ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱ
Ամերիկահայ գրող եւ թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեան 1972 թուականին ճամբորդութիւն մը կատարած է դէպի Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ, ուր հանդիպումներ ունեցած է ինչպէս հայ համայնքի, այնպէս ալ օտար շրջանակներու հետ: Սարոյեան եղած է Լիբանան, Պաղեստին, Սուրիա, այցելած է տարածքաշրջանի նշանաւոր քաղաքներ ու վայրեր: Այդ այցելութեան մասին հետաքրքրական մանրամասներ կը կարդանք օրուայ մամուլին մէջ, ուր նաեւ լուսանկարներ տպագրուած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ Սարոյեանի հանդիպումներէն: Լիբանանանահայ համայնքային գործիչ Հայկ Թիլպեան պատեհութիւնը ունեցած է Սարոյեանի այցելութեան առաջին 48 ժամերուն ըլլալու տաղանդաւոր գրողին ուղեցոյցը եւ անոր ընկերանալու՝ դէպի Սուրիա կատարած պտոյտին: Ան «Երիտասարդ Հայ» ամսագրին մէջ իր այդ ընկերակցութեան մասին նոյն թուականին գրած է յօդուած մը, ուր նկարագրած է դէպի Սուրիա այցելութեան մանրամասնութիւններն ու իր ապրումները, ինչպէս նաեւ խորհրդածութիւնները: 1972 թուականի «Երիտասարդ Հայ» ամսագրի թիւ 54-էն քաղելով, կը ներկայացնենք այդ յօդուածը, որուն նաեւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ կցուած են:
48 ԺԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՄՏԵՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ՀԱՅԿ ԹԻԼՊԵԱՆ
Առաջին տպաւորութիւն՝ լեռնցի հայ: Գործը՝ գրականացած, կաղապարուած, սերտած էինք, հիացած, սքանչացած: Կը մնար զինք ճանչնալ, լսել ու հաղորդուիլ: Առիթը ընծայուեցաւ, եղանք իր հետ, լսեցինք զինք ու արբեցանք: Հալէպ մեր ուղեւորութեան ընթացքին, հեռու պաշտօնականութենէ եւ կենցաղագիտական կաշկանդումներէ, փորձեցինք ճանչնալ մարդ Սարոյեանը ու հաղորդակից դառնալ անոր յոյզերուն եւ աշխարհահայեացքին: Առաջին ժամէն իսկ մեր խօսակցութեան առանցքը կազմեց սփիւռքահայութիւնը, ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութները: Չէ՞ որ կ՚երթայինք «Հալապ», նոր սփիւռքի գաղթօճախներուն մայրը այցելելու: Սարոյեանի հետաքրքրութեան յագուրդ տալու համար պէտք էր խօսիլ ժամերով: Հարցումները շատ են: Նիւթ մը չաւարտած, կ՚անցնինք ուրիշ նիւթի: Կ՚ուզէ գիտնալ, իմանալ ամէն բանի մասին, որ աղերս ունի մեր առօրեային հետ, գրականութիւն, արուեստ, ընկերային ու կրթական կեանք: Իւրաքանչիւր բացատրութենէ ետք՝ «իրա՞ւ»: Բոլորովին անծանօթ կը թուի ըլլալ Միջին Արեւելքի մեր իրականութեան: Կը զարմանայ, երբ կ՚իմանայ, թէ Լիբանանի մէջ ունինք մօտ 70 վարժարան, զանազան ակումբներ, 4 օրաթերթ, շաբաթաթերթեր, ամսագրեր, կը մնայ շուարած, ու ամէն նոր հաստատումէ մը ետք կրկին՝ «իրա՞ւ»: Ճամբու ընթացքին զարմանալի հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ վայրի ծաղիկներու, փուշերու ու ժայռերու հանդէպ: Բազմիցս կը խնդրէ, որ ինքնաշարժը կանգ առնէ, որպէսզի վար իջնէ ու մօտէն զննէ վայրի ծաղիկ մը, տունկ մը կամ հսկայ ժայռ մը: Երբ կ՚իմանայ, թէ Հոմսի մէջ ալեկոծ լիճ մը կայ, կ՚ուզէ անպայման տեսնել:
-Կ՚ուզեմ տեսնեմ, ես անհանդարտ բաները շատ կը սիրեմ, կ՚ըսէ:
Հոմսի մէջ կ՚այցելենք քաղաքին հնամենի բերդը, ուղղափառ ասորիներու մայր տաճարը, ուր Սարոյեան յափշտակութեամբ կը դիտէ ոսկիներու մէջ լողացող Աստուածածնի գօտին, ապա՝ հայոց Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցին ու Սահակեան վարժարանը: Դիտելով նորակառոյց վարժարանը, կ՚ըսէ.
-Զարմանալի ժողովուրդ ենք մենք:
Ճամբու վրայ կը գտնուի իսլամական սրբատեղի մը՝ Խալէտ Իպն Էլ-Ուալիտի դամբարանը: Այցելութեան ընթացքին կը հարցնեմ իր կրօնական ըմբռնումներուն մասին: Կը խնդայ.
-Ոչ մէկ ատեն կրօնքը ինծի համար հարց եղած է. կը խորհիմ, որ կրօնքները մարդոց միջեւ թշնամութիւն պէտք չէ յառաջացնեն, որովհետեւ բոլորն ալ կը ձգտին մարդոց միջեւ եղբայրութիւն հաստատելու. ասոր համար կը յարգեմ բոլոր կրօնքները: Հայրս քարոզիչ էր. մահուընէ ետք կրօնական գիրքեր ձգեց, կարդացի, շատ բան չհասկցայ: Պարզութիւն պէտք է փնտռել կրօնքի մէջ: Անոնք որ աստուածաբանութիւնը եւ կրօնական փիլիսոփայութիւնը իրենց առօրեայ զբաղումը կ՚ընեն, խենթեր են:
Կը հասնինք Համա: Դարերու պատմութիւն ունեցող քաղաքի ջրանիւները մեծ զուարճութիւն կը պատճառեն իրեն:
-Պիութիֆուլ, պիութիֆուլ, կը բացագանչէ:
Համայէն անդին այլես կը խօսինք Հալէպի մասին: Կու տամ քաղաքին հակիրճ պատմականը ու գաղութի ներկայ վիճակին մասին տեղեկութիւններ: Կ՚ուրախանայ, երբ կ՚իմանայ, որ տակաւին մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին հոն: Փափաք կը յայտնէ կարելի եղածին չափ շատ հայերու հանդիպիլ, կը մասնաւորէ պիթլիսցիները, իր հայրենակիցները: Կ՚անցնինք Մաարայէն: Կը խօսիմ արաբ մեծ բանաստեղծ Մաարիի մասին, կը թարգմանեմ քանի մը տողեր: Կը սքանչանայ ու կը զարմանայ որ չէ լսած:
Հալէպ: Կ՚իջեւանինք Օթէլ Պարոն: Հազիւ հանգստացած, հեռաձայնը կը հնչէ, տքթ. Ռ. Ճէպէճեանն է. կ՚ուզէ ընկերներուն հետ տեսնել Սարոյեանը: Անոնց ընկերակցութեամբ կ՚այցելենք «Հոգետուն»ը, հին կառոյց մը, որ դարեր շարունակ ծառայած է որպէս իջեւան՝ Կիլիկիայէն ու Հայաստանէն Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներու: Սարոյեան յուզումով կը դիտէ պատերուն վրայ գտնուող հայերէն արձանագրութիւնները: Կ՚այցելենք Սուրբ Քառասուն Մանկանց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին: Սարոյեան կը յափշտակուի հոն գտնուող սրբանկարներով ու կը փափաքի անոնց նմանակները ունենալ: Առաջնորդ հայր սուրբին հետ կարճ տեսակցութենէ մը ետք, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ կ՚այցելենք տքթ. Քասիսի ձիաբուծարանը: Սարոյեան կը սքանչանայ՝ դիտելով արաբական նժոյգները ու մասնագէտի իր կարծիքները կը փոխանցէ տքթ. Քասիսին: Երեկոյեան կ՚այցելենք Օթէլ Պարոնի սեփականատէր պրն. Գ. Մազլումեանի բնակարանը: Տանտէրին դրամներու, խաչերու, խաչքարերու եւ գիրքերու հաւաքածոները ապշանք կը պատճառեն գրողին, որ կ՚աւելցնէ.
-Կը հասկնամ, աղբար, հայ ենք, չէ՞: Ներկայ կը գտնուինք Հալէպի զանազան միութիւններու կողմէ ի պատիւ Սարոյեանի կազմակերպուած երեկոյթին: Տրամադրութիւնները շատ բարձր են: Բարի գալուստի խօսքեր կ՚արտասանուին: Ու հոս է որ ականջալուր կ՚ըլլանք Սարոյեանի մէջ գտնուող վառ հայկականութեան: Հոս կը յայտնաբերուին իր մէջ ներդաշնակ ապրող աշխարհաքաղաքացին ու տիպար տոհմիկ հայը: Այդ օր ո՛չ պատգամ տուաւ Սարոյեան, ո՛չ ալ բանախօսեց. միայն սրտաբաց զրուցեց: Առաջին յատկանշական երեւոյթ. երիտասարդ մը՝ Յ. Միքայէլեան, կը փորձէ բացատրել Սարոյեանին, թէ գաղութի ղեկավարները սկզբունքով դէմ են Սուրիայէն արտասահման կատարուող հայերու գաղթին: Հոս է որ աշխարհաքաղաքացի Սարոյեան կը պոռթկայ.
-Աղբար, ձգեցէ՛ք, ով ո՛ւր կ՚ուզէ թող երթայ, թերեւս հոն աւելի լաւ կ՚ըլլայ, աւելի օգտակար կ՚ըլլայ, հոն ալ երթայ՝ լաւ հայ կ՚ըլլայ: Տղաքը փափկանկատ են. չեն հակաճառեր: Երկրորդ յատկանշական երեւոյթ. Սարոյեանի խնդրանքին վրայ ներկաներէն տիկ. Սամուէլեան կը մեներգէ ու այս կ՚ըլլայ անվերջանալի սկիզբ մը: Հալէպցիք կը գտնեն Սարոյեանի տկարութիւնը ու կ՚արբեցնեն զինք Կոմիտասի երգերով: Սարոյեան յաճախ կ՚ընկերակցի կամ եղանակները կը մրթմրթայ ու յանկարծ.
-Այո, Շահմուրատեան կ՚երգէ. ասիկա Օտէոն րեքորտ է, - կ՚ըսէ ու կը յուզուի, կու լայ ու կը շարունակէ. - բրոտները (ալետարանական) երգ մը ունին, շատ կը սիրեմ, գիտէ՞ք՝ Ցանկամ տեսնել: Կը խնդան ամէնքը ու ապա միաբերան կ՚երգենք.
-Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա...
-Բոլորն ալ բրո՞տ են, կը հարցնէ ինծի: Կը խնդամ ու կը բացատրեմ, որ երգուածը ազգային երգ է:
Շարունակ երգ կ՚ուզէ, հին երգեր: Պր. Ներսոյեան այդ օր ինքզինք կը գերազանցէ ու կ՚արժանանայ Սարոյեանի փաղաքշական խօսքերուն: Յաջորդ առաւօտ կանուխ, ընկերակցութեամբ Հալէպի նահանգային թանգարանի պատասխանատուներէն Նազէմ Ճապրիի (որուն մայրը հայ է եւ որ քաջածանօթ է հայոց պատմութեան) ու խումբ մը հալէպահայ երիտասարդներու, կ՚այցելենք Հալէպի բերդը, արեւելեան ծածկուած շուկան ու նահանգային թանգարանը: Ճամբու վրայ կ՚այցելենք նաեւ կառուցումի մէջ եղող Կրթասիրաց վարժարանը: Կէսօրին կը մեկնինք Լաթաքիա: Երէկի հանդիպումներն ու տեսակցութիւնները մեծապէս տպաւորած էին Սարոյեանը: Յաճախ զանազան տիպարներ կը մտաբերէ, «Հա, պիթլիսցի Առաքել Յակոբեանը զարմանալի մարդ էր», «Չամսարեանը արթիսթ տղայ է»: Կը յուզուի, վայրկեաններ լուռ կը խոկայ ու յանկարծ հարց կու տայ.
-Հիմա ըսէ, հոս նոր գրող կա՞յ:
Կը մտածեմ ծանօթ անուններու մասին: Անմիջապէս չեմ կրնար մտաբերել, բացի բժիշկ Թորոսեանի անունէն: Կը փորձեմ բացատրել գաղութին ներկայ վիճակը: Կը սրտնեղի, կը բարկանայ…
Կը սկսի պատմել Թոթովենցի, Չարենցի, Եսայեանի հետ իր տեսակցութիւններէն: Կիրքով կը խօսի: Հաճելի է զինք մտիկ ընել, երբ ջղայնացած կը խօսի:
-Հիմա ըսէ, Պէյրութի մէջ նորեր կա՞ն, յանկարծ կ՚ընդհատէ խօսակցութիւնը: Կու տամ անուններ, Թէքեան, Ասոլեան, Կիրակոսեան՝ բանաստեղծութեան գծով, Գուփէլեան, Սարգիսեան՝ արձակի գծով: Կը փորձեմ իւրաքանչիւրը ներկայացնել: Կ՚ուրախանայ:
-Լաւ է, կ՚ըսէ, հոս շարժում, կեանք կը տեսնեմ: Պէտք է գրեն, լաւ բան գրեն, մեծ բան գրեն:
Կ՚ուրախանայ նաեւ երբ կ՚իմանայ, թէ Պէյրութի մէջ կը հրատարակուին գրական երկու շաբաթաթերթ ու երկու ամսագիր: Լսած էր միայն «Նայիրի»ի մասին: Որպէս նոր շարժում՝ կը խօսիմ «Երիտասարդ Հայ»ի մասին, անոր որդեգրած ուղիին մասին: Կը խանդավառուի, կ՚ուզէ անպայման տղաքը տեսնել:
-Էնթեկրասիոնը լաւ բան է, կարեւոր բան է, կ՚ըսէ ու կը շարունակէ, պէտք է մօտենալ, սերտանալ տեղացիներուն հետ, ձերբազատուելու համար փոքրամասնութիւն ըլլալու բարդոյթէն: Կարելի է նոյնանալ տեղացիներուն հետ ու տակաւին լաւ հայ մնալ: Յանկարծ թմբիրէ արթնցողի մը պէս տեղեկութիւններ կ՚ուզէ Հայկազեան գոլէճի մասին: Երբ կ՚իմանայ, թէ հայերէ զատ բազմազգի եւ բազմալեզու ուսանողներ կան հաստատութեան մէջ, կայծկլտացող աչքերով ու յաւիտենական ժպիտը դէմքին, կը գոչէ.
-Պռաւօ՛, պռաւօ՛։ Այս լաւ է, շատ լաւ բան է: Մենք տեղացիներուն պէտք է տանք իրենց տուածէն աւելի:
Ուրախ է այլեւս: Քիչ առաջուան յուզումը անցած է կարծէք: Կուշտուկուռ խնդուք մը կը պայթեցնէ Սարոյեան, երբ մեր շարժավարը «սրիկայ» մը կը շպրտէ հասցէին այլ շարժավարի մը, որ սխալ շարժում մը ըրած էր: Կը մտաբերէ այն հայհոյանքները, որոնք կը գործածէին Ֆրեզնոյի մէջ, կէս դար առաջ: Հարց կու տայ, թէ նոյն հայհոյանքները հոս ալ կը գործածե՞նք: Հաստատական պատասխանիս վրայ կը ժպտի: Զարմանալիօրէն կը խուսափի իր գործերուն մասին խօսելէ: Կը պաշտէ Մարք Թուէյնը ամերիկեան գրականութենէն եւ Մոփասանը՝ ֆրանսականէն: Հայ գրողներէն կը սիրէ Կոստան Զարեանը եւ Գուրգէն Մահարին: Մասնաւոր համակրանքով կը խօսի Լեւոն Սիւրմէլեանի մասին: Արուեստագէտներէն կը սիրէ Գառզուն: Անմիջական ծրագիրներու մասին երբ հարց տուի, յայտնեց, թէ կ՚ուզէր ժամանակի մը համար մեքենականացած արեւմտեան կիսագունդէն հեռու մնալ, որովհետեւ «փնտռտուքը միայն կեանքի իմաստ դարձած է հոն»: Կ՚ուզէր այցելել Արեւելքը, Պաղտատի, Թեհրանի վրայով հասնիլ Փեքին:
Կը նշմարէ զարմանքս ու կ՚աւելցնէ. -Այո՛, կ՚ուզեմ երթամ Փեքինկ, որովհետեւ հոն ոճիր չկայ, անօթութիւն չկայ, կ՚ուզեմ տեսնեմ այդ ժողովուրդ ինչպէ՞ս կ՚ապրի:
Կը հասնինք Պէյրութ: Հեռուէն մատովը ցոյց կու տայ գմբէթ մը ու կը փափաքի այցելել հայ ճարտարապետութեան ոճով շինուած այդ եկեղեցին: Անթիլիասի Կաթողիկոսարանն էր: Երկօրեայ ճամբորդութիւնը, վազքը, յուզումներն ու ապրումները ոչ մէկ յոգնութեան նշան թողած են այս հրաշք 64-ամեայ հայուն վրայ: Կ՚ըսեմ.
-Պր. Սարոյեան, չէք ծերացած:
-Անշուշտ չեմ ծերացած: Տարիքոտ եմ, ծեր չեմ: Գոհունակութեան լայն ժպիտ մը կայ դէմքին: Լաւատեսութեամբ է տոգորուած վաղուան նկատմամբ: Կը բաժնուինք: Իրապէս որ Սարոյեան արդար է, երբ կ՚ըսէ.
-Կ՚ուզեմ ապրիլ, եւ կարելի եղածին չափ յետաձգել մահը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ