ էին երաժշտութեան տարրական օրէնքների պահանջած պայմաններից, որով եւ անհնար էր նոցա համար կազմել կանոնաւոր ներդաշնակութիւնը կարելի անելու համար (եւ նոյնիսկ եղանակները կանոնաւորելու համար) մենք թոյլ ենք տուել մեզ անել կարեւոր եղանակների մէջ, եւ յոյս ունենք, թէ այս փոփոխութիւնները չպիտի համարուեն կատարուած ի վնաս ամբողջի կանոնաւորութեան եւ գեղեցկութեան»18:
Հեշտ չէ եղած Եկմալեանի պաշտօնավարած տարիները Ներսիսեան դպրոցէն ներս: Ընդդիմակից պաշտօնակիցներուն անազնիւ կեցուածքին պատճառով ան կը կորսնցնէ իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը ու կը հեռանայ շրջապատէն: Խրիմեան Կաթողիկոսի հրամանով պաշտօնէն կը հեռացուի՝ այդ շրջանի Ներսիսեան դպրոցի տեսուչ Ս. Բալազեան: Դժբախտաբար Եկմալեանի առողջութիւնը արդէն իսկ քայքայուած էր:
Կեանքի վերջին շրջանին երբ Եկմալեանի առողջական վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ, յատուկ հոգատարութեամբ կը զբաղի աւագ եղբայրը՝ Ադամ, զինք բուժելու նպատակով կը դիմէ բժշկական միջոցներու, զայն տանելով Էջմիածին, Ալեքսանդրապոլ, Կարս, Օտեսա, Խարքով, սակայն անօգուտ կը վերադառնան Թիֆլիզ:
Երեք տարուայ ծանր հոգեվիճակէն վերջ 1905 թուականի մարտ 5-ին Եկմալեան կը մահանայ ու կը թաղուի Թիֆլիզի Խոջեվանքի գերեզմանատունը:
Դժբախտաբար հարազատները անխոհեմ գտնուելով ձեռագրերը վաճառած են ըստ կշիռի ծանրութեան, որպէս աւելորդ հնոտի թուղթ: Կորուստէ փրկուած են այն ձեռագրերը, որոնք պահպանուած են իր աշակերտներուն մօտ:
19-րդ դարու հայ երաժշտական պատմութեան մէջ Եկմալեանի գործունէութիւնը նշանաւոր դարձաւ յատկապէս խմբերգային արուեստի մասնագիտական մակարդակի բարձրացմամբ:
Երկար մանկավարժական տարիներու ընթացքին շատեր Եկմալեանի շունչով դաստիարակուած, աշակերտած ու յետագային դարձած են ազգային երաժշտութեան ռահվիրաներ. օրինակ՝ Տիգրան Նալպանտեան՝ հայ օփերային երգիչ (1878-1954), Արմենակ Շահմուրատեան՝ օփերային երգիչ (1878-1939), Մուշեղ Աղայեան՝ երաժիշտ-մանկավարժ-երգիչ (1883-1966), Արամ Տէր-Յովհաննիսեան՝ խմբավար (1886-1970), Ազատ Մանուկեան՝ երաժիշտ-երգահան-մանկավարժ-խմբավար (1878-1958), Անտոն Մայիլեան՝ երաժիշտ-երգահան-մանկավարժ (1880-1942) եւ աւելի ուշ Արմէն Տիգրանեան՝ երգահան-խմբավար (1879-1950) ու Կոմիտաս Վարդապետ՝ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ, բանահաւաք, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիր (1869-1935):
Կոմիտաս Վարդապետ հետեւեալ տողերով գնահատած է իր ուսուցիչը՝ «Յարգելի երաժիշտ մեր պարոն Եկմալեանը մեր երգեցողութեան ամայի անդաստանին մէջ անդրանիկ բուրաստանը տնկեց: Սրտանց ուրախ ենք, որ հայերս ալ կարող ենք պարծենալ. թէ՝ մենք էլ յետ չենք մնացել գեղարուեստի եւ կատարելագոյն երաժշտութեան զարգացումից»:
Եկմալեանի երգերը, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ անբաժանելի մասը դարձած են երգչախումբերու ծրագիրներուն, իսկ գալով իր ներդաշնակեալ Պատարագին՝ կարելի է ըսել, որ այս մէկը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ այն երաժշտութիւններէն մէկն է, որուն միջոցաւ կրնանք Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ:
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Ապագայ», Գանատա
1 Նիկողոս Թահմիզեան, Մակար Եկմալեան, Երեւան 1981 էջ 16:
2 Էջմիածինի Ժառանգաւորաց վարժարանը հիմնուած է Սիմէոն Ա. Երեւանցի (1710-1780) Կաթողիկոսի կողմէ: Վարժարանը 1882-ին կը միացուի Գէորգեան ճեմարանին եւ կը կոչուի Ժառանգաւորաց հոգեւոր ճեմարան, իսկ յետագային հիմնադրի անունով կը վերանուանուի՝ Գէորգեան ճեմարան։
3 Սամուէլ Քէօշկէրեան, Հայ Հոգեւոր Երաժշտութեան Պատմութեան Հետքերով (Բ. Մաս) Լոյս Կրօնական, Եկեղեցագիտական եւ Գրային պաշտօնական երկամսաթերթ Գանատայի Առաջնորդութեան, Յունուար-Փետրուար Դ. Տարի, թիւ 3, 2004 էջ 13:
4 Ռուսաստանի Ալեքսանդր Բ. ցարին արտօնութեամբ 1866-ին Գէորգ Դ. Կաթողիկոս Կոստանդնուպոլսեցի կը հիմնէ Գէորգեան ճեմարանը՝ դասարանական վեցամեայ եւ լսարանական երեքամեայ բաժիններով, որուն բացումը կը կատարուի 1869-ին: Մինչեւ ճեմարանի շրջանաւարտներուն Երեւանի Պետական համալսարան հիմնելը, Գէորգեան ճեմարանը եղած է միակ այն ուսումնական բարձրագոյն կրթարանը, ուր ուսած են նաեւ հեռաւոր երկիրներէ ուսանողներ: 1917-ի քաղաքական պայմաններու հետեւանքով Գէորգ Ե. Սուրենեանց Կաթողիկոսի որոշումով դասընթացքները առժամանակ դադրեցուած են եւ 1945-ին Գէորգ Զ. Չէօրէքճեանի ջանքերով ճեմարանը կը վերաբացուի:
5 1770 թուականի մայիսի 2-ին հայկական համայնքի ղեկավար Յովհաննէս Լազարեանի խնդրանքով Ռուսաստանի Կատարինէ Բ. կայսրուհիի հրամանով Փեթերսպուրկի առեւտրական ու զինուորական հայերուն համար կը թոյլատրէ եկեղեցիներ կառուցել Փեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի մէջ։ Երեք շաբաթ անց կայսրուհին Նեվայի պողոտայի մօտ եկեղեցւոյ համար կը յատկացնէ տարածութիւն։
Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կը կատարուի Յ. Ֆելտենի նախագիծով, որ կ՚աւարտի 1776-ին: Եկեղեցին կառուցուած է հաւատացեալներու նուիրատուութիւններով եւ արժած՝ 33 հազար ռուբլի: 1930 մայիսին եկեղեցին, մեզի յայտնի քաղաքական պատճառներով, կը փակուի եւ 1990-ին հայկական համայնքի խնդրանքով եկեղեցին կը վերադարձուի, ապա 1993 մարտ 14-ին կը մատուցուի առաջին Պատարագը:
6 Մի քանի խօսք կանտատի եւ նիւթին մասին՝ Cantata - Գանթաթա իտալերէն բառ է, որ կը նշանակէ նուագով երգ, այսինքն առանձնապէս ձայնի կամ ձայներու ու նուագարաններու համար յօրինումներ, որոնք սկիզբ առած են 17-րդ դարուն Իտալիոյ մէջ աշխարհիկ եւ կրօնական նիւթերով: Սկզբնական շրջանին եղած է մենակատարի եւ գործիքային նուազագոյն ընկերակցումով, իսկ յետագային մշակուած է պատմողական ասոյթներով, երգչախմբային ու ասմունքային նուագ բաժիններով. այսինքն Recitative-ներով:
7 «Ներսիսեան Հայոց Դպրոցը» եղած է Անդրկովկասի հայկական առաջին միջնակարգ դպրոցը, հիմնուած է Թիֆլիզի մէջ 1824-ին, Վրաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Ներսէս Աշտարակեցիի նախաձեռնութեամբ, որ յետագային հիմնադրի անունով ալ կոչուած է Ներսիսեան դպրոց ու ամբողջ դար մը հանդիսացած է հայկական մշակոյթի փայլուն օճախ-ներէն մէկը՝ կարեւոր դեր կատարելով հայ իրականութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Նորաստեղծ դպրոցի առաջին տեսուչը եղած է բանաստեղծ Յարութիւն Ալամդարան (1795-1834):
Երկար է հայ մշակոյթի ռահվիրաներուն այն շարքը, որոնց շունչ տուած է Ներսիսեան դպրոցը իր գոյութեան հարիւր տարուայ ընթացքին (1824-1924). ինչպիսիք են՝ Խաչատուր Աբովեան (1809-1848), Ստեփանոս Նազարեան (1812-1879), Գալուստ Շերմազանեան (1807-1891), Պերճ Պռօշեան (1837-1907), Ղազարոս Աղայեան (1840-1911), Յովհաննէս Թումանեան (1869-1923), Երուանդ Լալայեան (1864-1931), Նիկոլ Աղբալեան (1875-1947), Դերենիկ Դեմիրճեան (1877-1956), եւ այլ ականաւոր գործիչներ:
8 եկեղեցւոց մէջ
9 Ծնունդով հայ, Կոնստանդին Միխայլովիչ Ալիխանով - Ալիխանեան (1849-1931) ուսումը ստացած է Փեթերսպուրկի իրաւաբանական կաճառին ու երաժշտանոցին մէջ: Աւարտելով ուսումը կը վերադառնայ Թիֆլիզ ու երգչուհի Հ. Ի. Սավանելիի եւ երգչախումբի ղեկավար Ա. Ի. Միզանդարիի հետ միասին կը հիմնէ Վրաստանի առաջին երաժշտական դպրոցը, որ աւելի ուշ կը կոչուի Ռուսական արքայական երաժշտական ընկերութեան Թիֆլիզի բաժնի ուսումնարան:
10 Պրայթքօփֆ եւ Հերթել (Breitkopf und Härtel, in Leipsig) հրատարակչատունը հիմնուած է 1719-ին Լայփցիքի մէջ, Պենհարտ Քրիսթօֆ Պրայթքօփֆի կողմէ: Հերթել անուանումը աւելցուած է յետագային, երբ 1795-ին ընկերութիւնը ստանձնած է Կոթֆրիտ Քրիսթօֆ Հերթելը, որ մինչեւ օրս ալ կը գործէ ժամանակից երաժիշտներու գործերը հրատարակելով: Այնտեղ հրատարակուած են նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի գործերու առաջին տպագրութիւնները:
11 Գրիգոր Փիտէճեան, Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, Երեւան 2013, էջ 143:
12 Տե՛ս նոյն, անդ էջ 95:
13 Տե՛ս նոյն, անդ, էջ CCLI - CCXXV:
14 Տե՛ս նոյն, անդ, էջ 152
15 Եկմալեան ուսումը Փեթերսպուրկի մէջ ստացած ըլլալուն, իր մշակումները կատարած է ռուսական համահնչիւնային (homophonic) դաշնակային (harmonic) տեսութեամբ, ուր տուեալ երգը կը բաղկանայ մէկ մեղեդիէ, որուն կ՚աջակցին մէկ կամ մի քանի լրացուցիչ ձայներ: Ի տարբերութիւն Կոմիտաս Վարդապետի մշակումներուն՝ վերջինս յարմար դասած է, որ հայ միաձայն (monophonic) երաժշտութեան համար օգտագործելու է բազմաձայնութեան (polyphonic) դաշնակային (harmonic) տեսութիւնը, ուր տողերը կը շարժուին չափածոյ (rhythmic) եւ մեղեդային անկախութեամբ. կազմելու համար հաւասարաչափ հիւսուածք:
16 Մակար Եկմալեան, Խմբերգեր եւ Մեներգեր (Երեւան, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիա Արուեստի Ինստիտուտ, 1970):
17 Հայկ Աւագեան, Մակար Եկմալեան, դաշնակի ստեղծագործութիւններ, Գահիրէ 2000:
18 Մակար Եկմալեան, Մուրադեան Մատթէոս, Հայկական Երաժշտական Մշակոյթի Պատմութիւն, Հատոր 2, Երեւան 1970 էջ 258-259: