ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՋԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱ՞Յ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՏԱԳՆԱՊԷՆ
Էվիկտոր Լիպըրմանի պաշտպանութեան նախարար նշանակուելէն ետք, Իսրայէլի կառավարութիւնը յաջողեցաւ Քընեսէթի անդամներու ամբողջական նեցուկը ապահովել: Ու հակառակ անոր, որ իսրայէլեան քաղաքականութեան հետեւող տարբեր դէտեր խոր մտավախութիւններ ունեցան, ծայրայեղական կեցուածքներով Լիպըրմանի նախարար նշանակուելուն առընթեր երեւելի է նաեւ, որ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու այս քայլով պիտի փորձէ իր իշխանութիւնը փրկել միաժամանակ քաղաքական աջ թեւը դուրս հանելով խոր տագնապէ մը:
Յիշեցնեմ, որ անցնող 20 Մայիսին Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոն հրաժարական տուաւ: Նախկին նախարարը, որ երկրի վարչապետին հետ երեւելի տարակարծութիւններ ունեցած էր, ժամեր անց կը յայտարարէր , որ պիտի շարունակէ մասնակցիլ երկրի քաղաքական կեանքին: Եահալոնի համար ներկայիս հիմնական գրաւը աջ թեքումով նոր կուսակցութեան մը հիմնումն է:
Երկու ղեկավարներուն միջեւ առկայ տարակարծութիւնները կրնային սեղմուած մնալ մինչեւ յառաջիկայ ընտրութիւնները, սակայն բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն եւ Պենիամին Նեթանիյահուին միջեւ առկայ տարակարծութիւնները առիթ հանդիսացան, որ վէճը դուրս գայ ներքին բովանդակութենէն եւ դառնայ քաղաքական կեանքի հրատապ հարց:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի յօդուածագիր Նիւ Ռոնին Պըրկմընի կարծիքով՝ շատ հաւանական էր, որ Եահալոնի քայլէն ետք բանակի զօրավարները պետական հարուած մը ընէին, սակայն Իսրայէլի պէս երկրի մը մէջ նման անակնկալ իրադարձութիւններ չեն կատարուիր:
Չեն կատարուիր, որովհետեւ հակառակ ներքին բոլոր տարակարծութիւններուն՝ երկրի քաղաքական վերնախաւը լաւ գիտէ, որ որեւէ ցնցում պատճառ պիտի հանդիսանայ, որ Իսրայէլի հիմնական հակառակորդը, որ այս պարագային Կազզէն իր տիրապետութեան տակ պահող «Համաս»ն է, պիտի փորձէ օգտուիլ ստեղծուած առիթէն եւ տհաճ անակնկալներ «պարգեւէ» Իսրայէլ տէրութեան:
Վերադառնալով բանակի գլխաւոր հրամանատարութեան եւ վարչապետին միջեւ առկայ անհամաձայնութիւններուն՝ պէտք է շեշտադրել, որ իսրայէլեան բանակը յայտնուած է բաւական թոյլ իրավիճակի մը մէջ: Անիմաստ ու մանաւանդ վերջին տարիներուն անարդիւնք պատերազմներու մասնակցած բանակը յոգնած է ոչ միայն զինուորական առումով, այլ գաղափարական լուրջ դատարկութիւն մը կ՚ապրի:
Ըստ «Եէտիհոթ Ահրոնոթ» թերթին, իսրայէլեան բանակը դարձած է փոքրագոյն բանակ: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ մինչ անցեալին ամբողջ իսրայէլացի ժողովուրդը բանակին մաս կը կազմէր, այսօր բանակէն խոյս տալու պարագաները հետզհետէ սկսած են ընդհանրանալ: Աղբիւրը նաեւ դիտել կու տայ, որ բանակի հրամանատարութիւնը սկսած է ուշադրութեան առարկայ դարձնել ոչ թէ նորակոչիկները, այլ ծառայութիւնը աւարտած ու անցեալի պատերազմներուն մասնակցած պահեստայինները:
Ուրեմն բանակին եւ վարչապետին միջեւ առկայ տարակարծութիւնները բաւական խորքային պատճառներ ունին եւ բանակի զօրավարները լաւ գիտեն, որ կառավարութեան ու մասնաւորապէս Նեթանիյահուին կողմէ, որեւէ սխալ կարգադրութիւն կամ կեղծ մարտահրաւէր կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ բանակին, հետեւաբար երկրի անվտանգութեան համակարգին վրայ: Իսրայէլի մէջ բանակային ծառայութիւնը չկատարողներուն կամ տարբեր միջոցներով խոյս տալու երեւոյթը օրըստօրէ կը մեծնայ: Ու այս երեւոյթը մեծագոյն ցուցանիշն է ներքին տագնապի մը, որ սկսած է ձեւաւորուիլ վերջին տարիներուն ընթացքին: Իսրայէլցիք ոչ թէ չեն հաւատար իրենց երկիրը զէնքի ուժով պաշտպանելու դրոյթին, այլ անոնք յոգնութեան եւ չկամութեան նշաններ ցոյց կու տան:
Այս բոլոր տեղեկութիւններուն հիման վրայ գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլի հանրութիւնը սկսած է փոխուիլ: Այսօր զէնքի եւ տնտեսութեան առաւելութիւն ունեցող Իսրայէլի մէջ կը գոյանայ նոր հասարակարգ մը, որ իր մտածելակերպով եւ նպատակներով շատ կը տարբերի անցեալ երեսուն-քառասուն տարուան հասարակութենէն:
Մինչ Եահալոն կը պատրաստուի աջակողմեան նոր կուսակցութիւն մը հիմնել, անդին Նեթանիյահու առանց ժամանակ կորսնցնելու պաշտպանութեան նախարար կը նշանակէ Էվիկտոր Լիպըրմանը: Ծայրայեղական մօտեցումներով յայտնի Լիպըրման բանակին թիւ մէկ հակառակորդը կը համարուի: Ան քանիցս զանցելով բանակի հրամանատարութեան կեցուածքները փորձած է նեցուկ կանգնիլ այն զինուորներուն, որոնք ոճիրներ գործած եւ սպաննած են Գալիլիոյ մէջ ապրող կարգ մը պաղեստինցիներ: Բանակը տարբեր առիթներով կը դատապարտէ իր զինուորական վարքին անյարիր կեցուածքները եւ անզէն կամ յանձնուող քաղաքայիններուն դէմ կրակ բանալը, իսկ Նեթանիյահու եւ իր նոր գործակիցը կը քաջալերեն պաղեստինցի սպաննող զինուորները:
Այս աջակողմեան ըմբռնումներով իշխանութեան հասած ղեկավարներուն համար Իսրայէլը շրջանին մէջ կրնայ ապրիլ միայն նոր արիւնահեղումներու գնով: Հոգ չէ, որ ինչ կը կատարուի գետնի վրայ, կարեւորը այն է, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը պահպանողի սուտ քօղին տակ Իսրայէլ «հսկիչ»ի դեր կատարէ շրջանին մէջ:
Եթէ Օսմանեան կայսրութիւնը իր պատմութեան վերջին տարիներուն յայտնի դարձաւ իր ախտերով ու կոչուեցաւ «հիւանդ մարդ», ապա այսօր Իսրայէլ անցնող տասն տարիներուն իր վրայ բեռ դարձուցած մեղքերով եւ հազարաւոր անմեղներու արեան բեռով դարձած է «հիւանդ հսկիչ»:
Կը մեռնի՞ արդեօք այդ հիւանդը, տակաւին յստակ չէ, բայց պարզ է, որ որեւէ զինուորական մեծ գործողութեան պարագային իսրայէլեան զինուորական ամբողջ կառոյցը խայտառակ վիճակի պիտի մատնուի:
Ու ատոր համար եւս, Նեթանիյահու օգտուելով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան «բարիքներ»էն, իր ոխերիմ հակառակորդին՝ «Հիզպուլլահ»ին դէմ պատերազմը փոխադրած է Սուրիա: Այս թեման բոլորովին այլ է, բայց եւ այնպէս կարեւոր նախանշան է, թէ ի՛նչ զէնքերու կը դիմէ իր բանակի թուլութեան վրայ թզենիի տերեւ դնող Նեթանիյահուն:
Վերադառնալով հիմնական թեմային, կարելի է յստակօրէն ըսել, որ յառաջիկայ ամիսները կարեւոր ու յատկանշական կրնան ըլլալ, որովհետեւ իր հրաժարականը տուած նախկին պաշտպանութեան նախարար՝ Մոշէ Եահալոն կանգնած է կարեւոր եւ բարդ քննութեան մը առջեւ: Ան պիտի կարողանա՞յ հիմնադրել աջ թեքում ունեցող եւ նուազ արմատական կուսակցութիւն մը եւ երկրորդ ու ամենակարեւորը այդ կուսակցութիւնը պիտի կարողանա՞յ կատարել իր առջեւ դրուած կարեւորագոյն խնդիրը: Եահալոնի համար խնդիրը մէկ է ու Իսրայէլի անվտանգութեան համար անյետաձգելի, այսինքն օր առաջ տուն ղրկել Նեթանիյահուն եւ անոր պարծենկոտ կառավարութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան