«ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԴԷՄՔԸ»
Մսազերծ դէմքը՝ գանկը կը սաւառնի անապատին մէջ:
Անապատ՝ չբերութիւն. ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատերազմին հետեւանքը կամ ընթացքը. ուրիշ ինչի՞ կրնայ նմանիլ դալարութիւնները ոտնակոխող, ամէն բերք ու բարիք ոտնահարող երեւոյթը:
Աշնան տերեւաթափի գոյները՝ մուգ սրճագոյնը, դեղինին երանգները, նարնջագոյնը կը սփռուին նկարէն: Մռայլ է. տերեւներուն փոխարէն մարդիկ կը թափին կարծես...
Կը սաւառնի արիւնարբու գանկը եւ ընթացքին կուլ կու տայ հարիւրաւոր, հազարաւոր, միլիոնաւոր դէմքեր, որոնք, իրեն պէս, գանկերու վերածուած կը զետեղուին բերնին, աչքերուն խոռոչներուն մէջ եւ այսպէս շարունակաբար, բոլորը կը գտնեն խոռոչ մը զետեղուելու ասոր-անոր գանկանման դէմքին բացուածքներուն մէջ:
Կը հսկայանայ դիւային դէմքը եւ օձամարմին հաստ ու բարակ մազեր կ՚աճին այտերուն վրայ: Թունաւորելու պատրաստ օձերուն գլուխները կը տարուբերին հսկայ գանկին շուրջ, կը մխրճուին խոռոչներուն մէջ, կը դրդեն գանկը մեղսագործութեան, կը հսկեն նաեւ կարծես խոռոչները՝ զնտանները հսկող բանտապահներուն պէս:
Կը սաւառնին միասին խլելով նոր կեանքեր, վերջ տալով նոր շնչառութիւններու, որոնք կրնային տաղանդներով զարդարել աշխարհը, ձիրքերով նորանոր բարիքներ կերտել, դալարութիւնը աճեցնել եւ ծաղկեցնել:
Ատելութիւնը, ոխը, վրէժը, զայրոյթն ու ցասումը կը կիտեն յօնքերը գանկերուն, սոսկումի նմանող արտայայտութիւն գծելով անոնց դէմքերուն. ճիշդ այն դէմքերուն պէս, որոնք առաջին սպաննուածը տեսնելով, ակնթարթ մը թերեւս, կը մտածեն իրենց արարքին մասին, կ՚ունենան պահիկ մը խղճահարուածի տանջանքը, պահիկ մը միայն, ապա, սպանութեան կրկնումով՝ կ՚ընտելանան եւ թիւին աճումով ընտելացումը նոյնիսկ հաճոյքի կը վերածուի, իրեն նմանը սպաննելու, շնչառութեան մը վերջ տալու հաճոյք...
Մինչ իսկական արիւնարբուն՝ ՆԻՒԹԸ, հեռուէն, կը դիտէ անցուդարձերն ու հրամաններ կ՚արձակէ: Նիւթին ձեռնահետքը յստակօրէն կ՚արտացոլայ նկարին աջին, յատակի անկիւնը:
Սալվատոր Տալիի գլուխ-գործոց «Պատերազմին դէմքը» նկարն է, որ ստեղծուած է Երկրորդ աշխարհամարտին սկիզբը եւ արտայայտած պատերազմին դաժանութիւնը, արուեստի պոռթկումով յայտնած իր կոչը արար աշխարհին:
Մեր գոյապայքարի այս օրերուն մտապատկերիս սկիզբը դաջուած կը մնայ այս նկարը, 1940-ին տեղի ունեցածներուն եթէ ոչ անմիջական կրկնութիւնը, ապա դաժանութեան նոյնութիւնը կ՚ապրինք կարծես: Պատերազմին անունն իսկ սարսափելի է, ինչ սաստկութեամբ ալ տեղի ունենայ:
Բայց խաղաղութեամբ արարելու եւ ապրելու մեր իրաւունքին հասնելու յոյսը վառ կը պահէ կամքը մեր մէջ եւ ամէն օր ղօղանջներուն արձագանգին ներքոյ կ՚աղերսենք՝ իմաստութիւն մեր հրամանատարներուն, արիութիւն մեր զինուորներուն, գօտեպնդում մեր քաջազուն զաւակներուն, միաբանութիւն եւ զօրութիւն մեր ազգին այս փորձութիւնը եւս յաղթահարելու:
Կ՚աղերսենք իւրաքանչիւրս. մին՝ փակ աչքերով, ուրիշ մը՝ արտասուալից, այլ մը՝ երկնահայեաց... հաւատքին՝ մեր միակ ու անսասան ապաւէնին կառչելով:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան