ԽՕՍՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՎԻՃԱԿԻԼ ՃԱԿԱՏԻՆ

Փաստացի իրողութիւն է, որ ներկայ փուլին մեծագոյն ըսելիքը կը շարունակէ մնալ ռազմաճակատինը։ Մինչ Ատրպէյճան կը փորձէ ռազմական գործողութիւններով տիրանալ Լեռնային Ղարաբաղին ու կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր այդ մօտեցումին, հայկական կողմն ալ ցոյց կու տայ մեծ դիմադրութիւն՝ տակն ու վրայ ընելով բոլոր հաշիւները։ Հաւանաբար այդ շփոթին պատճառով Ատրպէյճանի ռազմական աւագանին ստիպուած կ՚ըլլայ արագօրէն վերատեսութեան ենթարկելու իր ծրագիրները։ Նա՛խ արագ յարձակում, որու նպատակն էր արագ գործողութիւններ կատարելով մտնել Արցախի խորքը ու պարտադրել, որ տեղի տայ, նստի բանակցութեան սեղան։ Ապա այդ «արագ ծրագրի» տապալումէն ետք՝ աշխատիլ նոր գիծի մը վրայ, որ մեծ հաշուով շրջանը կրնայ տանիլ արկածախնդրութեան, Ատրպէյճանի ցամաքային սահմանը հասցնելով մինչեւ Նախիջեւան։

Այս ծրագիրը, անշուշտ, վերջին հաշուով «թրքական» չէ. ո՛չ իրանական եւ ոչ ալ ռուսական։ Բայց եւ այնպէս, այս վերջինները՝ մասնաւորապէս Մոսկուան բաւական «թուլացած» ջիղերով կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Մոսկուայի այս սառնասրտութիւնը շատերու կողմէ կ՚ընկալուի՝ որպէս «հատու» վերաբերմունք Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Բայց եւ այնպէս, միայն այս վարկածը բաւարար չէ հասկնալու կամ նոյնիսկ «մարսելու» համար Ռուսաստանի այսօրուան կեցուածքը։ Այլ հանգամանքներու կողքին, Մոսկուա բնազդով կը գործէ, բաց աստի, կայ նաեւ անոր հին-նոր զգուշութիւնը։ Արդարեւ, ռուսերուն համար այսօր երբեք ձեռնտու չէ, նոր մեծ պատերազմ մը, որուն մէջ մտնելով Փութին կրնայ կորսնցնել՝ իր իսկ բնորոշումով «վստահելի» գործակից մը։ Խօսքը այս պարագային կը վերաբերի Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, որ ամբողջ աշխարհին համար այսօր յայտ կը ներկայացնէ՝ որպէս նոր խաղացող մը Կովկասի խնդիրները լուծելու համար։

Ինչքանո՞վ Թուրքիան կը խճճուի այս խնդրին մէջ կամ ինչքանո՞վ ընդունելի կ՚ըլլայ, որ ան դառնայ նոր դերակատար մը՝ տակաւին պարզ չէ։ Այնուամենայնիւ, աւելի քան յստակ է, որ Էրտողան-Փութին «թէժ գիծ»ը միշտ ալ բաց է եւ կարծես անոնք հասած են կուռ եզրակացութեան մը, թէ իրարու կարիքը ունին։ Այլ խօսքով, այս երկու տէրութիւններու համագործակցութեան պարանները շատ ամուր են եւ ագուցուած՝ բազմակողմանի գործօններով։

Այս բոլորին դիմաց Հայաստան, որ մինչեւ այս պահը քիչ մը զարմանքով եւ քիչ մըն ալ հիասթափութեամբ կը հետեւի Ռուսաստանի ընթացքին, հասած է կարեւոր եւ բեկումնային փուլի մը։ Սա կը պայմանաւորուի նաեւ խրամատերու ամրութիւնը երկարաձգելով եւ Ատրպէյճանի մեծ հարուածներէն չընկրկելու գրաւով։

Ռազմերը դեռ կը շարունակուին։ Արցախի բազում շրջաններու մէջ սաստիկ են անոնք, բայց յաճախ առաջին շաբաթներու խտութիւնը չունին։ Զանազան առումներով անոնց աւարտն ալ բաւական մօտիկ ըլլալ կը թուի։ Ատրպէյճան շատ ժամանակ չունի, որովհետեւ անոր զօրքերուն կը սպասէ Արցախի՝ մանաւանդ լեռնային գօտիներու սաստիկ ձմեռը ու այս առումով ալ հայկական կողմին համար ծանր ձմեռ մը ունենալու հարցը պիտի համարուի մեծ բախտաւորութիւն։

Այս լարուած եւ բաւական բարդ դրութեան մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի գլխաւոր դէմքերը՝ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը արիւնահոսութեան քաղաքական լուծում մը տալու հեռանկարներուն մասին ակնարկներ կը կատարեն։ Անոնք կը մոռնան ու կ՚անտեսեն այն մեկնաբանութիւնները, ըստ որոնց, եթէ իրենք երկուքով այդ խաղաղ ընտրանքին ուղղուէին, ապա մեծ կորուստներ պիտի չըլլային եւ այսօրուան լեղի բաժակը պիտի խնայուէր բոլորէն։

Ամէն պարագայի տակ, այժմ ռազմական գործողութիւնները տակաւին կը շարունակուին եւ հաւանաբար միջոց մըն ալ շարունակուին։ Սակայն, այդ գործողութիւնները աստիճանաբար կրնան կորսնցնել մօտաւոր անցեալի խտութիւնն ու ծանրակշիռ տարողութեան ստորոգելիները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020