ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՀԵՌՈՒ Է, ԲԱՅՑ Ե՞ՐԲ Կ՚ԱՒԱՐՏԻՆ «ՅՈԳՆԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ»

Ռազմական ծանր գործողութիւնները կը կարկամին։ Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակը, ըստ վերջին տուեալներուն, առաջուան «հմայք»ը եւ մարտադաշտի վրայ մեծ խաղեր տալու առաջին օրերու ընդունակութիւնը չունի։ Սա, անշուշտ, միակ տուեալը չէ ռազմաճակատէն, սակայն, բացայայտ է՝ որ Ատրպէյճանի կողմէ մօտաւոր անցեալի «օդային գերակայութիւն»ը խնդրոյ առարկայ չէ։ Լրագրական շրջանակներ, որոնք քիչ թէ շատ կը հետեւին ռազմական գործողութիւններուն, այս առումով կը ներկայացնեն մի քանի այլ կարեւոր ազդակներ, որոնց հիմքով ալ կը բիւրեղանայ այն պատկերը, որու մասին խօսեցայ աւելի վերեւ՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի բանակը այս պատերազմի առաջին օրերու ռազմունակութենէն հեռացած է։ Այս պարագան անպայման առաւելութիւն մը չի նշանակեր՝ մանաւանդ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատերազմի առաջին օրերէն ի վեր կը կրկնէ, թէ Պաքու չի պատրաստուիր կրակը դադրեցնել՝ այնքան ժամանակ, որ հայկական զօրքերը դուրս չեն գար Ղարաբաղէն։

Երբ այս ծանրակշիռ հռետորաբանութիւնը փոխուի՝ այն ատեն ակնկալելի է, որ կողմերը դարձեալ քով-քովի գան ու այս անգամ «լուրջ» եւ հաստատուն հրադադարի մը շուրջ համաձայնին։ Թէ ինչո՞ւ պէտք է շեշտել Պաքուի դերին փոփոխութիւնը… Որովհետեւ արդէն ծանօթ է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բաւարար չափով փոխած է իր ոճը եւ արդէն իսկ սկսած է խօսիլ զիջումներու մասին։ Ան նոյնիսկ արաբական աշխարհի «Էլ Ճեզիրէ» կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին առհասարակ խօսելով հայկական կողմի պատրաստակամութեան մասին՝ նշած է, որ Հայաստան պատրաստ է նոյնիսկ «ցաւոտ» զիջումներու, սակայն իր այդ խօսքը մնացած է օդին մէջ։

Այս բոլորէն անդին եւ վերադառնալով քաղաքական զարգացումներուն՝ հարկ է անդրադառնալ Փաշինեանի Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութինի ուղարկած նամակին, որ մէկէ աւելի հարթութիւններու վրայ բացաւ խմորումներու ընդհանուր նոր եզրափուլ մը։ Ռուսաստան, ինչպէս եւ ակնկալուած էր, գծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի այս փուլի նոր «սահմանները»։ Արդարեւ, Մոսկուայի կողմէ աւելի վաղ հրապարակուած գաղափարները ստացան աւելի հիմնաւորեալ բնոյթ։ Փութին նախապէս շատ բաց ձեւով ըսած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի սահմանափակուի միայն Արցախի եւ անոր շուրջ գտնուող տարածքներով։ Այսպէսով ան ձեւով մը «պաշարած» էր հակամարտութիւնը ու թոյլ չէր տուած, որ այս «առինքնող հրդեհ»ին կայծերը հատեն հակամարտութեան ընդհանուր սահմանները։ Բաց աստի, Ռուսաստան պատասխանելով Փաշինեանի նամակին անգամ մը եւս հաստատեց, որ այս փուլին Անգարա-Մոսկուա մեծ բախում մը պիտի չըլլայ՝ հակառակ կողմերու երեւելի տարակարծութիւններուն՝ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման առընչութեամբ։

Ճիշդ է, որ Ռուսաստան առնուազն մէկ առիթով ըսաւ իր վերջնական «ոչ»ը եւ մերժեց Թուրքիոյ խաղաղ բանակցային ընդհանուր գործընթացին մէջ մտնելը, որպէս ազդեցիկ կողմ ներկայանալը, սակայն, այդ մէկը շատ ալ էական չէ այս փուլին։

Անշուշտ, Փութինին ուղարկուած նամակէն վերջ այսօր Հայաստանի մէջ ալ կ՚ընթանան նոր խմորումներ, որոնց մասին կարելի է խօսիլ այլ առթիւ, սակայն, ընդհանուր համոզումն է, որ հիմնախնդրի լուծման գլխաւոր հաւաստի կողմը միով բանիւ Ռուսաստանն է։ Միայն Ռուսաստանն է, որ կողմերուն կրնայ ըսել՝ նախ մարեցէք այս կրակը եւ յետոյ կը խօսինք կարգաւորման մասին։

Եթէ ուշադիր դիտարկենք այսօր ստեղծուած դրութիւնը, ապա պիտի նկատենք, որ Մոսկուա հակամարտ կողմերուն տուած է «յոգնելու ժամանակ» մը, որմէ վերջ միայն կրնայ դադրիլ կրակը եւ այդ փուլի աւարտին ալ կողմերէն մին առնուազն կը հասկնայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կարելի է լուծել միմիայն խաղաղ բանակցային ճանապարհով։ Անկէ դուրս բոլոր տեսակի «մաքառումներ»ը դժոխքի դուռ կը տանին եւ այդ դժոխքին առջեւ ո՛չ մէկ կողմ իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, թէ յաղթած է։ Անշուշտ, այս խօսքը առաւելաբար ուղղուած է Պաքուին։ Ալիեւն է, որ «յոգնելով» երկար տարիներու բանակցային սեղանէն գնաց աւելի ծանր եւ վտանգաւոր ու գուցէ աւելի «յոգնեցուցիչ» այլընտրանքի մը, որ արիւնալի պատերազմն է։

Ամէն պարագայի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի այս արիւնոտ փուլը՝ մտած ըլլալով երկրորդ ամիսը, շատ հաւանաբար ապրի բեկումնային պահեր, որոնց իւրաքանչիւր անկիւնադարձը նաեւ պիտի զուգորդուի դարձեալ բանակցային սեղան նստելու լիարժէք կամքով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020