ԱՏՈՆԻՍԷՆ
ԱՉՔԵՐՈՒԴ ԵՒ ԻՄ ՄԻՋԵՒ
Երբ աչքերս կը սուզեմ աչքերուդ մէջ,
Խոր արշալոյսը կը նշմարեմ,
Կը տեսնեմ վաղնջականը
Եւ կը տեսնեմ ինչ որ չեմ գիտեր,
Կը զգամ՝ օդոլորտը կը քալէ
Աչքերուդ եւ իմ միջեւ:
ԱՍՏՂ ՄԸ ՉԷ
Աստղ մը չէ,
Ոչ ալ մարգարէի մը յայտնութիւնը,
Ոչ իսկ լուսինին ամչկոտ դէմքը:
Ան է որ կու գայ հրեղէն թուրի մը պէս
Արշաւելով բառերուն անդաստանը,
Արեւին կը հեղու- հոսումով մը:
Ան է որ կը հագուի քարին մերկութիւնը
Եւ կ՚աղօթէ քարայրներուն:
Ան է որ կը գրկէ թեթեւ հողը:
Արշալոյսը:
ԱՐԵՒԴ ՅՕԴԵՐՈՒՍ ՄԷՋ
Ձիւնի պէս,
Հրդեհի պէս
Անհանգստութիւն մը կը ծնի ճամբուս մէջ:
Ո՛վ արշալոյս, ո՛վ ընկերս,
Խենթութեան հովերը
Ժանգոտեցին ցերեկուան կառքերը,
Հերոսը ժանգ կապեց:
Ես հոնկէ կու գամ՝
Խոր արմատներու երկրէն.
Նժոյգս չորցած ծիլ մըն է,
Ճամբաս՝ պաշարուած:
Ինչո՞ւ կը ծիծաղիք, ի՞նչ ունիք:
Փախէ՛ք, ես հոնկէ եմ,
Ոճիրը հագած եկայ ձեզի
Եւ բերի խենթութեան հովերը:
ՄՏԱԾՈՂԸ
Միշտ կը սխալէի,
Տակաւին կը սխալիմ,
Յուսամ շարունակուի
Այդ լուսաւոր ուշքին համար՝
Այս սխալը:
Լիութիւն չեմ ուզեր
Ոչ ալ կարօտ, որ կը ժայթքի
Ներշնչաքիս մէջ
Եւ արտաշնչանքիս:
Կարօտը՝ յենածին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան