ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՍՈՆԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ. «ՀԱՅԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԱՆԴԱՒԱՃԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ»

Բազմաթիւ առիթներով ու բաւական բազմակողմանի հարթակներէ խօսուած է այս մասին. խնդիրը միայն երկրի մը մէջ ծնած ըլլալով, այդ երկրի ջուրէն խմած եւ հացէն կերած ըլլալու մասին չէ, այլ՝ աւելի՛ն։

Երբ կը խօսինք հայկական ինքնութեան մասին, յստակ է, որ անվարան նաեւ կը մտածենք այդ ինքնութեան «օրինական» եւ նոյնիսկ «օրինապահ» դրսեւորումներուն մասին։ Այսինքն, անկախ մեր ինքնութեան մասին պատկերացումներէ, զգացումէ եւ բովանդակութենէ՝ յստակ է, որ այդ ինքնութիւնը կ՚արտայայտուի յստակ պատկերացումներով եւ գետիններով, զորս մեզի կու տան բոլոր հիմնական գործիքները մեր ինքնութիւնը ապրելու եւ մեր ինքնութեամբ ապրելու։

Մեր հայրենակիցներէն շատեր այսօր կ՚ապրին հայերու մէկ ու միակ հայրենիք՝ Հայաստանէն դուրս։ Այդ մասին բոլորը գիտեն ու գիտեն նաեւ, որ հայութեան մեծ տոկոսը ամենատարբեր պայմաններու բերումով, նոյնիսկ Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, կ՚ապրի զանազան վայրերու մէջ։

Մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին Լոս Անճելըսի, ուրիշներ՝ Ռուսաստանի, շատեր Ֆրանսայի եւ եւրոպական տարբեր ոստաններու, իսկ մաս մըն ալ կը շարունակէ ապրիլ Մերձաւոր Արեւելքի «ամենատաք» հատուածները համարուող՝ Պէյրութի, Թրիփոլիի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ ու մանաւանդ Հալէպի մէջ։

Հալէպը կ՚ուզեմ ընդգծել ամէն անգամ, որ մերձաւորարեւելքցիներուս մասին կը մտորեմ, որովհետեւ այն պատճառով, թէ Հալէպը կը շարունակէ համարուիլ սփիւռքի մայր գաղութ ու նաեւ իրական «արգանդ»ը 1915 թուականէն ետք շունչ առած հայութեան։

Հայեր ո՛ւր որ ալ գտնուած եւ ապրած ըլլան, այդ երկրին մէջ իրենց կուտակած, հասցուցած, շահած, բերած, հաւաքած, վաստակած դրամներէն ու ոսկիներէն անդին ունեցած են մէկ ու միակ կարեւոր բան մը, որն է հաւատարմութիւնը տուեալ երկրին ու այդ երկրի պետութեան եւ իշխանութիւններուն հանդէպ։ Պատմական երկար շարադրանքներ ընելու կարիք երբեք չկայ ու պարզ յիշատակումով մը ամէն բան հայելիի պէս յստակ կ՚երեւի, եթէ վերյիշենք Լիբանանի պարագան, որուն քաղաքացիներն անգամ դաւաճանեցին իրենց պետութեան, մինչ հայ մարդը մնաց ամուր իր հենքերուն մէջ ու միշտ ալ ապրումով խօսեցաւ իր ապրած երկրին ու «հայրենիք»ին մասին։

Հայը չդաւաճանեց այն երկրին, որուն մէջ իր կեանքը ծաղկեցուց, ծաղկեցնելով եւ ապրեցնելով նաեւ իր շուրջն ու շուրջինները։

Այս յատկութիւնը, ի դէպ, ընկալուեցաւ եւ դեռ ալ կ՚ընկալուի որպէս մեծ բարենիշ, ստեղծուած յատկապէս այն մարդոց ոգիով, որոնք ցայսօր ալ հաւատարիմ են իրենց ապրած երկիրներուն հանդէպ։

Ու հակառակ ստեղծուած ամենածանր իրավիճակներուն, մեր հայրենակիցները ապրեցան ու դեռ ալ կ՚ապրին այդ հաւատարմութեամբ ու այդ հասկացութիւնը աւելիով պարզելու համար, օրերս ես հեռավար կապով կարողացայ զրուցել՝ հալէպահայ համայնքային գոր-ծիչ տիկին Սոնիա Գաբրիէլեանին հետ։

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Ինչպիսի՞ն է Հալէպի իրավիճակը այս օրերուն եւ ի՞նչ են հիմնական դժուարութիւնները։

-Ներկայիս Հալէպի վիճակը ընդհանրապէս լաւ չէ, ընդհակառակը, պատերազմի շրջանին մենք շատ աւելի հանգիստ էինք, քան՝ հիմա: Պատերազմի ժամանակ, ճիշդ է որ դժուար էր, միշտ լարուած էինք, բայց մարդիկ գոնէ կ՚իջնէին իրենց խանութները, գործ կ՚ընէին, եկամուտ ունէին, դրամ կը շահէին. ներկայիս, այս սղաճի պայմաններուն մէջ մարդիկ իրենց առաջնային պէտքերը նոյնիսկ չեն կրնար ձեռք բերել, գնել, այս է ամենամեծ դժուարութիւնը ներկայիս: Ժողովուրդը ստիպուած է ընտելանալ այս վիճակին հետ եւ այս շրջանին բաւարարուիլ նուազագոյն անհրաժեշտ պէտքերը ապահովելով, այնքան ատեն, երբ կայուն վիճակ մը չունի մեր տնտեսութիւնը:

-Մամուլէն տեղեկացած ենք, որ Սուրիոյ դէմ տնտեսական ծանր պատժամիջոցներ սահմանուած են։ Այդ պատիժները կրնան ազդե՞լ Հալէպի վրայ։

-Բոլոր պատժամիջոցները, որոնք Սուրիոյ համար կը սահմանուին, բնականաբար կ՚ազդեն բոլոր քաղաքներուն վրայ անխտիր: Այն ինչ որ Դամասկոսի վրայ կ՚ազդէ, նոյնպէս կ՚ազդէ Հալէպի վրայ, ի վերջոյ մէկ պետութիւն է եւ մէկ ժողովուրդ, հետեւաբար անպայման պիտի ազդուի: Վերջերս մանաւանդ այս «Կայսեր օրէնք»ը, զոր ընդունեց Միացեալ Նահանգներ, աւելի պիտի ծանրացնէ վիճակը, բայց ասիկա մեզի համար նորութիւն մը չէր, տնտեսական տագնապները տարիներէ ի վեր կ՚ապրինք, բացի բարեկամ երկիրներէն, դուրսէն չէինք կրնար որեւէ ապրանք ներածել, միայն կրնայինք համագործակցիլ մեր բարեկամ երկիրներուն հետ։ Հիմա գոյութիւն ունեցող սղաճը, դրամական անկայուն վիճակը քիչ մը աւելի դժուարութիւն կը պատճառէ ժողովուրդին: Միւս կողմէ, կրնանք ըսել նաեւ, որ տագնապը երբեմն ժողովուրդը ինք կը ստեղծէ. օրինակ՝ դեղերու պարագային, այն որ առաջ մէկ տուփ կը գնէր, հիմա 5-6 տուփ կ՚ուզէ մէկ անգամէն գնել, անշուշտ, այդ մէկը դեղերու պակասի տագնապ կը ստեղծէ: Բարեբախտաբար մենք հոս սուրիական արտադրութիւններ ունինք եւ անոր շնորհիւ է, որ կը դիմանանք, հակառակ որ այդ կողմէ ալ ուզեցին հարուածել Սուրիան, սակայն չկրցան հասնիլ իրենց նպատակին։ Օրի-

նակ մը տալու համար ըսեմ, որ ամերիկեան օդանաւերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի մեր ցորենի հասկերը այրեցին, որպէսզի ժողովուրդը սովի մատնուի եւ բողոքէ պետութեան դէմ, բայց նորէն ալ չկրցան հասնիլ իրենց նպատակներուն։ Մենք ծանօթ ենք մեծ երկիրներու այս խաղերուն, բայց դեռ որքան պիտի կարենայ տոկալ Սուրիոյ ժողովուրդը՝ չեմ կրնար ըսել: Այնքան ատեն, որ մենք կ՚ուզենք մեր երկրին տէրը ըլլալ եւ չըլլալ՝ ստրուկը օտար երկիրներու կամ Ամերիկայի, պէտք է տոկանք ու պայքարինք:

-Հայութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել, ի՞նչ են Հալէպի հայութեան դժուարութիւնները եւ արդեօք հալէպահայութիւնը պիտի կարողանա՞յ տնտեսական այս տագնապն ալ յաղթահարել։

-Հայութիւնը, ինչպէս Սուրիոյ մնացեալ ժողովուրդը, նոյն դժուարութիւնները ունի: Հոս ամբողջ ժողովուրդը, հաւասրապէս, նոյն դժուարութիւնները ունի, ասիկա պէտք է որ մենք ընդունինք, այսինքն՝ հայը չի տարբերիր միւսներէն, որովհետեւ բոլորն ալ, ըլլա՛յ պետական պաշտօնեայ, ըլլայ անձնական ընկերութիւններու մէջ աշխատող, նոյն դժուարութեան առջեւ կանգնած են: Իսկ՝ պիտի կարենա՞նք այս տագնապին յաղթել, թէ՞ ոչ, հոս է հարցը։ Չմոռնամ ըսելու, որ մենք՝ սուրիացիներս արդէն վարժուեցանք այս դժուարութիւններուն։ Ինն տարիներ պատերազմին տոկացինք, ան որ կառչած է այս երկրին եւ կը հաւատայ այս երկրին՝ պիտի տոկայ, ես այս գաղափարին կը հաւատամ եւ կը յուսամ, թէ պիտի կարողանանք յաղթական դուրս գալ այս վիճակէն ալ:

-Ընկերային-տնտեսական առումով Հալէպի հայութեան ուղղուած օժանդակութիւնները կը շարունակուի՞ն արդեօք։ Եւ առհասարակ ի՞նչ ակնկալիքներ ունի Հալէպի մեր ժողովուրդը։

-Ընդհանրապէս ընկերային-տնտեսական օժանդակութիւններ կ՚ուղղուին Հալէպի հայութեան, ոչ միայն հայութեան, բայց անշուշտ ոչ առաջուայ չափով: Պատերազմի օրերուն շատ մը միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք մեծ օժանդակութիւններ կը տրամադրէին, հիմա այլեւս նոյն կերպով չեն վարուիր։ Այսօր իրավիճակը փոխուած է։ Իրականութեան մէջ, հիմա երբ մեր շուրջը կը նայինք, կը տեսնենք, որ ամբողջ աշխարհը կարիքի մէջ է, այլեւս որքանով Սուրիոյ ժողովուրդին պիտի կարենան հասնիլ, չեմ գիտեր: Բայց կրնամ ըսել, որ Հալէպի մեր թէ՛ առաջնորդարանները, թէ՛ միութիւնները, կազմակերպութիւնները բոլորն ալ կ՚օժանդակեն ժողովուրդին, անոնց պէտքերը կը հոգան, նոյնիսկ այն ընտանիքներուն, որոնք անկարող են իրենց տուներէն դուրս գալու, հայ երիտասարդութիւնը անոնց պէտքերը իրենց տուները կը հասցնէ, եւ այդ փաստով մենք հպարտ կը զգանք:

Մեր ակնկալիքն է, որ համաշխարհային տագնապալի այս օրերուն Սուրիոյ ժողովուրդը մոռացութեան չմատնուի եւ բարեսիրական հաստատութիւններ չմոռնան ձեռք երկարել ո՛չ միայն հալէպահայութեան, այլեւ՝ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին, որովհետեւ մեզի համար բոլորը նոյն ժողովուրդն է, եթէ օգնութիւն պիտի գայ, պէտք է բոլորին գայ: Իբրեւ «Առեւտրական գրասենեակ»ի աշխատակից, կ՚ուզեմ ըսել, որ մենք օժանդակութիւններ կը բաժնենք բոլոր ժողովուրդին, անոնց մէջ ըլլալով հայը, քրիստոնեան եւ իսլամը, այս մէկը պէտք է գիտնան բոլորը, որովհետեւ մեզի համար բոլոր սուրիացիները մէկ են։

-Մտահո՞գ էք Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ։ Արդեօք ի վերջոյ Սուրիան դուրս պիտի գա՞յ այս մեծ տագնապներէն։

-Անշուշտ որ մտահոգ ենք Սուրիոյ ապագային մասին, որովհետեւ ներկայիս դիմացնիս մշուշ է ու անորոշութիւն, լուսաւոր բան չենք տեսներ, ամէն կողմէ միայն դժուարութիւններ կան ու այս միայն Սուրիոյ ապագային մասին չեմ ըսեր, այլ ամբողջ աշխարհին, որ դժուարութիւններու մէջ յայտնուած է։ Անշուշտ Սուրիոյ պարագան քիչ մը աւելի ծանր է, նկատի ունենալով, որ Սուրիան տարիներէ ի վեր ծանր պատժամիջոցներու կ՚ենթարկուի։ Բայց մենք միշտ հաւատացած ենք մեր Սուրիոյ պետութեան, որ իր բարեկամներուն միջոցաւ միշտ ելք մը գտած է նման ծանր վիճակներէն: Ես կը հաւատամ իմ երկրիս, կամքին մեր պետութեան, որ պիտի կարենայ մեզ դուրս հանել այս տագնապէն ալ, անշուշտ ժամանակ պիտի պահանջէ, պէտք է տոկանք:

-Հայութիւնը ապագայ ունի՞ Սուրիոյ մէջ։

-Հայութիւնը հազարաւոր տարիներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ եղած է, այսինքն հարիւր տարի առաջ չէ որ եկաւ եւ հիմա վերջացաւ իր շրջանը ու պէտք է երթանք, ո՛չ: Մենք այս երկրին կը պատկանինք, մենք այս երկրի ժողովուրդին մէկ մասնիկն ենք, քանակի որոշ նուազում կրնայ ըլլալ, բայց հայութիւնը միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ այս հողերուն վրայ: Մենք նաեւ կը հաւատանք, որ Հալէպը իբրեւ սփիւռքի մայր գաղութ, պէտք չէ պարպուի։ Մայր գաղութը իր յատուկ արժէքը ունի մեր պատմութեան մէջ, ամբողջ աշխարհի վրայ երբ կը տեսնենք յաջողութեան հասած հայեր, բարձր պաշտօններու տիրացած հայեր, պրպտենք անոնց արմատները, կը տեսնենք, որ բոլորն ալ Հալէպէն են: Այսինքն, կրնամ ըսել, որ հպարտ եմ հալէպցի ըլլալուս համար, հպարտ եմ, որ Հալէպի զաւակ եմ եւ չեմ կարծեր, որ առանց Հալէպի կրնամ մնալ: Պատկերաւոր ըսած՝ Հալէպը պիտի մնայ մեր մէջ եւ մենք անոր մէջ...։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2020