ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ «ԲԱՐԻ» Է, ԻՍԿ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ «ՉԱՐ»
ՃորՃ Սորոսի մասին բազմաթիւներ գրած են։ Մեծամասնութեամբ ժխտական շեշտադրումներով՝ մասնաւորապէս հիմնուելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «այլափոխող» դէպքերէն ետք, որոնց խորագիրը եղաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»։ Ամենաուշագրաւը, անշուշտ, Սորոսի գործունէութիւնը «մերկացնող» տեսանիւթ-հրապարակում մըն էր, ուր մանրամասն կերպով հանրութեան կը ներկայացուէր, թէ ինչ թակարդ լարելով գործած է ամերիկացի մեծ գործարարը։
Լրագրական շրջանակներուն մէջ յաճախ կան հանրային կարծիք ձեւաւորողներ։ Յիշեցի այս «կոչում»ը ո՛չ միայն Ճորճ Սորոսին վերագրելու, այլ բոլոր ընթացակարգերու՝ որոնք հասարակութիւնները կը խմորեն, զանոնք ոտքի կը հանեն եւ յեղափոխութեան ճանապարհ կը բանան, այլեւ՝ Սորոս եւ իր ետին կանգնողները ունին յստակ, մշակուած եւ երկար տարիներու արգասիք քաղաքական-հասարակական գիծ մը. այդ գիծը, ի զարմանս մեծ թիւով վերլուծաբաններու եւ անկախ տեղայնական, կրօնական, կամ նոյնիսկ դաւանաբանական տարբերութիւններէ՝ կը շարժի ու կը գործէ նո՛յն յարաբերակցութեամբ, նոյն նշաձողերով եւ նոյն տրամաբանութեամբ։
Սորոսի նպատակը ի՞նչ է, պիտի հարցնեն շատեր, ի՞նչ հեռագնաց ծրագիրներ առաջ կը տանի, ի՞նչ նպատակներ ունի եւ ի՞նչ պատճառներով այդքան խոշոր գումարներ կը յատկացնէ այդ ծրագիրները կեանքի կոչելու համար։ Իսկ պատասխանը շատ յստակ է ու մէկին. Սորոս կամ իրեն նման բազմաթիւ ոչ-հանրածանօթ գործիչներ կան, որոնք կը ծառայեն Միացեալ Նահանգներու մեծ կայսրութեան շահերուն։ Այդ շահերուն, կամ շահերը վերաշարադրելուն մէջ կան քանի մը կարեւոր գործօններ, որոնք բանալի կը համարուին, որոնց ամենակարեւորը թշնամիներ «ստեղծելու» եւ այդ թշնամիներուն դէմ կռուելու «առաքելութիւնն» է։
Երբ Ուքրայնայի պատերազմը սկսաւ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ յաչս աշխարհին պատմեց, որ իր իշխանութեան գալէն ետք բազմիցս առաջարկած է ՆԱԹՕ-ին, որ Ռուսաստան նոյնպէս մաս կազմէ այդ միաւորին, սակայն այդ դիմումին արձագանգած են մեծ լռութեամբ, գուցէ նաեւ քմծիծաղով։ Ու եթէ ուշադրութեամբ նայինք դրոյթներուն, պիտի հասկնանք, որ ներկայ պայքարները, հակադարձումները եւ Ռուսաստանը սատանայացնելու փորձերը պարզապէս անհեթեթ են։ Սորոս եւ իր նման մեծ հնարաւորութիւններով գործիչներ պահու մը համար մոռացութեան կը մատնեն, որ ի՛նչ ըրաւ Արեւմուտքը (եւ յատկապէս ԱՄՆ-ը). օրինակ՝ Իրաքի մէջ ու այդ մոռացութեան «քաղաքականութեան» շնորհիւ ու ճամբով անոնք կը շարունակեն Ռուսաստանը, կամ նոյնիսկ Չինաստանը, Իրանը եւ Սուրիան որպէս «հրէշ» ներկայացնելու իրենց գաղափարական պայքարը։ Երկարատեւ պայքար է այս մէկը ու այս լարումին առընթեր, ոչ մէկ կողմ ամբողջապէս հաւատարմագրուած է տանելի վերջնական յաղթանակի։ Միացեալ Նահանգներ, որ դրօշակիրն է այս պայքարին, ինչ-ինչ շահերու բերումով աշխարհին կը ներկայանայ որպէս ժողովրդավարութեան թիւ մէկ պաշտպան, սակայն խորքին մէջ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ յանուն այդ ժողովրդավարութեան, պարզապէս չարիք դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի թէ՛ երկիրներուն եւ թէ ամենատարբեր ժողովուրդներուն։
Իսկ թէ ինչպէս եւ ինչ միտումներով Սորոս յառաջ կը քշէ թեզեր, որոնց միջոցաւ բացայայտօրէն կրակ կը ժայթքէ Ռուսաստանին ու ռուս ժողովուրդին։ Ան այս մասին «Project Syndicate» կայքէջին վրայ ստորագրած է յօդուած մը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը հրապարակած է «Մետիամաքս», զոր կարդալ ստորեւ։
*
24 փետրուարին Ռուսաստանի յարձակումը Ուքրայնայի վրայ մատնանշեց երրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբ, որ մեր քաղաքակրթութիւնը ոչնչացնելու ներուժ ունի: Ներխուժման նախորդած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի երկարատեւ հանդիպումը, որ տեղի ունեցած էր 4 փետրուարին, երբ Փեքինի մէջ կը սկսէին ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը: Հանդիպման աւարտին Փութինն ու Ծինփինը հրապարակած էին մանրազնին մշակուած 5 հազար բառէ բաղկացեալ փաստաթուղթ մը, ուր կը յայտարարուէր երկու երկիրներու միջեւ սերտ գործընկերութեան մասին:
Ես զարմացած էի, որ Ծինփին ակնյայտօրէն քարտ-պլանշ կու տայ Փութինին՝ Ուքրայնա ներխուժելու եւ պատերազմ սկսելու համար։ Հաւանաբար, ան միանգամայն վստահ է, որ իր հաստատումը որպէս Չինաստանի ցմահ տիրակալ զուտ ձեւականութիւն է: Ողջ իշխանութիւնը կեդրոնացնելով իր ձեռքին՝ Ծինփին մանրակրկիտօրէն մշակած է թատրերգութիւն մը, ուր ան պիտի հասնի Մաօ Ցեթունկի (1893-1975 Չինաստանի Համայնավարական կուսակցութեան առաջնորդ) եւ Տէն Ցիաոփինի (1904-1997 քաղաքական գործիչ եւ բարեփոխող) մակարդակին:
Փութինն ալ Ծինփինի աջակցութեամբ, անհաւանական դաժանութեամբ սկսաւ իրականացնել իր ողջ կեանքի երազանքը: Շուտով ան 70 տարեկան պիտի դառնայ եւ կը զգայ, որ եթէ կը ցանկայ հետք ձգել Ռուսաստանի պատմութեան մէջ, ուրեմն պէտք է գործէ հիմա՝ կամ երբեք։ Սակայն ան այլասերուած պատկերացում ունի աշխարհի մէջ Ռուսաստանի դերի մասին։ Ըստամենայնի, ան կը հաւատայ, որ ռուս ժողովուրդին արքայ հարկաւոր է եւ անոր կուրօրէն կը հետեւի։ Ատիկա ժողովրդավարական հասարակութեան ուղիղ հակադրութիւնն եւ այս հայեցակարգը կը խեղաթիւրէ գերզգայուն յուզական ռուսական «հոգին»։
Մանուկ հասակիս բազմիցս հանդիպած եմ ռուս զինուորներու, երբ անոնք 1945 թուականին գրաւեցին Հունգարիան։ Իմացայ, որ պատրաստ են կիսել հացի վերջին կտորը, եթէ իրենցմէ խնդրես։ Անցան շատ տարիներ, եւ 1980-ականներու սկիզբը ես սկսայ զբաղիլ քաղաքական բարեգործութեամբ:
Նախ հիմնադրամ հիմնեցի իմ հայրենի Հունգարիոյ մէջ, ապա աշխուժօրէն կը մասնակցէի Խորհրդային կայսրութեան փլուզման։ Երբ 1985 թուականին իշխանութեան եկաւ Միխայիլ Կորպաչով, այդ փլուզումը արդէն սկսած էր։ Ես հիմնադրամ հիմնեցի Ռուսաստանի մէջ, որմէ ետք զայն ըրի նաեւ Խորհրդային Միութեան բոլոր իրաւայաջորդ երկիրներուն մէջ։ Ուքրայնայի մէջ հիմնադրամ ստեղծեցի տակաւին մինչեւ անոր անկախ երկիր դառնալը։ 1984 թուականին այցելեցի Չինաստան, ուր դարձայ առաջին օտարերկրացին, որուն թոյլ տուին հիմնադրամ հիմնադրելու (զայն փակեցի 1989 թուականին՝ Թիանանմեն հրապարակի զանգուածային սպաննութիւններէն անմիջապէս առաջ)։
Թէեւ Փութինը անձամբ չեմ ճանչնար, սակայն շատ ուշադիր հետեւած եմ անոր վերելքին եւ գիտեմ, որ ան անողոք է: Ան աւերակներու վերածեց Չեչենիոյ մայրաքաղաքը՝ Կրոզնին, իսկ այժմ կը սպառնայ նոյնը ընել Ուքրայնայի մայրաքաղաքին՝ Քիեւին։
Ժամանակին Փութին Պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ՊԱԿ) խորամանկ աշխատակիցն էր, սակայն վերջին տարիներուն ան կարծես փոխուած է: Կաղապարուած գաղափար մը յօրինելով՝ ան ակնյայտօրէն կորսնցուցած է կապը իրականութեան հետ։ Փութին, անկասկած, սխալած է Ուքրայնայի մէջ տիրող իրավիճակի իր գնահատականներուն գծով։ Ան կը կարծէր, որ ռուսախօս ուքրանացիները գրկաբաց պիտի ընդունին ռուս զինուորները, սակայն պարզուեցաւ, որ անոնք որեւէ ձեւով չեն տարբերիր ուքրանախօս բնակչութենէն։ Ուքրանացիները կազմակերպեցին աներեւակայելի խիզախ դիմադրութիւն ակնյայտօրէն զիրենք գերազանցող թշնամիին դէմ։
2021 թուականի յուլիսին Փութին ծաւալուն յօդ-ւած մը հրապարակած էր, ուր ապացուցած էր, որ ռուսերը ու ուքրանացիները իրականութեան մէջ մէկ ժողովուրդ են, եւ որ նէոնացիստ քարոզիչները կը խաբեն ուքրանացիները։ Այս պնդումներու առաջին մասը որոշակի պատմական հիմքեր ունի՝ հաշուի առնելով, որ Քիեւ ի սկզբանէ եղած էր Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ կեդրոնը։ Սակայն երկրորդ մասով Փութին ինք խաբուեցաւ։ Ան պէտք է աւելի լաւ հասկնար իրավիճակը: Ուքրանացիներէն շատեր անձնուէր կը կռուէին 2014 թուականին՝ Եւրա Մէյտանի ցոյցերու ժամանակ (Քիեւի կեդրոնը սկսած Ուքրայնայի զանգուածային բողոքի ցոյցերը, որոնց արդիւնքով նախագահը հեռացաւ իշխանութենէն):
2014 թուականի իրադարձութիւնները խիստ զայրացուցած էին Փութինը։ Ան որոշեց պատժել Ուքրայնան դիմադրելու համար եւ սկսաւ գործել առանց արգելքներու։ Ան մարտի նետեց ողջ ռուսական բանակը եւ կ՚անտեսէ պատերազմի բոլոր կանոնները՝ առանց մտածելու ռումբեր նետելով խաղաղ բնակչութեան վրայ:
Բացառուած չէ, որ Ռուսաստան պարտուի այս պատերազմին։ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը Ուքրայնային կը մատակարարեն պաշտպանական զինատեսակներ, փորձեր կը կատարուին գնելու ռուսական արտադրութեան «Միկ» կործանիչներ, որոնք կրնան կառավարուիլ ուքրանացի օդաչուներու կողմէ։ Այս ամէնը կրնայ խստօրէն փոխել իրավիճակը: Սակայն անկախ վերջնական արդիւնքէն Փութին արդէն իսկ հրաշք գործած է Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ վճռականութեան եւ միասնութեան ամրապնդման առումով։
Մինչդեռ Ծինփին կարծես հասկցած է, որ Փութին չափը անցած է: 8 մարտին, Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Ուան Եիի Չինաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամութիւնը «ժայռի պէս ամուր» մնալու մասին յայտարարութենէն մէկ օր ետք, Ծինփին հեռաձայնած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին եւ ըսած՝ որ կ՚աջակցի անոնց խաղաղարար ջանքերուն։ Ան կը ցանկայ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերել այս պատերազմին՝ մարդասիրական ճգնաժամը կանխելու համար։
Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Փութին զիջի Ծինփինի ցանկութիւններուն։ Մեզի կը մնայ միայն յուսալ, որ Փութին ու Ծինփին հեռացուին իշխանութենէն՝ նախքան որ կործանեն մեր քաղաքակրթութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան