ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Է.
Ասկէ ետք Աւետարանիչը կը ճառէ հերձուածներուն մասին, որ այս խօսքերուն պատճառով՝ ժողովուրդին մէջ ինկաւ:
Խօսք. «Ոմանք կ՚ըսէին ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն» (տե՛ս Յհ 7.40):
Մեկնութիւն. Ժողովուրդէն ոմանք, որոնք կատարեալ հաւատացեալներ էին, անոնք զՅիսուս Քրիստոս կ՚ըսէին եւ անոնք, որոնք հաւատքի մէջ կատարեալ չէին, անոնք զԻնք մարգարէ կը կոչէին, եզական մարգարէն, որու մասին Մովսէս խօսեցաւ, հրեաներէն ոմանք կը հակառակէին ու կ՚ըսէին, որ Քրիստոսը չէ Ինք:
Խօսք. «Միթէ Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը» (Յհ 7.41):
Մեկնութիւն. Տգիտութիւնն ու սուտը յայտնի կ՚երեւի, որ վերջին խօսքը առաջինը սուտը կը հանէ, ինչպէս Մեկնիչդ երեք կերպով կը յայտնէ.
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Սուրբ Գիրքը չ՚ըսե՞ր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի սերունդէն, Բեթղեհէմէն պիտի գայ Քրիստոս» (տե՛ս Յհ 7.42):
Մեկնութիւն. Այստեղ երեք հարցումներ կը յառաջանան:
Առաջին. Թէ ո՞ւրկէ գիտենք, որ Քրիստոս Դաւիթի սերունդէն է:
Պատասխան. Բազմաթիւ են վկայութիւնները Քրիստոսի մասին մարգարէներուն մօտ. իսկ թէ Դաւիթի սերունդէն է, վեց վկայութիւններով ցոյց կը տրուի. նախ՝ Միքիան կ՚ըսէ. «Եւ դուն Բեթղեհէմ, Յուդայի երկիր, քեզմէ Ինծի իշխան մը պիտի ելլէ» (տե՛ս Մք 5.2), եւ այլն: Երկրորդ՝ Երեմիան կ՚ըսէ. «Դաւիթէն արդարութեան բոյս մը պիտի հանեմ, որ իմաստուն պիտի ըլլայ ու պիտի թագաւորէ, եւ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի մէջ, եւ Անոր օրով Յուդան պիտի փրկուի, եւ Իսրայէլը յոյսով պիտի բնակի» (տե՛ս Եր 23.5-6): Երրորդ՝ Եսային կ՚ըսէ. «Յեսէի արմատէն գաւազան մը պիտի բխի» (Ես 11.1), եւ այլն: Չորրորդ՝ ինք՝ Դաւիթ, կ՚ըսէ. «Տէրը երդում տուաւ Դաւիթին [ճշմարտութեամբ եւ չստեց անոր], քու որովայնիդ պտուղէն աթոռիդ վրայ [թագաւոր] պիտի նստեցնեմ» (Սղ 131.11): Եւ որպէսզի չկարծէ թէ Սողոմոնի համար է, կ՚ըսէ. «Անոր զաւակը յաւիտեան պիտի մնայ [թագաւորէ], իսկ անոր աթոռը՝ ինչպէս արեգակը» (Սղ 88.37): Հինգերորդ՝ ասկէ յայտնի է Քրիստոսի համար, որ կ՚ըսէին, թէ առ հասարակ՝ Դաւիթը պիտի գայ, Դաւիթը պիտի յայտնուի: Եւ վեցերորդ՝ եւս յայտնի է, երբ Մարիամ Դաւիթի սերունդէն էր, եւ քանի որ Յովակիմի դուստրն էր եւ թէ Յովսէփին նշանուած էր, պէտք էր, որ Մարիամէն ծնածը Դաւիթի սերունդէն ըլլար:
Երկրորդ. Ինչպէ՞ս չէին գիտեր, որ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է:
Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ՝ նախանձի եւ հակառակութեան պատճառով ծածուկ կը պահէին, թէեւ գիտէին: Երկրորդ՝ երկար ժամանակ Նազարէթի մէջ բնակելուն պատճառով, որ Յուդայի երկրէն դուրս կը գտնուէր: Երրորդ՝ աղքատութեան եւ խոնարհութեան համար կ՚ըսէին՝ թէ Քրիստոսը չէ:
Երրորդ հարցում. Քրիստոս ինչո՞ւ համար Իր մասին եղած վկայութիւնները չըսաւ:
Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ գիտէր, թէ պիտի չընդունէին եւ օգտուէին: Երկրորդ՝ որովհետեւ անարժան էին, ինչպէս Եսային կ՚ըսէ. «Տեսնելով պիտի տեսնեն ու չտեսնեն, որովհետեւ [այդ] ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ» (Ես 6.9-10): Երրորդ՝ քանի որ անոնք կ՚ուզէին քրիստոնէական մեծագոյն հիմքերը հալածել, վայել չէր անոնց նոյնիսկ հաւատքի չնչին նշոյլն անգամ յայտնել անոնց, թէ Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ եւ Նազարէթի մէջ սնունդ առաւ, որպէսզի քօղարկուած մնայ չար մարդոցմէ: Չորրորդ՝ քանի որ վայել չէր, թէ Քրիստոս Ինքն Իր մասին ըսէր, թէ թագաւորական սերունդէ ծնած էր, որովհետեւ պէտք էր վկաներով փորձել, իսկ անոնք իրենց չարութեամբ կրնային վկաներուն հակառակիլ:
Խօսք. «Տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ» (Յհ 7.43):
Մեկնութիւն. Եւ գիտելի է, թէ Քրիստոս կրնար այնպէս գալ, որ հակառակութիւն չըլլար, սակայն վայել չէր՝ երկու պատճառով. նախ՝ ինչպէս արեգակին լոյսը խաւարին հետ խաղաղութիւն չ՚ըներ, եւ բժշկութեան դեղը ցաւերուն հետ չի միաբանիր, այլ՝ կը մերժէ, այդպէս ալ Քրիստոսի աշխարհ գալը, ինչպէս Ի՛նք ըսաւ. «Չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր» (Մտ 10.34): Երկրորդ՝ եթէ այդպէս եկած ըլլար, հերձուած եւ հակառակութիւն չէր ըլլար, եւ այդ ատեն հաւատքի ծաղիկը եւ քաջերուն առաքինութիւնն ու բարին չէին երեւար:
Խօսք. «Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել» (Յհ 7.44):
Մեկնութիւն. Ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, չորս պատճառով չէին կրնար բռնել զինք. նախ՝ որովհետեւ ժողովուրդին սարսափը անոնց վրայ կ՚ըլլար: Երկրորդ՝ Քրիստոսի հայցուածի ահէն սարսեցան: Երրորդ՝ երբեմն կը պատահէր, որ չարութիւններուն կամքը կը փոխուէր: Չորրորդ՝ երբեմն անոնց զգայարանքները, ձեռքն ու ոտքը կը դողային, նենգութեամբ Քրիստոսի մօտենալու:
Խօսք. «Երբ սպասաւորները այնտեղէն եկան, ասոնք անոնց հարցուցին, ինչո՞ւ զինք այստեղ չբերիք» (տե՛ս Յհ 7.45):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ այդ պատճառով ղրկեցին զանոնք՝ որպէսզի բռնեն զԻնք:
Խօսք. «Անոնք ըսին. այդ մարդուն նման ո՛չ ոք խօսած է երբեւէ» (տե՛ս Յհ 7.46):
Մեկնութիւն. Ասիկա չորրորդն է, որ վարդապետութենէն ցոյց կը տրուի, թէ Քրիստոս Աստուած է. սպասաւորներուն վկայութենէն, թէ՝ «այդ մարդուն նման ո՛չ ոք խօսած է երբեւէ», իբրեւ թէ ըսել, «այնպէս գեղեցիկ կը խօսի, այնքան որ պարզ մարդ չ՚երեւիր, այլ՝ մարդէն գեր ի վեր»: Ասկէ կ՚երեւի, որ Քրիստոս սպասաւորներուն այլ բաներու մասին ալ ըսաւ, եւ անոնք խօսելու կերպին մասին կ՚ըսեն, սակայն ըսուածը չեն յիշեր, թէ այս ինչ բանը խօսեցաւ:
Տե՛ս, նախ զինուորներ էին, երկրորդ՝ կաշառուածներ, երրորդ՝ հեթանոսներ, չորրորդ՝ Օրէնքը չէին գիտեր, հինգերորդ՝ նշանները չէին տեսած, վեցերորդ՝ ո՛չ ալ երկար ուսուցանելը, եւ այդպէս փութով հաւատացին, իսկ քահանաները այս բոլորին հակառակ ու չհաւատացին Քրիստոսի:
Խօսք. «Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք» (Յհ 7.47):
Մեկնութիւն. Անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատացին, մոլորուած կ՚ըսէին, յայտնի է, թէ բարիին չար կ՚ըսեն եւ լոյսին՝ խաւար, եւ ատով ցոյց կու տային, թէ փարիսեցիները, որոնք կրօնաւորներ ու դպիրներ էին, չէին հաւատար Անոր, այլ՝ տգէտ ու յիմար ժողովուրդը, այդ պատճառով կ՚ըսեն.
Խօսք. «Իշխանաւորներէն մէկը հաւատա՞ց Անոր. միայն տգէտ ամբոխը հաւատաց» (տե՛ս Յհ 7.48-49):
Մեկնութիւն. Եւ սուտ են, որովհետեւ Նիկոդեմոսը իշխան էր, վարդապետ ու հաւատացեալ, ու բազմաթիւ ուրիշներ ծածուկ կերպով հաւատացեալներ էին: Խաժամուժ խառնիճաղանճ ամբողխն է, որոնք ծերեր ու տղաներ կ՚ըլլան, իսկ ծերերը քան տղաները աւելի անմիտ, որոնք ոչ գիր գիտեն եւ ո՛չ ալ Օրէնք:
Խօսք. «…նզովուած են» (Յհ 7.49):
Մեկնութիւն. Ինչպէս Օրէնքին մէջ գրուած էր. «Անիծուած ըլլայ [իւրաքանչիւր մարդ], որ օրէնքներուն խօսքերը չի՛ պահեր» (տե՛ս Բ. Օր 27.26):
Խօսք. «Նիկոդեմոս, փարիսեցիներէն մէկը, ըսաւ անոնց» (տե՛ս Յհ 7.50):
Մեկնութիւն. Մէկն էր ըստ իշխանութեան, որովհետեւ եպիսկոպոս էր եւ վարդապետ (ուսուցիչ), այլ՝ ո՛չ թէ ըստ չարութեան, քանի որ ան հաւատացեալ էր ու բարեմիտ, իսկ անոնք՝ չար ու անհաւատ:
Խօսք. «Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞» (Յհ 7.51):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ որովհետեւ նախ կը հարցնեն ու վկաներ կը կանգնեցնեն եւ ապա կը դատապարտեն: Այս բանը իմաստութեամբ կ՚ըսէր, որպէսզի անոնք համաձայնին զՔրիստոս կանչել եւ Անկէ լսել: Միթէ՞ կը հաւատային, ինչպէս ինք հաւատացած էր, իսկ անոնք խրատը չընդունեցին, այլ՝ բարկացան:
Խօսք. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես» (Յհ 7.52):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ Գալիլիացիին աշակերտ ես, որովհետեւ նախատինքով կ՚ըսէին:
Խօսք. «Գալիլիայէն մարգարէ չ՚ելլեր» (Յհ 7.52):
Մեկնութիւն. Եւ սուտ կ՚ըսեն, որովհետեւ մարգարէներէն շատերը այնտեղէն էին, ինչպէս Եղիսէն, Տուբիասը եւ Դեբովրան, կրնայ ըլլալ որ ուրիշներ եւս, իսկ թէ եզական Մարգարէին համար կ՚ըսէին, որ Մեսիան էր, ըստ այսմ ալ սուտ են, քանի որ Եսային գրած է, թէ Քրիստոս Նազովրեցի պիտի կոչուի: Ու յայտնի է, թէ գալիլիացի կ՚ըլլար, որովհետեւ Նազարէթը Գալիլիայի մէջ էր, քանի որ ըստ եբրայական թարգմանութեան այսպէս գրուած է Եսայիի 11-րդ գլուխին մէջ. «Նազովրեցին այնտեղի արմատէն պիտի ելլէ» (հմմտ. Ես 11.1), եւ այս վկայութիւնը Նիկոդեմոսը կրնար մէջբերել, որովհետեւ օրէնսգէտ էր, սակայն չհամարձակեցաւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 76
Վաղարշապատ