ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ բանի համար մարդը կը գովուի եւ կ՚անարգուի:

Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի, բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ՚անարգուի» (Առ 12.8): Խոհեմութիւնը մարդուն համար անգնահատելի գանձ մըն է, որ երբ մարդ ձեռք կը ձգէ, պէտք է ամուր կերպով պահէ զայն եւ անով առաջնորդուի: Մինչ ծուռ սրտութիւնը, մարդուն համար չարիք է եւ անարգանքի դուռ, որովհետեւ ծուռ սիրտ ունեցողները բոլորին աչքին անպիտան եւ անըղձալի կ՚ըլլան, որով ամէն պատեհ ու անպատեհ առիթի մարդիկ կ՚անարգեն ու կը նախատեն ծուռ սիրտ ունեցողները:

Ոմանք կրնան հարցնել, բայց չէ՞ որ ինչ որ մէկուն անարգելը կամ նախատելը սխալ է եւ կարելի՛ չէ. շատ ճիշդ, անտեղի կերպով ոեւէ մէկուն անարգելը կամ նախատելը սխալ է եւ կարելի՛ չէ, սակայն, երբ հանգամանքներն ու պարագաները կը պարտադրեն խիստ կեցուածք ունենալ եւ յանդուգն որոշումներ կայացնել ի շահ ընդհանուրին, ապա այդ խստութեան եւ յանդգնութեան արդիւնք եղող նախատինքն ու անարգանքը սխալ չե՛ն կրնար ըլլալ, այլ բնական արդիւնքը նախատուող կամ անարգուող մարդուն սիրտի ծռութեան:

Նոր կտակարանին մէջ գրուած է. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարագարէներու ուսուցումները» (Մտ 7.12): Այս համարը կարդալով, յստակ կը դառնայ մեզի, որ իւրաքանչիւր մարդ իր օգտագործած սկզբունքով է, որ պատասխան կը ստանայ, այս պարագային՝ խոհեմութիւն ձեռք ձգողն ու խոհեմութեամբ ապրողը կը գովուի, կը մեծարուի, իսկ հակառակը՝ ծուռ ու չար սիրտ ունեցողները կ՚անարգուին, կը նախատուին ու կը ծաղրուին:

Հ. Չունեցածով պարծենալը կամ ինքզինք մեծ ու արժէքաւոր մէկը համարելը սխա՞լ է:

Պ. անշո՛ւշտ, որ սխալ է: Տես՛էք Իմաստունը ինչ կ՚ըսէ. «Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է, քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը» (Առ 12.9): Այսօր յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք իրենց ունեցած գիտութեամբ, կոչումով, պաշտօնով, տիտղոսով, իսկ նիւթական գետնի վրայ իրենց ունեցածով՝ տունով, ինքնաշարժով, հեռախօսով, եւ այլնով կը հպարտանան եւ իրենք զիրենք միւսներէն տարբեր կը համարեն…: Այս մարդիկ սակայն, կ՚անգիտանան, թէ միայն ա՛յդ է իրենց վարձատրութիւնը, կամ ստացած «բարիք»ը, որովհետեւ իրենց սիրտը փոխանակ երկինքին՝ յաւիտենականին կապուելու, կապուած է աշխարհին՝ անցողականին:

Մարդկայնօրէն, հարուստներուն կամ պաշտօնով ու գիտութեամբ պարծեցողներու պարագան որոշ չափով կարելի է հասկնալ ու ըմբռնել, սակայն անհասկնալին ու անըմբռնելին այն է, երբ մարդ ո՛չ ուսում, ո՛չ գիտութիւն, ո՛չ աշխատանք եւ ո՛չ ալ հարստութիւն կամ ունեցուածք ունի, հացի կարօտ է, սակայն այնպէս ինքն իրմով կը պարծենայ եւ իր չունեցածներով ինքզինք մեծ կը կարծէ, որ պահ մը, զինք լսողները եթէ չճանչնան զինք, կրնան տարուիլ մտածելով թէ իրենց դիմաց կանգնողը հանճար մըն է…

Առակագիրը, արդարեւ, աշխատանքը քաջալերով միաժամանակ կը քաջալերէ նաեւ խոհեմութիւն ունենալը: Վերը թուարկուածները՝ պաշտօն, տիտղոս, կոչում, գիտութիւն, հարստութիւն, ունեցուածք, եւ այլն աշխատանքի շնորհիւ կու գան, այսինքն՝ աշխատանքն է հիմքը եւ շարժող ուժը այդ բոլորը, առանց որուն մարդ կտոր մը հացի կարօտ կը մնայ: Հետեւաբար, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ մարդ նախ եւ առաջ աշխատի եւ աշխատելով խոնարհութիւն ձեռք ձգէ, որովհետեւ խոնարհութեան մէջ կը կայանայ իսկական մեծութիւնը:

Հ. Արդարն ու ամբարիշտը ողորմող կրնա՞ն ըլլալ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի, բայց ամբարիշտները անողորմ են» (Առ 12.10): Արդար մարդը իր անասուններուն հոգ տանելով Աստուծոյ պատուէրն է, որ կը գործադրէ, որովհետեւ արարչագործութեան ժամանակ ամբողջ աշխարհը մարդուն խնամքին յանձնեց, եւ արդարեւ, երբ մարդ հոգ կը տանի ու կը խնամէ անասուններուն, ատով Աստուծմէ իրեն տրուած պարտականութիւնն է, որ կը կատարէ:

Այստեղ զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն, որովհետեւ այսօրուան մարդը անասունները խնամելու եւ հոգ տանելու համար անոնց, անցած է բոլոր թոյլատրելի եւ անթոյլատրելի սահմանները: Այսօր, մինչ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ բամզահազար մանուկներ մէկ կտոր հացի կարօտ են, անդին «հոգատար» մարդիկ կան, որոնք հազարաւոր, չըսելու համար միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն անասուններու վրայ, այդպիսով իրեն խիղճը հանգստացնելու համար… Այսպիսիներուն պէտք է անընդհատ յիշեցնել ու անոնց ականջներուն մէջ հնչեցնել, թէ ճի՛շդ է, որ Աստուած անասունները մեր խնամքին ու հոգատարութեան յանձնեց, սակայն միաժամանակ զանոնք յանձնեց մեր գործածութեան, մեր պէտքերը հոգալուն, այսինքն՝ աշխատցնելու, սնունդ ստանալու, եւ այլն, եւ երբ այսօր անտրամաբանական մօտեցումներ կը ցուցաբերուին անասուններու վերաբերեալ, ատոնք պարզապէս դրժումն են աստուածային պատգամին ու պատուիրանին: Ամէն ինչի մէջ չափաւորութիւնը փափաքելի ու գեղեցիկ է, սակայն երբ չափը անցնի, կը կորսնցնէ իր համն ու քաղցրութիւնը: Հետեւաբար, մարդ խնամելով ու հոգ տանելով անասուններուն, պէտք չէ՛ մոռնայ, որ ինք տէր ու իշխան կարգուած է անոնց վրայ, եւ բնականաբար տէրն ու իշխանը չե՛ն կրնար անասունէ մը նուազ արժէք ունենալ…, որով երբ անասուններուն չափէն աւելի հոգատարութիւն կը ցուցաբերենք, ատով վիրաւորած կ՚ըլլանք մեր նմանները, որոնք նոյնպէս մեզի նման տէր ու իշխան կարգուած են նոյն այդ անասուններուն վրայ, որոնք շատ յաճախ անպատասխանատու եւ ծայրայեղ մարդոց կողմէ, իրենց տէրերէն ու իշխաններէն աւելի «յարմարաւէտ ու բարօր» կեանք կ՚ապրին…:

Ինչ կը վերաբերի ամբարիշտներու անողորմութեան, արդարեւ, ամբարիշտները ո՛չ միայն անողորմ ու անգութ կը գտնուին անասուններուն նկատմամբ, այլեւ նոյնիսկ իրենց նմաններուն՝ մարդոց նկատմամբ, զրկելով, թալանելով, հալածելով, չարչարելով, բռնաբարելով, գողնալով, կողոպտելով, զրկանքներու եւ սովի ենթարկելով, սպաննելով, եւ այլն:

Հ. Ի՞նչ կու տան չար մարդուն շրթունքները:

Պ. Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ՚իյնայ» (Առ 12.13): Իւրաքանչիւր մարդ ինքն է իր դատաւորն ու դատապարտութիւնը, այլ խօսքով՝ մարդ իր շրթունքներով, իր լեզուով է, որ ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարդկէ, որով եւ ինքզինք կը դատէ, քանի որ կ՚իյնայ իր շրթունքներուն, լեզուին, իրենց պատրաստած որոգայթին մէջ:

Ս. Յակոբոս առաքեալ հրաշալի նկարագրութիւն մը կու տայ մարդկային լեզուի մասին, որ մարդ պէտք է միշտ կարդայ, որպէսզի իր լեզուին, իր շրթունքներուն որոգայթին մէջ չիյնայ: Կարդա՛նք միասին.

«Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ: Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել: Լեզուն ալ կրակ է: Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա: Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ:

Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր: Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն: Անով կ՚օրհնենք Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են: Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը: Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս: Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞: Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ: Նմանապէս կարելի չէ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բխի» (Յկ 3.5-12):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 27

8 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023