ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԿԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ․․․

«Չնչին տարբերութիւններ՝
մեծ ուժ ներկայացնող պետական
համակարգի մը մէջ, կրնան հսկայ
հետեւանքներ ունենալ»

Նոամ Չամսքի
(պատմագէտ - փիլիսոփայ)

Ժամանակին, կար ու չկար, Արեւմուտքի, քիչ մըն ալ մանրամասնելով՝ Ամերիկայի, այսինքն Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը կար։

Այս «երբեմնի ընտրութիւն»ը, կամ այժմու «կար ու չկար»ը չորս տարին մէյ մը տեղի կ՚ունենայ, այդ ալ՝ նոյեմբերի առաջին երեքշաբթի օրը։

Ուրեմն, քանի մը օրէն, այսինքն՝ երեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2020-ին, ամերիկահայութիւնն ալ պիտի մասնակցի աւանդական եղելութեան։

Այո՛, յատկապէս այս անգամ, ամենէն աժան տեսակէն «ֆոլքլոր»ի վերածուած է անցեալին ծանրութիւն եւ լրջութիւն պարտադրող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը։

Պատճա՞ռ. թեկնածուներու որա՞կը, անմակարդակ թեկնածունե՞ր, թէ՞ թերաճ տիպարներ։ Արդեօք քանի մը տասնեակ բարձր մակարդակի համալսարաններով օժտուած Միացեալ Նահանգներ անունով երկիրը կը տառապի «ճիշդ տեղը, ճիշդ ժամուն, ճիշդ մարդ»ը ունենալու սովէ՞։

Կարկինը աւելի լայնցնելով, կարելի է ընտրութեան ձեւին եւ դրութեան մասին երկար խօսիլ, նշելով թէ ժողովրդավարական հիմերու վրայ դրուած ընտրութիւնը ինքնին «պատանդ»ն է նահանգային համեմատական դրութեան։ Տակաւին՝ ժողովրդավարութիւն մը, ուր քաղաքացին դատապարտուած է երկու կուսակցութիւններէն մէկուն ի նպաստ քուէարկելու։ Չմոռնանք, որ ժողովըրդավարութեան խաբկանքը կատարեալ ընելու համար, կան այլ կուսակցութիւններ ու թեկնածուներ, սակայն… ո՞վ զով կրնայ խաբել:

Երկու տիրապետող ու մենաշնորհեալ կուսակցութիւններ, զորս բնորոշող նշանակներն ու գոյները՝ կարմիր թէ կապոյտ, վիթխարի փիղ թէ տոկուն ու յամառ աւանակ, հետզհետէ աւելի սկսած են տիրապետող ըլլալ, քան թէ իրենց ետին գտնուող գաղափարախօսութիւնն ու միտք բանին, անշուշտ եթէ անոնցմէ բան մը մնացած է կամ կը յիշուի։

Սովորական դարձած բանավէճերն ալ այնքան անմակարդակ դարձած են, գէթ այս անգամ այդպէս եղան, որ շատեր մարեցին իրենց պատկերասփիւռը, նկատելով, որ օրուան հերոսն ու յաղթականը… զրուցավարն է։

Ամերիկահայուն դիտանկիւնէն, վերջին շաբաթներուն շատ աւելի կարեւոր եւ առաջնահերթ էր Արցախի վրայ ազէրի-թրքական յարձակումն ու մինչեւ հիմա շարունակուող ռմբակոծումը։ Երկու թեկնածուներն ալ, յատկապէս տոգորուած իրենց ընտրապայքարով, շատ բան չհասկցան հայութեան ցոյցերէն։ Մէկը Հայաստանի եռագոյն դրօշը տեսնելով՝ կը կարծէր, թէ գործարար հայերը թիկունք կը կանգնին իր թեկնածութեան, միւսն ալ կը կարծէր, թէ ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան՝ կիսատ-պռատ, մակերեսային խօսքով մը պիտի կարենար ներգրաւել ամերիկահայը։

Դժբախտաբար, այսպէս է ներկայ իրավիճակը՝ աշխարհի մեծագոյն երկիրներէն մէկուն նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին։ Անշուշտ, կայ նաեւ համաճարակին ներգործութիւնը…

Սպիտակ տունը ամերիկահայութեան համար կը մնայ անհրապոյր եւ անհաղորդ:

Հաւանաբար, յատկանշական եզրակացութիւնը այն է, որ եթէ այժմու վարձակալը մնայ, հետեւողութեամբ «քորփորէյթ» հաստատութեան մը վարիչին, նոր պաշտօնեաներ պիտի գան, հիներէն ոմանք գործէ պիտի արձակուին, ինչպէս կ՚ըլլար տարիներ առաջ, իր երբեմնի պատկերասփիւռի յայտագրին մէջ։ Իսկ եթէ անոր մրցակիցը ձեռք բերէ Տան բանալին, եւ նկատի ունենալով անոր համեմատաբար սահմանափակ կարողութիւնները, արդեօք աւելի բարենպաստ կացութիւն մը պիտի ստեղծուի՞։

Երկսայրի սուր մը, նաեւ… ոչ-յուսատու կացութիւն մը։

Իսկ թէ դեմոկրատները ի՞նչ կ՚ակնկալեն, կամ՝ պիտի կարենան ընել, եթէ ապահովեն նա՛եւ Ծերակոյտի աթոռներուն մեծամասնութիւնը, այդ ալ ուրիշ «Déjà vu» մը, հակառակ անոր, որ մետասաներորդ պահուն, Գերագոյն ատեանի թափուր մնացած աթոռին՝ այժմու նախագահին ընտրեալին նշանակումը այլապէս մեծ փոթորիկ ստեղծեց… ոչ թէ լեցուն, այլ կէս գաւաթ ջուրի մէջ:

Այս մթնոլորտին մէջ է, որ խորապէս բաժնուած Միացեալ Նահանգներու քուէարկողը պիտի ընտրէ նոր նախագահ մը։

Խմբագրական «Հայրենիք»ի, Պոսթոն

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020