ԿԱՊՈՅՏ ԱՓՍԷՆ

-Ոսկերչութիւն ալ պիտի ընենք..., տուն նստիլը ինչե՜ր կը սորվեցնէ եղեր մարդուն:

Կը մրթմրթար ու զգուշութեամբ մէկիկ-մէկիկ ապակիի կտորները, յատուկ ունելիով մը, կը վերցնէր:

Կապոյտ, գեղեցիկ թիթեռնիկի բաց թեւիկները կեդրոնին, որուն օղակաձեւ շրջանակին ծայրերէն, համաչափ շարուածքով, կապոյտի փայլուն երանգներով, թութակի փետուրներ շարուած էին ափսէին յատակը: Ափսէին կապոյտը առաջին հայեացքը կը կլանէր դիտողին, խաղաղ կապոյտը՝ բնութեան ներդաշնակութիւնն ու գոյները կը փոխանձէր, իսկ փայտեայ շրջանակը կարծես ծառ մը կը գծէր դիտողին տեսահորիզոնին, որուն ճիւղերուն վրայ կը թռչկոտին թիթեռներն ու թութակները երկինքէն ստացած կապոյտին փայլքը միահիւսելով սրճագոյնի երանգներուն:

Բնութեան շունչով գեղեցկացած այս փայտեայ զարդը Սմբատ կը պահէր գանձի մը պէս եւ վերջերս, իր թաքստոցէն հանելու միջոցին, ձեռքէն սահած, ինկած, փետուրներն ու թիթեռի թեւերը պահպանող ապակին վնասուած ու կարծես Սմբատին սրտին վրայ ճաք մը յառաջացուցած էր:

Տարիներէ ի վեր պահ դրուած այս թանկարժէք յուշը, հիմա՝ այս օրերուն, մէջտեղ հանել փորձած էր Սմբատ, որպէսզի զայն օգտագործէ անգործութենէ դատարկուելիք գրպանին մի քանի կաթիլ լումայ լեցնելու:

Դժուար էր հարկաւ այս որոշումը. իր պսակի նուէրն էր այս արժէքաւոր իրը, որ ստացեր էր մեծ մօրմէն՝ «Կը փոխանցես որդիիդ» կտականման յորդորով: Մեծ մայրը Պրազիլէն բերած էր ափսէն, երբ Սմբատ մանուկ էր եւ նկատած, որ ան շատ սիրած էր զայն. այն օրուընէ իսկ որոշած էր, յարմար առիթի մը, նուիրել Սմբատին:

«Ես այս վիճակի՞ն պիտի հասնէի, ատենին յարգուած, պատուըւած էի, դրամի հոգ չունէի, գործաւորներս չորս կողմս կը դառնային, մեքենաս կը լուային, սուրճս կը բերէին... հահա՛, հիմա գործաւորներէս մին Գերմանիա հասեր է, հետս գերմաներէն կը խօսի կարծես արաբերէն հնչիւններով. է՛հ, աշխարհ»,- կը խորհէր ու կը շարունակէր մանրակրկիտ գործը, ապա՝

-Փուքի՛, ձգէ՛ կեդրոնանամ, մի՛ խանգարեր:

Կը սաստէ յանկարծ ոտքին փաթթուող շունիկը, մինչ կենդանին, սովորականին պէս, կ՚ուզէր խաղալ տիրոջ հետ, կը սպասէր որ գնդակը նետէ եւ ինք խանդավառուած ետ բերէ զայն: Կենդանին իսկոյն շնչասպառ հաջոցի մը կը բռնուի, Սմբատ ունելին ձգելով եւ ակըն-թարթի մը ընթացքին ուշադիր հայեացք մը նետելով ափսէին.

-Եկո՛ւր, ձագս, եկո՛ւր. մի՛ վախնար,- ըսելով կը գրկէ ու կը շոյէ կենդանին,- Ըսի չէ՞, որ պէտք է վարժուիս այս ձայներուն. պատերազմ է, փողոցի այս ձայները միշտ պիտի լսես...

Վերջերս ահագնացած ոստիկանական մեքենաներու շչակէն կը սոսկար կենդանին, ի՞նչ գիտէր պատերազմին իմաստը, բայց կ՚երեւի կը զգար անբնական ընթացք մը: Կողքի առանձնատան բնակիչներուն որդին զոհուած էր, մեքենայով դին բերած էին ընտանիքին հրաժեշտ տալու, շչակը կը հնչէր ազդարարելով հանգուցեալին գալուստը:

Սմբատ այնպէս կը փաղաքշէր կենդանին, որ կարծես իր գուրգուրանքի, սիրոյ, կարօտի դատարկութիւնը կը ջանար այդպիսով լեցնել:

Մինակ էր Սմբատ: Մինակ էր չորս անդամով ընտանիքին մէջ: Մինակ էր այն պահէն, երբ համաձայնեցաւ կինը Եւրոպա ուղարկել, որպէսզի ապագային, աւելի բարւօք կեանքի մը հեռանկարով, ընտանեօք կարենան փոխադրուիլ: Յաջողեցաւ ան կինը իր քենիին քով ուղարկել: Երեք տարիէ ի վեր հեռու էր կինը իրմէ, երեք տարին դար մը ըլլար կարծես, որ անջրպետ մը գոյացուց երկուքին միջեւ: Կինը, այդ միջոցին, ընտելացաւ եւրոպական բարքերուն ու սովորութեանց, Հալէպի կղզիացած կեանքէն ետք, այս յանկարծակի առանձնութիւնը կնոջ մէջ շատ բան փոխեց, ան սիրեց արեւմուտքը, աւելի քան՝ Հալէպը եւ ջանք թափեց որ ընտանիքը հոն հասնի, սակայն տեղի կառավարութիւնը կը մերժէր անոնց, որոնք Հայաստանի անձնագրեր ունին, Սմբատ հրաժարեցաւ անձնագրէն, կարծելով որ այդպիսով պիտի կարենայ հասնիլ Եւրոպա, փաստաբաններ ունեցաւ, մսխեց իր ունեցած չունեցածը թուղթերու ձեռքբերման համար, կինը եւրոպական տեղացիութիւն ձեռք բերաւ, մինչ ինք եւ զաւակները՝ մերժուեցան:

Սմբատ Հալէպէն Երեւան հասած էր 2012-ի ամրան, երբ պատանի որդին համահայկական ճամբարի մասնակցած էր, իսկ վերադարձի պահուն Հալէպի օդանաւակայանը, պատերազմի պատճառով, փակուած էր: Եկած էին, որպէսզի տասնհինգ օրէն վերադառնան որդիին հետ, սակայն, ինչպէս շատերը, ինք եւս ընտանեօք մնաց Երեւան՝ սպասելով Սուրիոյ պատերազմի աւարտին:

Այս միջոցին ան մի քանի անգամ այցելեց ծննդավայրը, տեսաւ պատերազմին գործած աւերները, վաճառեց տուն, արհեստանոց: Տունէն կողոպտուած էին ոսկեղէնն ու թանկարժէք իրերը, ինչ որ մնացած էր, վերցուց եւ բերաւ Երեւան, որոնց մէջ էր նաեւ մեծ մօր նուէրը:

Շունը Սմբատին փաղաքշանքին տակ քնացաւ եւ ան շարունակեց իր աշխատանքը՝

-Հաւատարմութիւն պէտք է սորվինք շուներէ՛ն...

Շշնջաց ինքնիրեն՝ արտաբերուած նախադասութեան մէջ կարծես տարիներու կուտակումը թափելով: Կինը, որուն հետ շատ սիրալիր ամուսիններ էին, Եւրոպայէն քալէն ետք լրիւ փոխուած էր՝ եւրոպական անձնագիրը գրպանը, Երեւանի մէջ նստիլը իրեն համար երբեմն անտանելի էր, բանտարկութիւն մը թերեւս. շատ սիրելի սովորութիւն մը խլուած էր կարծես իրմէ, խլումը իր ճամպրուկին մէջ լեցուցած էր՝ սէր, գուրգուրանք, համերաշխութիւն... ամէն ինչ որ ան ունէր նախապէս ընտանիքին հանդէպ:

Սմբատ երբեք չէր հանդուրժեր կնոջ գոյութիւնը, ամէն առտու իր մնացած գումարէն անոր քսակը կը լեցնէր, շուկայ երթալու եւ պտըտելու ցանկութիւնը կը յագեցնէր, կինը աղջիկը առած կը պտըտէր շուկաները, երիտասարդ տղան համալսարանական ուսման համար դուրս կ՚ելլէր, իսկ Սմբատ իր մենութիւնը վերագտած, տան գործերով կը զբաղէր, շունիկը կը կերակրէր, հոգ կը տանէր ամէն ինչի:

Անջրպետը կը խորանար հետզհետէ անդունդի վերածուելով, մինչեւ օր մը՝ «Ես կ՚ուզեմ վերադառնալ», ըսաւ կինը, Եւրոպա վերադառնալու իր ցանկութիւնը յայտնելով: Կ՚ուզէ վերադառնալ, որ ընտանիքը Եւրոպա հասցնելու յոյսը աճեցնէ, մանաւանդ աղջիկը, որ այդքան սիրած էր Եւրոպայի մասին մօր պատմութիւնները:

«Կ՚ուզէ վերադառնալ», այս նախադասութիւնը բազմաթիւ անգամներ կրկնուեցաւ Սմբատի մտքին մէջ ձայնի մանրամասն ելեւէջներով: Ան կը սպասէր այս նախադասութիւնը, կը զգար որ կինը օր մը պիտի խնդրէ իրմէ, կը զգար եւ հոգեպէս պատրաստուած էր դարձեալ հեռանալուն, հեռու էր արդէն ան հոգեպէս, հեռու այն աստիճան, որ սէրը թողած էր Եւրոպա եւ պարտաւորութիւնը շալակին առած, եկած էր Երեւան: Պիտի երթայ դարձեալ, այս անգամ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ բաժանումը, տան բոլոր աշխատանքներուն ընտելացած Սմբատին համար ալ փափաքելի է արդէն: Երեք տարուան մենութիւնը երկուքին մէջ բան մը մարած էր կարծես, որուն կայծկլտումը այլեւս կարելի չէր: Արեւելքն ու արեւմուտքը մէկ երդիքի տակ պահելը անկարելի էր:

-Ահա՛, վերջացուցի, Փուքի՛, տե՛ս ափսէն առաջուայ պէս եղաւ:

Շունիկը բան մը հասկցածի պէս պոչիկը կը շարժէ, իսկ Սմբատ վերջին անգամ լաւ մը կը փայլեցնէ նոր տեղադրած ապակին, մոմլաթով կը պարուրէ ափսէն եւ կը տեղաւորէ տոպրակին մէջ: Աչք մը կը նետէ ձեռնահեռաձայնին, նկարներուն ծրարը բանալով կը նայի սպաներէնով տպուած թերթի պատկերին, ուր նշմարած էր 1930 թուականը: Թերթը ափսէն կազմաքանդած պահուն տեսած էր, որ կպած էր փետուրներու եւ թիթեռի շարուածքին յատակի յետսակողմը: Պատկերը կը պահէ, որպէսզի գնորդին փաստէ ափսէին հնութիւնը:

Ամանորը կը մօտենայ, փողոցը սուգ ու շիւան կը բուրէ, ամէն օր ծուէն-ծուէն յանձնուած հողամասերու մասին լուրեր կը տարածուին, մարդիկ սկսած են քալած միջոցին իրենք իրենց հետ խօսիլ, վիճիլ, ձաբռտել: Հոն համախմբուած կը բարձրաձայնեն կորսուած զինուորներու ծնողները, անդին գերիներուն հարցը կը քննարկուի, մօտակայ թաղերէն ցուցարարներուն ձայները կը հասնին: Այս բոլոր ձայներուն մէջ լուռ է Երեւանը, սոսկումի լռութիւն մը կը շրջի կարծես թաղերուն մէջ, ոչ մէկ նշոյլ Ամանորեան տրամադրութեանց:

Սմբատ կը դիտէ այս բոլորը, կը յիշէ ազգային, խրոխտ երգերը դպրոցի գրասեղանին ետին սորված. որոշած էր գալիք ամառ առանձին Արցախ երթալ, կը սիրէր ան հայրենիքը իր բոլոր դժուարութիւններով, ամէն առաւօր Մասիսները տեսնելը աշխարհ կ՚արժէր իրեն համար: Մանկութենէն ցանուած այս սէրը հոս մարմնաւորուած էր կարծես եւ երբեմն իր մենութիւնը սփոփած, բայց այս վերջին դէպքերը հիասթափեցուցած էին նաեւ իրեն եւ, պահիկ մը, համաձայնած էր կնոջ որոշումին ընտանեօք Եւրոպա հաստատուելու հեռանկարով:

Կը քալէր ան անցեալէն յուշ մնացած տոպրակը ձեռքին, ներկայ ցաւոտ աչքերը դիտելով եւ անորոշ ապագայի մասին մտմտալով.

-Ուզո՞ւմ ես, մի խոզ առնենք, կիսուենք Ամանորին:

Կը լսէ յանկարծ կողքէն անցնող երկու բարեկամներէ եւ՝ «Խոզ պիտի առնեն եղեր, դեռ մարդիկ Ամանորը նշելու տրամադրութիւն ունին, ի՛նչ փոր սիրող ենք մենք... վստահ քէֆ ալ կ՚ընեն, արախ ալ կը խմեն ու թերեւս «Գետաշէն» մըն ալ կ՚երգեն անպիտանները», ջղագրգիռ հնչիւնները դուրս կը թռին բերնէն եւ զինք ալ կը ներգրաւեն առանձինը քալող ու խօսողներու փաղանգին:

-Սմբա՞տ, դո՞ւն ես...

Հարցումը կ՚ընդմիջէ Սմբատին վրդովմունքը եւ զոյգ մը, իրեն դիտող, փայլուն աչքերը կը տեսնէ.

-Յովի՛կ...

Կը սպրդի անունը պահ մը հարցական հայեացքով զննելէ ետք, եւ դպրոցական գրասեղաններու երկու ընկերները կը գրկախառնուին: Հինէն-նորէն զրոյցներ կ՚ընթանան անոնց միջեւ: Հինին քաղցրութիւնը կը վերակենդանանայ, ներկայ դառն իրավիճակը կարծես բարակ մաշկով սփոփանք մը կը հագուի, Սմբատի մենութիւնը հրաժեշտ կու տայ իրեն: Յովիկ իր նոր բացած հալէպեան համերով ճաշարանին մէջ աշխատանքի կ՚ընդունի ընկերը:

«Կը փոխանցես որդիիդ», կը յիշէ Սմբատ մեծ մօր յորդորը ափսէին մասին եւ տուն դառնալով կը տեղաւորէ զայն իր թաքստոցը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020