«ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ԺԱՄԱԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ» - ԱՆՁԵՒԱՑԵԱՑ ԽՈՍՐՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ (902-964). Կ. ՊՈԼԻՍ 1840. ՄԵԾ ՀՕՐՍ ԿՏԱԿԸ
ԷՎԷՐԷԿԷՆ ԳԱՀԻՐԷ
Երբ մեծ հայրս Յակոբ Արզումանեան, Էվէրէկի քաղաքապետութեան մնայուն պաշտօնեայ, 1925 թուականին Երուսաղէմ իր ուխտի այցելութենէն ետք Գահիրէ իր զաւակներուն մօտ կը հասնէր, հետը բերած էր իր հնատիպ գիրքերէն մի քանին, որոնցմէ մին հօրս վկայութեամբ «Մեկնութիւն Ժամակարգութեան» գիրքն էր, զոր ձեռքերովս կաշեկազմ ամրացուցեր էի տարիներ առաջ։ Մեծ Հայրս զոյգ մը ձեռագիր մատեաններ՝ Աւետարան մը եւ Գանձարան մը որպէս իր ուխտի նուէրը յանձներ էր Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքին, որմէ օրհնութեան գիր մը ստացեր էր, որ այժմ իմ մօտ կը մնայ։
ՀԱՏՈՐԸ
Խոսրով Եպսկ. Անձեւացի ապրեցաւ 10-րդ դարուն նախ որպէս աշխարհական, ամուսնացած երեք որդիներով, եւ ապա կնոջ մահէն ետք կրօնաւոր դարձած եւ եպիսկոպոսացած Անանիա Ա. Մոկացի Կաթողիկոսէն որպէս Վասպուրական նահանգի Անձեւացեաց Եպիսկոպոս։ Յովհաննէս, Սահակ եւ Գրիգոր որդիներէն ամենէն յայտնին եղաւ մեծագոյն աղօթասացն ու Վատիկանէն Տիեզերական Վարդապետ հռչակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացին՝ յայտնի իր «Մատեան ողբերգութեան» նշանաւոր աղօթագիրքով։
Խոսրով Եպիսկոպոս երկու մեկնութիւններ գրած է 950-ական թուականներուն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի Մեկնութիւնը եւ ներկայ հատորս՝ Մեկնութիւն Ժամակարգութեան, վերլուծելով ամենայետին մանրամասնութեամբ մեր ներկայ Ժամագիրքի ժամերգութիւնները տող առ տող, անշուշտ բոլորն ալ գրաբար լեզուով։ Սոյն հնատիպ հրատարակութիւնը աշխարհով մէկ բացառիկ կը մնայ այն հանգամանքով, որ եթէ նոյնիսկ Երեւանի Մատենադարանին մէջ ի պահ կը գտնուի օրինակ մը, եւ ուրիշ մըն ալ թերեւս Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին մէջ, մեր այս օրինակը ինքնին կը մնայ բացառիկ։
Սոյն մեկնութիւնը տպուած է «Հրամանաւ ամենապատիւ եւ վեհափառ պատրիարքին Կ. Պոլսոյ Տեառն Յակովբոսի աստուածաբան արքեպիսկոպոսի» 1840 թուին Կ Պոլիս։ Ճանիկ մահտեսի Սիմոնեան գրաբարով գրած է կարեւոր յառաջաբան մը, որմէ կը հասկնանք, թէ գիրքը տպագրուած է «Ի յոյժ հնագոյն օրինակէ ինչ, եւ բազում տեղիքն ի մթութենէ ի լոյս ածեալ պայծառացան»։ Մեծագոյն արժէքը սոյն հրատարակութեան հնագոյն ձեռագիր «Ժամագիրք»է մը տպուած ըլլալն է, մեզի շատ անծանօթ մանրամասնութիւններով, որով ընթերցողը թէ՛ ժամապաշտութեանց հնագոյն բնագիրն ու թէ՛ անոնց մեկնութիւնը միանգամայն կը տեսնէ։ Կը սկսի Գիշերային ժամերգութեամբ ու կ՚աւարտի հսկումի Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններով։
Խոսրով Անձեւացիի «Յառաջաբանութիւն»ը կը սկսի յատկանշական սա խօսքերով՝ «Ընդ Աստուծոյ եւ վասն Աստուծոյ խօսելով՝ ամենայն արթնութեամբ եւ զգուշութեամբ»։ (Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մասին խօսելով՝ մտքի արթնութեամբ եւ զգուշութեամբ)։ Հետեւելով իր առաջադրած հոգեկան ու մտաւոր պատրաստութեան եւ պայմաններուն, հեղինակը կը մէջբերէ գլխաւոր քարոզին առաջին տողերը եւ կը մեկնաբանէ զանոնք միշտ նկատի ունենալով «ընդ Աստուծոյ եւ վասն Աստուծոյ» յարակցութիւնը։ Մեզի շատ ծանօթ հետեւեալ օրինակը կը մէջբերեմ սարկաւագին քարոզէն՝
Զարթուցեալքս ամենեքեան ի հանգստենէ քնոյ զոր շնորհեաց մեզ մարդասէրն
Աստուած ի մխիթարութիւն եւ ի սփոփանս տկարութեան մերում։
Այստեղ Խոսրով Անձեւացի Աստուծոյ շնորհքն ու մարդոց սփոփանքը յարակից կը դարձնէ տալով այն բարի պատգամը, թէ Աստուած ողորմութեամբ մեզ ընտրեց, մինչ մենք որպէս խոտանք հեռացած էինք Աստուծոյ տալիք ողորմութենէն։ Իր ողորմութեամբ մեզ ընտրեց, իմանալով արարածներուս տկարութիւնը։ Այլ օրինակ մը մեզի շատ ծանօթ օրհներգէն՝
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ»։
Այստեղ Եպիսկոպոսը բարձունքն ու երկիրը դիմաւորելով պարտաւոր կը դարձնէ հաւատացեալը երբեմն բաժնուելու իր ոտներուն տակ եղող հողէն բարձրանալու, եւ այդ ալ օրհներգութեամբ եւ սաղմոսիւք, քանի որ այդ հոգեւոր երգին երկու բաժինները, մանաւանդ երկրորդ մասը՝ «Եւ յամենայն Ժամ» ողողուած են սաղմոսներով։ Հեղինակը կ՚ըսէ. «Երբ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» կ՚ըսենք, չմտածենք պարզօրէն երկրի եւ երկնքի միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետի մասին, այլ գիտակցինք, թէ որքան հեռու ըլլայ երկինքը մեզմէ, այնքան կը մօտենանք անոր, երբ արժանի դառնանք օրհնաբանելով զԱստուած։
Աստուծոյ բարձունքներու մասին է խօսքը, կ՚ըսէ, որ սուտանուն աստուածներն ու Ճշմարիտ Աստուածը անջրպետներով կը բաժնեն իրարմէ, միակ այն ուժով զոր կը ճանչնանք որպէս «փառք ու պատիւ» առաքել միակ Աստուծոյն։ Այդ հոգեւոր երգին մէջ Որդին եւ Սուրբ Հոգին Աստուած կը միջնորդեն, «Զի Տէրն բարձանց ի հայրական ծոցոյ խոնարհեցաւ եւ էջ ի մեր բնութիւնս միանալով»։
ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԹԱՑՔԸ
Նախնագոյն մեկնութիւններ են նաեւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերուն կարգերը, ուր տակաւին չէին հասած Խոսրով Եպիսկոպոսի Որդիին Ս. Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի (12-րդ դար) հրաշալի մասնակցութիւնները։ Կարդալ այդ երկու ժամերգութեանց բնագիրն ու մեկնաբանութիւնը առանց երկու մեծագոյն Սուրբերուն՝ Գրիգորին ու Շնորհալիին, որոնք գերազանցօրէն պայծառացուցին իրենց յետագայի աղօթքներովն ու երգերովը։ Մեծ Սուրբերուն աւելցուցած բաժնին մէջ այնքան աչքառու են Նարեկացիի «Ընկալ քաղցրութեամբ» գեղահիւս աղօթքն ու Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» երգն ու «Հաւատով խոստովանիմ» քսանչորսժամեայ հրաշալի աղօթքը։
ՁԵՌԱԳԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ
Գիրքին ամենավերջին էջը կ՚ընդգրկէ ձեռագիր գրաբար յիշատակարան մը տասն տողնոց, հակիրճ եւ սակայն դժուարընթեռնելի։ Գրողը Տ. Յ. անուան տառերով յայտնի կը մնայ։ Հայրս Եղիա Արզումանեան իր ձեռագիրով այդ երկու տառերուն կից գրած է «ձեռագիրն է Տէր Յարութիւն Քահանայ Նէվրուզեան Էվէրէկի»։ Յայտնի է անշուշտ, որ մեծ հայրս զայն առած պիտի ըլլայ Տէր Յարութիւն Քահանայէն։ Հնատիպ սոյն մեկնութիւնը մեծ հօրս կտակը եղաւ մեր ընտանիքին։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ