ԶՐՈՅՑ՝ ԴՐԱԽՏԱՅԻՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻՍ ՀԵՏ

Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասն եւ աւելի տարիներ անցած են քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամէնօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի մեր միասին անցուցած օրերը:

Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են ման գալ երազին ալիքներուն մէջ, ուր բոլոր յուշերդ եւ յուշերս հաճոյքով եւ երբեմն ալ տառապանքով լեցուն պահեր կը ստեղծեն:

Գաղտնիք մը չէ, որ երկուքս բաժնուած ենք՝ կամայ եւ նոյնչափ ալ ակամայ: Աւելի ճիշդ ես եմ, որ քեզմէ բաժնուեցայ կամովին եւ՝ նոյնքան ալ դժուար:

Կ՚ըսեմ. հիմա դուն չկաս, սակայն աչքերուս դիմացն ես: Կան նաեւ բարեկամներուս, հարազատներուս դէմքերը, նկարներդ եւ յուշերդ, որոնք մտածումներուս մէջ փաթթած էի ամուր ու թարմ: Քեզմէ հեռանալէս ետք անցեալս դարձած էր յիշատակելի եւ վայելուչ: Քեզմով չյագեցած ու քեզ պաշտած ըլլալու վայելքս ողողած էր հոգիս եւ էութիւնս: Մանուկի մը նման երեւակայութիւնս՝ քեզմով սկսած է ապրիլ: Հիմա աթոռիս վրայ ընկողմանած թէ՛ կը կարդամ եւ թէ՛ ցած ձայնով երգի նման բան մը դուրս նետելով բերնէս կը փորձեմ այս տողերը գրել քեզի՛, շատերուն՝ «երազային», ուրիշներուն՝ «անկրկնելի», սակայն ինծի համար ե՛ւ սիրելի ե՛ւ «դրախտային» ծննդավայր Հալէպս:

Կը զգամ, որ ինքնածին հրաւէր մըն է այս մէկը: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ յանկարծ մէջս այս զգացումը ծնած էր:

Անկասկած հարազատ հրաւէր մըն էր այս մէկը, կը համոզեմ ես զիս: Պարզ եւ սիրուն:

Ու կ՚որոշեմ մտովի փողոցներուդ մէջ քալել համարձակ: Ինծի ընկերացողները յուշերս եւ երազներս են: Ագահօրէն կը փնտռեմ այն դէմքերը, որոնք գաղթեցին. դէմքեր, որոնք շատ հաւանաբար պահուեցան ճակատագրին տակ. դէմքեր, որոնք նաեւ կերտեցին գաղութը ու բարեբախտաբար չտեսան իրենց իսկ կերտած գաղութին զարթնումը:

Այնպէս կ՚երեւի, թէ արդէն ինքնակոչ հազար միտքեր սկսած են ինծի գալու: Ու հետեւելով նկարներուս՝ կը շարունակեմ քալել փնտռելու համար մեր բոլոր թաղերն ու փողոցները, որոնք քիչ ժամանակ առաջ մարդոցմով եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ հայ աղմուկով կը վխտային: Յամառօրէն կը փնտռեմ դրացիներս, դասընկերներս, թաղեցիներս՝ հայն ու արաբը, քրիստոնեան եւ իսլամը, մեր տան մերձակայ վաճառատուները, անուշավաճառները, մսավաճառներուն ճանճերով լեցուն խանութները, «հոտաւէտ» ձկնավաճառները, գիշերային պահակը, փողոցին անպիտան կատուները, նաեւ՝ աղտոտ ու փոշոտ փոքր նստարաններով պարտէզն ու երիտասարդներու սիրային փսփսուքները, փողոցին մէջ դպրոցականներուն անմեղ ճիչերը, կանչերն ու քաղցր երգերը, որոնք օրերս լեցուցած էին մեծ խանդով:

Ագահօրէն կը փնտռեմ իմ հինը՝ իր աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ կեանքս ալ արժեւորած:

Նուիրեալներու սերունդ մը կար, կ՚ըսեմ մտովի եւ հպարտօրէն: Օրինակելի ու նոյնքան ալ պատմական: Քաղաքը, երկիրը, այդ հողը ինծի կը նային: Կար ժամանակ, երբ հոն մենք երազին իսկ կը յաղթէինք: Այդ էր, որ մեզ կ՚արբեցնէր:

Խոր էր իրականութիւնը, իրապաշտ կը կրկնեմ ու կրկին կը վերադառնամ նկարներուն: Յաճախ կը մտածեմ՝ ուրկէ՞ եկած էինք եւ ենք, ի՞նչ ճամբայ կտրած ենք եւ ո՞ւր կ՚երթանք կամ գացինք:

Ի՞նչ է իրականութիւնը եւ տեսանելին, կ՚ըսեմ ես ինծի: Չեմ գիտեր: Սակայն կը կարծեմ, որ այս օրերուն էական ու կարեւոր է չկորսնցնել կենդանի կապը այդ իրականութեան հետ: Կ՚ուզեմ գէթ ինքզինքս այս ձեւով մխիթարել:

Կը յիշե՞ս, քեզի եմ… աստղերուդ հետ կը քնանայինք: Անոնց հետ մեր բակերուն մէջ կամ տանիքներուն վրայ մեր դասերը կը սորվէինք: Հայերէնի կողքին արաբերէն սիրային երգ մըն ալ կը լսէինք եւ նոյնիսկ կ՚երգէինք: Ուրախ էինք հայրենիքի չափ: Անաղարտ նայուածքով եւ ամչնալով կը սիրէինք: Է՜հ, կեանք:

Ո՞վ կրնայ հրաժարիլ իր ծննդավայրէն: Իւրաքանչիւր անհատի համար իր ծննդավայրը իրեն համար կեանք եւ պատմութիւն է: Հայրենի՛ք է… Հոն բոլորս ալ՝ մեծով ու պզտիկով, անշահախնդիր մասնակից կը դառնայինք մեր գաղութի հաւաքական քաղցր աշխատանքներուն՝ սքանչելի հաւատարմութեամբ, իւրաքանչիւրս իր դերին գիտակցելով եւ կեանքին հանդէպ սիրով լեցուն բաբախումներով:

Այս մէկը գաղտնիք մը չէ, ո՛չ ալ զգացական պոռթկում:

Ու յայտնեմ, որ հո՛ն մօտդ, այցելութեանս օրերուն, քու իսկ յարկիդ տակ, իւրաքանչիւր արտասանուած բառ, խօսք, ակնարկ, նախադասութիւն եւ կամ դրուագ, մինչեւ այսօր տակաւին իր հարազատ արձագանգը ձգած է ո՛չ միայն ականջիս մէջ, այլեւ՝ կեանքիս բաց օղակներէն ներս: Դուն տարբեր գոյն եւ դիմագիծ ունիս քեզ լաւ ճանչցողին համար, կը կրկնեմ ու սիրալիր ձեւով մըն ալ կ՚աւելցեմ, թէ իմ ապրած ու ճանչցած Հալէպս, ծննդավայրս ըլլալէ աւելի, ինծի եւ մանաւանդ ինծի նման շատերուն համար հայրենիք ալ եղած էր:

-Հալէպը իմ Հայաստանս էր, կ՚ըսէի ու տակաւին կը շարունակեմ ըսել հպարտօրէն եւ բարձրաձայն ու կ՚աւելցնեմ՝ ան նոյնիսկ ամբողջ Միջին Արեւելքի հայութեան Հայաստանն էր այն օրերուն, երբ մեր հայրենիքը տակաւին անկախ չէր:

Ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ կրկին անգամ կեանքս իր հաճելի գարունը կ՚ապրի: Անոր համար է, որ ներքնապէս ուրախ էի:

***

Իսկ հիմա, այս օրերուն, ի՜նչ ուրախութիւն… որովհետեւ սառած ու մոռցուած յուշերուս ձիւնահալը տեսած էի ու նոյն այդ մարած անցեալէն նոր կեանքի մը բազկերակը լսած, որ կարծես դրախտէ փրցուած պատկեր մը ըլլար:

Ու այդ դրախտը՝ Հալէպս էր…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022