ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻ ՔԱՆԻ ՄԱՂԹԱՆՔ-ՊԱՏԳԱՄ՝ Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,

Մենք փառահեղ պատմութիւն ու մշակոյթ ունեցած ենք, այո՛, սակայն միաժամանակ անոնց գերեզմանափորն ալ ինքներս եղած: Ցաւօք, այնքա՜ն անցելապաշտ ենք, որ տակաւին կը շարունակենք մինչեւ այսօր անոնց բարի յիշատակով սնուիլ: Երբ արդէն պատմութիւն կամ մշակոյթ կ՚ըսենք, մի՛շտ անցեալ կատարեալ ժամանակով կը խօսինք, որովհետեւ ներկայիս ոչինչ կամ գրեթէ ոչինչ ունինք:

Ուստի Նոր տարուան առիթով ահաւասիկ մի քանի մաղթանք-պատգամ.

1- Բուն իրողութիւնը այն է, որ ամբողջ աշխարհը մեզի ծանօթ է որպէս աշխատասէրի ու խելացիի. ըստ երեւոյթին՝ սխա՛լ բնորոշում, վասնզի օտար հող մը անոր տիրոջ պէս հնձող ու մշակողը, սակայն ի՛րը խոպան ձգողը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ չափազա՜նց ծառայասէր: Պարզ է, որ ծառայասիրութիւնը վատ բան չէ, քա՛ւ լիցի, բայց երբ ան ինքնամոռացութեան կը տանի, վտանգաւոր է: Հետեւաբար թող մեր «աշխատասիրութեան» ու «խելացիութեան» պտուղները այսուհետեւ մե՛նք քաղենք եւ ոչ թէ ուրիշներ:

2- Տարօրինակ է նաեւ, որ մենք ազգովի հակուած ենք միշտ թերագնահատելու թուրքն ու ազէրին՝ հաւանաբար ներքուստ գիտակցելով անոնց ուժն ու կարողութիւնը: Կը կարծենք, թէ այդպիսով մենք մի քանի սանդուղ վեր բարձրացած կ՚ըլլանք ու զանոնք վար գցած: Բայց, ո՛չ, որեւէ կապ չկայ այս երկուքին միջեւ: Թող մեր նպատակը ըլլայ զանոնք մօտէն ճանչնալ, որովհետեւ,- յիշեցէ՛ք,- միայն ընկերն է, որ իր ընկերոջ թերութիւններն ու տկարութիւնները գիտէ ու հետեւաբար կրնայ զայն շատ դիւրին ծունկի բերել:

3- Երբ մեր ճամբուն վրայ հազարումէկ թակարդներ կը լարեն մեր թշնամիները, լոկ հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ զանոնք նկատելու ու փրկուելու համար: Հոս անպատճառ դիւանագիտութիւն պէտք է, որպէսզի նաեւ կարելի ըլլայ զիրենք իրենց իսկ լարած թակարդին մէջ գցել: Հետեւաբար փայլուն դիւանագէտ ըլլալը պէտք է միշտ ու միշտ գերադասենք կոյր հայրենասէր ըլլալէն:

4- Արդարութիւնը միշտ իշուկի վրայ նստած կու գայ, երբեմն ալ չի գար: Ուստի անոր սպասելու փոխարէն աւելի նպատակայարմար կ՚ըլլայ օր ու գիշեր զօրանալ թէ՛ տնտեսապէս ու թէ՛ ռազմապէս, որպէսզի այն ատեն ոչ թէ զայն փնտռենք, այլ ուղղակի պարտադրենք:

Այսքան մաղթանք-պատգամ կը բաւէ 2021-ին համար: Արդէն այսքանը նոյնիսկ շատ է, քանի որ 2021-ին այնքա՜ն յոյսեր կապուած են, եւ ան գիշեր ու զօր կ՚աշխատի զանոնք ի դերեւ չհանելու համար: Է՜հ, ես ալ աւելի չծանրաբեռնեմ:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020