Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼԵԼ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ

Հայաստանի քաղաքական բառապաշարին մէջ «քափիթուլացիա» բառը, թէեւ լայն առումով օգտագործուած է, սակայն այսօր ունի նոր բովանդակութիւն եւ իմաստ՝ 10 նոյեմբեր 2020 թուականէն ի վեր։ Գործող վարչապետը՝ Նիկոլ Փաշինեան այս նոյն բառին մասին իր տեսակէտը յայտնած էր 2016 թուականի այն օրերուն, երբ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խմբակը մուտք գործած էր Երեւանի Էրեբունի շրջանի Պետական պաշտպանութեան ծառայութեան գունդի կեդրոնը եւ որոշ ժամանակ այդ կեդրոնը իր տիրապետութեան տակ պահելէ վերջ յանձնուած էր իրաւապահ մարմիններուն։ Ինչո՞ւ այս օրերուն կը գրեմ այս մասին, որովհետեւ այդ օրերուն Հայաստանի մէջ պետականութեան դէմ կատարուած հարուածը մինչեւ հիմա ալ չէ արժանացած պատշաճ գնահատականի։ Վէրքը, անշուշտ, նոր չէր եւ այսօր ամբողջ հայութեան ու Հայաստանի ապրած մեծ հիսաթափութիւնը, ուզենք կամ ոչ, կ՚առընչուի բազմակողմանի դրոյթներով՝ մինչեւ մեր օրերը հասած հասարակութեան երկշերտ մօտեցումներով։ Երկուութիւնը, անշուշտ, միայն չ՚առընչուիր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, այլ՝ իր սուր դաշոյնները կը խրէ պետականութեան հասկացութեան մէջ։

Հայաստանի հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը սովոր չէ, ընդունակ չէ ընկալելու եւ մարսելու «պետականութիւն» կոչուածը ու այդ դրոյթէն անդին ալ կը շարժի միայն ու միայն յօգուտ եւ ի սպաս իր փոքրիկ ու անհեթեթ նախասիրութիւններուն, ոխերուն, կարծիքներուն, որոնք որեւէ ատեն պիտի չծառայեն մեր ոտքերուն տակ եղող հողը, իր պետական կառոյցներով՝ խորհրդարանով, դատաիրաւական մարմիններով (բանակը եւ ոստիկանութիւնը բոլորովին այլ նիւթ են)՝ տեղ մը նոյնանան պետութիւն կոչուածին հետ։ Պետականութիւնը կը պահանջէ ճիգ, կը պահանջէ նուիրում, տակաւին կը պահանջէ տեսիլք, բայց մանաւանդ՝ խոհեմութիւն։

Միւս կողմէ, անցողիկ դրոյթները, որոնց ամենէն կործանիչը մեր գլխուն եկաւ 2018 թուականին, շատ դիւրին են՝ ճիգ չեն պահանջեր, հիմնուած են անտեղի եւ նոյնիսկ անիմաստ նախասիրութիւններու եւ անհիմն դատողութեանց վրայ։ Պետականութիւնը անցեալ երկուքուկէս տարուան ընթացքին մեծ կորուստներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ ու աւելի քան ապահով եմ, թէ գործող վարչապետը եւ իր ամբողջ վարչակազմը նոյնպէս աւելի ծանր հետեւանքներու կրնային տանիլ Հայաստանը, նոյնիսկ եթէ Արցախի մեծ եւ կործանիչ պատերազմը չըլլար։

Այդպէս պիտի ըլլար ի վերջոյ, որովհետեւ մինչեւ 27 սեպտեմբեր երկիրը ձեռքերուն մէջ (սակայն նոյնքան օդին մէջ) պահած վարչապետ Փաշինեան շարժեցաւ ու գործեց միայն ու միայն երկրորդ սկզբունքով։ Ան ինքնզինք «ապահով» պահելու համար դիմեց ամենավտանգաւոր միջոցներուն, հարուածեց պետականութեան հասկացողութեան, պառակտեց հասարակութիւնը, երեսուն տարուան կայացած կամ առնուազն որոշ առումներով հաստատուած եւ մեզի՝ որպէս պետականութիւն ներկայացուող համակարգը քար առ քար քանդեց եւ այդ քանդումին զուգահեռ ալ ոչինչ ըրաւ, որպէսզի քանդուած այդ փշուրները մէկ առ մէկ հաւաքէ եւ ստեղծէ իր ոճի համակարգը։ Մինչդեռ Տէր-Պետրոսեան, Քոչարեան եւ Սարգսեան յաջորդաբար փորձած էին գէշ-աղէկ համակարգ մը կերտել. Փաշինեան կազմալուծեց ամէն ինչ։

Միակ բանը, որուն մէջ յաջողեցաւ ու այսօր ալ, ըստ երեւոյթին, կը փորձէ խուսանաւել նոյն ձեւով՝ հինին, անցեալին, նախկինին դէմ ատելութիւն հրահրելն է։ Ան կը կարծէ, թէ օրհասի պահերուն այդ նոյն ատելութիւնը պիտի կարողանայ ապահով «դղեակ» մը դարձնել իրեն համար ու ինք՝ որպէս ընդհանուր հրամանատարը այս երկրին, պիտի կարողանայ առաւելագոյնս օգտուիլ փոքրիկ Հայաստանի բոլոր տեսակի բարիքներէն։

Յեղափոխութեան երանգներով իշխանութեան հասած Փաշինեան շատ արագ վաճառեց այդ նոյն յեղափոխութեան հիմնարար սկզբունքները (շատեր պիտի առարկեն, որ ան յեղափոխութեան կրողն ալ չէ) ու իր ունեցած հագուստներն ու ուսապարկը մէկդի նետելով հագաւ հարուստ երկրի վարչապետին վայել զգեստներ՝ մոռնալով, որ յեղափոխութիւնը, որուն համար կը պայքարէր, պիտի ըլլար նախ եւ առաջ հոգիներու մէջ։

Նահանջեց բոլոր ճակատներուն վրայ եւ ուրանալով կամ անտեսելով Արցախի հիմնախնդրի «հասունցած» ըլլալու փաստը, այս անգամ իր հայեացքը ուղղեց դէպի Թուրքիա եւ վեր հանեց Սեւրի դաշնագրի նիւթը՝ հաւատալով, թէ այդպէս իր նոյն ամբոխահաճոյ հին-նոր ձեւաչափով պիտի կարողանար հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ «ազատ եւ երջանիկ» Հայաստանի մէջ։

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ տգիտութիւն ցուցաբերած Փաշինեան իր տետրակէն ջնջեց ո՛չ միայն մինչեւ իր իշխանութեան գլուխ գալը Արցախի հարցի լուծման միտուած ամբողջ բանակցային գործընթացը, այլ նաեւ՝ ականահարեց խաղաղ կարգաւորման միտուած բոլոր մակարդակի ճանապարհները, քայլ մըն ալ անդին երթալով Ստեփանակերտի հրապարակէն հազարներու առջեւ պոռաց, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»։ Հոն էր նաեւ, որ ան չկարողացաւ հասկնալ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է ներքին սպառման համար խօսքերը պահել միայն ներսին ու խօսիլ, վարուիլ, ներկայանալ միայն պետութեան շահերով եւ յանուն պետականութեան, զոր իրեն ժառանգ թողած էին Հայաստանի նախկին առաջնորդները։ Ճիշդ է, որ կատարեալ չէր այդ պետականութիւնը, ունէր բազմապիսի մեծ ու փոքր հիմնախնդիրներ, այլապէս ի՛նչ իմաստ պիտի ունենար Փաշինեանի «թաւշեայ յեղափոխութիւ»ը, եթէ այդ թաւիշին գլխուն կանգնած առաջնորդը պիտի չունենար բաւարար կամք բարելաւելու Հայաստանի օրը, նաեւ լուծելու բոլոր մակարդակի այն խնդիրները, որոնք կը կասեցնէին երկրի զարգացումը։

Վերադառնալով Փաշինեանի յայտնի ելոյթին (22 յուլիս 2016)՝ նշեմ, որ այդ ելոյթով այն ժամանակ տակաւին ընդդիմադիր գործիչ՝ Փաշինեան կը յայտնէր, որ իր եւ խմբակիցներուն համար Արցախի խնդրով որեւէ փոխզիջում բացարձակապէս մերժելի է։ Ան մեծ ատելութեամբ կը խօսէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի մասին՝ նշելով, որ վերջինս դաշինք կազմած է Սերժ Սարգսեանի հետ եւ անոնք երկուքը ինչ-որ տեղ համաձայն են այսպէս կոչուած «Լաւրովեան ծրագրին»։ Նոյն ամբոխահաճութեան սկզբունքին դիմելով՝ ան խօսք կ՚ուղղէր իր դիմաց կանգնած հազարաւորներուն, որոնց կը վստահեցնէր, թէ ինք թոյլ պիտի չտար Հայաստանի «քափիթուլացիա»ի ենթարկուելուն։ Թէեւ կ՚ըսէր, որ իրենք թոյլ պիտի չտան Հայաստանի եւ Արցախի «քափիթուլացիա»ի ենթարկուելուն, սակայն, այսօր իրականութիւնը այն է, որ այդ նոյն «անձնատրութիւն-քափիթուլացիա»ն եկած ու փաթթուած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գլխուն...

Հիմա պատերազմի աւարտէն անցած է 20 օր ու նոյնիսկ անտեղի է քննարկել, որ Փաշինեան կը կարողանա՞ր ճի՛շդ ատենին, ճիշդ ու յարմար պահուն «միջամտել» ու կանխել այս «սեւ համաձայնութիւնը», որ բոլոր առումներով (անշուշտ, բացի արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու հիմունքէն) Հայաստանի եւ հայութեան ի վնաս է։ Մարդ, որուն համար անիմաստ ու անհիմն է պետականութիւնը պահելու կամ պետութեան շահերով առաջնորդուելու մօտեցումը, բնականաբար, ո՛չ միայն պիտի չլսէր Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի խորհուրդները (տակաւին յունիսին), այլ ընդհակառակն՝ «ձեռ պիտի առնէր» Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքերը ու վերջինիս 10 հոկտեմբերին Արցախի հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ուղղեալ կոչերը։ Փոխարէնը Փաշինեան մարտակոչով հանդէս կու գար՝ վստահեցնելով, թէ Հայաստանն ու հայութիւնը յաղթական դուրս պիտի գային այս պայքարէն։

Մնացածը արդէն պարզ է...

ՓԱՇԻՆԵԱՆ «ԿՈՏՐԱԾ» ՄԷՋՔՈՎ ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Յառաջիկայ օրերուն Փաշինեան պիտի մեկնի Մոսկուա։ Ան Մոսկուա պիտի հասնի «կոտրած» մէջքով։ Իր ետին կան բազմապիսի խնդիրներ ու շատ հաւանաբար այս այցը ըլլայ իր քաղաքական կեանքի ամենէն ճակատագրական այցելութիւններէն մին։ Ի դէպ, քիչ չեն այն խօսակցութիւնները, թէ Փաշինեան մտադիր է հրաժարելու, բայց կայ «բան մը», որ զինք կը պահէ աթոռի վրայ։ Անշուշտ, մանաւանդ իր պարագային՝ աթոռն ու իշխանութիւնը տարբեր բաներ են, որովհետեւ անցեալ 10 նոյեմբերէն ի վեր Փաշինեան զրկուեցաւ համաժողովրդային ղեկավար մը ըլլալու՝ իր ոչ այնքան հաստատուն հանգամանքէն։ Երբեք գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի ընդհանուր ժամացոյցը կը բանի շատ արագ եւ կուտակուած խնդիրներու լուծման համար երկիրը կարիքն ունի ներքին համերաշխութեան, որու գոյացման համար, բնականաբար, Փաշինեան ո՛չ բաւարար ներուժ ունի, ո՛չ ալ հանրային նեցուկ։

Այս բոլորի լոյսին տակ կը մնայ հիմնական հարցադրում մը. արդեօք Մոսկուա որոշ գործընթացներու համար պիտի պահէ՞ Փաշինեանը վարչապետի աթոռին վրայ կամ թէ հրապարակ պիտի հանէ նոր ճանապարհային քարտէս մը՝ Հայաստանը համընդհանուր թախիծէն ու պարտութեան ծանր մէգէն դուրս բերելու համար։ Սպասենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020