ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԴ.
«Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք Իմ պատուիրաններս» (Յհ 14.15):
Երբ խոստացաւ անոնց տալ, ինչ որ խնդրեն Իր անունով, դարձեալ կը զգուշացնէ, թէ մի՛ կարծէք, թէ կատարեալ հաւատք եւ արժանաւոր գործեր չէք ստանար, թէ ինչ որ խնդրէք, կրնաք ընել, այլ՝ եթէ սիրէք զիս կ՚ըսէ, որ կը նշանակէ կատարեալ հաւատքը ստանալ եւ կ՚աւելցնէ, թէ՝ պատուիրաններս գործադրեցէք, որ կը ցուցնէ, թէ նոյնը գործով կատարեցէք, որովհետեւ կան շատեր, որոնք ուրիշներուն կ՚ուսուցանեն բարին գործել, բայց իրենք հեռու են անկէ, այլ՝ Անոր պատուիրանները գործադրելը քրիստոսասիրութեան յատուկ գործ է, ինչ բանին համար Պօղոս կ՚ըսէ. «Պատուիրաններուն գլուխը սէրն է» (Ա. Տմ 1.5):
«Եւ Ես Հօրս պիտի աղաչեմ» (Յհ 14.16):
Նախ ասիկա կը նշանակէ, որովհետեւ աղաչելը սիրոյ նշան է, քանի որ անոնց համար կը կարեկցէր եւ կը հոգար անոնց: Երկրորդ. որպէսզի ցուցնէ, թէ երբ Ես առանց որեւէ երկբայութեան կ՚աղաչեմ, մխիթարութիւն պիտի ստանաք: Երրորդ. որովհետեւ Իր եւ Հօր կամքերուն միութիւնը կը յայտնէ, թէ ինչպէս Ես կը հոգամ ձեր մասին, նոյնը կ՚ընէ նաեւ Հայրը: Չորրորդ. ցոյց տալու համար մխիթարութեան զանազանութիւնը Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, որովհետեւ Սուրբ Հոգին այլ կերպի՝ բարձրագոյն կերպով մխիթարեց առաքեալները քան Քրիստոսը, որ մարմնական երեւումով ըրաւ, քանի որ ո՛չ թէ ժամանակաւոր եկաւ, ինչպէս Տէրը՝ առաքեալներուն [եկաւ], այլ՝ յաւիտեան, ինչպէս ետքէն կ՚ըսէ, ատոր համար յայտնի է, թէ առաքեալները Սուրբ Հոգիին ընդունումով բարիին մէջ հաստատուեցան եւ ատկէ ետք մահու չափ չէին կրնար մեղանչել:
«Որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի» (Յհ 14.16):
Նախ ասոր համար մխիթարիչ, կ՚ըսէ, ղրկեմ, որպէսզի ձեր տրտմութիւնը փարատէ: Երկրորդ. որովհետեւ ըսելով՝ ուրիշ Մխիթարիչ մը, յայտի ըրաւ, թէ Ի՛նքն ալ մխիթարիչ է: Երրորդ. որպէսզի Հոգիին անձնաւորութիւնը յայտնապէս երեւցնէ, թէ Ան է բոլոր տրտմութիւններուն Մխիթարիչը: Չորրորդ. որովհետեւ թէեւ Հոգին Մխիթարիչ է, սակայն ոչ թէ Որդիին բնութենէն օտար, այլ՝ նոյն բնութիւնն ու կամքն է Հօրը, Որդիինը եւ Ս. Հոգիինը:
Դարձեալ քննելի է, թէ ինչո՞ւ համար յարութենէն անմիջապէս ետք Հոգին չտուաւ, այլ այդքան երկարեց: Այս է պատճառը, որովհետեւ ինչքան երկարէր, անոնք աւելի կը փափաքէին, եւ երբ փափաքելով կու գար, կ՚ընդունէին:
«Որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ» (Յհ 14.16):
Կէտ եւ չափ չի՛ դներ բնակելուն, այլ՝ կը ծանուցէ, թէ անմարմնապէս պիտի բնակի ձեր մէջ, որովհետեւ Հոգի է, եւ հոգին անմարմին է. իսկ յաւիտեան ըսելը կը նշանակէ, թէ միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլայ: Այստեղ շնորհով, որ է տեսակ-տեսակ նշաններով, իսկ հանդերձեալին՝ փառքով, քանի որ Հոգին զարդարող է:
«Ճշմարտութեան Հոգին» (տե՛ս Յհ 14.17):
Ինչո՞ւ համար ճշմարիտ Հոգի կը կոչէ զայն:
Նախ այս է, որովհետեւ բոլոր հոգիները եղական են, իսկ Ան՝ անեղ: Երկրորդ. քանի որ իւրաքանչիւր հոգի կրնայ ստութենէն ազդուիլ, վկայ քեզի, որ սատանան անմեղ ստեղծուեցաւ եւ անձնիշխան կամքով դէպի սուտը խոտորեցաւ, նաեւ մարդոց հոգիները իրենց մէջ ընդունողներ եղան, սակայն Աստուծոյ Հոգիին ստութիւնը չի՛ մերձենար, այլ՝ ճշմարտապէս իւրաքանչիւրը դէպի բարին կ՚առաջնորդէ: Երրորդ. որովհետեւ ըստ Իր բնութեան ճշմարտութիւն է, եւ ոչ՝ պատահական: Չորրորդ. քանի որ վերին ճշմարտութիւնը կ՚ուսուցանէ, եւ դէպի այն կը բերէ լսողները: Հինգերորդ. որովհետեւ մեր մէջ ուղիղ կարգերը, փափաքումը, խօսքն ու գործը կը ներգործէ:
«Աշխարհը (չարերուն համար կ՚ըսէ) չի կրնար զայն ընդունիլ, բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ կը բնակի» (տե՛ս Յհ 14.17):
Ձեր մէջ կ՚ըսէ, որ կը ճանչնաք զայն, եւ ո՛չ թէ չարերուն մէջ:
«Մօտ ատենէն այլեւս աշխարհը զիս պիտի չտեսնէ, բայց դուք պիտի տեսնէք զիս» (Յհ 14.19):
Կ՚ըսէ, թէ յարութենէն ետք դարձեալ պիտի երեւիմ ձեզի, սակայն ոչ թէ առաջուան նման ինչպէս բոլորը կը տեսնէին զիս, այլ՝ միայն ձեզի, եւ այն ալ Միաշաբաթէն [Կիրակի] Միաշաբաթ, որովհետեւ Տէրը յարութենէն ետքի քառասուն օրը աշխարհի մէջ մնաց, իւրաքանչիւր Կիրակի աշակերտներուն կ՚երեւէր:
«Որովհետեւ Ես կ՚ապրիմ եւ դուք ալ պիտի ապրիք» (Յհ 14.19):
Կը ցուցնէ, թէ յարութիւնս նախագուշակ է ձեր յարութեան, որ մահուամբ եւ չարչարանքով աւարտէք [ձեր կեանքը] եւ անմահութեան յարութիւն առնէք: Օրինակի համար, այգիին մէջ տեսակ մը պտուղ երբ հասուննայ, կը նշանակէ, թէ բոլորն ալ պիտի հասուննան:
«Այն օրը դուք պիտի գիտնաք» (Յհ 14.20):
Նշաններով կ՚ըսէ, ինչպէս փակ դռներով, ինչպէս ձուկով եւ կրակի տեղի կայծերով:
«Թէ Ես Հօրս մէջ եմ, դուք Իմ մէջս եւ Ես՝ ձեր մէջ» (Յհ 14.20):
Ես՝ Հօր մէջ եմ բնութեամբ, իսկ դուք՝ Իմ մէջս էք հաւատքով, յոյսով եւ սիրով: Դարձեալ, ըստ Դիոնիսիոսի, ինչպէս բազմաթիւ լապտերներ մէկ տունէ ամբողջ դիմացը լոյս կ՚արձակեն, լոյսի բաժանում չկայ, այլ՝ լապտերները կը զանազանէ, այդպէս ալ Երրորդութիւնը. անձերը յատուկ, մէկ միութիւն էութիւն, որովհետեւ մէկ բանով օրինակը կը հպի ճշմարտութեան:
«Թէ Ես Հօրս մէջ եմ, դուք Իմ մէջս» (Յհ 14.20):
Այս խօսքը կը մեկնուի անոնց ճանաչումին համար, որոնք կեանքի ընթացքին կը ճամբորդեն, եւ կամ ըստ անոնց, որոնք փառքի մէջ են, որովհետեւ փառքին մէջ աստուածային Երրորդութեան միութիւնը կատարելագոյն կ՚ըլլայ, ըստ որում Քրիստոս Հօր մէջ է: Եւ դարձեալ, Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը, որ միութեամբ շաղկապուած է Եկեղեցիին, եւ Եկեղեցին՝ Անոր, ու այստեղ կերպով մը յայտնի է հաւատքով եւ կերպով մըն ալ ծածուկ, իսկ անհաւատներուն համար ընդհանրապէս աներեւոյթ:
Արդ, քանի որ շատերու համար դժուար է իմանալ, թէ ինչպէս Հայրը Որդիին մէջն է, կամ Որդին՝ Հօր, այդ բանին համար այս ճշմարտութիւնը կերպով մը ցուցնեմ. եւ նախ այսպէս, քանի որ ուր որ ըլլայ Հօր էութիւնը, Հայրն ալ այնտեղ է, որովհետեւ Հօր էութիւնն ու բնութիւնը մէկ են: Արդարեւ, Հօր էութիւնը Որդիին մէջ գոյ է, քանի որ մէ՛կ է անոնց էութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք» (Յհ 10.30), ապա ուրեմն Հայրը Որդիին մէջ է: Երկրորդ. այսպէս կը ցուցուի, որովհետեւ իւրաքանչիւր իր համեմատուելով միւսին հետ, կամ անոր մէջ է, կամ ալ անկէ դուրս: Արդ, չի՛ կրնար անկէ դուրս ըլլալ, քանի որ այդ իրը, որոնցմէ մէկը միւսէն դուրս է, գոյութեամբ եւ բնութեամբ կը զանազանուին: Արդարեւ, Հայրն ու Որդին բնութեամբ մէկ են, հետեւաբար մէկը միւսին մէջ է: Երրորդ. որովհետեւ աստուածային անձերը մէկը միւսին անդրադարձութեամբ կան եւ այս անդրադարձումը միայն աստուածային անձերուն կը պատշաճի եւ ո՛չ՝ արարածներուն, քանի որ այս անդրադարձութիւնը էութեան միութիւն եւ անձերու զանազանութիւն կը պահանջէ: Իսկ ասիկա միայն Աստուծոյ մէջ կը գտնուի, եւ քանի որ Աստուծոյ մէջ կայ զանազան միութիւն եւ կայ անշփոթ զանազանութիւն, այդ պատճառով այս կատարեալ անդրադարձութիւնը միայն Աստուծոյ կը յարմարի:
«Ով որ կ՚ընդունի Իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ» (Յհ 14.21):
Կը զգուշացնէ զանոնք, որովհետեւ կան ոմանք, որոնք չեն լսեր պատուիրանը, եւ ոմանք ալ կան, որոնք թէեւ կը լսեն եւ իրենց միտքին մէջ կը պահեն, սակայն նոյնը գործով չեն կատարեր, կը պատուիրէ իրենց մէջ Իր սէրը ունակութիւն դարձնել, որովհետեւ առաքեալը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ ո՛չ թէ օրէնքները լսողներն են որոնք պիտի արդարանան, այլ՝ կատարողները» (հմմտ. Հռ 2.13):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 135
Վաղարշապատ