ԿԱՅԾ ՄԻՆԱՍԵԱՆ. «ՀԱՅԵՐԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱԳԱՅ ՉՈՒՆԻՆ»

Սուրիահայերու նոր ճակատագիրը Սուրիոյ մէջ անորոշ, Սուրիայէն հեռու վտանգուած...

Սուրիոյ մէջ մնացած հայերուն վիճակը մխիթարական չէ։

Ամէն անգամ, որ Սուրիոյ պատերազմին մասին կը խօսինք, մեր մտքերուն կ՚ուրուագծուի տեղւոյն հայկական համայնքը, որ այսօր յայտնուած է ցիրուցան իրավիճակի մը մէջ: Ճիշդ է, որ ներկայիս առնուազն Հալէպի մէջ կ՚ապրին 12 հազար հայեր, բայց եւ այնպէս, եթէ իրատեսական հայեացքով նայինք Սուրիոյ այսօր ներկայացուցած ընդհանուր պատկերին, ապա մեզի համար յստակ պիտի դառնայ, որ սուրիահայութիւնը կանգնած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ:

Այս կարծիքին է ֆրանսահայ վերլուծաբան Կայծ Մինասեան, որուն հետ վերջերս կատարեցինք կարճ հարցազրոյց մը: Ան զրոյցի ընթացքին չուզեց պահուըտիլ բառերու ետին ու առանց երկմտանքի յայտնեց, որ սուրիահայութիւնը այլեւս ապագայ չունի այդ երկրին մէջ: Գուցէ մեզմէ շատերու համար բաւականին դժուար է նման եզրակացութիւն լսել, սակայն միշտ չէ, որ գետնի վրայ ընթացող դէպքերն ու զարգացումները պիտի ընթանան մեր փափաքածին կամ նոյնիսկ հայկական տեսանկիւնէ դիտուած՝ մեզի համար «բարենպաստ» համարուած ճանապարհներով:

Խնդիրը այն է, որ հակառակ վերջին եօթ տարիներուն Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերուն, առնուազն սփիւռքի այդ հատուածներու ղեկավարութիւնը վճռական կեցուածք մը չառաւ եւ ճիշդ չարժեւորեց տեղի ունեցած արհաւիրքը:

Հայութիւնը կրեց ամեհի վնասներ, նիւթական, բարոյական, արժէքային ու այլ տիպի մեծ հարուածներ, որոնց հետեւանքով ալ հազարաւոր հայորդիներ անվերադարձ ու առանց իրենց ետին իսկ նայելու մեկնեցան դէպի հեռաւոր ափեր:

Այս բոլորով հանդերձ ցարդ թուային վիճակագրական ընդհանուր ցուցակներ չկան, թէ Սուրիոյ մէջ ապրող 60-70 հազար հայութեան զանգուածները ճիշդ ո՛ր ուղղութեամբ գացին։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին սուրիահայութեան մասին լուրեր տարածող պարբերականներու եւ ընկերային ցանցի էջերու տեղեկութիւնները կը յիշատակեն, որ այսօրուան դրութեամբ սուրիահայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը հաստատուած է Երեւանի մէջ, միւս տոկոսը կայք հաստատած է Լիբանանի մէջ ու կան նաեւ 20 հազար հայորդիներ, որոնք սփռուած են պատերազմի տարբեր արիւնալի փուլերը ապրած սուրիական հայրենիքին մէջ:

Եթէ փորձենք թուաբանական արագ հաշիւ մը կատարել, ապա յստակ կը դառնայ, որ վերջին տուեալներուն համաձայն, Լիբանան ապրող սուրիահայերուն թիւը կը կազմէ 12 հազար, նոյնքան սուրիահայեր հաստատուած են Հայաստանի մէջ ու եթէ սեպենք, որ ցարդ Սուրիոյ մէջ ապրողներուն թիւը կը գնահատուի 20 հազարով, ուրեմն սուրիահայերու ընդհանուր թիւը կը հասնի 44 հազարի։

Սա անշուշտ կը նշանակէ, որ աւելի քան 40-45 հազար սուրիահայեր տարածուած են աշխարհով մէկ ու ընդհանրապէս անոնց մասին տեղեկութիւններ չունինք, իսկ ունենալու պարագային ալ անոնք շատ նօսր են ու յստակ եւ մանրամասն տուեալներ չկան։

«ԻՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ»Ը ՇՈՒԷՏԻ ՄԷՋ

Օրեր առաջ Շուէտի մէջ ծանր պայմաններու տակ իր մահկանացուն կը կնքէր սուրիահայ Յարութ Լափայեան։ Ան իր ընտանիքի միակ զաւակն էր, ու Սուրիոյ պատերազմին սաստկացումէն ետք ծնողները յարմար նկատած էին, որ ան երկրէն հեռանայ եւ շրջան մը ապրի Շուէտի մէջ։

Յարութ կու գար Դամասկոսէն, իսկ ինչ կը վերաբերի անոր սպանութեան նախնական տուեալներուն… Յայտնի դարձած է, որ զոհ դարձած է վիճաբանութենէ ետք տեղի ունեցած կռիւի մը եւ անծանօթ անձեր (շատ հաւանաբար տեղացիներ) ապակեայ կոտրուած շիշի սուր ծայրով յարձակած են Յարութի վրայ ու դանակի մի քանի հարուածներ տալէ ետք շրջանէն հեռացած։ Հայորդին երկար ժամանակով կը մնայ փողոցը ու այնտեղ ալ կ՚աւանդէ իր հոգին։

 Լափայեանի ճակատագրին ենթար-կըւած թերեւս այլ պարագաներ ալ եղած են, սակայն լրատուութեան պակասին, նաեւ նման սփիւռքի մամուլին, նման հարցերը թաքուն պահելու սովորութեան պատճառով, նման պատահարներ «գաղտնի» կը պահուին։

 Յստակ ալ չէ, թէ որքանով օգտակար կամ ճիշդ է նման հարցերը «պահել»ը կամ բացայայտելը, սակայն յստակ է, որ մասնաւորապէս Շուէտի պարագային երեւելի սկսած է դառնալ տեղացիներուն ատելութիւնն ու մերժումը բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք ծանր պայմաններու պատճառով ստիպուած են լքել իրենց ծննդավայրը ու հեռանալ...

Բացի վիճաբանութիւններէ ու փա-խըստականներու հանդէպ առկայ ատելութեան ալիքէն, կայ նաեւ տեղւոյն պատկան մարմիններու բաւական խիստ վերաբերմունքը՝ հանդէպ սուրիացի փախստականներուն։ Բան մը, որ ամրագրուած է օրէնքի դրութեամբ եւ օրինական մօտեցումներով։

Այս առումով ուշագրաւ է բերած վը-կայութիւնը վերջին տարիներուն Շուէտ հաստատուած Տքթ. Թովմաս Յակոբեանի, որուն տուեալներով այդ երկրին մէջ հաստատուած աւելի քան 40 հայ ընտանիքներ կրնան վերջնականապէս դուրս դրուիլ Շուէտէն։ Ան նաեւ կը նշէ, որ խնդիրը բաւական մտահոգիչ է յատկապէս անոնց համար, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ ըլլալով՝ սուրիական անձնագրերու կողքին ունին նաեւ հայկական անձնագրեր։ Ըստ խօսակիցիս, պետական մարմիններ վերջին շրջանին խորթ աչքով սկսած են նայիլ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող սուրիահայերուն եւ մի քանի առիթներով յայտարարած են, որ այդ փախստականները դուրս դրուելով կրնան Հայաստան ուղարկուիլ։ Յակոբեանի հետ իմ ունեցած զրոյցի աւարտին յայտնի կը դառնայ, որ նման հարցի մը լուծման մեծագոյն «հովանաւոր»ը կրնան ըլլալ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք պէտք է Շուէտի իշխանութիւններուն հետ բանակցին եւ փորձեն ամէն միջոցներով օգտակար ըլլալ եւ լուծել ամէն օր աւելի ահագնացող այս տագնապը։

***

-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Հելսինքիի գագաթաժողովը, ուր հանդիպեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի նախագահները։ Հարցումը կ՚ուղղենք մանաւանդ հաշուի առնելով, թէ ամերիկեան կողմի մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտարարեցին, որ նախագահ Թրամփ պարտուած ելաւ այս ժողովէն:

-Անկասկած, Հելսինքիի մէջ Փութին յաղթանակ տարած է Թրամփի հետ ունեցած հանդիպումէն: Պէտք է կոյր ըլլալ՝ հակառակը մտածելու համար: Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարէն յետոյ հիմա Ռուսաստանի նախագահին հերթն է՝ «դիմակայելու» ԱՄՆ-ի նախագահին: Եւ երկու պարագային ալ Տանըլտ Թրամփ թուլացած դուրս եկաւ: Սակայն ԱՄՆ-ի պետական վարչամեքենան կարծես թէ նոյն տեղը չէ, ինչպէս Սպիտակ տան «վարձակալ»ը:

-Այս ժողովէն ետք ի՞նչ կը կարծէք. Սուրիոյ տագնապին առընթեր Ռուսաստան եւ ԱՄՆ պիտի համագործակցի՞ն:

-Ռուսերը եւ ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ երկար ժամանակէ ի վեր համագործակցելու ճանապարհ կը փնտռեն: Տանըլտ Թրամփի հետ, կարծես թէ, յստակ ուղղութեամբ կ՚երթան: ԻՇԻՊ-ի սպառնալիքը որոշակիօրէն մարած է, ԱՄՆ կը փորձէ վերադառնալ դիւանագիտական գործընթաց, որպէսզի ամէն ինչ չմնայ «Ռուսաստան-Իրան-Պեշար» եռեակին ձեռքը:

-Վերջին շաբաթներուն վերլուծաբաններուն համար գլխաւոր նիւթ էր ամերիկեան դրդումով իրանեան ուժերու եւ «Հիզպուլլահ»ի հեռացումը Սուրիայէն: Ձեր կարծիքով՝ այդ մէկը իրականութիւն կրնա՞յ դառնալ եւ այդ պահանջը որքանո՞վ կը բաւարարէ ռուսական կողմը:

-Դժուար կ՚ըլլայ Ռուսաստանի համար իրանցիները հեռացնելը Սուրիայէն։ Այդ մէկը նոյնիսկ անհնար է: Հին ժամանակներէն ի վեր առաջին անգամ իրանցիները Միջերկրական ծովու միջանցքին մէջ են: Անոնք պէտք է տըն-տեսական եւ ռազմավարական ելք ունենան, նաեւ անմիջական կապ՝ Լիբանանի հետ, ուր պիտի կարողանան ապաւինիլ իրենց դաշնակից «Հիզպուլլահ»ին՝ ապահովելու համար իրենց շահերը: Ի՞նչ բանով կրնայ Ռուսաստան Իրանը համոզել, որպէսզի հրաժարի Սուրիայէն: Անկեղծօրէն՝ ոչինչով: Ռուսաստանը Իրանի համար յուսալի գործընկեր չէ: Իրանը պատմութեան մէջ կ՚ապրէր Ռուսաստանի տիրապետութեան ներքոյ: Եթէ կայ ժողովուրդ մը, որուն հանդէպ իրանցիները կասկած ունին, ապա ան Ռուսաստանն է:

-Արեւմտեան մամուլը, նաեւ ամերիկեան բարձրաստիճան պատասխանատուներ սկսած են ըսել, որ իրենց համար Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալը շատ կարեւոր, առաջնային խնդիր մը չէ այլեւս։ Ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մէկը:

«Իմ տեսակէտով՝ Պեշար Էսատի իշխանութենէն հեռանալու պայմանը մէկ կողմ դնելու պահանջը Ռուսաստանի յառաջ քաշած թէզն է: Միացեալ Նահանգներու կողմէ Պեշար Էսատին դէմ եղած կեցուածքներուն պատճառով՝ ռուսերը Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի հետ համագործակցելու ցանկութիւն չունէին, սակայն այժմ պատկերը փոխուած է։ Ամերիկացիք կ՚ուզեն ամէն գնով բանակցութիւններու սեղան վերադառնալ: Ռուսաստան մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ Սուրիոյ ապագային առընչութեամբ, բայց Մոսկուայի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ յաղթահարալը:

-Այս բոլորէն ետք ի՞նչ ապագայ կը սպասէ սուրիահայ գաղութին:

-Անկեղծօրէն ես Սուրիոյ մէջ ապագայ չեմ տեսներ հայերուն համար: Երկիրը ամբողջովին քանդուած է, պատերազմը չէ աւարտած, վարչակարգը թոյլ է, երկիրը լիովին բեկուած է: Իրական հարցը Մերձաւոր Արեւելքի հայերու ապագան է: Արդէն աւելի քան 60 տարիէ ի վեր հայերը թողած են արաբական եւ իրանական աշխարհը (Եգիպտոս, Իրաք, Իրան, Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան): Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մօտաւորապէս 800 հազար հայեր եղած են մինչեւ 1950-ական թուականները, մնացած են ընդամէնը 300 հազար հայեր։

Իմ կարծիքով՝ միակ լուծումը, կարծես հետեւեալն է՝ ինչպէ՛ս վերադառնալ Հայաստան: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայերը աշխատասէր են, բարոյապէս ուժեղ եւ յայտնի են իրենց հմտութիւններով: Անոնք կրնան միայն բարիք ընել Հայաստանի համար: Եւ ամենակարեւորը, Հայաստանի մէջ ապահով զգալ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018