Ի՜ՆՉ ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻՒՆ

Ձեռնահեռաձայնս կը շարժի թռչունի սուլոցով մը: Տղաս ձայնը փոխած էր, որպէսզի թռչունի սուլոցով ստանամ իր լուրերը հեռաւոր ափերէն: Արդեօք ի՞նք է: Հատ մը եւս կը յաջորդէ, երրորդ մըն ալ մինչեւ հասնիլս...:

Պաստառը կը լուսաւորուի: Դիմագիրքէն է նորութիւնը: Թէեւ շատ չեմ հետաքրքրուած դիմագիրքի նորութիւններով, բայց ծանօթի մը անունը ջերմութիւն մը կը զգացնէ եւ էջը բանալ կու տայ: Ծանօթս տասն տարի առաջ Հայրենիք հաստատուած սուրիահայ մըն է: Երեք անդամով փոքրիկ, նորաստեղծ ընտանիք մըն էր: Դուստրիկը ընդամէնը երեք տարեկան ըլլալու էր: Համարձակ ու վարվռուն ձագուկ մըն էր այն ատեն, հիմա վստահաբար անուշիկ պարմանուհի մըն է:

«Տեսէ՛ք, ինչե՜ր գրած է Անիս», կը կարդամ հաղորդագրութեան մէջ, որմէ ետք կախման կէտը աւելին կարդալու առիթը կը կանխէ եւ ստիպուած կը հպիս հաղորդագրութեան վրայ, որպէսզի բացուի մանրամասնութիւնը՝ էջին վրայ տեղադրումը:

Անի է ձագուկին անունը՝ սեւուկ աչուկներով, ոլորուն թարթիչներով, շագանակագոյն մազերով էր, որքան կը յիշեմ: Աչքերը շատ տպաւորիչ էին ձագուկին:

Պաստառին վրայ կ՚երեւի տեղադրումը գեղեցիկ դաշտի մը լուսանկարով: Դաշտը գարնանային խոտառատ եւ ծաղկալի տեսք ունի, երկինքը՝ կապոյտ: Անդին ծառ մը, որուն ճիւղերէն մէկուն վրայ թառած է թռչնիկ մը: Ծառը կեդրոնական հատուածը չի գրաւեր լուսանկարին: Գրութիւնը ուրեմն ընդհանուր բնութեան մասին ըլլալու է: Վերնագիրը կը կարդամ՝ «Գարուն»:

Նախքան գրութիւնը կարդալս, կ՚անդրադառնամ արձագանգներուն: Հարազատ անունները մի առ մի կը յաջորդեն իրարու եւ կարծես դէմքերը կը տեսնեմ եւ ձայները կը վերյիշեմ գրուած մաղթանքներուն ընդմէջէն:

«Ապրե՛ս, բալես», կը նկատեմ անծանօթի մը գրածը: Ուսուցիչը ըլլալու է ձագուկին, կը մտածեմ:

Հայրը, մայրը կը մաղթեն այս շնորհքին շարունակականութիւնը եւ իրենց կարծիքները քաջալերողներուն լայքերը, սրտիկները, ժպիտները խրախուսական պաստառ մը կը գծեն աչքերուս առջեւ:

Շարադրութիւն մըն է ձագուկին գրածը բնութեան մասին, հարկաւ յոյժ ուրախալի՝ մա՛նաւանդ ծնողքին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ծանօթներուն, հարազատներուն:

Ուրախալի է տեսնել այսքան ծանօթ-բարեկամներ խմբուած ձագուկին գրութեան շուրջ, տեսնել եւ զգալ առողջ աճումը ծիլի մը, որուն արմատներուն հետ առընչութիւն ունեցած ես՝ ազգական, բարեկամ, հարազատ, դրացի... անցեալին, մեզի շատ հարազատ Հալէպի մէջ:

Եթէ հոն մնայինք, թերեւս ես ըլլայի ձագուկին շարադրութիւնը կարդացող, սրբագրողը: Թերեւս հրատարակել տայի «Գանձասար»ի «Կկու»ին մէջ: Թերեւս պատի թերթի մը վրայ, գեղեցիկ բնութեան պատկերներով երիզէի եւ դասարաններուն միջանցքին մէջ, երեւելի տեղ մը, պատի մը վրայ տեղաւորէի իր դասարանցիներուն գրութիւններուն հետ...:

«Էս ինչ լաւ ես գրել, Անի ճան, ի՛նչ լաւ էլ սովորել ես հայերէ՛նը», կը կարդամ յանկած մաղթանք մը եւ՝ «հայերէ՞ն» կը խորհիմ բարձրաձայն՝ բանալով գրութիւնը եւ կարդալով առաջին տողը, որ կը սկսի՝ «Գարնան մի անուշ առաւօտ, երբ թռչուններն էին ծլվլում...»...

Չեմ ուզեր շարունակել:

Կը յիշեմ, տարիներ առաջ, երբ նոր հասած էինք Երեւան, հանրախանութի մը մէջ հանդիպեցայ տարեց կնոջ մը, որ ինծի հետ մնաց մինչեւ հոնկէ ելլելս: Ան լսել կ՚ուզէր իրեն հարազատ արեւմտահայերէնը եւ ինք ալ կը փորձէր նոյն ձեւով խօսիլ: Ջանքը տեսանելի էր դէմքին վրայ եւ հաճոյքը՝ երեւելի աչքերէն: Կինը 1964-ի հայրենադարձներէն էր եւ մէկը չկար այլեւս ընտանիքին մէջ, որմէ լսէր արմատներուն հնչիւնները: Այդ կնոջ անունն ալ կարծեմ Անի էր, ի՜նչ զուգադիպութիւն...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2022