ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ, ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՂՈՒԱՆ ՕՐԸ

Սաատ Հարիրիի «պատմութիւն»ը ճիշդ հասկնալու համար պէտք է անպայման վերյիշել 2017 թուականին անոր հրաժարականը, ապա որոշ ժամանակով մը անոր «առեւնգում»ը Ռիատի «Ռիթց» պանդոկին մէջ տասնեակ այլ գործիչներու հետ։ Առեւանգումը թէկուզ «չընդունուեցաւ» Սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ (ու բնականաբար պիտի չընդունուէր... կամ չյայտարարուէր), բայց եւ այնպէս, չհերքուեցաւ սէուտցի բարձրաստիճան մարմնի մը կողմէ, փաստելով նաեւ այն վարկածը, որ Հարիրիին դէպքը երբեք պատահական չէր։ Պատահական չէր, որովհետեւ այն ինչ որ տեղի ունեցած էր նախքան այդ «պայթում»ը կամ պարզասած՝ հրաժարականը, ունէին նախապատմութիւն։

Այդ բոլորը հասկնալու համար հարկ է, անշուշտ, հասկնալ եւ նոյնիսկ ձեւակերպել այն մօտեցումը, որ Մերձաւոր Արեւելքի աւազանին մէջ քաղաքական բոլոր մակարդակի կապերը, յարաբերութիւնները, բարեկամութիւններն ու նոյնիսկ խնամիական կապերը հիմնուած են միայն ու միայն անհատական նախասիրութիւններու վրայ։ Ուրեմն, այս պարագային արդէն իսկ աւելի քան պարզ ու յստակ է, որ Սէուտեան Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանին եւ Սաատ Ռաֆիք Հարիրիին միջեւ ոչ թէ միայն «քեմըսթրի» չկայ, այլ կան լարուածութիւն, մեղմ ըսած հակառակութիւն եւ դժգոհութիւն, որոնք աճեցան ու մեծցան վերածուելով «հակամարտութեան» մը, որուն իրական հետեւանքները հասցուցին այսօրուան ընդհանուր պատկերին։

Իմ ընթերցողներուն կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ վերջին շրջանին Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմը բազմաթիւ ցնցումներու ենթարկուեցաւ ո՛չ միայն շարունակող տագնապներուն կամ անոնց սրացման պատճառով, այլեւ՝ Սաատ Հարիրի բաւականին «յուզիչ» ասուլիսով, որու ընթացքին ան յայտարարեց, թէ որոշ ժամանակով մը իր գործունէութիւնը կ՚առկախէ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն։ Առկախումը անշուշտ չի նշանակեր, որ Հարիրի կը հեռանայ երկրի քաղաքական կեանքէն, սակայն որոշումը կրնայ ունենալ բաւականին խորքային հետեւանքներ։ Նախ՝ Հարիրի կը համարուի սիւննիներու հիմնական ձայնը ու իր այս ոչ թէ անհատական այլ հաւաքական որոշումը կը նշանակէ, թէ յառաջիկայ կարճաժամկէտ փուլին սիւննիները՝ ի մասնաւորի Լիբանանի օրակարգին վրայ պիտի չունենան աշխոյժ դերակատարութիւն մը։ Անշուշտ, այս պատկերը կարճաժամկէտ դրոյթ մըն է, որովհետեւ մեծ Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով ալ տեղի կ՚ունենան բաւական մեծ խմորումներ այն պատճառով, որ Լիբանանի նման համայնքային դրութեամբ ղեկավարուող երկրի մը պարագային քաղաքական համաձայնութիւնը եւ գործընկերութիւնը կը շարունակեն մնալ երկրի յաջողութեան մեծագոյն գրաւականը։

Ամէն պարագայի յստակ է, թէ Հարիրի, որ ունի քաղաքական մեծ լսարան եւ հետեւորդներու մեծ բանակ մը, իր կատարած յայտարարութեան մէջ երբեք չնշեց, որ ինք ընդհանրապէս կը հեռանայ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն։ Բան մը դուռ կրնայ բանալ մի քանի կարեւոր ենթադրութիւններու, որոնց մասին պիտի գրեմ յառաջիկայ տողերով։

Անշուշտ գաղտնիք չէ, թէ Սէուտական Արաբիան, որ այսօր անուղղակիօրէն կը մասնակցի Լիբանանը «պատժելու» գործընթացներուն՝ ձեւով մը մեծ հիսաթափութիւն կ՚ապրի։ Այդ հիասթափութեան հիմնական պատճառը Սաատ Հարիրին չէ անշուշտ, սակայն ըստ երեւոյթին, Սաատ Հարիրի մեծ դեր ունեցաւ, որ սէուտցիք այս կերպ վարուին, նաեւ ինչ-որ առումով «ստիպեն», որ ան այս փուլին դուրս գայ ընթացող խաղէն։ Բաց աստի, կայ նաեւ երկար տարիներու ընթացքին սէուտցիներու ցոյց տուած «տիրական» նիւթական նեցուկը, որ սակայն ինչ-ինչ պատճառներու չդարձաւ քաղաքական միաւոր։

Լիբանանի Իրանի թեւը՝ «Հիզպուլլահ» եւ իր կողմնակիցները, ունին այն տեսակէտը, որ Հարիրի կտրականապէս մերժած է գահաժառանգ Պին Սելմանի առաջարկը՝ հարցերը ռազմական ճանապարհով լուծելու ծրագիրը։ Կա՞ր արդեօք այդպիսի միտում սէուտցիներուն կողմէ, վստահ չենք, սակայն նոյնիսկ Հարիրիի բերնէն հնչած կարգ մը խօսքերը այս վարկածը կը դարձնեն ազդեցիկ։ Հարիրի ինչ կ՚ըսէր. ան առանց թաքցնելու կը յայտնէր. «Իմ ուսերուն կային երկու մեծ պարտաւորութիւններ։ Առաջինի պարագային յաջողեցայ, իսկ երկրորդի պարագային յաջողութեան չհասայ։ Առաջինը կը վերաբերէր Լիբանանը քաղաքացիական նոր պատերազմէ մը հեռու պահելը, այդ ըրի մեծ նուիրուածութեամբ։ Իսկ երկրորդը լիբանանցիները երջանիկ դարձնելն է, այդ առումով ինչ-ինչ պատճառներով ես յաջողութեան չհասայ եւ ձախողեցայ...»։ Այս խօսքը մեծ հաշուով հասկնալի «պատգամ» մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք ինչ-որ տեղ կը հաւատան, թէ Լիբանանի մէջ խնդիրները հնարաւոր է լուծել ռազմական ճանապարհով, որու հետեւանքով ալ նոր որակի պայքար ստեղծել «Հիզպուլլահ»ին դէմ։

Անշուշտ, այս առումով Հարիրին անկեղծ է, որովհետեւ ան ամէն ճիգ ըրաւ, որպէսզի դառնայ «Հիզպուլլահ»ը հանդարտեցնող օղակ մը, յար եւ նման իր հօր՝ Ռաֆիք Հարիրիին, որ երկար տարիներ փայլուն կերպով իրականացուց այդ առաքելութիւնը եւ դարձաւ կամուրջ. մէկ կողմէ Արեւելքի, միւս կողմէ Արեւմուտքի, կամ Արեւմուտքի հովանոցին տակ գործող եւ մեծաւ մասամբ ազդեցիկ տէրութեանց միջեւ։

Ամէն պարագայի տակ յստակ է նաեւ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք բացայայտ պիտի դառնայ, թէ Սաատ Հարիրին եւ իր կողմնակիցները ինչքան կարեւոր գետին մը ունին Լիբանանի մէջ։ Այդ մէկը պիտի դրսեւորուի ընտրութիւններէն ետք գոյանալիք խորհրդարանին մէջ, որ իր ստուերը պիտի տարածէ ամբողջ Լիբանանի քաղաքական դաշտին վրայ։

Բաց աստի, յստակ է նաեւ, որ այս հիմունքներով առաջնորդուելով լիբանանցիք յառաջիկայ փուլին դժուար թէ կարողանան ունենալ կամ ակնկալել Արաբական ծոցի երկիրներու նիւթական նեցուկը, որ այդքան կարեւոր է փլուզման եզրագծին հասած Լիբանանին։

Անշուշտ այսօր Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաւիտենական չէ, որովհետեւ ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նոր կարեւոր խմորումներ տեղի կ՚ունենան, այլեւ ոչ մէկ կողմի ձեռնտու է բախումներու նոր թատերաբեմ մը ստեղծել։ Այս ծիրէն ներս յստակ է արդէն, որ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն (որոնք մեծ հաշուով յաջողութեամբ կրնան պսակուիլ) պիտի յաջորդեն Իրան-Սէուտեան Արաբիա բանակցութիւնները, որոնք առհասարակ շրջանին համար պիտի բանան մե՛ծ համաձայնութիւններու կամ առնուազն «կրակմար»ի մեծ շրջափուլը։ Իբր այդ, սպասելի է, որ տագնապներու մէջ խեղդուած Լիբանանը նոր շունչ մը առնէ, գծէ իր քաղաքական խաղերու մեծ եզրագիծը եւ անցնի լուծումները գործադրելու ժամանակներուն։

Եւ վերջապէս, ինչպէս օրեր առաջ մտորած էի, մեծ է այն հաւանականութիւնը, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանան «մտնէ» Սուրիոյ մեծ պատուհանով, պայմանաւ, որ իրանցիք նոյնպէս հասնին այն եզրակացութեան, թէ Լիբանանի մէջ առկայ խմորումներուն «պայթիլ»ը կրնայ մեծապէս վնաս հասցնել ո՛չ միայն լիբանանցիներուն, այլ՝ ամբողջ Արեւելքին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 31, 2022