ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆՍ ՅՈՒՇԵՐԷՆ

Թէեւ մարդ արարածը ընդհանրապէս իր մանկութիւնը չի յիշեր, սակայն իր ծնողքը եւ կամ մօտիկ բարեկամներ այդ յուշերը՝ ըլլան անոնք դրական թէ բացասական, իրեն կը հաղորդեն՝ երբ ան մեծնայ եւ հասկնալ սկսի։ Իմ այդ քաղցր յուշերէն երկուքը կ՚ուզեմ բաժնել այսօր մեր ընթերցողներուն հետ։

Երուսաղէմի իմ մանկութենէս այդ երկու դէպքերէն երկրորդը՝ երկար մնաց իմ յիշողութեանս մէջ, որովհետեւ ան ակամայ իմ կեանքս հիմնովին յեղաշրջեց։ Երուսաղէմ՝ մենք կը բնակէինք Հայոց վանքի (տես նկարը) Շորայ թաղին մէջ, տասնեակ մը այլ ընտանիքներու հետ։ Հոն կար երկար բակ մը, որուն երկու կողմերը կը գտնուէին բնակելի սենեակները։

ԴԷՊՔ ԱՌԱՋԻՆ

Ծնողքս կը պատմէր, թէ երբ քալելու ելայ, սկսայ կաղալ։ Հայրս զիս բժիշկի կը տանի եւ ան ախտաճանաչում կատարելէ եւ հարկ եղած դարմանումը ի գործ դնելէ ետք, մէջքէս վար երկու ոտքերս կը պատէ գաճով։ Ըստ բժիշկին՝ երկու կողմերուս ազդրի ոսկորներու վերի մասը որ գնդակի ձեւ ունի (hip bone balls), իրենց խոռոչէն (socket) շարժած էին, ինչ որ պատճառ կը դառնար որ ես կաղայի։

Մէկուկէս տարի ոտքերս գաճի մէջ մնալէ ետք, բուժուեցայ եւ սկսայ կանոնաւոր կերպով քալել։ Այս բոլորը սակայն ես չեմ յիշեր, փոքր տարիքիս պատճառաւ։

Յետագային երբ պատերազմին պատճառաւ Հալէպ փոխադրուեցանք, Երուսաղէմէն հիւրեր կու գային եւ կ՚այցելէին մեզի։ Անոնք յաճախ կը խնդրէին, որ քալեմ, տեսնելու համար, թէ արդեօք տակաւին կը կաղայի՞…

Ես երբ զարմացած կը հարցնէի ծնողքիս թէ, ինչո՞ւ այս տարօրինակ հետաքրքրութիւնը, անոնք բացատրեցին եղելութիւնը եւ ես հասկնալով բուն պատճառը՝ բաւարարուեցայ եւ կեանքս շարունակեցի ապրիլ բնականոն կերպով։

ԴԷՊՔ ԵՐԿՐՈՐԴ

Այս դէպքը պատահեցաւ 1948-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմի ընթացքին։ Հայոց վանքը կը գտնուէր արաբներու եւ հրեաներու «ռազմադաշտերու» կեդրոնը։ Վանքը յաճախ թիրախ կը հանդիսանար իրար կործանելու ուղղուած թնդանօթներուն, որոնք կը խլէին անմեղ զոհեր։

Օր մը պատահեցաւ, որ այդ թնդանօթներէն մին ինկաւ մեր բնակած Շորայ թաղի բակին մէջ եւ վիրաւորեց երկու տարեց կիներ։ Հինգ վայրկեան առաջ ես եւ փոքր քոյրս կը խաղայինք հոն։ Բարեբախտաբար այդ վայրկեանին հոն չէինք՝ որովհետեւ հետեւած էինք զոյգի մը, որ բակէն դուրս կու գար։ Ծնողքս չուզեց հրաշքով ազատած իր զաւակները անգամ մը եւս վտանգի ենթարկել ու մեզ առնելով տարաւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ուր կը բնակէին մօրս ծնողքը իրենց զաւակներով։ Հօրս նպատակը մի քանի ամիսէն վերադառնալ էր Երուսաղէմ, երբ կացութիւնը բարելաւուէր։ Դժբախտաբար սակայն մենք չկարողացանք վերադառնալ Երուսաղէմ ու մնացինք Հալէպ, որպէս պաղեստինցի գաղթական։ Ըստ որուն՝ մենք չէինք կրնար քուէարկել եւ ոչ ալ երկրէն դուրս ճամբորդել։ Սա էր որ իմ կեանքս հիմնովին փոխեց եւ ես այս դառն իրականութեան դէմ յանդիման գտնուեցայ՝ երբ հասակ նետեցի ու դարձայ պատանի։

Պատկերացուցէք, որ Պէյրութ երթալու համար՝ ուսումս շարունակելու Հայկազեան քոլէճին մէջ (1964-66), ես պէտք էր Լիբանան մուտքի արտօնագիր ապահովէի Պէյրութէն, նաեւ ուրիշ արտօնագիր մը՝ Հալէպէն, Սուրիայէն դուրս ելլելու համար…

1963-ին քոյրս ամուսնացաւ սուրիահայ երիտասարդի մը հետ։ Մեղրալուսնի համար՝ քեռայրս ուզեց Պոլիս մեկնիլ, սակայն կառավարութիւնը արտօնութիւն չտուաւ։ Միայն արաբական երկիրներ երթալու արտօնութիւն ունէինք, որպէս պաղեստինցի գաղթական։

Այսքան տառապանքը կարծես չէր բաւեր, առաւել՝ երբ 18 տարեկան դարձայ, զիս հրաւիրեցին պարտադիր զինուորական ծառայութեան։ Երբ առակեցի, թէ ես սուրիացի չեմ, պատասխանեցին, որ պաղեստինցի գաղթականը սուրիացիի մը բոլոր իրաւունքները համահաւասար կերպով կը վայելէ! Առ քեզի՝ արդարութիւն։

Վերջապէս 1969 թուականին կրցայ Ամման երթալ եւ հրաշքով մը յորդանանեան քաղաքացիութիւն ստանալ։ Ազատութեան առաջին պտուղը հանդիսացաւ Պէյրութ երթալ եւ ուսանիլ Ամերիկեան համալսարանին մէջ (1969-71)։ Այնուհետեւ՝ աշխարհը բացուեցաւ իմ առաջս եւ ես լիովին ըմբոշխնեցի մեր երկրագունդի չորս ծագերը ճամբորդելու բարեբախտութիւնը, բան մը որ միայն կրնայի երազել Սուրիա բնակութեանս ընթացքին։ Համբերութիւնը կեանք է, կ՚ըսէ հայկական ասացուածքը եւ այդպէս ալ եղաւ, գէթ՝ իմ պարագայիս։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021