ՔԻՉ ՄԸ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
Երեք տարի առաջ, երբ տակաւին Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական բաժանմունքի ուսանող էի, իմ դասախօսներէս դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որուն օգնականն էի այն ատեն, ինծի յանձնեց պատճէնը Բենիամին Նուրիկեանի ձեռագիր նամակներուն, թիւով 9 հատ, ուղղուած Սիլվա Կապուտիկեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Յակոբ Ասատուրեանի, Համաստեղի ու վերջինիս դուստրերուն՝ Լորիկին ու Արմինէին, յանձնարարելով զանոնք մեքենագրել ու ծանօթագրել, որպէսզի տպուին «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին մէջ: Խանդավառութիւնս չափ ու սահման չունէր: Անմիջապէս լծուեցայ աշխատանքի: Մօտաւորապէս երկու-երեք շաբաթ աշխատեցայ այդ նամակներուն վրայ, մեքենագրեցի-աւարտեցի ու անցայ ծանօթագրութեանց: Ծառուկեանի ուղղուած նամակներուն մէջ որոշ կէտեր յաւելեալ լուսաբանումի կը կարօտէին: Ասոր համար պէտք է դիմէի «Նայիրի»ին: Ուրեմն բարձրացայ Տէրեան գրադարան ու խնդրեցի,- չեմ յիշեր, թէ ո՛ր տարուան,- հաւաքածոն, ուր իմ պրպտումներս պիտի կատարէի: Այդ «ճակատագրական» պահուն ուշադրութիւնս գրաւեցին մի քանի վերնագիրեր, որոնք կը մատնէին յօդուածներուն հետաքրքրականութիւնն ու շահեկանութիւնը: Ուստի սկսայ կարդալ՝ վայրկեան մը նոյնիսկ մոռնալով իմ բուն աշխատանքս: Եւ կարելի է ըսել, որ շշմած էի: Առաջին անգամն էր, որ կը հանդիպէի նման գրութիւններու՝ լեցուն զուարթախոհութեամբ, սրամտութեամբ ու կծու խայթոցով: Սակայն, ցաւօք, ժամանակս շատ նեղ էր, ստիպուած էի ակամայ ընդհատելու ընթերցումս ու Ծառուկեանէն վերադառնալու Նուրիկեանին: Հետեւաբար որոշեցի յաջորդ անգամ աւելի երկար մնալ այնտեղ ու քիչ մը աւելի «խառնշտկել» «Նայիրի»ի հաւաքածոները: Փաստօրէն այդպէս ալ ըրի: Աւելի քան տարի մը, այսինքն՝ գրեթէ մինչեւ 17 հոկտեմբեր 2019-ի յեղափոխութիւնը, «Նայիրի»ն եղաւ ամէնօրեայ ընթերցումներուս անքակտելի մէկ մասը (շրջանաւարտ ըլլալէս ետք ալ շարունակեցի առցանց կարդալ):
Սա ուղեւորութիւն մըն էր ինծի համար, «Նայիրի»ական ուղեւորութիւն մը:
Ի դէպ, այս միջոցին հանդիպելով խիստ շահեկան յօդուածներու՝ Ծառուկեանի ստորագրութեամբ, զանոնք մէկ գիրքի մէջ ամփոփելու գաղափարը յղացայ: Այս մասին մինչեւ իսկ յայտնեցի լեզուաբան տքթ. Արմենակ Եղիայեանին, որ ինծի տուաւ Սեդա Խտըշեանի,- որուն ամուսինը Անդրանիկ Ծառուկեանի կնոջ՝ Սօնա Խտըշեանի զարմիկն էր,- հեռաձայնին թիւը, որպէսզի անոր միջոցով կապ հաստատեմ Ծառուկեանի միակ դստեր՝ Նայիրի Ծառուկեանի հետ ու վերջինիս հաւանութիւնը առնեմ: Սակայն երբ աւելի խորացայ իմ պրպտումներուս մէջ, նկատեցի, որ գիրք մը լեցնելու չափ յօդուածներ ու գրութիւններ չկան: Ուստի անոնք, որոնք մեքենագրած ու խմբագրած էի, պարզապէս համակարգիչիս մէջ պահեցի: Ու ահաւասիկ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս թիւով կը փափաքիմ անոնցմէ երեքը՝ խիստ շահեկան ու թելադրական, բաժնեկցիլ ձեզի հետ ոչ թէ թերթին մէջ պարապ սիւնակ մը լեցնելու նպատակով, այլ ծառուկեանական դպրոցէն բան մը սորվելու ու զայն գործադրելու համար:
ԹԵՐԹԸ ԵՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ
Դիտելի երեւոյթ մը. հայ ընթերցողը, գրեթէ առանց բացառութեան, գէշ ընթերցող մըն է:
Չտեսի համբերութեամբ բաղդատական հաշիւներ ընելու հետամուտ չենք հայուն եւ օտարին միջեւ՝ ի վերջոյ հասնելու համար անխուսափելի երեմիականին, թէ եւրոպացիները որքա՜ն թերթ կը տպեն ու կը ծախեն, թէ որքա՜ն ետ կը մնանք մենք, թէ որքա՜ն տգէտ ենք եւ այլն, եւ այլն:
Այդ բոլորը ըսուած, կրկնուած են հազար անգամ, ու պէտք չունինք կրկնելու, երբ մանաւանդ կը տեսնենք, թէ չափազանցութիւն մը կայ մեղադրանքին մէջ: Հայը, իր պայմաններուն եւ թիւին համեմատ, քիչ թէ շատ թերթ կը գնէ եւ կարդացածը գէշ-աղէկ կը հասկնայ:
Հանդիպա՞ծ էք, սակայն, որ հայ ընթերցողը իր թերթին մէջ սխալ մը տեսնէ, անպատեհ գրութիւն մը կարդայ եւ մտքէն անցընէ դիտողութեան երկտող մը գրել թերթին: Ամօթխածութեան թանձր քօղ մը կայ հայ ընթերցողին եւ թերթին միջեւ: Մէկը կը տպէ, միւսը կը կարդայ, կը մարսէ ճիշդն ու սխալը, լաւն ու վատը: Իսկ թերթը, տեսնելով, որ ապրանքը կ՚երթայ, կը շարունակէ տպել ու քշել՝ առանց մտահոգուելու:
Ա՛յս գետնին վրայ գոնէ իրապէս կը նախանձինք եւրոպական թերթերուն: Արեւմտեան երկիրներուն մէջ կը բաւէ, որ մարդիկ անհարկի բան մը տեսնեն իրենց թերթին մէջ, իսկոյն կը գրեն թերթին, կը բողոքեն, կը ճշդեն: Լաւ բան մը կարդան՝ կը գրեն դարձեալ, կը շնորհաւորեն, կը քաջալերեն: Ու թերթը, որ ի պաշտօնէ առաջնորդն է հանրային կարծիքին ու ճաշակին, կը ստիպուի իր կարգին հաշուի առնել ընթերցողին ճաշակն ու կարծիքը եւ հետզհետէ սրբագրուիլ, կոկուիլ, ճոխանալ:
Հայ մարդը լուցկի գնելու պէս թերթ կը գնէ: Կը վճարէ, կ՚առնէ թերթը ու կ՚երթայ՝ առանց ետեւ դառնալու: Եթէ նոյնիսկ իր թերթին մէջ օձի պատկեր մը տեսնէ, որուն տակ գրուած ըլլայ կով, դարձեալ իր հոգը չէ, եւ մտքէն չ՚անցըներ երկտող մը գրել թերթին եւ յիշեցնել, թէ կովուն օձ չեն ըսեր: Այլեւս ինչո՞ւ զարմանալ, որ հայ թերթերն ալ տարիներով եւ տասնամեակներով մնան այնպէս, ինչպէս որ են:
Կ՚ուզէ՞ք լաւ թերթ ունենալ: Հսկեցէ՛ք ձեր նախասիրած թերթին վրայ, յուշեցէ՛ք, ճշդեցէ՛ք, թելադրեցէ՛ք, քաջալերեցէ՛ք: Գրողներն ալ մարդ են: Ունենալով հանդերձ իրենց սեփական տեսակէտներն ու ճաշակը՝ կ՚ուզեն գիտնալ նաեւ ուրիշներուն կարծիքն ու ճաշակը:
Գրեցէ՛ք թերթին, ձե՛ր թերթին, ինչպէս կը գրէք ձեր բարեկամին: Մի՛ վախնաք քննադատելէ եւ մի՛ զլանաք ձեր քաջալերանքը: Իւրաքանչիւր ընթերցող եթէ տարին մէ՛կ թելադրանք իսկ ընէ, անկարելի է, որ հազարաւոր խորհուրդներուն մէջէն օգտակար բան մը չհանէ թերթ մը եւ չգործադրէ:
Իսկ եթէ յոգնութիւն կը նկատէք երկու տող գրելը, կը մտածէք՝ «այսպէս ալ կ՚ըլլայ, այնպէս ալ», այլեւս պէտք չէ զարմանաք, որ ձեր կարդացած եւ կարդալիք բոլոր թերթերն ալ ունենան ճիշդ ու ճիշդ ձեր... հոգեբանութիւնը: Այսինքն՝ «այսպէս ալ կ՚ըլլայ, այնպէս ալ»:
(«Նայիրի», 7 սեպտ. 1952)
ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ
Կայ հայ գիրքը ժողովրդականացնելու եւ տարածելու խնդիր մը, որ շատ պարզ է, եւ կայ այդ նոյն գիրքի գործը առողջ հիմերով ամրացնելու հարց մը, որ այնքան պարզ չէ:
Տարածել գիրքը, մատչելի դարձնել բոլորին, ընել այնպէս, որ ամէն տուն ունենայ պզտիկ կամ մեծ իր գրադարանը՝ գեղեցիկ առաջադրութիւն մըն է անշուշտ, ազգային նուիրական առաքելութիւն մը, որուն համար կ՚արժէ ժամանակ տրամադրել եւ ճիգ չխնայել: Այս մասին խօսուած է յաճախ, նոյնիսկ հարկ եղածէն աւելի: Չկայ հայ թերթ մը արտասահմանի մէջ, որ տարին քանի մը անգամ անդրադարձած չըլլայ այս նիւթին, խմբագրականներով եւ առանձին յօդուածներով քննած, վերլուծած չըլլայ խնդիրը՝ հասնելու համար անխուսափելի կոչերուն. «Փրկե՛նք հայ գիրքը կորուստէ, տարածենք գիրքը զանգուածներուն մէջ, չթողունք, որ փոշին խաւ կապէ հատորներուն վրայ» եւլն., եւլն.:
Կը կարծենք, թէ կայ անտեսուած հիմնական կէտ մը եւ մօտեցումի սխալ մը: Գիրքին շուրջ կը խօսուի առհասարակ ազգային եւ մշակութային մտահոգութիւններով, ինչպէս կը խօսուի հայ լեզուին, հայ եկեղեցիին կամ հայ մշակոյթին մասին: Գիրքը կը նկատուի,- եւ իրաւամբ,- ոգեկան արժէք մը, մտքի եւ սրտի հնոց մը, որուն անհրաժեշտ է հաղորդակից դարձնել կարելի եղածին չափ շատ բազմութիւններ: Բայց կը մոռնանք, թէ գիրքը, հոգիի հաց եւ մտքի սնունդ ըլլալէ առաջ, է՛ նաեւ թուղթ ու մելան ու տպարան, է՛ հետեւաբար նիւթական արժէք մը, որ կը հպատակի բոլոր նիւթական արժէքներուն յատուկ անխախտ օրէնքի մը: Տեւաբար խօսելէ առաջ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ընդհանրացնել գիրքը, պարտաւոր ենք ճշդել նախ, թէ ինչպէ՞ս պիտի ապրեցնենք գիրքը, որպէսզի յետոյ մտածենք նաեւ տարածելու մասին:
Արդ, երբ առարկայօրէն գիտենք երեւոյթը, կը տեսնենք, թէ հայ կեանքին մէջ քիչ մը ամէն մարդ կը զբաղի գիրքով, մտաւորականէն մինչեւ ազգային գործիչը, յեղափոխականէն մինչեւ կղերը, հանրային հաստատութիւն մը երբեմն կամ պատահական գրավաճառ մը, բայց կը բացակայի ՄԷԿԸ, ա՛ն, որ իր ասպարէզին եւ ընդունակութիւններուն իսկ բերումով պիտի կազմէր անկիւնաքարը գրավաճառային ձեռնարկութեանց: Կը պակսի հայ առեւտրականը, հայ գործի մարդը:
Իր անգործնականութեամբը համբաւաւոր հայ գրագէտը ի՜նչ մեղք ունի, երբ ըլլալէ ետք գէշ կամ լաւ հեղինակը իր երկին, դատապարտուած է նաեւ մնալու անպայմանօրէն ձախորդ վաճառականը իր ապրանքին: Իր ձեռներէցութեամբն ու ճարտարութեամբը յայտնի հայ առեւտրականը, որ դարերու ընթացքին յաջողած է միշտ փայլիլ իր ասպարէզին մէջ ու կը փայլի նաեւ այսօր, ինչո՞ւ չի մտածեր օ՛ր մըն ալ ձեռք նետել հայ գիրքին եւ իր գործնական ոգիով կազմակերպել գործը՝ ի շահ հայ ժողովուրդին եւ ի շահ իր քսակին:
Այո՛, նաեւ քսակի՛ն:
Մեկենասներ եւ բարերարներ չեն, որ կը փնտռուին հայ գրքին համար, այլ ճարտար ու հասուն մարդիկ, որոնք կազմակերպեն հայ մամուլը տնտեսական առողջ հիմքով, ինչպէս կը կազմակերպեն իրենց վաճառատունը: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ հսկայական դրամագլուխներ կան հրատարակչական գործին կապուած: Ինչո՞ւ բացառութիւն կազմէ հայ կեանքը: Որովհետեւ պզտի՞կ ենք, քի՞չ ենք, ու պզտիկ ու աննշան է նաեւ հայ գրքին շա՞հը: Բայց շահարկութեան սկզբունքն իսկ չի՞ թելադրեր շահը միշտ շահ նկատել՝ մեծ թէ պզտիկ իր չափերով:
Կը պահանջենք, որ հայ առեւտրականը գիտակցի, իր կարգին, թէ ի՛նքն ալ ընելիք ունի հայ գրականութեան համար: Եւ իրեն սահմանուած դերը պարզ ընթերցողին դերը չէ եւ ոչ ալ պարագայաբար կատարած իր այս կամ այն ազնիւ ժէսթը՝ նուիրատուութեամբ մը գրքի մը կամ գրական ձեռնարկի մը:
Գիրքը մտքի եւ սրտի արտադրութիւն մըն է, ստեղծագործական յղացում մը, որքան ատեն որ ձեռագիր է եւ կը մնայ հեղինակին մօտ: Բայց հրատարակուելէ եւ վաճառման հանուելէ ետք գիրքն ալ ապրանք մըն է, ինչպէս կօշիկ մը, ինչպէս աթոռ մը: Եւ իբրեւ այդպիսին՝ գրագէտին գործունէութեան սահմանը կը վերջանայ ճիշդ հո՛ն, ուրկէ կը սկսի վաճառականինը:
Ո՞վ է պատասխանատուն, երբ հայ գրագէտը կը կատարէ իր պարտականութիւնը՝ գիրք գրելով, իսկ հայ գործի մարդը կը թերանայ իր պարտականութեան մէջ՝ գիրքը անտեսելով եւ անոր նիւթապէս արժեւորման մէջ իր օժանդակութիւնը զլանալով:
Մինչեւ որ հայ գործի մարդը գործի՛ չվերածէ նաեւ գիրքը, անցընելէ ետք շահու եւ վնասի հաշուագիտական իր մաղէն, հայ գիրքը դատապարտուած է մնալու հո՛ն, ուր որ է այսօր: Այսինքն՝ ձեռքէ-ձեռք պտտող ողորմելի բան մը, ինչպէս պարահանդէսի հրաւէր մը, վիճակահանութեան տոմս մը կամ ինչպէս պատերէն կախուած՝ բուժարանի թիթեղեայ գանձանակը:
Շա՛տ խօսած էք հայ գրողին անճարակութենէն: Հրամմեցէ՛ք, անգամի մը համար դուք ալ ցոյց տուէք ձե՛ր ճարտարութիւնը գործնական այս գործին մէջ...
(«Նայիրի», 21 սեպտ. 1952)
«ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ»
Գերազանցօրէն հայկական ունակութիւն մը. հայերէն գիրքերը կը վաճառուին քիչ մը ամէն տեղ եւ քիչ մը ամէնուն ձեռքով, բայց շատ պզտիկ համեմատութեամբ մը միայն եւ դանդաղօրէն՝ գրավաճառին խանութէն: Չէք գիտեր՝ ինչպէ՛ս արմատացած է տարօրինակ այն համոզումը, թէ գիրքն է, որ պէտք է ներկայանայ ընթերցողին տունը կամ խանութը, բայց երբեք ընթերցողը՝ գրավաճառին: Ամէն հայ ընտանիք ունի ի՛ր նպարավաճառը, ի՛ր մսագործը, ի՛ր դեղարանն ու բժիշկը, բայց չունի իր գրավաճառը:
Հազուադէպ երեւոյթ է, որ ընտանիքի հայր մը կամ տանտիկին մը սորված ըլլան գրավաճառին տեղն ու ճամբան: Նոյնիսկ ա՛յն տուներուն մէջ, ուր գիրքը կը փնտռուի եւ կը յարգուի, վարժութիւն եղած է սպասել, որ միջնորդ բարեկամ մը ըլլայ գիրքը ներկայացնող կամ, շատ-շատ, թերթին ցրուիչը:
Պահանջել, որ փոխուի այս գէշ սովորութիւնը՝ յանուն գիրքին արժանապատուութեան, ի շահ հեղինակներուն՝ պիտի նշանակէր ճա՛ռ մը խօսիլ ծովուն եզերքը՝ ունկնդիր ունենալով ալիքները: Գիտենք, թէ դիւրին-դիւրին բան չի փոխուիր մեր դժբախտ կեանքին մէջ: Հետեւաբար մեզ շահագրգռողը հայ գիրքին տարածման եղանակը չէ այնքան, որքան սպառումին քանակը: Կ՚առնենք երեւոյթը այնպէս, ինչ-պէս որ կայ, եւ կը հարցնենք. քանի որ հայ գիրքը դատապարտուած է շրջաբերութեամբ գտնել իր ընթերցողը, ինչո՞ւ թողունք պատահականութեան եւ չփորձենք կազմակերպել նոյն այդ շրջաբերութիւնը:
Գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ կացութեան կը մատնուի հեղինակը, հազար դժուարութիւններով ազատագրելէ ետք իր հատորները տպարանէն եւ կազմատունէն: Տասը օրինակ՝ դերձակ բարեկամի մը, քսան օրինակ՝ պաշտօնեայ մտերիմի մը, հինգ օրինակ՝ ծխավաճառ ընկերոջ մը, որոնք, իրենց կարգին, բարեկամութեան ճամբով պիտի «տեղաւորեն» գիրքերը ամիսներու ընթացքին, օգտակար հանդիսանան գրագէտին եւ գրականութեան:
Առանց մեծ բառեր գործածելու եւ հանդիսաւոր ձեւեր առնելու՝ կ՚ուզենք ընել պարզ ու գործնական առաջարկ մը. կազմել 20-30 հոգինոց գրասէրներու խմբակ մը, որուն միա՛կ նպատակը ըլլայ հայ գիրքը տարածել: Դիտեցէք ձեր շուրջը: Տարին քանի՜ անգամ քանի՜ «յանձնախումբեր» կ՚իյնան մէջտեղ, արիւն քրտինք կը մտնեն՝ տոմսակ սպառելու եւ ձեռնարկի մը նպաստելու համար: Քանի՜ անգամ քանի տասնեակ հազար ոսկիներու արժողութեամբ երեկոյթ-պարահանդէսի եւ ցերեկոյթ-մարզահանդէսի տոմսեր կ՚ողողեն հրապարակը: Եւ այդ ամբողջ գործունէութեանց նուիրեալ կամաւորները եթէ հաշուէք այս քաղաքին մէջ, հազիւ քանի մը տասնեակ երիտասարդներ եւ տիկիններ կ՚ունենաք ձեր դէմ, որոնց ուսերուն կը ծանրանայ կատարուած եւ կատարուելիք ձեռնարկներուն տոմսերը դրամի վերածելու ապերախտ աշխատանքը:
Արդ, հայ երիտասարդ մը կամ տիկին մը, որ տարին տասնըերկու ամիս խոնարհ նուիրումով ճիգ կը վատնէ տոմսեր վաճառելու, ինչո՞ւ չուզէ նաեւ տարին քանի մը անգամ յոնգութիւն կրել գիրքի մը համար, որուն փոխարժէքը յաճախ պարահանդէսի մը տոմսին կէ՛ս գինը կ՚արժէ եւ կռփամարտի մրցումի մը... մէկ երրորդը:
Տեսած չէ՞ք բնաւ ծանօթ եւ անծանօթ ազգայիններուն հանդուրժելի մղձաւանջին վերածուած այդ երկսեռ «մասնագէտները», որոնց ձեռքէն անկարելի է ճողոպրիլ, երբ տոմսակ սպառելու համար ելած են մէջտեղ: Փորձեցէք մերժել, եթէ կրնաք. ճիգ ըրէք «սահեցնելու», եթէ կը յաջողիք: Դրա՞մ չունիք վրանիդ,- ե՜տքը կը վճարէք: Հանդէսին օրը զբաղա՞ծ էք,- տոմսը ուրիշի՛ մը նուէր ըրէք: Հիւա՞նդ էք,- մինչեւ այն օր կ՚աղէկնաք: Ճար չունիք: Որոշած են տոմսը տալ եւ պիտի տա՛ն:
Ուրե՞մն: Միամիտ լաւատեսութի՞ւն կ՚ըլլայ արդեօք, եթէ տարուինք հաւատալու, թէ մեր այս յիշեցումը անհետեւանք չի մնար: Թէ գաղափարական ազնիւ քանի մը տղաք եւ աղջիկներ քով-քովի կուգան, կը խորհին ու կը խորհրդակցին եւ իրենք զիրենք կը յայտարարեն... ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ: Արգելք մը կա՞յ, որ քանի մը տողնոց պզտիկ կանոնագիր մը մշակեն, ծրագիր մը բանաձեւեն եւ լծուին գործի: Ի՞նչ ընելու,- գի՛րք ծախելու: Որո՞ւն գիրքը,- որո՛ւնը որ կ՚ուզեն, ո՛ր հեղինակինը որ կը նախընտրեն: Կարեւորը այն է, որ սա անթիւ ձեռնարկներուն համար շրջող եւ տոմսակ ծախող խումբերը օ՛ր մըն ալ վերածուին... շրջուն գրավաճառներու:
Գիրք մը ծախելը նուա՞զ օգտակար է, քան պարահանդէսի տոմսակ մը ծախելը:
Նուա՞զ պատուաբեր:
Կը յուսանք, կը սպասենք, որ յայտնուի՛ն «ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ»: Ու վստահ կրնան ըլլալ, թէ ՆԱՅԻՐԻ-ն կը դառնայ իրենց թիւ մէկ բարեկամը, եւ այս թերթին էջերը լայնօրէն կը տրամադրուին արձանագրելու եւ քաջալերելու համար այդ ուղղութեամբ առնուած ամէն քայլ:
Ո՞վ կ՚ուզէ առնել առաջին քայլը:
(«Նայիրի», 23 Նոյ. 1952)
*
Կը նկատէ՞ք հիմնական տարբերութիւնը Ծառուկեանի ու մեր ժամանակակից գրողներուն կամ ընդհանրապէս մտաւորականներուն միջեւ: Իրողութիւնը այն է, որ, գիտնալով հանդերձ, թէ «դիւրին-դիւրին բան չի փոխուիր մեր դժբախտ կեանքին մէջ», շեշտենք՝ մեր հա՛յ իրականութեան մէջ, ան յոյս ունի, այո՛, որ ի վերջոյ բան մը պիտի փոխուի, ապա թէ ոչ ինչո՞ւ գրէր նման բնոյթի յօդուածներ: Անոնց փոխարէն կրնար «սգոյ երգեր» գրել՝ լի «հառաչանքներով» ու «լացուկոծով», ինչ որ լաւագոյն ձեւն է սիրաշահելու ընթերցողները:
Մեր ժամանակակից գրողներն ու մտաւորականները, դժբախտաբար, անյուսութեան մէջ մխրճուած արարածներ են: Մէկ խօսքով՝ հաշտուած են իրենց իրականութեան հետ՝ «մեր ճակատագիրը այս է», որ բացարձակապէս ենթակայ չէ փոփոխութեան՝ ըստ իրենց: Կը նախընտրեն մնալ իրենց տիղմին մէջ, քան ճար մը գտնել՝ այդտեղէն ելլելու:
Պարզ է, որ վերը ըսուածները զառացանքներ չեն:
Անցեալ տարեսկիզբին մտքիս մէջ ունէի ծրագիր մը, որով կարելի պիտի ըլլար եկամուտի փոքրիկ դուռ մը բանալ մեր գրողներուն համար: Չեմ կարծեր, թէ մինչեւ այսօր ոեւէ մէկը նման բան մտածած ըլլայ: Ուրեմն անցայ գործի գլուխ: Երբ մեր գրողներէն մէկը այս մասին իմացաւ, սապէս ըսաւ. «Յարո՛ւթ, մենք ունինք իրականութիւն մը, որ դժուար է փոխել, նոյնիսկ անկարելի է: Հիմա երիտասարդ ես: Երբ աւելի մեծնաս, դուն ալ կամայ-ակամայ պիտի հաշտուիս անոր հետ»:
Ո՛չ, ո՛չ, ո՛չ, պիտի չհաշտուիմ ու միտք ալ չունիմ հաշտուելու։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024