ՏԱՐԻՆԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆԷԾՔ ԹԶԵՆԻԻՆ

Հարցում. Տէր Յիսուս ինչո՞ւ անիծեց թզենին, որու վրայ բացի տերեւէն ոչինչ գտաւ, որու վրայ պտուղ չկար: Երբ անիծեց զայն, անմիջապէս չորցաւ (Մտ 21.18-19): Ինչո՞ւ համար անիծեց զայն, մինչ կ՚ըսուի, թէ «բացի տերեւէն բան չգտաւ, որովհետեւ թուզի ժամանակը չէր» (Մր 11.13):

Պատասխան. Բազմաթիւ մեկնաբանիչներ շա՜տ բացատրութիւններ տուած են թզենիին մասին… Սակայն, այստեղ կ՚ուզեմ խորհրդանշական երեսին անդրադառնալ, որը յաճախ Տէր Յիսուս Իր ուսուցումներուն եւ քարոզներուն մէջ կ՚օգտագործէր:

Շատ տերեւներ ունեցող անպտուղ թզենին, կը խորհրդանշէր այն ձեւական կեանքը, որով հրեայ ժողովուրդը կ՚ապրէր, բազմաթիւ ծիսակատարութիւններով՝ առանց պտուղի:

Տօներ, տարիներ, զոհագործութիւններ, խունկ, տառացի կերպով Շաբաթը պահել, մեր ուշադրութիւն դարձնել թլփատութեան եւ ընծայաբերումներուն: Այդ բոլորը ու անոնց նմանները, առանց հոգիի, ինչի համար Աստուած յանդիմանեց զանոնք Եսայի մարգարէութեան առաջին գլուխին մէջ… այդ բոլորին մէջ հոգեւոր պտուղ չկայ, այլ՝ պարզապէս բազմաթիւ կանաչ տերեւներ:

Տակաւին, թզենիին տերեւները արարչագործութեան սկիզբէն խորհրդանիշ մըն էր, որ Աստուած չընդունեց:

Երբ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, կորսնցուցին իրենց պարզութիւնը ու գիտցան, թէ մերկ են, այդ մերկութիւնը թզենիի տերեւներով ծածկեցին… լոկ ձեւական ծածկոյթ մը հոգիի մը, որ ներքնապէս ապականեցաւ ու կորսնցուց իր անարատութիւնը:

Թզենիին տերեւները մնացին այդ խորհրդանիշը՝ արտաքին ծածկոյթ՝ ներքին ապականութեան:

Աստուած չընդունեց անոնց թզենիի տերեւներով ծածկոյթը, այլ՝ «անոնց կաշուէ հագուստներ պատրաստեց ու հագցուց զանոնք» (Ծն 3.21, 7): Կաշուէ հագուստները զոհագործութենէ մըն էին:

Կարծէք Տէրը անոնց կ՚ըսէ. ծածկուլը օգուտ չի տար ներքին բնութեան, որ ապականեցաւ, այլ՝ ճշմարիտ մաքրութիւնը զոհագործութենէն պիտի գայ ձեզի, որուն կ՚ակնարկէ այս կաշին, որով հիմա կը ծածկուիք. իսկ իսկական ծածկոյթը արեան զոհագործումով (Ա. Յհ 1.7):

Տէրը ուզեց անոնց դաս մը տալ թզենիի ծառով:

Ան եկաւ եւ պտուղ կ՚ուզէր հրեայ ժողովուրդէն, սակայն բացի տերեւներէն ուրիշ բան չգտաւ: «Թուզի ժամանակը չէր». որովհետեւ, հրեայ ժողովուրդը իր այն ժամանակուան իրավիճակով չէր կրնար պտուղ տալ, իր թերթերու ոգեւորուած առաջնորդութեամբ, ինչպիսին էին փարիսեցիները, դպիրները, քահանաներն ու ժողովուրդին ծերերը, որով Տէրը անիծեց այդ ծառը: Եւ ըսաւ Իր նշանաւոր նախադասութիւնը. «Աստուծոյ Արքայութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի եւ տրուի ժողովուրդի մը, որ պտղաբեր կը դարձնէ զայն» (Մտ 21.43): Արտաքին ձեւականութիւնները եւ թզենիին բազմաթիւ կանաչ տերեւները օգուտ պիտի չտան ձեզի…

ՅՈՒԴԱՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒԵՑԱ՞Ւ

Հարցում. Յուդա Իսկարիոտացին Աւագ Հինգշաբթի օր աշակերտներոն հետ միասին հաղորդուեցա՞ւ:

Պատասխան. Հայրերը կը տեսնեն, որ ան Պասէքի ընթրիքին մասնակցեցաւ, սակայն Հաղորդութեան Խորհուրդին՝ ո՛չ:

Այս մէկը յստակ է Տէր Յիսուսի խօսքէն զԻնք յանձնողին մասին. «Տասներկուքէդ մէկն է, ան՝ որ պատառը Ինծի հետ պնակին կը թաթխէ» (Մր 14.20), եւ արտայայտութիւն «պնակին կը թաթխէ» Պասէքի ընթրիքին կը վերաբերի, եւ ո՛չ թէ Տիրոջ Մարինին ու Արեան հաղորդուելուն, որով Տէրը Իր հացը կտրեց ու տուաւ, բաժակէն համտեսեց ու տուաւ (Ա. Կր 11.23-25):

Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ [կը կարդանք]. «Պատառը թաթխելով տուաւ Իսկարիոտացի Յուդային: Յուդա հազիւ պատառը առած՝ սատանան իր մէջ մտաւ: Պատառը առնելէն ետք անմիջապէս դուրս ելաւ: Եւ գիշեր էր» (տե՛ս Յհ 13.26-30):

Վստահաբար, Հաղորդութեան խորհուրդին պատառը չի՛ թաթխեր, այլ՝ այս Պասէքի ընթրիքին ժամանակ էր:

Չնայած, եթէ Յուդան հաղորդուած ըլլար Մարմինով ու Արիւնով, անարժանաբար կը հաղորդուէր, առանց գիտակցելու որ Տիրոջ մարմինն է, ու կը հաղորդուէր որպէս դատապարտութիւն ինքն իր անձին (Ա. Կր 11.27-29): Մինչ հայրերը կ՚ըսեն, թէ ան միայն Պասէքին մասնակցեցաւ, ու դուրս եկաւ շարունակելու համար իր ոճրագործութիւնը: Տէրը Իր Ուխտը տասնմէկին տուաւ…

ՅՈՒԴԱՆ ԿԸ ՓՐԿՈՒԻ՞

Հարցում. Եթէ Յուդան զղջաց եւ զղջումը այն աստիճանի էր, որ ինքզինք կախեց, հետեւաբար կրնա՞յ ըլլալ, որ Աստուած ընդունի անոր այս զղջումը եւ փրկուի:

Պատասխան. • Տէր Յիսուս մէկէ աւելի անգամ յայտարարեց Յուդայի կորուստին մասին: Հօր հետ երկար խօսակցութեան ընթացքին, ըսաւ. «Անոնք որոնք Ինծի տուիր, պահպանեցի զանոնք եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը կորսուեցաւ, բացի կորուստի որդիէն, որպէսզի իրականանայ Սուրբ Գիրքին մէջ ըսուածը» (Յհ տե՛ս 17.12). այդպէս կոչուած է Յուդան (կորուստի կամ կորստեան որդի):

Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ճիշդ է, որ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ բայց վա՜յ այն մարդուն որ զայն կը մատնէ» (Ղկ 22.22). եւ աւելցուց. «Երանի՜ այդ մարդը ծնած իսկ չըլլար» (Մր 14.21):

Տէր Յիսուսի դատապարտութեան ժամանակ Պիղատոսի առջեւ, ըսաւ անոր. «Մեծ մեղքը անորն է՝ որ զիս քեզի յանձնեց» (Յհ 19.11):

Յուդային յատուկ նոյն դատապարտութիւնը կը նկատենք Սուրբ Պետրոսի խօսքին մէջ, երբ անոր փոխարինող մը կ՚ընտրէին. Յուդայի մասին ըսաւ. «Սաղմոսներու Գիրքին մէջ ըսուած է. “Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի”. իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. “Իր պաշտօնը (թեմը) ուրիշ մէկը թող առնէ”» (Գրծ 1.20):

Տէր Յիսուս շատ անգամ զգուշացուց զինք, սակայն չօգտուեցաւ, այլ՝ դաւաճան մըն էր, եւ խորհրդանիշ մը՝ բոլոր դաւաճանութիւններուն, ու սատանային ձեռքին մէջ գործիք մը, եւ երբ Պասէքը Տէր Յիսուսին հետ կերաւ, անոր մասին ըսուեցաւ, թէ երբ պատառը առաւ՝ սատանան մտաւ անոր մէջ (Յհ 13.27):

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐԴՈՑ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Հ. (Ծն 6.2)-ին մէջ՝ նախքան ջրհեղեղի պատմութիւնը, կը կարդանք. «Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։ Որո՞նք են Աստուծոյ որդիները եւ որո՞նք՝ մարդոց աղջիկները։

Պ. Աստուծոյ որդիները՝ Ենովսի սերունդն են, իսկ մարդոց աղջիկները՝ Կայէնի սերունդը… Որովհետեւ արդար Աբէլի սպանութենէն ետք, անոր փոխարէն Սէթը ծնաւ, Սէթն ալ Ենոսը ծնաւ. «Այն ատեն սկսան Տիրոջ անունը կանչել» (Ծն 4.26)։ Սերունդներու շարանին մէջ կը տեսնենք՝ «Ենոս, Սէթ եւ Ադամ, որ Աստուծմէ ստեղծուեցաւ» (Ղկ 3.38)։

Սէթի որդիները Աստուծոյ որդիներ կոչուեցան, որովհետեւ սուրբ սերունդն էին, որմէ պիտի գային Նոյը, Աբրահամը, Դաւիթը եւ ապա՝ Յիսուսը, որու միջոցաւ մարդկային բոլոր ցեղերը օրհնուեցան։ Անոնք Աստուծոյ պատկանող հաւատաեցալներն են, որոնք Ադամի օրհնութիւնը ստացան (Ծն 1.28), եւ ապա Նոյի օրհնութիւնը (Ծն 9.1)։

Հետեւաբար, նախքան ջրհեղեղը Աստուած մարդոցմէ ոմանք իր որդիները կոչեց…

Իսկ Կայէնին որդիները, Աստուծոյ չպատկանեցան, որովհետեւ Կայէնին վրայ եկած անէծքը ստացան (Ծն 4.11). ապականութեան ճամբայէն քալեցին, մարդոց որդիներ կոչուեցան եւ ջրհեղեղը զանոնք բոլորը խեղդեց։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020