ՄԱՐՈՆԻԹ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԽՆԴԻՐԸ ԵՒ ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Շուրջ տասն օր առաջ Լիբանանի մէջ ծայր կ՚առնէր նոր տագնապ մը, ձեւով մըն ալ պատճառ դառնալով, որ երկրի քաղաքական շրջանակները՝ մէկ կողմ թողեն առաջնահերթ զանազան թղթածրարներ, ստիպուած ըլլան զբաղելու Լիբանանի մարոնիթ եկեղեցւոյ միաբաններէն Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի խնդրով։ Յիշեցնեմ, որ շուրջ տասն օր առաջ մարոնիթներու պատրիարքի՝ Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի ընդհանուր ներկայացուցիչ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը Լիբանան մուտք գործելու ժամանակ կը հարցաքննուէր։ 5 ժամ կը տեւէր այս հարցաքննութիւնը, որու աւարտին միաբանը ազատ կ՚արձակուէր։ Հարցաքննութեան ընթացքին Լիբանանի ընդհանուր անվտանգութեան ուժերը կ՚առգրաւէին հոգեւորականի անցագիրը, ինչպէս նաեւ անոր մօտ յայտնաբերուած շուրջ 500 հազար ամերիկեան տոլարն ու տասնեակ պայուսակներու մէջ՝ Լիբանան տարուելիք մեծ քանակութեամբ դեղօրայքը։
Պատահածէն անմիջապէս ետք՝ մասնաւորապէս քրիստոնէական շրջանակներ, գլխաւորութեամբ Մարոնիթ եկեղեցւոյ Մար Պշարա Պութրոս Ալ Ռահի Պատրիարքին, անընդունելի կը համարէին դէպքը եւ պատկան մարմիններէն կը պահանջէին արագօրէն Հաժին վերադարձնել անցագիրը, պակառելի գումարը եւ դեղերը։ Այս պահանջը կը մնար օդին մէջ եւ պատկան մարմինները կը մերժէին զայն։
Իր կարգին, Ռահի Պատրիարքը, որ կիրակնօրեայ քարոզին մէջ անդրադարձած էր պատահարին, նկատել տուած է, թէ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը ընթացիկ այցով Լիբանան հասած էր եւ հաւաքուած օժանդակութիւնները պիտի ուղարկուէին կարիքաւոր ընտանիքներու։
Նոյն ծիրին մէջ «Հիզպուլլահ»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլահ, որ օրերս հարցազրոյցի մը ընթացքին այս խնդրին մասին ալ կը խօսէր, դիտել կու տար, թէ նման կացութեան մը պարագային վերջին խօսքը կը պատկանի իրաւապահ մարմիններուն եւ իրենք կապ չունին պատահածին հետ։
Հարկ է յիշեցնել, որ ըստ երկրի կանոններուն՝ Իսրայէլէն իրերու կամ գումարներու Լիբանան ուղարկուիլը բացառապէս արգիլուած է՝ այնքան ատեն որ Իսրայէլ անոր կողմէ կը համարուի թշնամի երկիր մը։
ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Բարդ խնդիր էր պատահածը, անշուշտ, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք երկրի դրութիւնը, համայնքներու միջեւ լարուածութիւնը, նաեւ քաղաքական բաւականին մշուշոտ պատկերը։ Այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել վերջին ժամանակներու Պքերքէի կեցուածքը, որով, գլխաւորութեամբ Ռահի Պատրիարքին, ծանր մեղադրանքներ կը ներկայացնէ «Հիզպուլլահ»ին եւ ան յաճախ հանդէս կու գայ Լիբանանի առկայ տարակարծութիւնները միջազգային համաժողովի մը ճամբով լուծելու առաջարկով։ Մեծ հաշուով այս առաջարկը անընդունելի կը համարուի շիիներու կողմէ՝ նկատի առնելով նաեւ, որ ըստ իրենց այդպիսի առաջարկի մը ետին կը կանգնին Արեւմտեան պլոքն ու սիւննի տէրութիւնները, որոնց գլխաւոր թիրախը «Հիզպուլլահ»ի ռազմական ուժը եւ քաղաքական ներկայութիւնը կամ ազդեցութիւնը թուլացնելն է։
Ճիշդ է, որ ներկայիս Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը կը գտնուի ազատութեան մէջ, բայց եւ այնպէս, նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւններն ու անոնց հակադարձումները ա՛լ աւելի կը բարդացնեն՝ առանց այդ ալ տարբեր առումներով նեղ կացութեան հասած Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր տեսարանը։
Տեղին է, անշուշտ, յիշել, որ Լիբանան կ՚ընթանայ առանց կառավարութեան եւ ապագային սահմանադրական դրութիւնը ա՛լ աւելի պիտի վատթարանայ, երբ աւարտին հասնի երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի պաշտօնավարութեան շրջանը։
Այս բոլորին մէջ ուշագրաւ է, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը առաջին անգամ նման այց մը չէր կատարեր, բայց եւ այնպէս, ներքին պրիսմակին մէջ առկայ լարուածութիւնը պատճառ դարձած է, որ ընդհանուր անվտանգութեան մարմինները, անշուշտ, օրէնքին վրայ յենուելով՝ նման քայլերու երթան։ Ամէն պարագայի սա կը համարուի եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական գործիչի վարկաբեկման ուղղեալ ի սպառ փորձ մը։
Լիբանանի առկայ տագնապները կարծես չէին բաւեր, այս նոր տագնապն ալ աւելցած է լիբանանցիներու ուսերուն։ Խնդիրը մարոնիթ եպիսկոպոս Մուսա Հաժին Իսրայէլէն դէպի Լիբանան հերթական այցն էր, որու ընթացքին ան կը հարցաքննուի եւ անկէ մեծ գումարն ու անցագիրը կ՚առգրաւուին երկրի ընդհանուր անվտանգութեան ուժերուն կողմէ։
Բաւական բարդ նիւթ մըն է, բայց եւ այնպէս, եթէ խնդրոյ առարկայ կրօնաւորն ու անոր մեծաւորները յիշէին, որ Իսրայէլը Լիբանանի համար թշնամի երկիր է, կը կարծեմ՝ այդ քայլը պէտք չէ առնէին։ Հիմա նաեւ կրնայ ըսուիլ, թէ առաջին անգամ չէ, որ կրօնաւորը կու գայ իր տունը՝ Լիբանան, բայց կու գայ իսրայէլեան դրամով եւ իսրայէլեան դեղերով։ Ու եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք ներքին պառակտումներն ու լարուած դրութիւնները, ապա կը ստանանք այն արդիւնքը, որ այսօր ունինք։ Տխուր է, որ Լիբանանի մէջ ազգային մօտեցումները երկրորդական են, իսկ առաջնայինը՝ համայնքներու շահերն են։
Ամէն պարագայի եղածը փոթորիկ է բաժակ մը ջուրին մէջ եւ, դժբախտաբար, ցոյց կու տայ, որ ինչքան բեւեռացած են լիբանանցիք՝ մինչ ոմանց համար Իսրայէլը թշնամի է, իսկ այլոց... Այստեղ անհատական կարծիք ունենալէ աւելի զիս կը հետաքրքրեն հարցի իրական շարժառիթները, նաեւ աչքս գոց կը տեսնեմ, որ մարոնիթներու հոգեւոր կեդրոնը՝ Պքերքէն սրաթռիչ կերպով կրնայ իյնալ «Հիզպուլլահ»ի իրական հակառակորդը դառնալու ծուղակին մէջ, ինչ որ ինքնին ո՛չ թէ փրկութիւն, այլ աղէտ կրնայ բերել փոքրիկ Լիբանանին։
Այս բոլորէն անդին, անշուշտ, կան կարգ մը նրբին խնդիրներ, որոնք տեղ մըն ալ կապուած են Մերձաւոր Արեւելքի շուրջ խմորուող նոր պայմաններու հետ։ Այդ պայմաններուն առաջին սանդխամատը բնականօրէն Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ խմորումները, նաեւ երկար ամիսներ տեւած բանակցութիւններն են, որոնք կարծես այս պահու դրութեամբ միտումնաւոր կերպով դրուած են սառնարանին մէջ։ Այնտեղ ԱՄՆ դժգոհ է պարզուած պատկերէն, բայց եւ այնպէս, կը փորձէ ամէն գնով պահել առկայ «խաղաղ» վիճակը։ Մինչ Իսրայէլ պատրաստ ծրագիր ալ ունի հարուածելու Իրանի կորիզային կեդրոնները, անդին ԱՄՆ, որուն նախագահը՝ Ճօ Պայտըն վերջերս տարածաշրջան այցելեց, մինչեւ այս պահը կը վարանի վերջնական որոշում մը կամ նոյնիսկ Իսրայէլին կանաչ լոյս մը տալու՝ իրականացնելու համար իր ծրագիրները։
Շատ հաւանական է, որ Ուաշինկթընի կողմէ այս տատամսումը կապուած ըլլայ Ուքրայնայի մէջ շղթայազերծուած արիւնալի պատերազմին հետ, բայց եւ այնպէս, մինչեւ այդ պատերազմին ընթացք առնելը ԱՄՆ-ի իրերայաջորդ նախագահները բաւարար ներուժը չունեցան Իրանը հարուածելու համար։ Չունեցան այդ ներուժը ո՛չ թէ ռազմական անկարողութեան պատճառով, այլ յատկապէս այն մտահոգութեամբ, որ նեղի մատնուած Իրան իր թեւերը կրնայ շարժել ու մեծ տագնապ մը ստեղծել Իսրայէլի, նաեւ Արաբական ծոցին մէջ։
Ահա այս մթնոլորտին մէջ է, որ Լիբանանի քաղաքական հրապարակին վրայ մեծ ազդեցութեան տէր շիի կողմը եւ աւելի ճիշդ «Հիզպուլլահ»ը կարողացաւ մէկ գիշերուան մէջ նոր տագնապ մը ստեղծել, նաեւ նամակներ յղել Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէական ամենաազդեցիկ կեդրոնին՝ մարոնիթներու Անտիոքի Աթոռին, որպէսզի ճիշդ գնահատեն այս փուլը ու աւելի հեռու չերթան, «Հիզպուլլահ»ը ճնշելու համար նոր նպատակներ կամ ծրագիրներ յառաջ չտանին։
Այս կէտին վրայ կը ծնի ամենակարեւոր հարցումը։ Արդեօք Պքերքէ պատրա՞ստ է ամբողջական պայքարի մը, ամբողջական բախումի մը, որմէ տուժած դուրս կու գան անխտիր բոլոր կողմերը։ Ճիշդ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի ճակատագրին մէջ դերակատար տէրութիւնները ամէն պարագայի կը փորձեն տարածաշրջանը հեռու պահել մեծ բախումներէ ու այդ հիմքով ալ այս օրերու չափումները ճանապարհ կրնան բանալ ապագայ մեծ պայքարներու։ Նայած, թէ ո՛վ կրնայ ամենաշատը օգտուիլ այդ սպասուած կամ յետաձգուած բախումներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան