ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ (Բ.)

Պատմական եւ արդիական հիմնական հարցերէն մէկը որեւէ եղելութեան-եղափոխութեան աղբիւրներու եւ պատճառներու գտանումն է, ինչ որ անկարելի գործընթաց մըն է՝ նկատի առնելով հաստատակամութեան եւ վաւերագրութեան բացարձակութիւն մը ապահովելու դժուարութիւնը: Օրինակ՝ ի՞նչն էր գիտական եւ աներկբայ պատճառը որեւէ պետութեան մը կազմութեան կամ որեւէ կայսրութեան մը փլուզման: Չկան վերջնական պատասխաններ, միշտ ուսումնական եւ սերտողական մեթոտներու որդեգրումով կը զարգանայ մարդկային միտքը, ուստի շատ մը իրադարձութիւններ ունին տարբեր տարածքներու ընդլայնման եւ յայտնաբերման կարելիութիւններ:

Առանց խորանալու պատմագիտական տեսութիւններու մէջ, կարելի է նշել, որ պատմութեան ուսումնասիրութեան դասակարգային մօտեցումը տակաւին իր շուքը ձգած է ներկայ աշխարհի դասաւորման ու կառուցուածքին վրայ: Մարդկային քաղաքակրթական պատմութեան ընթացքին չէ որոշուած դասակարգերու բնոյթները եւ նոյնինքն շատ մը ժողովուրդներ եւ հաւաքականութիւններ չեն պարզած կամ չեն ունեցած դիմագիծեր: Բնականաբար, այս նիւթի ուսումնասիրութեան առարկան ալ շատ կարեւոր է հարցերը յստակօրէն ընկալելու համար. պէտք է յստակացնել,

թէ մենք ո՛ր ակնոցով կը նայինք դէպքերուն եւ ի՛նչ գործիքով կը լուսարձակենք դէպքերն ու իրողութիւնները կամ այդպիսի գործիք ընդհանրապէս կա՞յ կամ ոչ: Եւ կամ տակաւին փնտռտուքի եւ փորձարկման փուլերու մէ՞ջ ենք: Կրնանք ըսել, որ ներկայ ժամանակաշրջանը ամենալայն հնարաւորութիւնները ստեղծեց՝ ունենալու գործիքներ։ Նոր ժամանակները մեզի ընծայեցին նաեւ, այսպէս ըսած, լիակատար քօղարկում ապահովելու մարդկային ամէն տեսակի գործունէութեան: Ներկայիս չկան լքուած, անտեսանելի կամ չբացայայտուած մարդկային հաւաքականութիւններ, նոյնիսկ Աւստրալիայի կամ Ափրիկէի մէջ ապրող ցեղախումբերը կապակցուած ու ներառուած են համամարդկային մեծ հասարակութեան մէջ։ Անոնց հասանելիութեան միջոցները ապահովուած են: Նախկին դարերուն չկար այդ հնարաւորութիւնը (կամ կար ու վերացած է), ուստի անյայտ ու մշուշոտ ծալքեր ալ կան մարդկային ամէն տեսակի գործունէութեանց վերաբերեալ:

Մենք չենք կրնար պարփակումով մը հասկնալ ժողովուրդներու կազմաւորման ու կայացման շուրջ տեղի ունեցածները: Եւ այդ յարափոփոխութիւնը ինչքան ալ ղեկավարելի բնոյթ ու քաղաքական հանգանակ պարզէ, ան կը մնայ շարունակուող եւ վերայայտնաբերուող գիտական ջանքի մը ընդմէջէն դրսեւորուող երեւոյթ՝ տեւաբար նորանոր մօտեցումներով ու կատարելութեամբ տեսնելու եւ հասկնալու անցեալն ու ներկան:

Ներկայիս միջազգային յարաբերութիւններու տինամիզմը հետաքրքրող հիմնական հարցումներէն մին այն է, թէ արդեօք ճի՞շդ է, թէ ժողովուրդները կազմաւորած են ժողովրդավարութիւնները կամ կա՞յ այսպէս դիտուած եւ ըմբռնուած ժողովրդային կամք մը պատմութեան մէջ: Ներկայիս ժողովրդավարական կամքն ու այդ կամքի արտայայտման քաղաքակիրթ ձեւը (արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ) գերագոյն, յարգելի եւ արդար արժէքներու վերածուեցան եւ բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք ժողովրդավար են ու որդեգրած են ժողովրդավարութիւնը կամ կառուցած են ժողովրդավար պետութիւններ, յարգանք կը վայելեն միջազգային ընտանիքին կողմէ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024