ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ժ.
ՀՈՎԻՒԻ ՅԱՏԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հովիւը վեց յատկութիւն ունի, որ այստեղ ըսաւ. նախ՝ որովհետեւ դռնէն կը մտնէ փարախին մէջ: Երկրորդ՝ քանի որ դռնապանը կը բանայ: Երրորդ՝ որովհետեւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն: Չորրորդ՝ իրենները իրենց անուններով կը կոչէ: Հինգերորդ՝ որովհետեւ իրենները բոլորը կը հանէ: Վեցերորդ՝ քանի որ անոնց առջեւէն կ՚երթայ:
Դարձեալ հովիւի տասը յատկութիւն կ՚ըսենք, ինչպէս Դաւիթը կ՚ըսէ. «Տէրը պիտի հովուէ զիս» (Սղ 22.2). նախ՝ «Վայրի արօտավայրերու մէջ կը բնակեցնէ զիս» (Սղ 22.2), այսինքն՝ Սուրբ Գրոց բնականացած գիտութիւններուն մէջ: Երկրորդ՝ «Հանգստեան ջուրերուն մօտ սնեցուց» (Սղ 22.2), այսինքն՝ Սուրբ Աւազանին մկրտութեամբ: Երրորդ՝ հաւատքին առջեւէն կ՚ընթանայ, ըստ այնմ. «Կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ» (Յհ 14.2): Չորրորդ՝ թշնամիներուն դէմ կը պատերազմի, որ են՝ սատանայ, մահ եւ մեղք: Հինգերորդ՝ մոլորեալները կը դարձնէ ըստ անառակին առակին (հմմտ. Ղկ 15.11-32): Վեցերորդ՝ կորսուածները կը գտնէ, ինչպէս դրամը (հմմտ. Ղկ 15.8-9): Եօթներորդ՝ բեկուածները կը պարուրէ, ինչպէս կիսամահ վիրաւորը (հմմտ. Ղկ 10.29-37): Ութերորդ՝ զօրավարները կը պահէ, ինչպէս՝ «ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը» (տե՛ս Մտ 28.20): Իններորդ՝ օրուան վերջաւորութեան փարախին մէջ կը հաւաքէ, այսինքն՝ կատարածին, երկնաւոր փարախին մէջ: Տասներորդ՝ հովուական խօսքերով կը մխիթարէ, այսինքն՝ «Հօր սեղանին կը նստեցնէ» (հմմտ. Մտ 25.34),- կ՚ըսէ:
Իսկ ոչխարներուն հովիւը ըսելը, եւ ո՛չ սոսկ հովիւ, չորս բան կը նշանակէ. նախ՝ եզական ցուցումն է հասարակ հովուութիւններէն: Երկրորդ՝ առաջին ժամանակներու ծանօթութեան նշանակ է: Երրորդ՝ բարի եւ չար հովիւներուն յատկութիւնները որոշող է: Չորրորդ՝ մահացու հովիւին դէմ ու հակառակ է, ըստ որում. «Մահը պիտի հովուէ անոնց» (Սղ 48.15), իսկ այստեղ կեանքի Հովիւ է:
Խօսք. «Իրաւ [քաջ] հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յհ 10.11):
Մեկնութիւն. չորս է իմացումը. նախ՝ քանի որ անզիւը անարգին համար չի՛ մեռնիր, այլ՝ անարգը ազնիւին համար կը մեռնի, այդ պատճառով հովիւը ոչխարին համար չի մեռնիր, թէեւ կ՚աշխատի ու կը պահէ, այլ՝ ոչխարը մարդուն համար կը մեռնի, իսկ մարդու հոգին աւելի ազնիւ է քան մարմինը, այդ պատճառով հոգիներուն հովիւը վայելչաբար կը դնէ մարմինին կենդանութիւնը իր հօտի հոգիներուն փրկութեան համար: Երկրորդ՝ հակառակ է չար հովիւներուն, որոնք ոչխարները կը սպաննեն, իսկ Ինք՝ կ՚ապրեցնէ: Երրորդ՝ որովհետեւ մարդոց փրկութեան համար կը մեռնի, սակայն Ինք մահուան պարտական չէ, քանի որ մեղք չգործեց: Չորրորդ՝ քանի որ կամաւորաբար եւ գիտութեամբ կը մեռնի, ասիկա նախապէս կ՚ըսէ:
Բարի եւ չար հովիւներուն զանազանութիւնը ըսաւ, հիմա վարձկաններուն զանազանութիւնը կ՚ըսէ:
Խօսք. «Մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ» (Յհ 10.12):
Մեկնութիւն. նախ՝ գիտելի է, թէ վարձկանը կրկնակի է, այսինքն՝ բարի եւ չար: Բարի վարձկան է, որ հոգիին ու յաւիտենական կեանքին համար կ՚աշխատի, ինչպէս մարգարէներն ու սուրբ արդարները: Իսկ չար վարձկան է, որ մարմինին եւ ժամանակին համար կ՚ըլլայ, մարմին վարձկաններուն համար չեմ ըսեր, այլ՝ հոգիի, ինչպէս եպիսկոպոսները, վարդապետները, որոնք մարմին շահին ու աշխարհի փառքին համար կ՚ըլան, նոյնպէս եւ կրկնակի է ծառայողական երկիւղը. բարի է, որ հոգիի տանջանքներուն համար կը վախնայ, իսկ չար, որ՝ մարմինին համար:
«Մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ», մարգարէներուն կ՚ըսէ, եւ արդարներուն, որոնք [իրենց] աշխատութեան փոխարէն երանութիւնը ստացան:
ՏԻՐՈՋ ԵՒ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒՆ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Եւ գիտելի է, թէ մարգարէներն ու արդարները չորս բանով հաւասար են Տիրոջ հետ եւ չորս բանով պակաս:
Իսկ հաւասար են. նախ՝ որովհետեւ ժողովուրդը կուռքերէն կը դարձնէին: Երկրորդ՝ մեղքերէն կը հանէին: Երրորդ՝ Քրիստոսի հաւատքը կ՚ուսուցանէին: Չորրորդ՝ Աստուծոյ սիրոյն համար կը մեռնէին եւ սրբութիւն կը գործէին:
Ասոնք Տէրն ալ ըրաւ, իսկ պակաս ու տկար են. նախ՝ քանի որ ոչխարներուն համար չկրցան մեռնիլ: Երկրորդ՝ Ադամին անէծքը չվերցուցին: Երրորդ՝ հոգիի ու մարմինի մահէն չազատեցին: Չորրորդ՝ մարդոց փառք ու երանութիւն չտուին: Իսկ ասոնք Քաջ [իրաւ] Հովիւը կատարեց:
Դարձեալ՝ վարձկան վարձքին համար կ՚ըսուի, եւ այն է, որ վերակացու կ՚ըլլայ ժամանակաւորներու օգուտին համար, որ վարձք կը կոչուի, ինչպէս անռակի առակին մէջ կ՚ըսէ. «Հօրս տան մէջ վարձկանները բազմաթիւ են» (տե՛ս Ղկ 15.17), իսկ երկնաւոր փառքին վարձք չ՚ըսուիր, այլ՝ հասարակ սովորութեան համաձայն աշխատանքներու հատուցումին համար վարձք կ՚ըսուի, ըստ այնմ. «Ձեր վարձատրութիւնը մեծ [շատ] է երկինքի մէջ» (Մտ 5.12), իսկ երկնային փառքը յատկաբար ժառանգութիւն կը կոչուի, որ որդիներուն կը հատուցուի, իսկ վարձկանը, որ երկրաւոր բաներուն վրայ կը նայի, ճշմարիտ հովիւ չէ, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Որուն չեն պատկանիր ոչխարները» (Յհ 10.12):
Մեկնութիւն. այստեղ հովիւի անուամբ կ՚իմացուի ոչխարներուն տէրը, որ ոչխարները կը պահէ որպէս իրը, իսկ վարձկանը վարձատրութեան համար կը պահէ եւ ո՛չ թէ ոչխարներուն համար, այդ պատճառով ալ նեղութեան ժամանակ կը հեռանայ ոչխարներէն, ինչպէս կ՚ըսէ.
ԹԷ ՍԱՏԱՆԱՆ ԳԱՅԼ Է
Խօսք. «Երբ կը տեսնէ, որ գայլը կու գայ» (Յհ 10.12):
Մեկնութիւն. գայլ կը կոչուի սատանան՝ տասը պատճառով: Դարձեալ գիտելի է, թէ երեքը եկեղեցւոյ գայլերն են. նախ՝ սատանայ, երկրորդ՝ հերձուածողներ, երրորդ՝ չար իշխաններ, որոնք բռնութեամբ մեղքին կը խարները կը կործանին, կը գիտնան, թէ սատանան եկած է, որ պէտք է աղօթքով հակառակ կենալ սատանային եւ ուղիղ վարդապետութեամբ ընդդիմանալ հերձուածողներուն, իսկ բռնաւոր իշխանին բանադրական խօսքով կամ մխիթարելով ոչխարները: Տակաւին, ասով կը զանազանուի վարձկանը գայլերէն, որովհետեւ վարձկանը թէեւ բանական ոչխարներուն փրկութիւնը չի՛ փնտռեր, սակայն չի՛ հալածեր զանոնք, այլ՝ կը պահէ անոնցմէ բան մը շահելու համար, իսկ երբ չի շահիր, կը փախչի, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի» (Յհ 10.12):
Մեկնութիւն. կրկնակի է փախչիլը, կամ տեղէ մը ուրիշ տեղ կ՚ընթանայ, կամ ալ ոչինչով կ՚օգնէ ոչխարներուն:
Խօսք. «Գայլը կը յափշտակէ ու կը ցրուէ զանոնք» (տե՛ս Յհ 10.12):
Մեկնութիւն. այն ատեն կը յափշտակուին, երբ մեղքերու մէջ կ՚իյնան, ու այն ատեն կը ցրուին, երբ հաւատքէն կը բաժնուին, ապա փախչելուն պատճառը կ՚ըսէ.
Խօսք. «Որովհետեւ վարձկանը չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով» (Յհ 10.13):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ միայն ժամանակաւոր բաներուն կը հպի եւ չի՛ սիրեր իրենց [ոչխարներուն] համար, այլ՝ շահին համար, իսկ երբ շահը կը պակսի, կը լքեն ու կը փախչին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 96
Վաղարշապատ