ԻՐԱՔԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԲԱՐԴ ԵՒ ԱՆԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ...
Իրաքը որպէս երկիր բաւական ճգնաժամային պայմաններէ կ՚անցնի։ Անկախ անկէ, որ նաւթով գերհարուստ այդ երկիրը «քուն ու դադար» չունեցաւ նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյինի իշխանապետութեան փլուզումէն ի վեր։ Բայց եւ այնպէս, վերջին տարիներուն ստեղծուած պատկերը ցոյց կու տայ, որ Իրաքի մէջ տիրող բաւական խառնակ իրավիճակը հետեւանքն է շրջանային մեծ պայքարներու, որոնց մէկ սանձը կը գտնուի այդ երկրի մեծ հարեւան Իրանի ձեռքը, իսկ միւս սանձը՝ Միացեալ Նահանգներու ձեռքը։
Եթէ փորձենք հապճեպ պատմական մը ընել ու վերյիշել վերջին տարիներու զարգացումները, ապա լաւապէս պիտի հասկնանք, որ Իրաք դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Մերձաւոր Արեւելքի «նոր» քաղաքականութեան հիմնական խաղադաշտը։ Անշուշտ, տխուր պարագան այն էր, որ Միացեալ Նահանգներու համար երբեք գերխնդիր մը չեղաւ՝ Իրաքը «ոտքի հանել» իր ցաւերէն ու տառապանքէն, այլ ամէն գնով օգտուիլ անոր նաւթէն ու շիի-սիւննի առանցքներու վրայ ընթացող պայքարի լոյսին տակ այդ երկիրը վերածել ամերիկեան «սահադաշտ»ի մը։
Ամէն պարագայի, այսօր աւելի քան յստակ է, որ Իրաքի մէջ վերոնշեալ երկու ուժերը մեծ պայքար կը մղեն ու պիտի շարունակեն մղել։ Իբր այդ ալ բաւականին դժուար պիտի ըլլայ յուսալ, որ Իրաք իր գողգոթայի ճանապարհը վերջապէս աւարտէ ու հասնի ապահով ափեր։ Այս համայնապատկերին վրայ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար Իրաքի ընդհանուր կացութեան, վերջերս հեռավար զրոյց մը ունեցանք նախկին իրաքահայ, այժմ ամերիկաբնակ ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանին հետ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Թէեւ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էք, սակայն յաճախ հանդէս կու գաք քաղաքական վերլուծութիւններով. արդեօք ի՞նչ է պատճառը։
-Այո, մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ եմ, 1969 թուականին աւարտած եմ Պաղտատի համալսարանը։ այդ մէկը կարեւոր էր, որ կարողանայի լաւ եկամուտ ունենալ եւ լաւ ապրուստ ապահովել։ Միւս կողմէն հետեւելով տարբեր ժողովուրդներու պատմութիւններուն, որ սկսած է մեր ազգի պատմութեամբ եւ անոր դառն հատուած հանդիսացող Մեծ եղեռնի իրողութեամբ։ Այդ մէկը զիս ստիպեց քննել մեր ժողովուրդի պատմութեան զանազան փուլերը, նաեւ քննարկել համաշխարհային իրադարձութիւններն ու քննական ակնոցով նայիլ անոնց ազդեցութեան մեր հարցերու վրայ։ Հետեւաբար՝ քաղաքական վերլուծումները կարեւոր եղան։ Աւելի՛ն, Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէս ետք, հնարաւորութիւն ունեցայ երեք տարի շարունակ քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան դասերու հետեւելու։ Ըսեմ նաեւ, որ իմ գրութիւններս լոյս կը տեսնեն՝ «Ասպարէզ»ի, «Նոր Օր»ի, «Մասիս»ի ու մասամբ ալ Լիբանանի «Զարթօնք»ի եւ «Ազդակ»ի, իսկ արաբերէն գրութիւններս «https://www.algardenia.com» եւ անգլերէնները՝ «https://www.academia.edu»ի մէջ։
-Դուք կու գաք Իրաքէն, որ վերջին 15 տարիներուն դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի արիւնահոսող վէրքը, անոր տագնապները այսօր ալ կը շարունակուին ու երկիրը չէ հասած ապահով ափ։ Ձեր կարծիքով՝ ո՞րն է Իրաքի այսպիսի տագնապահար ըլլալու իրավիճակը, որո՞նք են հիմնական պատճառները:
-Ներկայիս Իրաք կռուախնձոր դարձած է շրջանի երկիրներու եւ մեծ պետութիւններու միջեւ: Իրան, Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Պարսից ծոցի երկիրները իրենց շահերը կը փնտռեն, նմանապէս Միացեալ Նահանգները, եւրոպական երկիրները, Ռուսաստանը եւ ուրիշներ։ Իրաքի քարիւղը, երկրի այլ հարստութիւնները եւ աշխարհագրական դիրքը միշտ զանոնք մղած է իրենց շահերը փնտռելու եւ կ՚երազէին օր առաջ անոր անկումին:
Իրաք հզօր պետութիւն մը ըլլալով վախ եւ խուճապ յառաջացուցած է շրջանի երկիրներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն: Բոլորն ալ յարմար առիթի մը կը սպասէին, որպէսզի այդ երկիրը քայքայուի։ Իրաքի մենատէր ղեկավարին՝ Սատտամ Հիւսէյինի վարած սխալ քաղաքականութիւնը, Իրանի պատերազմը եւ Քուէյթի ներխուժումը, նաեւ մեծ պետութիւններու տիրապետութեան հակումները, պատճառ եղան երկիրը վատ վիճակի հասցնելու. իսկ 2003 թուականէն ետք այդ երկիր ներխուժողները գող աւազակներու հարսանիք սարքեցին:
-Մենք նաեւ կը նկատենք, որ աշխոյժ կերպով կ՚ընթանան բանակցութիւններ մէկ կողմէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու, իսկ միւս կողմէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ: Ձեր կարծիքով՝ դէպի ո՞ւր կրնան տանիլ այս բանակցութիւնները, ի՞նչ ընդհանուր պատկեր կրնաք նկատել այս բոլորին առընթեր:
-Իրաք աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Իրանի համար, ան դէպի Սուրիա եւ մինչեւ Լիբանան կ՚ընդլայնէ Իրանի ազդեցութիւնը, Իսրայէլի պետութեան անուղղակի հարեւանը կը դարձնէ, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու համար՝ Իրաքը կեդրոնն է այն ընդարձակ քարիւղի պահեստին, որ կենսական կարեւորութիւն ունի բոլորին եւ տեղեկութիւններ կան Իրաքի «ուրանիում»ի մասին։ Աւելի՛ն, անոնց համար Իրաքի քայքայուիլը Իսրայէլը աւելի ապահով կը դարձնէ: Ինչպէ՞ս պիտի համաձայնին Իրաքի դէմ բոլոր այս երկիրները. հաւանաբար անոնք որդեգրեն «այս մասը ինծի, միւս մասն ալ քեզի» քաղաքականութիւնը:
-Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կայ նաեւ արաբ-իսրայէլեան տագնապ, որ երկար տարիներու կենսագրութիւն ունի եւ մինչեւ հիմա չէ հանգուցալուծուած հակառակ զանազան թուլացումներու: Այսօր Իսրայէլի դերը եւ ընդհանուր իրավիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք:
-Կը թուի, թէ կացութիւնը այդպէս պիտի շարունակուի. հարիւրաւոր միլիոններ պիտի յատկացուին Կազզէի շինարարութեան համար. ո՞վ պիտի ստանայ, ինչպէ՞ս պիտի ծախսուին այդ գումարները Աստուած գիտէ։ Խեղճ պաղեստինցին իր զաւակը կորսնցուց, հատուցումը ղեկավարները կը ստանան։ Իսկ Իսրայէլի համար պաղեստինցները ժամանակ մը պիտի զբաղին աւերուած շէնքերը կառուցելով, եւ մինչ այդ անոնք նոր տարածքներ պիտի կրծեն:
-Այս բոլորէն անդին, հետաքրքրական ու անհրաժեշտ է իմանալ ձեր կարծիքը՝ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք ան նոր տեսակէտ մը ունի՞ Մերձաւոր Արեւելքի կապակցութեամբ:
-Միացեալ Նահանգներու համար Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները միշտ հակամարտութիւններու մէջ պէտք է մնան, որպէսզի միշտ տկար մնան։ Զէնքի շուկայ պէտք է, արդիական զէնքերու կարիք կայ հոն, հակաօդային հրթիռներ, միջուկային զէնքերու դէմ պայքարի պատրաստութիւններ: Ո՞վ պիտի մատակարարէ այս բոլորը: Եթէ Իրանն ու Սէուտեան Արաբիան լաւ հարեւաններ ըլլան եւ խաղաղ ապրին, ի՞նչ կարիք կայ այս բոլորին։ Իմ համեստ կարծիքով՝ Մերձաւոր Արեւելքը դեռ երկար ժամանակով հակամարտութիւններու գօտի պիտի շարունակէ մնալ։
-Աւարտին ի՞նչ ապագայ ունի Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը եւ առհասարակ մեզի համար կենսակա՞ն է, որոշի՞չ է, այսինքն կարեւո՞ր է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան գոյութիւնը: Որովհետեւ յաճախ մենք կը լսենք տարբեր հարթակներէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը վերջացած է: Դուք ինչ կարծիք ունիք այս առումով:
-Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը կայ եւ պիտի մնայ. առանց անոր արեւմտեան երկիրներու սփիւռքը երկար կեանք պիտի չունենայ։ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը վերջացած է ըսող հարթակները, իրենք է, որ դադրած են հայ ըլլալէ։ Այո, այս կամ այն պատճառով հայերը կը գաղթեն դէպի Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ, բայց հոս դժուար է հայը հայ պահելը:
Հայաստանը հայրենիք է, հոն հաստատուիլը ամենալաւ միջոցն է, սակայն ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ապագան, երբ երեք միլիոն ժողովուրդ մը ունի տասնեակներով կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց հիմնական նպատակն է հասնիլ իշխանութեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան