ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ…

«Գրականութիւնը անկախութիւն է, եւ անկախութիւններէն
ամենէն մեծը, ամենէն թանկագինը»: 

ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Շատ հետաքրքրական է, երբ բառարան կը գործածես, բացատրական թէ հոմանշային, որպէսզի բառերուն նշանակութիւնը եւ բացատրութիւնը ստանաս: Բառերու նշանակութիւնը քեզի առիթ կու տայ ո՛չ միայն հասկնալու, այլ նոյնքան նաեւ ընկալելու եւ իմաստ կերտելու քու հասկացողութեանդ համար:

«Անկախութիւն» բառին բացատրութեան մէջ տեսայ «ինքնավարութիւն», «ազատութիւն», «պետական իշխանութիւն ունեցող» իմաստները: Իսկ հոմանշային բացատրութիւններուն մէջէն տեսայ «ինքնիշխանութիւն» եւ «ինքնուրոյնութիւն» հասկացողութիւնները: Այս բոլորին մէջէն սկսայ որոնել անկախութեան հասկացողութիւնը եւ ընկալումը իմ կեանքիս համար եւ տարիներու ընթացքին: Թէ ինչպէ՛ս անկախութիւնը եւ անոր հասկացողութիւն-ըմբռնումը կրցայ տեսնել, հասկնալ, ընկալել, ինչ որ իմ կեանքիս մէջ ներմուծուեցաւ հետեւողական կրթական-դաստիարակչական գործընթացի մը մէջէն, որ նաեւ ինծի համար կերտեց իմ ինքնուրոյնութիւնս:  Թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել հայ եւ ազգային ըլլալ: Եւ որ այս հասկացողութիւնը իմ կեանքիս համար պիտի դառնար ձեւաչափ՝ ապրելու համար անկախ եւ  ինքնուրոյն կեանքի մը գիտակցութեան մէջէն: Տեսայ նաեւ, թէ անկախութիւնը իր ինքնուրոյն բայց նոյնքան համապարփակ տարազով, հայրենիքի եւ անոր աշխարհագրական-հողային սահմաններու կարգավիճակն է ու տակաւին աւելին:

Տեսայ, թէ անկախութեան հասկացողութիւնը դաստիարակութեան արդիւնք էր: Դաստիարակութիւն մը, որ սկսաւ աշակերտական տարիներուս ընթացքին՝ սկսելով նախ տան մթնոլորտէն եւ անցնելով դպրոցէն եւ շեշտուած կերպով հայկական դպրոցէն, հասնելով եկեղեցի ու տակաւին: Եթէ ես չունեցայ կուսակցական-միութենական ու ակմբային դաստիարակութեան այդ հոլովոյթը, բայց կարելի չէ չգնահատել այս վերջիններուն կարեւոր դերը այս դաստիարակութեան մէջ:

Դպրոցական տարիներուն հայերէնի, գրականութեան, հայոց պատմութեան ու հոգեւոր-Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր դասապահի դաստիարակութեան ընդմէջէն, սկսայ տեսնել, թէ  ինչպէ՛ս կը կազմաւորուի ազգային անկախութեան, իմա՛՝ ինքնուրոյնութեան այս նկարագիրը: Անկախութիւնը տեսայ ու սորվեցայ ազգային հայեցակէտի ու ըմբռնումներու հասկացողութիւններուն եւ գիտակցութեան մէջէն: Թէ ինչպէ՛ս դպրոցական-եկեղեցական այդ  դաստիարակութիւնը եղաւ համապարփակ՝ իմ կեանքիս համար կերտելու ինքնուրույն դիմագիծ մը: Հայ եմ, քրիստոնեայ, եւ ասիկա   ինքնուրոյնութիւն մըն է, որ ինծի եւ իմ կեանքիս շնորհեց անկախութիւն: Անկախութիւնը ազատ ու հաւասարակշռուած մտածողութեան, ինքնութեան, կեցուածքի, ընբռնումի, ապրելակերպի եւ համամարդկային կեանքի ու աշխարհի մէջ ապրելու գրաւական է: Բայց ոչ միայն ապրելու աշխարհին մէջ իբրեւ մարդ, այլ ինքնուրոյն նկարագիրով հայ մարդ, որ նաեւ իր ներդրումը կ՚ունենայ համամարդկային ու միջազգային  յարաբերութիւններու մէջէն: Բայց նաեւ սորվեցայ, որ գրաւոր ու բերանացի Խօսքը՝ (համեմատելով եւ ներառելով Աստուածաշունչի բացատրութեան մէջ ԲԱՆ հասկացողութիւնը) ընդարձակ ու համապարփակ գրականութիւն է եղեր, շատ աւելին, քան գրական-բանաստեղծական բովանդակութիւնը եւ անոր հասկացողութիւնը: Եւ այս Խօսքի, իմա ԲԱՆԻ գրականութիւնը, շարադրուած եւ համադրուած ձեւով կերտեց քրիստոնէական, ազգային, հասարակական, քաղաքական, գիտական, փիլիսոփայական, հրապարակախօսական եւ այլ դաստիարակչական գիտութիւններ, որոնք միանալով իրարու հետ ստեղծեցին ինքնուրոյն նկարագիր մը ինծի համար իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ մարդ: Այսօր կ՚արժեւորեմ այս «գրականութիւնը» եւ անոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որ ինծի համար եղաւ ապրող կեանք մը: Եւ իրաւացի է Գեղամ Բարսեղեանը, երբ կ՚ըսէ, թէ  գրականութիւնը անկախութիւն է (եւ անկախութիւն կը շնորհէ), եւ աշխարհի մեծագոյնը եւ թանկագինն է եղեր: Որովհետեւ իմս է եւ իմ մէջս կերտեց անկախ, ազատ եւ ինքնուրոյն նկարագրով կեանքի մը հասկացողութիւնը:

Բայց այս անկախ եւ ինքնուրոյն նկարագիրին մէջ  պիտի լիցքաւորուէր նաեւ  հայրենիք-հող գիտակցութիւնը: Վերջապէս սփիւռքահայ եմ, եւ պիտի ապրէի հողին կարօտը: Հայկական հողը, որ իմս է եւ իմ դիմագիծս է: Հողը, որ նաեւ դարձաւ իմ անկախ եւ ինքնուրոյն կեանք շնորհող ենթահողս, անկախ թէ ի՛նչ կարգավիճակի մէջ է հայուն եւ իմ այս հողը: Առաջին հանրապետութիւնը հայկական պետականութեան առաջին կռուանն էր, որուն պատմութիւնը սերտելով իմ հայկական-ազգային դիմագիծս ուրուագծուեցաւ իբրեւ անկախ, ազատ, ինքնուրոյն հայ անհատ: Երկրորդ հանրապետութիւնը, որուն հետ բաւական առընչուեցայ, եթէ չունեցաւ վարչական-պետական ինքնիշխան դրուածք, բայց երբեք չդադրեցաւ սնուցանելէ իմ հայկական ու ազգային ինքնուրոյն նկարագիրս: Երրորդ հանրապետութիւնը եթէ շարունակութիւնն էր առաջին եւ երկրորդ իրականութիւններուն, բայց պիտի ամբողջացնէր իմ մէջս հպարտութիւնը նոյն այս անկախ եւ ինքնուրոյն նկարագիրիս նկատմամբ: Սկսայ տեսնել եւ սորվիլ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է եղեր հող-հայրենիք իրականութիւնը՝ այս համապարփակ եւ ինքնուրոյն նկարագիրս կերտելու մէջ:

Այս ազգային եւ ինքնուրոյն նկարագիրի կերտումը զերծ չէր մարտահրաւէրներէ: Իբրեւ սփիւռքի մէջ ծնած, մեծցած եւ մինչեւ օրս տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայ մը, ապրեցայ ու տակաւին կ՚ապրիմ սփիւռքեան կեանքին ստեղծած եւ պարտադրած տարբեր հոլովոյթները: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն սկսեալ մինչեւ Միջին Արեւելքի տարբեր ու մինչեւ օրս շարունակուող քաղաքական եւ ապահովական ելեւէջները: Հայուն պատմութիւնը մինչեւ օրս միշտ ալ լեցուն եղած է ելեւէջներով: Առաջին հանրապետութիւնը ունեցած է իր տարբեր մտահոգութիւնները: Խորհրդային համակարգին մէջ ուրիշ բնոյթի դժուարութիւններ կային, հասնելով մինչեւ ներկայ օրերու երրորդ հանրապետութիւնը: Այսօրը նոյնքան լեցուն է մտահոգիչ տուեալներով:

Կայ մէկ կարեւոր իրականութիւն: Այս «մտահոգիչ տուեալները» իմս են նաեւ, ինչպէս որ են իւրաքանչիւր հայու համար: Այսօր, իմ անկախ ու ինքնուրոյն ազգային ինքնութեան կեանքիս մէջ ունիմ նոյնքան մտահոգիչ տուեալներ: Երեւի պիտի ապրիմ այս տուեալներով, բայց նաեւ աշխատիմ, որպէսզի բարւոք լուծումի մը համար տարուած բոլոր ջանքերուն մէջ իմ մասնակցութիւնս բերեմ: Ինքնուրոյն նկարագիրը՝ անկախութիւնը, ունի նաեւ պատասխանատուութիւն, որմէ կարելի չէ փախչիլ:

Ներկայ օրերու մեր երրորդ հանրապետութիւնը ունի բազմաթիւ մտահոգութիւններ: Չեմ ուզեր ըսել, թէ առաջինը եւ երկրորդը չունէին որեւէ տեսակի հարց: Անպայմանօրէն ունէին, ինչպէս ներկայ օրերու տարբեր հիմնահարցերը:

Մեր ներկայ օրերու երրորդ հանրապետութեան մէջ կան ռազմական-քաղաքական տագնապներ: 44 օրերու Արցախի պատերազմը եւ պարտութիւնը մեզ դրին շատ դժուար իրականութեան մը առջեւ: Մեր հայրենիքի աշխարհաքաղաքական տուեալները նոյնպէս չեն օգներ մեր հարցերուն մէջէն բարւոք ձեւով նաւարկելու: Ստիպուած ենք կատարել քաղաքական թեքումներ եւ համաձայնութիւններ, ընտրութիւններ, ինչպէս նաեւ ապաւինիլ այս կամ այն ուժի աջակցութեան: Աշխարհագրական ոչ նախանձելի մեր դիրքը մեզ նաեւ կը դնէ՝ իբրեւ  հայրենիք եւ պետականութիւն, դժուարին ընտրանքներու առջեւ: Արցախի հիմնահարցի լուծման անհրաժեշտութիւնը նոյնքան դժուարին առաքելութիւն մըն է: Ներկայ օրերու Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանային քաշքշուքները ա՛լ աւելի կը բարդացնեն տիրող կացութիւնները:

Բայց այս բոլոր արտաքին առանցքներուն մէջէն կայ մեր ներքին իրավիճակը, որ այսօր, մեղմ ըսած, ոչ համերաշխ մթնոլորտ մը կը պարզէ: Ներքին տագնապներն ու անհամաձայնութիւնները եւ տակաւին իրարու նկատմամբ անմակարդակ մեղադրանքները եւ ստորնացնող գզվռտոցները հասած են անվայել մակարդակներու: Այսօր ներհայկական մեր կարգուսարքը կ՚ապրի ահաւոր տագնապ: Տագնապի այս պատճառը արդիւնք է քաղաքացիական, ազգային, բարոյագիտական ու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ կրթութեան մեծ բացակայութեան: Երեսուն տարիներու վրայ երկարած մեր երրորդ հանրապետութիւնը չկրցաւ կերտել համակարգ-պետականութիւն մը, որ քաղաքացիական եւ ազգային առողջ բարոյագիտական հիմքեր ունենար: Հոն, ուր հայ քաղաքացին պիտի ապրի, բայց նաեւ պիտի կերտէ հայրենիքը, հեռու՝ կաշառակերութենէ եւ կողոպուտէ: Ընչաքաղցութիւնը եւ «մամոնա»ի պաշտամունքը մեր արժեչափերը դարձան դժբախտաբար, եւ մենք չկըր-ցանք հիմնել պետականութիւն մը, որ կը վայելէ առողջ եւ տոկուն բարոյական հիմք: Այս իմաստով մենք սկսած ենք սակարկել մեր ազգային ինքնուրոյնութիւնը. այն ինքնուրոյնութիւնը, որ գլխաւոր երաշխիքն է մեր անկախութեան: Անկախութեան աշխարհագրական, տարածքային, բայց նաեւ ազգային-մշակութային ինքնութիւնները: Պարտինք ընդունիլ, թէ բոլորս «կշռուեցանք եւ պակաս գտնուեցանք» (Դանիէլ 5:27): Պակասաւորը հայրենի պետականութիւն մը հիմնելու գրաւականն է, որ մեծապէս պիտի օժանդակէր, որպէսզի մենք կարենայինք դիմագրաւել մեր արտաքին բազմապիսի ու բազմատեսակ հիմնահարցերը: Պատմութեան փորձը յստակ է. ուր կայ ամուր, ներքին եւ լաւ կազմակերպուած պետականութիւն, հոն կայ արտաքին տարբեր հիմնահարցերը դիմագրաւելու վճռակամութիւն եւ կարողականութիւն, անկախ թէ ինչքան է մեր ուժի թուային եւ որակական կարողականութիւնը: Ներքին ամուր հիմքը պատուանդան է արտաքին  մարտահրաւէրներու դիմաց:

Պէյրութէն բարեկամ մը ամէն առաւօտ լաւ սովորութեան մը սկսած է՝ ընկերային տեղեկատուութեան ցանցերու միջոցով «բարի լոյս» ըսելու: Եւ իւրաքանչիւր բարի լոյս ունի մեր պատմական Հայաստանի, Կիլիկիոյ ու տակաւին Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր գիւղերէն ու քաղաքներէն նկարներ: Այս նկարներուն ան կը միացնէ նաեւ նոյն այս վայրերուն մէջ ծնած ու ապրած հայ հերոսներու եւ մտաւորականներու նկարները: Քաջալերական եւ շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն մը իսկապէս:

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, բայց Արամ պէյ Չոլաքեանի նկարը ուշադրութիւնս աւելի գրաւեց: Զէյթունցի ծնողքի մը զաւակն ալ չեմ, որ ըսեմ, թէ հայրենակցական կապն էր, որ զիս այդ յատուկ ուշադրութեան հրաւիրեց: Արամ պէյի աչքերն ու նայուածքն էին: Խորունկ, ինչ որ աւելի խթանեց զիս մտնելու իր աչքերուն մէջէն իր ներաշխարհը՝  պեղելու համար հոն թաքնուած իր ինքնուրոյնութիւնը: Անոր աչքերուն եւ  նայուածքին մէջ տեսայ հաստատակամ եւ ամուր կեցած մարդը: Ազգային ինքնուրոյնութեան մը հաւատացած ու կառչած հերոսը, որ երբեք չսակարկեց իր ինքնութիւնը: Գիտցաւ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս զէնքին պիտի ապաւինէր, որպէսզի փրկէ իր ժողովուրդը: Եւ փրկեց։ Պատմութիւնը կը վկայէ Արամ պէյի սխրագործութիւններուն եւ քաջագործութիւններուն մասին: Ան ազգային ինքնուրոյնութիւն կերտած մարդն էր, որուն բարոյական արժեչափը հայրենիքը  եւ անոր անկախութիւնն էր: Արժէքին հաւատացած մարդն էր:

Հայը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը եւ պետականութիւնն է աշխարհի վրայ: Այս իմաստով, մենք ազգովին որոշեցինք «Տէրոջը հոգին» մեր վրայ առնել: «Եւ հոն, ուր Տէրոջը հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ» (Բ. Կորնթացիս 3:17): Այս իմաստով, ազատութիւնը, որ անկախութիւն է եւ ինքնուրոյնութիւն, եւ որուն միջոցով որոշած ենք շարունակել մեր կեանքերը ապրիլ, մեզ կը պարտաւորեցնէ գիտակցիլ մէկ մեծ պարտականութեան, որ մեր առջեւ կը դրուի: «Թէ ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու պատճառ պէտք չէ ըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ընելու» (Գաղատացիս 5:13):

Եթէ որոշած ենք պահել ու պահպանել մեր ազգային անկախութիւն-ազատութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը, ապա պիտի գիտակցինք, թէ զայն յաջողցնելու գրաւականը սիրոյ ծառայութեան մէջ է: Սիրոյ ծառայութիւնը վեր է անհատական թէ այլ հաշիւներէ եւ սակարկութիւններէ: Ան ծառայութիւն մըն է արժէքի կեանքը եւ համակարգը կերտելու մեր կեանքերուն համար:

Առաջին հանրապետութիւնը մեկնարկեց այս սիրոյ ծառայութիւնը, երբ հիմը դրաւ  մեր պետականութեան: Երկրորդ հանրապետութիւնը շարունակեց նոյնը: Եւ այսօր ունինք երրորդը: Մեր պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնն է պահել եւ կերտել այն, ինչ որ ունինք այսօր:

Պահելու եւ կերտելու համար պէտք ունինք սիրոյ ծառայութեան գիտակցութեան: Այն, որ պիտի շինէ մեր անկախութիւնը: Անկախութիւնը՝ ազգային ազատութեան եւ ինքնուրոյնութեան գրաւականով:

Հոն, ուր  հայուն կեանքը պիտի ապրինք:

Անկախութեան եւ ինքնուրոյնութեան հպարտութեամբ:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, 24 մայիս  2021

Երկուշաբթի, Մայիս 31, 2021