ԵՐԱՆԻ՜

Դարձեալ Աւագ շաբաթ է:

Ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով՝ Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՚ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:

Ի՜նչ տարօրինակութիւն եւ միաժամանակ ի՜նչ գեղեցկութիւն:

Այս վիճակին մէջ տակաւին ոմանք ապագային նկատմամբ լաւատես են. ո՛չ յուսահատութիւնը եւ ո՛չ ալ փլատակ տեսարանները չորցուցած են իրենց եռանդը:

Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ. արդեօք նորութիւն մը պիտի գտնե՞մ, երբ այսօր վերստին փորձեմ Ս. Գիրքը կարդալ:

Ու անկեղծօրէն նաեւ կը մտածեմ, թէ այս օրերուն Քրիստոս ինչպէ՞ս կրնայ ներկայանալ մարդոց: Արդեօք պիտի կարենա՞յ զարմացնել բոլորս՝ հաւատացեալ կամ անհաւատ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ հոգեվիճակը այն մարդուն, որ տակաւին անտեղեակ է Յիսուսի գոյութենէն եւ կամ անոր՝ որ յուսախաբ է անոր էութեանբ: Արդեօք նոյն այդ ադամորդին պիտի մտահոգուի՞, թէ պիտի սփոփուի: Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞ր մէկը: Արդեօք այս հոգեվիճակը ապրողները պիտի կարենա՞ն իրենց հարազատ եւ յատուկ նոր Յիսուսը գտնել, ստեղծել, պաշտել եւ կամ մարմնաւորել: Արդեօք նոր գտնուած Յիսուսը պիտի կարենա՞յ փրկել զիրենք այս մեծ քաոսէն, մարդոց ձեռքերով ու միտքերու յղացքով ծնունդ առած քաոսէն:

Եւ այս բոլորէն ետք, հապա մե՞նք՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը… Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն այսօր մեր շարականները, մեր աղօթքները, նաեւ մեր հոգեւորականները:

Ի՞նչ է մեր կեանքին իմաստը, երբ դարերու նոյն աւետարանը կայ, կ՚ապրի, կը շնչէ եւ դարերէ ի վեր իրեն յատուկ միջոցներով կը պայքարի իր գոյատեւման համար:

Քրիստոսի չարչարանքի այս շաբթուան մէջ նման հարցումներ միտքիս մէջ իրար կը հրմշտկեն ու անհամբերներու անկարգութեամբ պատասխանի կը սպասեն: Թերեւս ես ալ, իմ կարգիս, յուսահատ մըն եմ:

Հարցումներ, որոնց պատասխանը չունիմ տակաւին՝ յստակ, մաքուր եւ ուղիղ: Վերջին հաշուով պատասխան մը, որ իրեն հետ պիտի բերէր կապոյտ հանդարտութիւնը եւ անդորրութիւնը ալեկոծ միտքիս:

Սակայն խոստովանիմ, որ Քրիստոսի հետ ժամադրութեան ամենէն գեղեցիկ շաբաթն է այս շաբաթը, որովհետեւ խունկը ծուխի կը փոխուի եւ արցունքն ալ՝ զարդարանքի:

Որովհետեւ ինծի համար անգամ մը եւս Ինք՝ Քրիստոս կը դառնայ կեանքի ու մահուան ծաղիկը, հոգիի եւ մարմինի մեծ յոյսը:

Լաւատեղեակ ենք, որ Յիսուս բովանդակ իր կեանքը ապրեցաւ հասնելու համար այս շաբթուան՝ օրինակելի տանջանքի մը գագաթնակէտը խորհրդանշող օրերուն:

Որովհետեւ, Իր անձին վրայ ունեցած հաստատ եւ անխախտ հաւատքով՝ Ինքն է քրիստոնէութեան միակ բանաստեղծութիւնը:

Բայց, երբ մօտէն կը հետեւինք Աւագ շաբթուան եւ անոր շուրջ ստեղծուած մթնոլորտին, ապա կը տեսնենք, որ այս շաբաթն ու անոր խորհուրդը հետզհետէ սկսած են կորսնցնել իրենց սրբութիւնը, իրենց արժէքն ու թարմութիւնը եւ հմայքը: Թերեւս անոր համար, որ մեծ Վարդապետի պաշտօնեաներուն եւ անոնց հետեւորդ ժողովուրդին միջեւ գտնուող կապը մաշելու սկսած է՝ չըսելու համար, թէ նոյնիսկ փտած:

Անոր համար է, որ այս շաբթուան չարչարանքի եւ յարութեան նշանները, որոնք նախապէս կը կախարդէին մեզ, կը տաքցնէին մեր ցուրտ միտքերն ու հոգիները, այժմ դարձած են սովորական, պարզ, ձեւական եւ նոյնիսկ անիրական:

Որովհետեւ մենք՝ պարզ մահկանացուներս, ամէն օր կ՚ապրինք նոյն տանջանքն ու չարչարանքը: Հաւատացէ՛ք, ամէն անգամ, որ երկու հոգի իրարու հանդիպին, իրենց միջեւ կը ստեղծուի չարչարանքի սովորական պատմութիւն մը:

Նշանները բաժնուած են ու հիմա, այսօր Քրիստոս առանձինը չէ, որ խաչուած է այլեւս: Այս մէկը յստակ է բոլորիս: Մենք ալ իրեն նման ձեւով մը խաչուած ենք:

Ինք յարութիւն առաւ եւ վերջ տուաւ Իր չարչարանքին, բայց մե՞նք: Մեր յարութիւնը, սակայն, կասկածի տակ է, որովհետեւ Յարութեան տօնը մեզի համար այլեւս դարձած է պարզ աւանդութիւն մը, նաեւ սովորութիւն մը:

Միայն եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն կարելի չէ վերագրել այս երեւոյթը, այլ՝ ներկայ մակերեսային մեր ըմբռնումներուն, մեր նիւթապաշտ կեցուածքին, մեր ծուռ խառնուածքին, նկարագրին, մտածելակերպին ու հինցած ու մաշած հաւատքին:

Հաւանաբար մեզմէ շատեր ամէն օր կ՚աղօթեն, շարականներ կ՚երգեն, եւ այդ իրենց ստեղծած մթնոլորտին շնորհիւ է, որ Քրիստոսի խաչելութեան ներկայ կը գտնուին եւ զայն կ՚ապրին: Երանելիներու կարգին պէտք է դասել նման մարդիկ:

Շատ հաւանաբար, մենք, որ տարբեր ենք վերեւը յիշուած փոքրամասնութիւններէն, կ՚ուզենք, որ Քրիստոս աստուածային իր առանձնաշնորհումով, Իր խաչելութենէն երկու օրեր ետք յարութիւն չառնէր, մեզ մօտ մնար, որովհետեւ մեր կարգին կը հաւատանք, թէ յարութեամբ աւարտած իր տանջանքները արժէքազրկեցին զինք եւ ճիշդ ասոր համար է, որ կ՚ըսենք կամ կ՚ուզենք ըսել.

-Երանի՜ երկարէր Իր տանջանքը…

Երանի, թէ Աւագ հինգշաբթին կամ ուրբաթը շաբաթներ շարունակուէին:

Քրիստոսի խաչելութիւնը թէեւ կը յուզէ մեր սիրտը, կը փոթորկէ մեր միտքերը, սակայն եւ այնպէս կ՚ազնուացնէ մեր զգացումները:

Յիսուս յարութիւն առաւ ու այդ ձեւով վերջ գտաւ իր չարչարանքը ու վերջ գտաւ նաեւ իր հետաքրքրական պատմութիւնը. պայծառ, յստակ, սակայն հրաշք-կախարդ պատմութիւնը:

Գեղեցիկ է, երբ Աստուած կը տանջուի: Անոր համար է, որ կ՚ըսեմ՝ երանի՜ երկարէր Իր չարչարանքը:

Բայց շտապեց: Ինք շուտով յարութիւն առաւ ու շուտով անոր հետ զուգահեռ ու անոր չափ ազդու վերջ գտաւ մեր մխիթարութիւնը: Որովհետեւ Իր չարչարանքով նոր սկսած էր մեր ուրախութիւնը:

Ատոր համար կրկին ու կրկին անգամներ կ՚ըսեմ՝ երանի՜ երկարէր Իր չարչարանքը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023